Armenian(i)
10 Երբ բազմութիւնը տեսաւ Պօղոսի ըրածը, բարձրացնելով իրենց ձայնը՝ ըսին լիկայոներէն. «Աստուածները իջած են մեզի՝ մարդոց նմանութեամբ»: 11 Բառնաբասը կը կոչէին Դիոս, ու Պօղոսը՝ Հերմէս, քանի որ ան էր գլխաւոր խօսողը: 12 Իսկ Դիոսի քուրմը՝ որ քաղաքին առջեւ էր, ցուլեր եւ ծաղկեպսակներ բերելով դռներուն քով՝ կ՚ուզէր զոհ մատուցանել բազմութեան հետ: 13 Բայց երբ առաքեալները՝ Բառնաբաս ու Պօղոս՝ լսեցին, պատռեցին իրենց հանդերձները եւ դուրս ցատկեցին բազմութեան մէջ՝ աղաղակելով.