Luke 11:47-51

Armenian(i) 47 Վա՜յ ձեզի, որ գերեզմաններ կը կառուցանէք մարգարէներուն, մինչդեռ ձեր հայրե՛րը սպաննեցին զանոնք: 48 Ուստի կը վկայէք եւ հաւանութիւն կու տաք ձեր հայրերուն գործերուն. որովհետեւ իսկապէս իրե՛նք սպաննեցին զանոնք, ու դուք գերեզմաններ կը կառուցանէք անոնց: 49 Հետեւաբար՝ Աստուծոյ իմաստութիւնը նաեւ ըսաւ. “Անոնց պիտի ղրկեմ մարգարէներ եւ առաքեալներ: Անոնցմէ ոմանք պիտի սպաննեն ու ոմանք հալածեն, 50 որպէսզի աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր թափուած բոլոր մարգարէներուն արիւնը պահանջուի այս սերունդէն: 51 Աբէլի արիւնէն մինչեւ Զաքարիայի արիւնը, որ թափուեցաւ զոհասեղանին ու տաճարին մէջտեղ, այո՛, կը յայտարարեմ ձեզի, պիտի պահանջուի այս սերունդէն”: