Armenian(i)
7 Երբ ըսաւ ասիկա, ընդվզում մը ծագեցաւ Փարիսեցիներուն եւ Սադուկեցիներուն միջեւ, ու բազմութիւնը բաժնուեցաւ. 8 քանի որ Սադուկեցիները կ՚ըսեն թէ ո՛չ յարութիւն կայ, ո՛չ ալ հրեշտակ կամ հոգի, իսկ Փարիսեցիները կը դաւանին երկուքն ալ: 9 Հզօր գոչիւն մը բարձրացաւ, եւ Փարիսեցիներու կողմէն եղող դպիրները կանգնեցան ու մաքառեցան՝ ըսելով. «Մենք ո՛չ մէկ չարութիւն կը գտնենք այս մարդուն վրայ. հապա եթէ հոգի մը կամ հրեշտակ մը խօսած է անոր, ի՞նչ կրնանք ընել՝՝»: