James 1:2-4

Armenian(i) 2 Եղբայրնե՛րս, բոլորովին ուրախութի՛ւն համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ իյնաք, 3 գիտնալով թէ ձեր հաւատքին փորձը համբերութիւն կ՚իրագործէ: 4 Բայց համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք, եւ ոչինչ պակսի ձեզի: