Armenian(i)
15 Երբ ինք եւ իր ընտանիքը մկրտուեցան, աղաչեց՝ ըսելով. «Եթէ Տէրոջ հաւատարիմ կը սեպէք զիս, իմ տո՛ւնս մտէք ու հո՛ն մնացէք»: Եւ ստիպելով՝ տարաւ մեզ: 16 Մինչ աղօթքի կ՚երթայինք, մեզի հանդիպեցաւ աղախին մը՝ որ հարցուկ ոգի ունէր եւ գուշակութեամբ շատ վաստակ կը բերէր իր տէրերուն: 17 Ասիկա կը հետեւէր Պօղոսի ու մեզի, եւ կ՚աղաղակէր. «Այս մարդիկը Ամենաբարձր Աստուծոյ ծառաներն են, ու կը քարոզեն մեզի փրկութեան ճամբան»: 18 Շատ օրեր կ՚ընէր այս բանը. Պօղոս ալ՝ նեղանալով՝ դարձաւ եւ ըսաւ այդ ոգիին. «Յիսուս Քրիստոսի անունով կը հրամայեմ քեզի, ելի՛ր ատկէ»: Ու նոյն ժամուն ելաւ: 19 Երբ անոր տէրերը տեսան թէ իրենց վաստակին յոյսը գնաց, բռնեցին Պօղոսը եւ Շիղան, ու քաշեցին հրապարակը՝ պետերուն առջեւ: 20 Ապա տարին զանոնք մեծաւորներուն քով եւ ըսին. «Այս մարդիկը՝ որ Հրեայ են, իրար կ՚անցընեն մեր քաղաքը, 21 ու կը քարոզեն այնպիսի սովորութիւններ՝ որ արտօնուած չէ մեզի ընդունիլ, ո՛չ ալ գործադրել, որովհետեւ Հռոմայեցի ենք»: 22 Բազմութիւնը խռնուեցաւ անոնց շուրջ. մեծաւորներն ալ բռնութեամբ հանեցին անոնց հանդերձները, եւ հրամայեցին խարազանել զանոնք: 23 Շատ հարուածներ տալէ ետք անոնց՝ բանտը նետեցին զանոնք, պատուիրելով բանտապահին՝ որ ապահովութեամբ պահէ զանոնք: 24 Ան ալ՝ այսպիսի պատուէր ստանալով՝ ներսի բանտը նետեց զանոնք, ու կոճղի մէջ ամրացուց անոնց ոտքերը: 25 Կէս գիշերին՝ Պօղոս եւ Շիղա կ՚աղօթէին ու կ՚օրհներգէին Աստուծոյ. բանտարկեալներն ալ մտիկ կ՚ընէին անոնց: 26 Յանկարծ հզօր երկրաշարժ մը եղաւ, այնպէս որ բանտին հիմերը սարսեցան. անմի՛ջապէս բոլոր դռները բացուեցան եւ բոլորին կապերը քակուեցան: 27 Բանտապահը, երբ արթնցաւ ու բացուած տեսաւ բանտին դռները, քաշեց սուրը եւ պիտի սպաննէր ինքզինք, կարծելով թէ բանտարկեալները փախած են: 28 Բայց Պօղոս բարձրաձայն գոչեց. «Մի՛ վնասեր դուն քեզի, որովհետեւ բոլորս ալ հոս ենք»: 29 Ան ալ՝ ճրագ մը ուզելով՝ վազեց ներս, դողալով ինկաւ Պօղոսի եւ Շիղայի առջեւ, 30 ու դուրս բերելով զանոնք՝ ըսաւ. «Տէրե՛ր, ի՞նչ պէտք է ընեմ՝ որ փրկուիմ»: 31 Անոնք ալ ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ու պիտի փրկուիս, դուն եւ տունդ»: 32 Ու Տէրոջ խօսքը քարոզեցին անոր եւ բոլոր անոնց՝ որ անոր տան մէջ էին: 33 Ինք ալ՝ գիշերուան նոյն ժամուն՝ առաւ զանոնք, լուաց անոնց վէրքերը եւ անմի՛ջապէս մկրտուեցաւ, ինք ու բոլոր իրենները: