Armenian(i)
4 Ասոնցմով ամենամեծ ու պատուական խոստումներ պարգեւուած են մեզի, որպէսզի անոնցմով հաղորդակցիք աստուածային բնութեան՝ փախչելով ապականութենէն, որ ցանկութենէն յառաջացած է աշխարհի մէջ: 5 Ասոր համար ալ՝ ամբողջ փութաջանութեամբ աւելցուցէ՛ք ձեր հաւատքին վրայ առաքինութիւն, առաքինութեան վրայ՝ գիտութիւն, 6 գիտութեան վրայ՝ ժուժկալութիւն, ժուժկալութեան վրայ՝ համբերութիւն, համբերութեան վրայ՝ բարեպաշտութիւն, 7 բարեպաշտութեան վրայ՝ եղբայրսիրութիւն, ու եղբայրսիրութեան վրայ՝ սէր: 8 Որովհետեւ եթէ այս բաները ըլլան ձեր մէջ եւ աւելնան, անգործ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչումով: 9 Բայց ա՛ն՝ որուն մէջ այս բաները չկան՝ կոյր է, կարճատես, եւ մոռցած է իր հին մեղքերէն մաքրուած ըլլալը: