Hebrews 11:13-16

Armenian(i) 13 Ասոնք բոլորն ալ մեռան հաւատքով՝ առանց ստացած ըլլալու խոստումները, բայց հեռուէն տեսան զանոնք եւ բարեւեցին, ընդունելով թէ իրենք օտարականներ ու գաղթականներ են երկրի վրայ. 14 որովհետեւ անոնք որ կը խօսին այսպիսի բաներ, կը յայտնեն թէ կը փնտռեն բնագաւառ մը: 15 Արդարեւ, եթէ յիշէին այն հայրենիքը՝ ուրկէ դուրս ելած էին, պատեհութիւն կ՛ունենային հոն վերադառնալու: 16 Իսկ հիմա կը բաղձան լաւագոյն հայրենիքի մը, այսինքն՝ երկնայինին. ուստի Աստուած ամօթ չի սեպեր անոնց Աստուածը կոչուիլ, որովհետեւ ինք քաղաք մը պատրաստեց անոնց: