1 Corinthians 7:29-31

Armenian(i) 29 Բայց սա՛ կ՚ըսեմ, եղբայրնե՛ր, թէ ժամանակը կարճ է: Ա՛լ անոնք որ կին ունին, այնպէս ըլլան՝ որպէս թէ չունին. 30 անոնք որ կու լան՝ որպէս թէ չեն լար. անոնք որ կ՚ուրախանան՝ որպէս թէ չեն ուրախանար. անոնք որ կը գնեն՝ որպէս թէ ո՛չ մէկ բանի տիրացած են. 31 եւ անոնք որ այս աշխարհը կ՚օգտագործեն՝ որպէս թէ չեն չարաշահեր. որովհետեւ այս աշխարհի կերպարը կ՚անցնի: