Armenian(i)
15 դատաստան կիրարկելու բոլորին հանդէպ, ու կշտամբելու անոնց մէջ եղող բոլոր ամբարիշտները՝ իրենց ամբարշտութեամբ ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար, եւ բոլոր խիստ խօսքերուն համար՝ որ ամբարիշտ մեղաւորները խօսեցան անոր դէմ»: 16 Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք կ՚ընթանան իրենց ցանկութիւններուն համաձայն. իրենց բերանները կը խօսին յոխորտաբանութիւններ, ու երեսպաշտութիւն կ՚ընեն օգուտի համար: