Armenian(i)
3 Բայց կը վախնամ որ, ինչպէս օձը խաբեց Եւան իր խորամանկութեամբ, նոյնպէս ձեր միտքերը ապականին Քրիստոսի հանդէպ եղած պարզամտութենէն: 4 Որովհետեւ եթէ մէկը գար եւ քարոզէր ուրի՛շ Յիսուս մը՝ որ մենք չենք քարոզած, կամ ստանայիք ուրիշ հոգի մը՝ որ չէք ստացած, կամ ուրիշ աւետարան՝ որ չէք ընդունած, լաւ կը հանդուրժէիք այդպիսիին: