Acts 17:6-10

Armenian(i) 6 Երբ չգտան զանոնք, Յասոնը եւ քանի մը եղբայրներ քաշկռտելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ՝ գոռալով. «Անոնք որ երկրագունդը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասած են, 7 ու Յասոն ընդունած է զանոնք: Ասոնք բոլորը կը գործեն կայսրին հրամաններուն դէմ, ըսելով թէ ուրիշ թագաւոր մը կայ՝ Յիսուս անունով»: 8 Բազմութիւնն ու քաղաքապետները վրդովեցան՝ լսելով այս բաները: 9 Բայց երբ երաշխիք առին Յասոնէն եւ միւսներէն՝ արձակեցին զանոնք: 10 Եղբայրներն ալ իսկոյն՝ գիշերուան մէջ՝ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք հոն հասնելով՝ գացին Հրեաներուն ժողովարանը: