Armenian(i)
23 ու վերստին ծնած ըլլալով՝ ո՛չ թէ ապականացու հունտէն, հապա՝ անապականէն - Աստուծոյ խօսքով՝ որ կ՚ապրի ու կը մնայ յաւիտեան: 24 Արդարեւ «ամէն մարմին խոտի պէս է, ու մարդուն ամբողջ փառքը՝ խոտի ծաղիկի պէս. խոտը կը չորնայ եւ անոր ծաղիկը կը թափի, 25 բայց Տէրոջ խօսքը կը մնայ յաւիտեան»: Եւ ա՛յս խօսքն է՝ որ աւետարանուեցաւ ձեզի:2 1 Ուրեմն, թօթափելով ամէն չարամտութիւն եւ ամէն նենգութիւն, կեղծաւորութիւնները, նախանձներն ու բոլոր բամբասանքները, 2 նորածին երախաներու պէս տենչացէ՛ք Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին, որպէսզի աճիք անով (մինչեւ փրկութիւնը),