Hebrews 11:27-31

Armenian(i) 27 Հաւատքո՛վ ձգեց Եգիպտոսը՝ առանց վախնալու թագաւորին զայրոյթէն, որովհետեւ հաստատ մնաց որպէս թէ տեսնելով Անտեսանելին: 28 Հաւատքո՛վ կատարեց զատիկը եւ արիւնին հեղումը, որպէսզի անդրանիկները բնաջնջողը չդպչի իրենց: 29 Հաւատքո՛վ Կարմիր ծովէն անցան՝ որպէս թէ ցամաքէ, ինչ որ Եգիպտացիները փորձեցին՝ սակայն ընկղմեցան: 30 Հաւատքո՛վ Երիքովի պարիսպները ինկան, երբ Իսրայելացիները եօթը օր դարձան անոնց շուրջը: 31 Հաւատքո՛վ Ռախաբ պոռնիկը չկորսուեցաւ անհնազանդներուն հետ, խաղաղութեամբ ընդունած ըլլալով լրտեսները: