Armenian(i)
31 Երբ անոնք կը ջանային սպաննել զայն, լուր հասաւ գունդին հազարապետին թէ ամբողջ Երուսաղէմը խառնաշփոթութեան մէջ է: 32 Ան ալ անյապաղ զինուորներ եւ հարիւրապետներ առած՝ վազեց անոնց քով: Անոնք ալ տեսնելով հազարապետն ու զինուորները՝ դադրեցան Պօղոսը ծեծելէ: 33 Այն ատեն հազարապետը մօտեցաւ, բռնեց զայն, ու հրամայեց որ կապեն կրկին շղթայով. ապա հարցափորձեց թէ ո՛վ էր ան եւ ի՛նչ ըրած էր: