Armenian(i)
34 կրակի զօրութիւն մարեցին, սուրի բերանէ խուսափեցան, տկարութենէ զօրացան, պատերազմի մէջ ուժեղացան, օտարներու բանակներ ընկճեցին: 35 Կիներ ընդունեցին իրենց մեռելները՝ յարութիւն առած. իսկ ուրիշներ գանակոծուեցան՝ չընդունելով ազատագրութիւնը, որպէսզի հասնին լաւագոյն յարութեան մը: 36 Ուրիշներ ալ փորձառութիւնը ունեցան ծաղրանքի եւ խարազանի, նաեւ կապերու ու բանտերու. 37 քարկոծուեցան, սղոցուեցան, տանջուեցան, սուրով սպաննուեցան, ոչխարի մորթերով եւ այծի մորթերով շրջեցան, զրկուելով, տառապելով, չարչարուելով, 38 (որոնց արժանի չէր աշխարհը,) մոլորելով անապատներու, լեռներու, քարայրներու եւ երկրի խոռոչներուն մէջ: