Luke 19:32-35

Armenian(i) 32 Ղրկուածները գացին, եւ գտան ինչպէս ըսած էր իրենց: 33 Մինչ աւանակը կ՚արձակէին, անոր տէրերը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ կ՚արձակէք այդ աւանակը»: 34 Անոնք ալ ըսին. «Տէրո՛ջ պէտք է»: 35 Յիսուսի բերին զայն, եւ աւանակին վրայ ձգելով իրենց հանդերձները՝ հեծցուցին Յիսուսը: