1 Ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ Քրիստոսով ու չեմ ստեր, (իմ խղճմտանքս ալ կը վկայէ ինծի Սուրբ Հոգիով,)2 թէ մեծ տրտմութիւն ունիմ, եւ սիրտիս մէջ՝ յարատեւ ցաւ:3 Քանի որ կ՚ըղձայի ես ինքս նզովուած ըլլալ Քրիստոսէ, իմ եղբայրներուս՝ մարմինի կողմէն ազգականներուս համար,4 որոնք Իսրայելացի են: Անո՛նցն են որդեգրութիւնը, փառքը, ուխտերը, օրէնսդրութիւնը, պաշտամունքն ու խոստումները:5 Իրե՛նցն են նախահայրերը. իրենցմէ՛ ալ մարմինի կողմէն եկաւ Քրիստոս, որ բոլորին վրայ է, յաւիտեան օրհնեա՜լ Աստուած: Ամէն:6 Բայց Աստուծոյ խօսքը ապարդիւն նկատուելու չէ. քանի որ բոլոր Իսրայէլէ եղողները Իսրայելացի չեն,7 ո՛չ ալ բոլորը զաւակներ են՝ քանի որ Աբրահամի զարմն են. հապա ըսուեցաւ. «Իսահակի՛ անունով պիտի կոչուի քու զարմդ»:8 Այսինքն անոնք որ մարմինի զաւակներն են՝ Աստուծոյ զաւակները չեն. հապա խոստումի՛ն զաւակները զարմ կը սեպուին:9 Որովհետեւ խոստումին խօսքը սա՛ էր. «Այս ատեն պիտի գամ, ու Սառա որդի մը պիտի ունենայ»:10 Եւ ո՛չ միայն այդ, այլ նաեւ երբ Ռեբեկա յղացաւ մէկէն՝ մեր Իսահակ հօրմէն,11 (քանի որ զաւակները դեռ չծնած, ո՛չ ալ որեւէ բարիք կամ չարիք գործած, որպէսզի Աստուծոյ առաջադրութիւնը հաստատ մնայ՝ ընտրութեան համաձայն,12 այսինքն ո՛չ թէ գործերէն ըլլայ, հապա անկէ՛ որ կանչեց,) անոր ըսուեցաւ.13 «Երէցը պիտի ծառայէ կրտսերին», ինչպէս գրուած է. «Յակո՛բը սիրեցի, իսկ Եսաւը ատեցի»:14 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք. միթէ Աստուծոյ քով անիրաւութի՞ւն կայ: Ամե՛նեւին:15 Որովհետեւ ան Մովսէսի կ՚ըսէ. «Անո՛ր որ պիտի ողորմիմ՝ կ՚ողորմիմ, եւ անո՛ր վրայ որ պիտի գթամ՝ կը գթամ»:16 Ուրեմն ո՛չ մարդուն ուզելէն, ո՛չ ալ վազելէն՝՝ կախեալ է, հապա Աստուծմէ՝ որ կ՚ողորմի:17 Քանի որ Գիրքը կ՚ըսէ Փարաւոնի. «Բարձրացուցի քեզ, որպէսզի իմ զօրութիւնս ցոյց տամ քու միջոցովդ, եւ իմ անունս հռչակուի ամբողջ երկրին մէջ»:18 Ուրեմն կ՚ողորմի որո՛ւն որ ուզէ, եւ կը խստացնէ զա՛յն որ ուզէ:19 Հետեւաբար դուն պիտի ըսես ինծի թէ “ա՛լ ինչո՞ւ կը մեղադրէ, որովհետեւ ո՞վ կրնայ ընդդիմանալ անոր ծրագիրին”:20 Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ կը դիմադարձես Աստուծոյ: Միթէ կերտուած ը կրնա՞յ ըսել զինք կերտողին. «Ինչո՞ւ ա՛յսպէս շինեցիր զիս»:21 Միթէ բրուտը իրաւասութիւն չունի՞ կաւին վրայ, որ նոյն զանգուածէն շինէ անօթ մը՝ պատիւի համար, իսկ ուրիշ մը՝ անպատուութեան համար:22 Ի՞նչ կրնանք ըսել՝ եթէ Աստուած, ուզելով ցոյց տալ իր բարկութիւնը եւ գիտցնել իր զօրութիւնը, շատ համբերատարութեամբ տոկաց կորսուելու պատրաստուած բարկութեան անօթներուն,23 որպէսզի գիտցնէ իր փառքին ճոխութիւնը՝ ողորմութիւն գտնող անօթներուն, որ նախապէս պատրաստեց փառքի համար,24 այսինքն՝ մեզի, որ կանչեց ո՛չ միայն Հրեաներէն, այլ նաեւ հեթանոսներէն,25 ինչպէս Ովսէէի մէջ ալ կ՚ըսէ. «Իմ ժողովուրդս չեղողը՝ “իմ ժողովուրդս” պիտի կոչեմ, ու սիրելի չեղողը՝ “սիրելի”:26 Եւ այն տեղը՝ ուր անոնց ըսուած էր. “Դուք իմ ժողովուրդս չէք”, հոն անոնք պիտի կոչուին “ապրող Աստուծոյ որդիները”:27 Եսայի ալ Իսրայէլի մասին կ՚աղաղակէ. «Նոյնիսկ եթէ Իսրայէլի որդիներուն թիւը ծովու աւազին չափ ըլլայ, միայն մնացորդ մը պիտի փրկուի:28 Քանի որ ան պիտի կատարէ իր խօսքը, կտրուկ կերպով եւ արդարութեամբ. Տէրը կտրուկ կերպով պիտի իրագործէ իր խօսքը երկրի վրայ»:29 Եւ ինչպէս Եսայի նախապէս ըսաւ. «Եթէ զօրքերու Տէրը զարմ մը թողուցած չըլլար մեզի, մենք պիտի ըլլայինք Սոդոմի պէս, ու պիտի նմանէինք Գոմորի»:30 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք: Հետեւեա՛լը, թէ հեթանոսները՝ որոնք հետամուտ չէին արդարութեան՝ հասան արդարութեան, ա՛յն արդարութեան՝ որ հաւատքէն է.31 իսկ Իսրայէլ՝ որ հետամուտ էր արդարութեան Օրէնքին՝ չհասաւ արդարութեան Օրէնքին:32 Ինչո՞ւ. որովհետեւ ուզեց արդարանալ ո՛չ թէ հաւատքով, հապա որպէս թէ Օրէնքին գործերով: Արդարեւ անոնք գայթեցան սայթաքումի քարին վրայ,33 ինչպէս գրուած է. «Ահա՛ Սիոնի մէջ կը դնեմ սայթաքումի քար մը ու գայթակղութեան ժայռ մը, եւ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ ամօթահար պիտի չըլլայ»:
Romans 9 Cross References - Armenian
Matthew 1:1-17
1 Յիսուս Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին ծնունդի գիրքը:2 Աբրահամ ծնաւ Իսահակը. Իսահակ ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յուդան ու անոր եղբայրները.3 Յուդա ծնաւ Փարէսն ու Զարան՝ Թամարէն. Փարէս ծնաւ Եսրոնը. Եսրոն ծնաւ Արամը.4 Արամ ծնաւ Ամինադաբը. Ամինադաբ ծնաւ Նաասոնը. Նաասոն ծնաւ Սաղմոնը.5 Սաղմոն ծնաւ Բոոսը՝ Ռախաբէն. Բոոս ծնաւ Ովբէդը՝ Հռութէն. Ովբէդ ծնաւ Յեսսէն.6 Յեսսէ ծնաւ Դաւիթ թագաւորը. Դաւիթ թագաւորը ծնաւ Սողոմոնը՝ Ուրիայի կնոջմէն.7 Սողոմոն ծնաւ Ռոբովամը.8 Ռոբովամ ծնաւ Աբիան. Աբիա ծնաւ Ասան. Ասա ծնաւ Յովսափատը. Յովսափատ ծնաւ Յովրամը. Յովրամ ծնաւ Ոզիան.9 Ոզիա ծնաւ Յովաթամը. Յովաթամ ծնաւ Աքազը, Աքազ ծնաւ Եզեկիան.10 Եզեկիա ծնաւ Մանասէն. Մանասէ ծնաւ Ամոնը.11 Ամոն ծնաւ Յովսիան. Յովսիա ծնաւ Յեքոնիան ու անոր եղբայրները՝ Բաբելոնի տարագրութեան ատենները.12 Բաբելոնի տարագրութենէն ետք՝ Յեքոնիա ծնաւ Սաղաթիէլը.13 Սաղաթիէլ ծնաւ Զօրաբաբէլը. Զօրաբաբէլ ծնաւ Աբիուդը. Աբիուդ ծնաւ Եղիակիմը.14 Եղիակիմ ծնաւ Ազովրը. Ազովր ծնաւ Սադովկը. Սադովկ ծնաւ Աքինը. Աքին ծնաւ Եղիուդը.15 Եղիուդ ծնաւ Եղիազարը. Եղիազար ծնաւ Մատթանը.16 Մատթան ծնաւ Յակոբը. Յակոբ ծնաւ Յովսէփը՝ ամուսինը Մարիամի, որմէ ծնաւ Յիսուս, որ կոչուեցաւ Քրիստոս:17 Ուրեմն բոլոր սերունդները Աբրահամէն մինչեւ Դաւիթ՝ տասնչորս սերունդ են, եւ Դաւիթէն մինչեւ Բաբելոնի տարագրութիւնը՝ տասնչորս սերունդ, ու Բաբելոնի տարագրութենէն մինչեւ Քրիստոս՝ տասնչորս սերունդ:
Matthew 6:13
13 ու մեզ մի՛ տանիր փորձութեան, հապա մեզ ազատէ՛ Չարէն. որովհետեւ քո՛ւկդ են թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեան. ամէն”:
Matthew 10:37
37 Ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր հայրը կամ մայրը՝ ինծի արժանի չէ, եւ ա՛ն որ ինձմէ աւելի կը սիրէ իր որդին կամ աղջիկը՝ ինծի արժանի չէ:
Matthew 11:25-26
Matthew 13:14-15
14 Անոնց վրայ պիտի իրագործուի Եսայիի մարգարէութիւնը՝ որ կ՚ըսէ. “Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք. շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք:15 Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ, եւ իրենց ականջներով ծանր լսեցին ու գոցեցին իրենց աչքերը, որպէսզի աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան, եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք”:
Matthew 13:57
57 ու կը գայթակղէին անոր պատճառով: Բայց Յիսուս ըսաւ անոնց. «Մարգարէ մը առանց պատիւի չէ, բացի իր բնագաւառին եւ իր տան մէջ»:
Matthew 16:16
16 Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. «Դուն Քրիստո՛սն ես, ապրող Աստուծոյ Որդին»:
Matthew 19:16-20
16 Մէկը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ բարիք գործեմ՝ որ ունենամ յաւիտենական կեանքը»:17 Ան ալ ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ բարի կը կոչես զիս. մէկէ՛ն զատ բարի չկայ, որ Աստուած է: Եթէ կ՚ուզես մտնել կեանքը՝ պահէ՛ պատուիրանները»:18 Ըսաւ անոր. «Որո՞նք»: Յիսուս պատասխանեց. «Սպանութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ տար,19 պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, եւ սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս»:20 Երիտասարդը ըսաւ անոր. «Պահած եմ այդ բոլորը՝ պատանութենէս ի վեր. տակաւին ի՞նչ կը պակսի ինծի»:
Matthew 20:15
15 միթէ արտօնուած չէ՞ ինծի՝ ընել ի՛նչ որ ուզեմ իմ ունեցածիս: Միթէ քու աչքդ չա՞ր է՝ որ ես բարի եմ»:
Matthew 21:33
33 «Լսեցէ՛ք ուրիշ առակ մըն ալ: Հողատէր մը կար՝ որ այգի մը տնկեց, ցանկով պատեց զայն, հնձան փորեց անոր մէջ, աշտարակ կառուցանեց, մշակներու յանձնեց զայն եւ ճամբորդեց:
Matthew 21:42
42 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Բնաւ չէ՞ք կարդացեր Գիրքին մէջ. “Այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը: Ասիկա Տէրոջմէ՛ն եղաւ, եւ սքանչելի է մեր աչքերուն”:
Matthew 21:44
44 Ո՛վ որ իյնայ այս քարին վրայ՝ պիտի կոտրտի, եւ որո՛ւն վրայ որ իյնայ՝ պիտի փսորէ զայն»:
Matthew 23:31-33
Matthew 24:21
21 քանի որ այն ատեն այնպիսի՛ մեծ տառապանք պիտի ըլլայ, որուն նմանը՝ աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եղած չէ, ո՛չ ալ պիտի ըլլայ:
Matthew 24:35
35 Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս բնա՛ւ պիտի չանցնին»:
Matthew 28:20
20 Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել ամէն ինչ որ պատուիրեցի ձեզի: Եւ ահա՛ ամէն օր ես ձեզի հետ եմ՝ մինչեւ աշխարհի վախճանը»: Ամէն:
Mark 14:21
21 Արդարեւ մարդու Որդին կ՚երթայ՝ ինչպէս գրուած է իրեն համար. բայց վա՜յ այն մարդուն, որուն միջոցով կը մատնուի մարդու Որդին: Այդ մարդուն լաւ պիտի ըլլար՝ որ ծնած չըլլար»:
Luke 1:17
17 Ինք պիտի գայ անոր առջեւէն՝ Եղիայի հոգիով ու զօրութեամբ, հայրերուն սիրտը վերադարձնելու դէպի զաւակները, եւ անհնազանդները՝ արդարներուն իմաստութեան, որպէսզի պատրաստէ Տէրոջ բարեյօժար ժողովուրդ մը»:
Luke 1:54-55
Luke 1:69-75
69 Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն,70 (ինչպէս խօսեցաւ սուրբերուն բերանով, որոնք դարերու սկիզբէն ի վեր անոր մարգարէներն էին,)71 փրկութիւն տալու մեր թշնամիներէն ու բոլոր մեզ ատողներուն ձեռքէն,72 իրագործելու մեր հայրերուն խոստացած ողորմութիւնը եւ յիշելու իր սուրբ ուխտը,73 (այն երդումը որ մեր հօր՝ Աբրահամի ըրաւ,) որպէսզի մեզի շնորհէ՝74 մեր թշնամիներուն ձեռքէն ազատելով՝ առանց վախի պաշտել զինք,75 սրբութեամբ եւ արդարութեամբ ընթանալով իր առջեւ՝ մեր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ:
Luke 2:34
34 Սիմէոն օրհնեց զանոնք, եւ ըսաւ անոր մօր՝ Մարիամի. «Ահա՛ այս մանուկը սահմանուած է շատ մարդոց իյնալուն ու ելլելուն համար՝ Իսրայէլի մէջ, եւ հակաճառութեան նշան մը ըլլալու համար.
Luke 3:8
8 Ուրեմն ապաշխարութեան արժանավայել պտո՛ւղ բերէք, եւ մի՛ սկսիք ձեր մէջ ըսել. “Մենք Աբրահա՛մը ունինք իբր հայր”. քանի որ կը յայտարարեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէ՛ն հանել Աբրահամի զաւակներ:
Luke 3:23-38
23 Եւ ինք՝ Յիսուս՝ սկսած էր գրեթէ երեսուն տարեկան ըլլալ: (Ինչպէս կը կարծուէր՝) ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի,24 որ Ղեւիի, որ Մեղքիի, որ Յաննէի, որ Յովսէփի,25 որ Մատաթիայի, որ Ամովսի, որ Նաւումի, որ Եսղիի, որ Նանգէի,26 որ Մաաթի, որ Մատաթիայի, որ Սեմէիի, որ Յովսէփի, որ Յուդայի,27 որ Յովհաննայի, որ Րեսայի, որ Զօրաբաբէլի, որ Սաղաթիէլի, որ Ներիի,28 որ Մեղքիի, որ Ադդիի, որ Կովսամի, որ Եղմովդադի, որ Էրի,29 որ Յովսէսի, որ Եղիազարի, որ Յովրիմի, որ Մատաթի, որ Ղեւիի,30 որ Սիմէոնի, որ Յուդայի, որ Յովսէփի, որ Յովնանի, որ Եղիակիմի,31 որ Մելեայի, որ Մայնանի, որ Մատաթայի, որ Նաթանի, որ Դաւիթի,32 որ Յեսսէի, որ Ովբէթի, որ Բոոսի, որ Սաղմոնի, որ Նաասոնի,33 որ Ամինադաբի, որ Արամի, որ Եսրոնի, որ Փարէսի, որ Յուդայի,34 որ Յակոբի, որ Իսահակի, որ Աբրահամի, որ Թարայի, որ Նաքովրի,35 որ Սերուգի, որ Ռագաւի, որ Փաղէկի, որ Եբերի, որ Սաղայի,36 որ Կայնանի, որ Արփաքսադի, որ Սէմի, որ Նոյի, որ Ղամէքի,37 որ Մաթուսաղայի, որ Ենովքի, որ Յարեդի, որ Մաղաղիէլի, որ Կայնանի,38 որ Ենովսի, որ Սէթի, որ Ադամի, որ Աստուծոյ որդին էր:
Luke 7:23
23 Երանի՜ անոր՝ որ չի գայթակղիր իմ պատճառովս»:
Luke 10:21
21 Այդ նոյն ժամուն՝ Յիսուս Հոգիով ցնծաց եւ ըսաւ. «Կը ներբողեմ քեզ, Հա՜յր, Տէր երկինքի ու երկրի, որ այս բաները ծածկեցիր իմաստուններէն եւ խելացիներէն, ու յայտնեցիր երախաներո՛ւն: Այո՛, Հա՜յր, որովհետեւ ա՛յսպէս հաճելի եղաւ քու առջեւդ:
Luke 14:26
26 «Եթէ մէկը ինծի գայ՝ բայց չատէ իր հայրն ու մայրը, կինը եւ զաւակները, եղբայրներն ու քոյրերը, նաեւ իր անձը, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ:
Luke 16:24-25
24 Ուստի գոչեց. “Հա՛յր Աբրահամ, ողորմէ՜ ինծի ու ղրկէ՛ Ղազարոսը, որպէսզի ջուրի մէջ թաթխէ իր մատին ծայրը եւ զովացնէ լեզուս, որովհետեւ կը տանջուիմ այս բոցին մէջ”:25 Աբրահամ ըսաւ. “Որդեա՛կ, յիշէ՛ թէ դուն կեանքիդ ընթացքին ստացար բարիքներդ, նմանապէս Ղազարոս՝ չարիքներ. հիմա ան (հոս) կը մխիթարուի, ու դուն կը տանջուիս:26 Այս բոլորէն զատ՝ մեր եւ ձեր մէջտեղ հաստատուած մեծ անդունդ մը կայ, որպէսզի ասկէ ձեզի անցնիլ ուզողները չկարենան, ո՛չ ալ ատկէ մեզի գալ ուզողները՝ անցնին”:
Luke 16:30
30 Ան ալ ըսաւ. “Ո՛չ, հա՛յր Աբրահամ. հապա եթէ մեռելներէ՛ն մէկը երթայ անոնց՝ պիտի ապաշխարեն”:
Luke 19:41-44
41 Երբ մօտեցաւ, քաղաքը տեսնելով՝ լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ.42 «Գո՛նէ այս օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ աչքերէդ:43 Որովհետեւ օրերը պիտի գան քու վրադ, երբ թշնամիներդ պատնէշ պիտի շինեն շուրջդ, պիտի պաշարեն քեզ, ամէն կողմէ պիտի սեղմեն քեզ,44 եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ. եւ ամե՛նեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն մէջդ, քանի որ չգիտցար այցելութեանդ ատենը»:
John 1:1-3
John 1:12-13
John 1:13-13
13 Անոնք ո՛չ արիւնէն եւ ո՛չ մարմինի կամքէն ծնան, ո՛չ ալ մարդու կամքէն, հապա՝ Աստուծմէ:
John 1:17
17 Որովհետեւ Օրէնքը տրուեցաւ Մովսէսի միջոցով, բայց շնորհքն ու ճշմարտութիւնը եղան Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:
John 1:47
47 Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը՝ որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր մասին. «Ահա՛ ճշմա՛րտապէս Իսրայելացի մը՝ որուն ներսը նենգութիւն չկայ»:
John 3:8
8 Հովը կը փչէ ո՛ւր որ ուզէ. կը լսես անոր ձայնը, բայց չես գիտեր ուրկէ՛ կու գայ, կամ ո՛ւր կ՚երթայ: Ո՛վ որ Հոգիէն կը ծնի՝ ա՛յսպէս է»:
John 6:27-29
27 Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար՝ որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին մէջ, եւ մարդու Որդի՛ն պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրը՝ Աստուած զի՛նք կնքեց»:28 Ուրեմն ըսին իրեն. «Ի՞նչ ընենք՝ որպէսզի կատարենք Աստուծոյ գործերը»:29 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Սա՛ է Աստուծոյ գործը, որ հաւատաք անոր ղրկածին»:
John 8:33
33 Պատասխանեցին իրեն. «Մենք Աբրահամի զարմն ենք, ու երբե՛ք ստրուկ չենք եղած ոեւէ մէկուն: Դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես. “Ազատ պիտի ըլլաք”»:
John 8:37-39
37 Գիտե՛մ թէ Աբրահամի զարմն էք. բայց կը ջանաք սպաննել զիս, որովհետեւ իմ խօսքս տեղ չունի ձեր մէջ:38 Ես ինչ որ տեսայ իմ Հօրս քով՝ զա՛յն կը խօսիմ, ու դուք ալ ինչ որ տեսաք ձեր հօր քով՝ զա՛յն կ՚ընէք»:39 Պատասխանեցին անոր. «Մեր հայրը՝ Աբրահա՛մն է»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ Աբրահամի որդիները ըլլայիք, Աբրահամի՛ գործերը պիտի ընէիք:
John 10:30
30 Ես եւ Հայրը մէկ ենք»:
John 10:35
35 Եթէ աստուածներ կը կոչէ անոնք՝ որոնց տրուեցաւ Աստուծոյ խօսքը, (ու կարելի չէ որ այդ գրուածը աւրուի,)
John 11:52
52 եւ ո՛չ միայն ազգին համար, այլ նաեւ հաւաքելով միացնելու համար Աստուծոյ ցրուած որդիները:
John 12:25
25 Ա՛ն որ կը սիրէ իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ա՛ն որ կ՚ատէ իր անձը այս աշխարհի մէջ՝ յաւիտենական կեանքին համար պիտի պահէ զայն:
John 16:27
27 քանի որ ի՛նք՝ Հայրը կը սիրէ ձեզ, որովհետեւ դուք սիրեցիք զիս ու հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ:
John 17:26
26 Քու անունդ ճանչցուցի անոնց, ու պիտի ճանչցնեմ. որպէսզի այն սէրը՝ որով դուն սիրեցիր զիս՝ ըլլայ անոնց մէջ, ու ե՛ս ալ անոնց մէջ»:
Acts 2:23
23 Աստուծոյ որոշած ծրագիրով եւ կանխագիտութեամբ մատնուած ըլլալով՝ առիք եւ սպաննեցիք անօրէններու ձեռքով՝ փայտի վրայ գամելով:
Acts 2:39
39 Որովհետեւ խոստումը ձեզի համար է, նաեւ ձեր զաւակներուն, ու բոլոր հեռու եղողներուն, որ Տէրը՝ մեր Աստուածը պիտի կանչէ»:
Acts 3:25-26
Acts 4:27-28
Acts 7:23-26
23 Երբ լման քառասուն տարեկան եղաւ, իր սիրտը փափաքեցաւ այցելել իր եղբայրներուն՝ Իսրայէլի որդիներուն:24 Անիրաւուած տեսնելով Իսրայելացիներէն մէկը՝ պաշտպանեց զայն, եւ ընկճուածին վրէժը առաւ՝ զարնելով Եգիպտացին:25 Կը կարծէր թէ իր եղբայրները պիտի հասկնային թէ Աստուած իրենց փրկութիւն պիտի տար իր ձեռքով. բայց անոնք չհասկցան:26 Հետեւեալ օրը հանդիպեցաւ անոնց՝ երբ կը կռուէին, եւ ուզեց հաշտեցնել զանոնք՝ ըսելով. “Մարդի՛կ, դուք եղբայրնե՛ր էք. ինչո՞ւ կ՚անիրաւէք զիրար”:
Acts 9:15
15 Տէրը ըսաւ անոր. «Դուն գնա՛, որովհետեւ ան ինձմէ ընտրուած անօթ մըն է՝ իմ անունս կրելու հեթանոսներուն, թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ,
Acts 13:26
26 Մարդի՛կ եղբայրներ, Աբրահամի ցեղին որդինե՛ր, այս փրկութեան խօսքը ղրկուեցաւ ձեզի՛, եւ անոնց՝ որ ձեր մէջ աստուածավախ են:
Acts 13:32-33
Acts 13:47-48
Acts 15:14
14 Շմաւոն պատմեց թէ ի՛նչպէս Աստուած առաջին անգամ այցելեց հեթանոսներուն, որպէսզի անոնց մէջէն առնէ ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը:
Acts 16:30-34
30 ու դուրս բերելով զանոնք՝ ըսաւ. «Տէրե՛ր, ի՞նչ պէտք է ընեմ՝ որ փրկուիմ»:31 Անոնք ալ ըսին. «Հաւատա՛ Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ու պիտի փրկուիս, դուն եւ տունդ»:32 Ու Տէրոջ խօսքը քարոզեցին անոր եւ բոլոր անոնց՝ որ անոր տան մէջ էին:33 Ինք ալ՝ գիշերուան նոյն ժամուն՝ առաւ զանոնք, լուաց անոնց վէրքերը եւ անմի՛ջապէս մկրտուեցաւ, ինք ու բոլոր իրենները:34 Ապա իր տունը տանելով զանոնք՝ սեղան դրաւ անոնց առջեւ, եւ ցնծաց ամբողջ ընտանիքով՝ հաւատալով Աստուծոյ:
Acts 17:31
31 Որովհետեւ սահմանած է օր մը, երբ պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ՝ իր որոշած մարդուն միջոցով. եւ այս մասին հաւաստիք տուաւ բոլորին՝ մեռելներէն յարուցանելով զայն»:
Acts 20:28
28 Ուրեմն ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի եւ ամբողջ հօտին, որուն վրայ Սուրբ Հոգին տեսուչ դրաւ ձեզ՝ հովուելու Աստուծոյ եկեղեցին, որ ստացաւ իր արիւնով:
Acts 21:17-20
17 Երբ մտանք Երուսաղէմ, եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ:18 Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ գնաց Յակոբոսի քով, ու բոլոր երէցներն ալ եկան:19 Բարեւելէ ետք զանոնք՝ մէկ առ մէկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած ըրաւ հեթանոսներուն մէջ՝ իր սպասարկութեամբ:20 Անոնք ալ լսելով՝ փառաւորեցին Տէրը, եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս, եղբա՛յր, քանի՜ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան: Բոլորն ալ Օրէնքին նախանձախնդիր են,
Acts 28:26-28
26 ըսելով. “Գնա՛ այս ժողովուրդին եւ ըսէ՛. «Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք, շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք:27 Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ. իրենց ականջներով ծանր լսեցին եւ իրենց աչքերը գոցեցին, որպէսզի իրենց աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք»”:28 Ուրեմն գիտցէ՛ք թէ Աստուծոյ փրկութիւնը ղրկուեցաւ հեթանոսներուն, եւ անո՛նք մտիկ պիտի ընեն»:
Romans 1:3
3 որ իր Որդիին՝ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին է - ան մարմինի համեմատ՝ եղաւ Դաւիթի զարմէն,
Romans 1:7
7 ձեր բոլորին՝ որ Հռոմի մէջ էք, Աստուծոյ սիրելիներուդ ու սուրբ ըլլալու կանչուածներուդ, շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
Romans 1:9
9 Քանի որ վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ հոգիովս՝ անոր Որդիին աւետարանը քարոզելով,
Romans 1:17-32
Romans 1:18-32
18 Արդարեւ Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն կը յայտնուի մարդոց ամբողջ ամբարշտութեան եւ անիրաւութեան վրայ, քանի անոնք անիրաւութեամբ գերի բռնած են ճշմարտութիւնը:19 Որովհետեւ ինչ որ կարելի է գիտնալ Աստուծոյ մասին՝ բացայայտ է իրենց մէջ, քանի Աստուած բացայայտեց զայն անոնց:20 Արդարեւ անոր անտեսանելի բաները, այսինքն՝ իր յաւերժական զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը, կը տեսնուին աշխարհի արարչութենէն ի վեր ու կը հասկցուին անոր ստեղծածներով, որպէսզի անարդարանալի ըլլան:21 Թէպէտ իրենք կը ճանչնային Աստուած, Աստուծոյ պէս չփառաւորեցին կամ շնորհակալ չեղան. հապա ունայնացան իրենց մտածումներուն մէջ, եւ իրենց սիրտը անխելքութեամբ՝՝ խաւարեցաւ:22 Հաւաստելով թէ իրենք իմաստուն են՝ յիմարացան,23 ու փոխեցին անեղծ Աստուծոյ փառքը՝ նմանցնելով եղծանելի մարդու, թռչուններու, չորքոտանիներու եւ սողուններու պատկերին:24 Հետեւաբար Աստուած ալ մատնեց զանոնք անմաքրութեան՝ իրենց սիրտի ցանկութիւններուն համաձայն, որպէսզի իրենց մարմինները անպատուեն իրենք իրենց մէջ.
Romans 1:24-32
Romans 1:25-28
25 քանի որ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը փոխեցին սուտի հետ, եւ ակնածեցան արարածէ՛ն ու պաշտեցին զայն՝ քան Արարիչը, որ օրհնեա՜լ է յաւիտեան: Ամէն:
Romans 1:25-32
Romans 1:26-32
26 Այս պատճառով Աստուած մատնեց զանոնք անպատիւ կիրքերու. քանի որ իրենց էգերն անգամ բնական յարաբերութիւնը փոխեցին բնութեան դէմ եղող յարաբերութեան:27 Նմանապէս արուներն ալ՝ թողուցած էգին բնական յարաբերութիւնը՝ իրենց տռփանքով վառեցան իրարու հետ. արուները արուներու հետ անվայելչութիւն կը գործադրէին, եւ իրենց մոլորութեան արժանի հատուցումը կը ստանային իրենց վրայ:
Romans 1:27-32
27 Նմանապէս արուներն ալ՝ թողուցած էգին բնական յարաբերութիւնը՝ իրենց տռփանքով վառեցան իրարու հետ. արուները արուներու հետ անվայելչութիւն կը գործադրէին, եւ իրենց մոլորութեան արժանի հատուցումը կը ստանային իրենց վրայ:28 Քանի չգնահատեցին պահել Աստուած իրենց գիտակցութեան մէջ, Աստուած ալ մատնեց զանոնք խոտելի միտքի մը՝ ընելու անպատշաճ բաներ:
Romans 1:28-32
28 Քանի չգնահատեցին պահել Աստուած իրենց գիտակցութեան մէջ, Աստուած ալ մատնեց զանոնք խոտելի միտքի մը՝ ընելու անպատշաճ բաներ:29 Լեցուած ամէն տեսակ անիրաւութեամբ, պոռնկութեամբ, չարութեամբ, ագահութեամբ եւ չարամտութեամբ, լի նախանձով, մարդասպանութեամբ, հակամարտութեամբ, նենգութեամբ ու չարասրտութեամբ, եւ ըլլալով բանսարկու,30 բամբասող, Աստուած ատող, նախատող, ամբարտաւան, պոռոտախօս, չար բաներ հնարող, ծնողներու անհնազանդ,31 անխելք, ուխտադրուժ, անգութ, անհաշտ եւ անողորմ,32 անոնք՝ գիտնալով հանդերձ Աստուծոյ դատավճիռը, թէ այսպիսի բաներ ընողները արժանի են մահուան, ո՛չ միայն կ՚ընեն այդ բաները, այլ նաեւ բարեացակամ կ՚ըլլան զանոնք ընողներուն հանդէպ:
Romans 2:1
1 Ուստի, ո՛վ մարդ, ո՛վ ալ ըլլաս, դուն որ կը դատես՝ չունիս արդարացում. քանի որ ի՛նչ բանով որ կը դատես ուրիշը, անով կը դատապարտես դուն քեզ. որովհետեւ դուն որ կը դատես՝ կ՚ընես նո՛յն բաները:
Romans 2:4-5
4 Կամ թէ կ՚արհամարհե՞ս անոր քաղցրութեան, հանդուրժողութեան ու համբերատարութեան ճոխութիւնը, անգիտանալով թէ Աստուծոյ քաղցրութիւնը կ՚առաջնորդէ քեզ ապաշխարութեան:
Romans 2:4
Romans 2:5-5
5 Բայց դո՛ւն՝ խստութեամբդ եւ անզեղջ սիրտովդ՝ բարկութիւն կը կուտակես քու վրադ բարկութեան օրուան համար, երբ Աստուծոյ արդար դատաստանը յայտնուի:
Romans 2:15
15 անոնք ցոյց կու տան թէ Օրէնքին գործը իրենց սիրտին մէջ գրուած է, իրենց խղճմտանքին միաժամանակ վկայութեամբ, ու իրենց մտածումներուն զիրար ամբաստանելով եւ կամ ջատագովելով,)
Romans 2:28-29
Romans 3:1
Romans 3:5-6
5 Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը կ՚ապացուցանէ Աստուծոյ արդարութիւնը, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ բարկութիւն կը ցուցաբերէ
Romans 3:5-8
5 Ուրեմն եթէ մեր անիրաւութիւնը կ՚ապացուցանէ Աստուծոյ արդարութիւնը, ի՞նչ ըսենք. միթէ անիրա՞ւ է Աստուած, որ բարկութիւն կը ցուցաբերէ
Romans 3:5
Romans 3:6-8
6 (մարդկօրէն կ՚ըսեմ). ամե՛նեւին: Այլապէս՝ Աստուած ի՞նչպէս պիտի դատէ աշխարհը:7 Որովհետեւ եթէ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը կը ճոխանայ իմ ստութեամբս՝ իր փառքին համար, ա՛լ ես ինչո՞ւ կը դատուիմ իբր մեղաւոր:8 Եւ ինչո՞ւ պատշաճ չէ ըսել. «Չարիք գործենք՝ որ բարիք յառաջ գայ», ինչպէս ոմանք մեզի հայհոյելով կը զրպարտեն՝՝ թէ մենք այդպէս կ՚ըսենք: Ատոնց դատապարտութիւնը արդարացի է:
Romans 3:20
20 Ուստի ո՛չ մէկ մարմին պիտի արդարանայ անոր առջեւ Օրէնքին գործերով, քանի որ Օրէնքին միջոցով կ՚ըլլայ մեղքի գիտակցութիւնը:21 Բայց հիմա՝ առանց Օրէնքին՝ Աստուծոյ արդարութիւնը բացայայտ եղած է, վկայուած ըլլալով Օրէնքէն ու Մարգարէներէն.22 այսինքն Աստուծոյ արդարութիւնը՝ որ Յիսուս Քրիստոսի վրայ եղած հաւատքով է բոլոր հաւատացողներուն համար, քանի որ խտրութիւն չկայ:
Romans 3:29-30
Romans 4:9
9 Ուրեմն այս երանութիւնը միայն թլփատուածներո՞ւն համար է, թէ անթլփատներուն համար ալ. քանի որ կ՚ըսենք թէ “հաւատքը արդարութիւն սեպուեցաւ Աբրահամի”:
Romans 4:11-16
11 Յետոյ թլփատութեան նշանը ստացաւ՝ իբր կնիք անթլփատութեան ատենը ունեցած հաւատքին արդարութեան, որպէսզի ինք ըլլայ հայրը այն բոլոր հաւատացողներուն՝ որոնք անթլփատ են (անոնց ալ արդարութիւն սեպուելու համար),
Romans 4:11-12
11 Յետոյ թլփատութեան նշանը ստացաւ՝ իբր կնիք անթլփատութեան ատենը ունեցած հաւատքին արդարութեան, որպէսզի ինք ըլլայ հայրը այն բոլոր հաւատացողներուն՝ որոնք անթլփատ են (անոնց ալ արդարութիւն սեպուելու համար),
Romans 4:11
11 Յետոյ թլփատութեան նշանը ստացաւ՝ իբր կնիք անթլփատութեան ատենը ունեցած հաւատքին արդարութեան, որպէսզի ինք ըլլայ հայրը այն բոլոր հաւատացողներուն՝ որոնք անթլփատ են (անոնց ալ արդարութիւն սեպուելու համար),12 նաեւ հայրը թլփատութեան՝ անոնց համար, որոնք ո՛չ միայն թլփատուած են, այլ նաեւ կ՚ընթանան մեր հօր Աբրահամի անթլփատութեան ատեն ունեցած հաւատքին հետքերով:
Romans 4:12-12
Romans 4:13
Romans 4:14-15
Romans 4:15-15
Romans 4:16
16 Ուստի ժառանգորդ ըլլալը հաւատքէն է, որ շնորհքով եղած ըլլայ, որպէսզի խոստումը մնայուն ըլլայ ամբողջ զարմին. ո՛չ միայն անոր՝ որ Օրէնքէն է, այլ նաեւ անո՛ր՝ որ Աբրահամի հաւատքէն է: Ան մեր բոլորին հայրն է17 (ինչպէս գրուած է. “Քեզ շատ ազգերու հայր ըրի”) Աստուծոյ առջեւ՝ որուն ինք հաւատաց, որ կեանք կու տայ մեռելներուն ու չեղած բաները կը կոչէ եղածներու պէս:
Romans 4:22
22 Ուստի արդարութիւն սեպուեցաւ իրեն:
Romans 5:1
1 Ուրեմն մենք՝ հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:
Romans 5:3
3 Ո՛չ միայն այսքան, հապա կը պարծենանք տառապանքներու մէջ ալ. որովհետեւ գիտենք թէ տառապանքը կ՚իրագործէ համբերութիւն,
Romans 5:5
5 եւ յոյսը ամօթահար չ՚ըներ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը մեր սիրտերուն մէջ սփռուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ որ տրուեցաւ մեզի:
Romans 5:11
11 Եւ ո՛չ միայն ասիկա, այլ նաեւ կը պարծենանք Աստուծմով՝ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որով հիմա ստացանք հաշտութիւնը:
Romans 5:20-21
Romans 8:14
14 Արդարեւ բոլոր անոնք որ կ՚առաջնորդուին Աստուծոյ Հոգիով, անո՛նք են Աստուծոյ որդիները.15 քանի որ դուք չստացաք ստրկութեան հոգին՝ դարձեալ վախնալու համար, հապա ստացաք որդեգրութեա՛ն Հոգին, որուն միջոցով կը գոչենք՝՝. «Աբբա՛, Հա՛յր»:16 Նոյնինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ թէ մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք.
Romans 8:28-30
Romans 8:29
Romans 9:6
6 Բայց Աստուծոյ խօսքը ապարդիւն նկատուելու չէ. քանի որ բոլոր Իսրայէլէ եղողները Իսրայելացի չեն,
Romans 9:11
11 (քանի որ զաւակները դեռ չծնած, ո՛չ ալ որեւէ բարիք կամ չարիք գործած, որպէսզի Աստուծոյ առաջադրութիւնը հաստատ մնայ՝ ընտրութեան համաձայն,
Romans 9:14
Romans 9:16-16
Romans 9:18
Romans 9:21
21 Միթէ բրուտը իրաւասութիւն չունի՞ կաւին վրայ, որ նոյն զանգուածէն շինէ անօթ մը՝ պատիւի համար, իսկ ուրիշ մը՝ անպատուութեան համար:22 Ի՞նչ կրնանք ըսել՝ եթէ Աստուած, ուզելով ցոյց տալ իր բարկութիւնը եւ գիտցնել իր զօրութիւնը, շատ համբերատարութեամբ տոկաց կորսուելու պատրաստուած բարկութեան անօթներուն,23 որպէսզի գիտցնէ իր փառքին ճոխութիւնը՝ ողորմութիւն գտնող անօթներուն, որ նախապէս պատրաստեց փառքի համար,
Romans 9:30-32
Romans 9:31-32
Romans 10:1
1 Եղբայրնե՛ր, սիրտիս բաղձանքն է, նաեւ Աստուծոյ ուղղած աղերսանքս՝ Իսրայէլի համար, որ անոնք փրկուին:2 Որովհետեւ ես անոնց համար կը վկայեմ թէ նախանձախնդրութիւն ունին Աստուծոյ հանդէպ, բայց ո՛չ թէ գիտակցութեամբ:3 Քանի որ՝ անգիտանալով Աստուծոյ արդարութիւնը եւ ջանալով հաստատել իրե՛նց արդարութիւնը՝ անոնք չհպատակեցան Աստուծոյ արդարութեան:
Romans 10:3
Romans 10:6
6 Բայց հաւատքէն եղող արդարութիւնը սա՛ կ՚ըսէ. «Մի՛ ըսեր սիրտիդ մէջ. “Ո՞վ պիտի բարձրանայ երկինքը”, (այսինքն՝ Քրիստոսը վար իջեցնելու,)
Romans 10:10
10 (որովհետեւ սիրտով կը հաւատայ մէկը՝ արդարանալու համար, ու բերանով կը դաւանի՝ փրկուելու համար:)11 Քանի որ Գիրքը կ՚ըսէ. «Ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ ամօթահար պիտի չըլլայ»:12 Արդարեւ խտրութիւն չկայ Հրեային ու Յոյնին միջեւ, որովհետեւ բոլորին վրայ եղող նոյն Տէրը ճոխութեամբ կը հասնի բոլոր անոնց՝ որ զինք կը կանչեն:
Romans 10:20
20 Բայց Եսայի շատ յանդուգն է, ու կ՚ըսէ. «Ես գտնուեցայ անոնցմէ՝ որոնք չէին փնտռեր զիս, յայտնուեցայ անոնց՝ որոնք չէին հարցներ իմ մասիս»:
Romans 11:1
1 Ուրեմն կ՚ըսեմ. «Միթէ Աստուած վանե՞ց իր ժողովուրդը»: Ամե՛նեւին. որովհետեւ ե՛ս ալ Իսրայելացի եմ, Աբրահամի զարմէն, Բենիամինի տոհմէն:
Romans 11:1-2
Romans 11:4
4 Բայց ի՞նչ կ՚ըսէ անոր Աստուծոյ պատգամը. «Ինծի պահեցի եօթը հազար մարդ, որոնք Բահաղի չծնրադրեցին»:
Romans 11:4-6
Romans 11:5-6
Romans 11:6-6
Romans 11:7-8
7 Ուրեմն ի՞նչ. Իսրայէլ չհասաւ այն բանին՝ որ կը փնտռէր. սակայն ընտրուածնե՛րը հասան անոր, իսկ միւսները կուրցան
Romans 11:7
Romans 11:11-13
11 Ուրեմն կ՚ըսեմ. «Միթէ անոնք սայթաքեցան՝ որպէսզի իյնա՞ն»: Ամե՛նեւին: Հապա՝ փրկութիւնը հասաւ հեթանոսներուն անոնց անկումով, որպէսզի գրգռէ անոնց նախանձը:
Romans 11:11
11 Ուրեմն կ՚ըսեմ. «Միթէ անոնք սայթաքեցան՝ որպէսզի իյնա՞ն»: Ամե՛նեւին: Հապա՝ փրկութիւնը հասաւ հեթանոսներուն անոնց անկումով, որպէսզի գրգռէ անոնց նախանձը:12 Ուստի եթէ անոնց անկումը աշխարհի հարստութիւն եղաւ, եւ անոնց նուաստացումը՝ հեթանոսներուն հարստութիւն, ա՛լ ո՜րչափ աւելի՝ անոնց լիութիւնը:13 Բայց ձեզի՝ հեթանոսներուդ կ՚ըսեմ. «Քանի որ հեթանոսներուն առաքեալն եմ՝ կը փառաւորեմ իմ սպասարկութիւնս,14 յուսալով բարի նախանձը գրգռել իմ մարմինէս եղողներուն, եւ փրկել անոնցմէ ոմանք»:
Romans 11:19
19 Ուրեմն պիտի ըսես. «Ճիւղերը կտրուեցան՝ որպէսզի ես պատուաստուիմ»:
Romans 11:28
28 Աւետարանին համաձայն՝ անոնք թշնամիներ են ձեր պատճառով. բայց ընտրութեան համաձայն՝ սիրելի են իրենց հայրերուն պատճառով,
Romans 15:8-16
8 Արդարեւ կ՚ըսեմ թէ Յիսուս Քրիստոս սպասարկու եղաւ թլփատութեան՝ Աստուծոյ ճշմարտութեան համար, որպէսզի հաստատէ նախահայրերուն տրուած խոստումները9 եւ հեթանոսները Աստուած փառաբանեն՝ իր ողորմութեան համար, ինչպէս գրուած է. «Ասոր համար պիտի ներբողեմ քեզ հեթանոսներուն մէջ, եւ սաղմոս պիտի երգեմ քու անունիդ»:10 Դարձեալ կ՚ըսէ. «Հեթանոսնե՛ր, ուրախացէ՛ք անոր ժողովուրդին հետ»:11 Եւ դարձեալ. «Գովաբանեցէ՛ք Տէրը, բոլո՛ր հեթանոսներ, ու գովեցէ՛ք զայն, բոլո՛ր ժողովուրդներ»:12 Դարձեալ Եսայի կ՚ըսէ. «Յեսսէի մէկ արմատը պիտի ըլլայ, եւ կանգնելով՝ հեթանոսներուն վրայ պիտի իշխէ. անո՛ր պիտի յուսան հեթանոսները»:13 Ուրեմն յոյսի Աստուածը թող լեցնէ ձեզ ամէն ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ՝ ձեր հաւատքին համեմատ, որպէսզի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ:14 Ես ինքս ալ համոզուած եմ ձեր մասին, ի՛մ եղբայրներս, թէ դո՛ւք ալ լի էք բարութեամբ, ամէն գիտութեամբ լեցուած, եւ կրնաք զիրար խրատել:15 Սակայն, եղբայրներ, կերպով մը աւելի՛ յանդգնութեամբ գրեցի ձեզի, իբր թէ յիշեցնելով ձեզի, Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքին պատճառով՝16 որ Յիսուս Քրիստոսի պաշտօնեան ըլլամ հեթանոսներուն մէջ, Աստուծոյ աւետարանին քահանայութիւնը կատարելով, որպէսզի հեթանոսները ըլլան ընդունելի ընծայ՝ Սուրբ Հոգիով սրբացած:
1 Corinthians 1:9
9 Հաւատարիմ է Աստուած, որու միջոցով կանչուեցաք հաղորդակից ըլլալու իր Որդիին, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի:
1 Corinthians 1:20
20 Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհի վիճաբանողը. միթէ Աստուած չյիմարացո՞ւց այս աշխարհի իմաստութիւնը:
1 Corinthians 1:23
23 իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, գայթակղութիւն՝ Հրեաներուն, ու յիմարութիւն՝ Յոյներուն.
1 Corinthians 1:26-31
26 Արդարեւ դուք կը տեսնէք ձեր կոչումը, եղբայրնե՛ր, թէ ի՛նչպէս ո՛չ թէ շատ իմաստուններ՝ մարմինի համեմատ, շատ զօրաւորներ, շատ ազնուականներ կանչուեցան,27 հապա Աստուած ընտրեց աշխարհի յիմարնե՛րը՝ որպէսզի ամօթահար ընէ իմաստունները: Աստուած ընտրեց աշխարհի տկարնե՛րը՝ որպէսզի ամօթահար ընէ հզօրները.28 Աստուած ընտրեց աշխարհի ստորիննե՛րը, անարգուածնե՛րն ու բա՛ն մը չեղողները, որպէսզի ոչնչացնէ բա՛ն մը եղողները.29 որպէսզի ո՛չ մէկ մարմին պարծենայ Աստուծոյ առջեւ:30 Բայց դուք Քրիստոս Յիսուսով անկէ՛ էք, որ Աստուծմէ մեզի համար իմաստութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն եւ ազատագրութիւն եղաւ.31 որպէսզի, ինչպէս գրուած է. «Ո՛վ որ պարծենայ, թող պարծենայ Տէրոջմո՛վ»:
1 Corinthians 6:9-11
9 չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Մի՛ մոլորիք. ո՛չ պոռնկողները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները,10 ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները, ո՛չ գողերը, ո՛չ ագահները, ո՛չ արբեցողները, ո՛չ հեգնողները, ո՛չ ալ յափշտակողները պիտի ժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը:11 Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսիներ էին. բայց լուացուեցաք, բայց սրբացաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսի անունով ու մեր Աստուծոյն Հոգիով:
1 Corinthians 7:16
16 Որովհետեւ դուն ի՞նչ գիտես, կի՛ն. թերեւս պիտի փրկես ամուսինդ: Կամ դուն ի՞նչ գիտես, մա՛րդ. թերեւս պիտի փրկես կինդ:
1 Corinthians 12:3
3 Ուստի սա՛ կը հասկցնեմ ձեզի, թէ Աստուծոյ Հոգիով խօսող ո՛չ մէկը կ՚ըսէ. «Նզովեա՛լ ըլլայ Յիսուս»: Եւ ո՛չ մէկը կրնայ ըսել. «Յիսուս Տէր է», բայց միայն՝ Սուրբ Հոգիով:
1 Corinthians 14:16
16 Այլապէս, երբ դուն օրհնաբանես հոգիով, ի՞նչպէս ա՛ն որ տգէտի տեղը գրաւած է՝ «ամէն» պիտի ըսէ քու շնորհակալութեանդ ատեն, քանի որ չի հասկնար քու ըսածդ:
1 Corinthians 15:12
12 Ուրեմն եթէ կը քարոզուի թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ ոմանք կ՚ըսեն թէ “մեռելներու յարութիւն չկայ”:
1 Corinthians 15:35
35 Բայց մէկը պիտի ըսէ. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ ի՞նչ մարմինով կու գան»:
1 Corinthians 16:22
22 Եթէ մէկը չի սիրեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, նզովեա՛լ ըլլայ երբ մեր Տէրը գայ՝՝:
2 Corinthians 1:12
12 Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ:
2 Corinthians 1:23
23 Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, թէ տակաւին Կորնթոս չեկայ՝ խնայելու համար ձեզի:
2 Corinthians 6:18
18 ու ես պիտի ընդունիմ ձեզ. ես Հայր պիտի ըլլամ ձեզի, ու դուք՝ իմ որդիներս եւ աղջիկներս պիտի ըլլաք,- կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը»:
2 Corinthians 11:10
10 Քանի որ Քրիստոսի ճշմարտութիւնը իմ մէջս է, ո՛չ մէկը պիտի արգիլէ զիս այս պարծանքէն՝ Աքայիայի շրջանները:
2 Corinthians 11:31
31 Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը եւ Հայրը, որ յաւիտեան օրհնեա՜լ է, գիտէ թէ չեմ ստեր:
2 Corinthians 12:19
19 Դարձեալ՝ կը կարծէ՞ք թէ մենք մեզ կը ջատագովենք ձեր առջեւ: Մենք Քրիստոսո՛վ կը խօսինք՝ Աստուծո՛յ առջեւ. բայց ամէն բան կ՚ընենք, սիրելիներ, ձեր շինութեան համար:
Galatians 1:8
8 Բայց նոյնիսկ եթէ մենք, կամ երկինքէն հրեշտակ մը, քարոզէ ձեզի ուրիշ որեւէ աւետարան՝ քան զայն որ մենք քարոզեցինք ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ:
Galatians 1:20
20 Ինչ որ կը գրեմ ձեզի, ահա՛ Աստուծոյ առջեւ կը հաստատեմ, թէ չեմ ստեր:
Galatians 2:16
16 գիտնալով թէ մարդ Օրէնքին գործերով չէ որ կ՚արդարանայ, հապա Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով, մե՛նք ալ հաւատացինք Քրիստոս Յիսուսի՝ որպէսզի արդարանանք Քրիստոսի՛ հաւատքով, ո՛չ թէ Օրէնքին գործերով. որովհետեւ Օրէնքին գործերով ո՛չ մէկը պիտի արդարանայ:
Galatians 3:8
8 Գիրքը, նախատեսելով թէ Աստուած հեթանոսները պիտի արդարացնէ հաւատքի միջոցով, նախապէս աւետեց Աբրահամի՝ ըսելով. «Քեզմո՛վ պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը»:
Galatians 3:10
10 Որովհետեւ բոլոր անոնք որ Օրէնքին գործերէն են՝ անէծքի տակ են, քանի որ գրուած է. «Անիծեա՛լ ըլլայ ո՛վ որ չի յարատեւեր Օրէնքի գիրքին բոլոր գրուածներուն մէջ՝ զանոնք գործադրելու համար»:
Galatians 3:10-11
Galatians 3:13
13 Քրիստոս փրկանքով գնեց մեզ Օրէնքի անէծքէն՝ մեզի համար անիծուելով, (որովհետեւ գրուած է. «Անիծեա՛լ է ո՛վ որ փայտէն կը կախուի»)
Galatians 3:21
Galatians 3:24
24 Հետեւաբար Օրէնքը եղաւ մեր դաստիարա՛կը՝ մեզ առաջնորդելու Քրիստոսի, որպէսզի մենք հաւատքո՛վ արդարանանք:
Galatians 3:26-29
26 որովհետեւ դուք բոլորդ Աստուծոյ որդիներ էք՝ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքով.
Galatians 3:26
Galatians 3:28
Galatians 4:22-31
Galatians 4:23-31
23 Բայց ա՛ն որ աղախինէն էր՝ մարմինին համեմատ ծնած էր, իսկ ա՛ն որ ազատ կնոջմէն էր՝ խոստումով:24 Ասոնց մեկնութիւնը այլաբանօրէն կ՚ըլլայ, քանի որ ասոնք երկու Ուխտերն են. մէկը՝ Սինա լեռնէն, որ Հագա՛րն է, ստրկութեա՛ն համար կը ծնանի.25 որովհետեւ Հագար՝ Սինա լեռն է, Արաբիայի մէջ, ու կը համապատասխանէ այժմու Երուսաղէմին, եւ ստրկութեան մէջ է իր զաւակներուն հետ:26 Բայց վերին Երուսաղէմը, որ մեր բոլորին մայրն է, ազատ է:27 Արդարեւ գրուած է. «Ուրախացի՛ր, չծնանող ամո՛ւլ. պոռթկա՛ ցնծութեամբ եւ գոչէ՛, երկունքի ցաւ չքաշո՛ղ. որովհետեւ լքեալին զաւակները շա՛տ աւելի են՝ քան ամուսին ունեցողին զաւակները»:28 Ուրեմն մենք, եղբայրնե՛ր, Իսահակի պէս խոստումի զաւակներ ենք:29 Բայց ինչպէս այն ատեն մարմինին համեմատ ծնածը կը հալածէր ան՝ որ Հոգիին համեմատ ծնած էր, նոյնպէս ալ հիմա:30 Սակայն ի՞նչ կ՚ըսէ Գիրքը. «Վտարէ՛ այդ աղախինը եւ անոր որդին, քանի որ աղախինին որդին ժառանգորդ պիտի չըլլայ ազատ կնոջ որդիին հետ»:
Galatians 4:30
Galatians 5:3-4
Galatians 6:16
16 Խաղաղութիւն ու ողորմութիւն բոլոր անոնց վրայ՝ որ այս կանոնին համաձայն կ՚ընթանան, եւ Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ:
Ephesians 1:4-5
Ephesians 1:6-8
6 որպէսզի գովաբանենք իր շնորհքին փառքը. անո՛վ ընդունելի դարձուց մեզ՝ Սիրելիին միջոցով:7 Իրմով մենք ունինք ազատագրութիւն՝ իր արիւնին միջոցով, ու մեղքերու ներում՝ իր շնորհքին ճոխութեան համեմատ.8 անո՛վ ճոխացուց մեզ՝ ամբողջ իմաստութեամբ եւ ուշիմութեամբ:9 Գիտցուց մեզի իր կամքին խորհուրդը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն, որ իր մէջ՝՝ առաջադրած էր.10 որպէսզի ժամանակներու լրումին տնտեսութեան մէջ՝ Քրիստոսով համախմբէ ամէն բան, անոր մէջ միացնէ թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, թէ՛ երկրի վրայ եղողները:11 Անով ստացանք նաեւ ժառանգութիւն մը, նախասահմանուած ըլլալով համաձայն առաջադրութեան անո՛ր՝ որ կը ներգործէ ամէն բան իր կամքին ծրագիրին համաձայն,
Ephesians 1:18
18 Որպէսզի ձեր միտքին աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՛նչ է անոր կոչումին յոյսը, ի՛նչ է անոր ժառանգութեան փառքին ճոխութիւնը՝ սուրբերուն մէջ,
Ephesians 2:3
3 Անոնցմով մենք բոլորս ալ ժամանակին կը վարուէինք՝ մեր մարմինին ցանկութիւններով, մարմինին ու միտքին փափաքները գործադրելով. բնութեամբ բարկութեան զաւակներ էինք՝ ուրիշներու նման:
Ephesians 2:3-5
3 Անոնցմով մենք բոլորս ալ ժամանակին կը վարուէինք՝ մեր մարմինին ցանկութիւններով, մարմինին ու միտքին փափաքները գործադրելով. բնութեամբ բարկութեան զաւակներ էինք՝ ուրիշներու նման:4 Բայց Աստուած՝ որ հարուստ է ողորմութեամբ, իր մեծ սիրոյն համար՝ որով սիրեց մեզ,5 երբ մեռած էինք մեղքերու մէջ՝ կեանք տուաւ մեզի Քրիստոսի հետ, (դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք.)
Ephesians 2:7
7 որպէսզի գալիք դարերուն մէջ ցոյց տայ իր շնորհքին գերազանց ճոխութիւնը՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով մեզի հանդէպ ցոյց տուած քաղցրութեամբ:8 Որովհետեւ դուք շնորհքո՛վ փրկուած էք՝ հաւատքի միջոցով, եւ ատիկա ո՛չ թէ ձեզմէ է՝ հապա Աստուծոյ ընծան է.9 ո՛չ թէ գործերէն է, որպէսզի ո՛չ մէկը պարծենայ:10 Քանի որ մենք անոր ձեռակերտն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար. Աստուած նախապէս պատրաստեց զանոնք, որպէսզի մենք ընթանանք անոնց մէջ:11 Ուստի յիշեցէ՛ք թէ դուք ժամանակին մարմինով հեթանոսներ էիք, (որոնք անթլփատ կը կոչուին անոնցմէ՝ որ թլփատուած կը կոչուին, մարմինի մէջ՝ ձեռքով եղած.)12 այդ ատեն դուք առանց Քրիստոսի էիք, ուծացած ըլլալով Իսրայէլի հասարակութենէն, եւ օտարացած՝ խոստումին ուխտերէն. ո՛չ յոյս ունէիք, ո՛չ ալ Աստուած՝ աշխարհի մէջ:
Ephesians 2:12-13
Ephesians 3:6-8
6 թէ հեթանոսները Քրիստոսով պիտի ըլլան ժառանգակից, մարմնակից, եւ իր խոստումին բաժնեկից՝ աւետարանին միջոցով,7 որուն ես սպասարկու եղայ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ տրուեցաւ ինծի իր զօրութեան ներգործութեամբ:8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,
Ephesians 3:8-8
8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,
Ephesians 3:11
11 իր յաւիտենական առաջադրութեան համաձայն, որ իրագործեց մեր Տէրոջմով՝ Քրիստոս Յիսուսով:
Ephesians 3:16
16 որպէսզի շնորհէ ձեզի՝ իր փառքին ճոխութեան համեմատ՝ զօրութեամբ ուժովնալ ներքին մարդուն մէջ, իր Հոգիին միջոցով.
Ephesians 4:17-19
17 Ուրեմն սա՛ կը յայտարարեմ ու Տէրոջմով կը վկայեմ, որ դուք այլեւս չընթանաք այնպէս՝ ինչպէս ուրիշ հեթանոսները կ՚ընթանան, իրենց միտքին ունայնութեան մէջ:18 Անոնց միտքը խաւարած է, եւ իրենք ուծացած են Աստուծոյ կեանքէն՝ իրենց մէջ եղած անգիտութեան եւ իրենց սիրտին կուրութեան պատճառով:19 Անզգայ դարձած՝ անձնատուր եղան ցոփութեան, որպէսզի ամէն տեսակ անմաքրութիւն գործեն ագահութեամբ:
Philippians 1:8
8 Որովհետեւ Աստուած վկայ է թէ ո՛րքան կարօտցած եմ ձեզ բոլորդ՝ Քրիստոս Յիսուսի գութով,
Philippians 1:20
20 իմ եռանդուն ակնկալութեանս եւ յոյսիս համեմատ՝ թէ բնա՛ւ պիտի չամչնամ. հապա՝ բոլորովին համարձակութեամբ, ինչպէս ամէն ատեն՝ նոյնպէս ալ հիմա, Քրիստոս պիտի մեծարուի մարմինիս մէջ, կա՛մ կեանքով, կա՛մ մահով.
Philippians 2:6-11
6 Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը,7 հապա ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝8 խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, նոյնիսկ՝ խաչին մահը:9 Ուստի Աստուած ալ մեծապէս բարձրացուց զայն եւ շնորհեց անոր անուն մը՝ որ ամէն անունէ գերազանց է,10 որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը՝ երկնաւորները, երկրաւորներն ու սանդարամետականները,11 եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հայր Աստուծոյ փառքին համար:
Philippians 2:13
13 որովհետեւ Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ թէ՛ կամենալը եւ թէ ընելը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն:
Philippians 3:3
3 որովհետեւ թլփատութիւնը մե՛նք ենք, որ կը պաշտենք Աստուած Հոգիո՛վ եւ կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսո՛վ, ու վստահութիւն չունինք մարմինի վրայ.
Philippians 3:6
6 նախանձախնդրութեան համեմատ՝ եկեղեցին կը հալածէի, Օրէնքէն եղած արդարութեան համեմատ՝ անմեղադրելի էի:
Philippians 3:9
9 ու գտնուիմ իր մէջ, ունենալով ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս՝ որ Օրէնքէն է, հապա ա՛յն՝ որ Քրիստոսի հաւատքին միջոցով է, արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէ է՝ հաւատքով.
Philippians 3:18
18 Որովհետեւ շատեր կ՚ընթանան, որոնց մասին յաճախ կ՚ըսէի ձեզի եւ հիմա կ՚ըսեմ՝ նոյնիսկ լալով, այսինքն՝ Քրիստոսի խաչին թշնամիները.
Colossians 1:12
12 շնորհակալ ըլլալով Հայր Աստուծմէ, որ արժանացուց մեզ մասնակից ըլլալու լոյսի մէջ բնակող սուրբերու ժառանգութեան,
Colossians 1:16-19
16 որովհետեւ անո՛վ ստեղծուեցաւ ամէն բան, ինչ որ երկինքի մէջ է եւ ինչ որ երկրի վրայ կայ, տեսանելի կամ անտեսանելի. թէ՛ գահերը, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները: Բոլոր բաները ստեղծուեցան անով եւ անոր համար:17 Ան ամէն բանէ առաջ է, ու անո՛վ ամէն բան հաստատ կը կենայ:18 Ա՛ն է մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին գլուխը. ա՛ն է սկիզբը, մեռելներէն անդրանիկը, որպէսզի նախապատիւ ըլլայ ամէն բանի մէջ.19 որովհետեւ Հայրը բարեհաճեցաւ որ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը բնակի անոր մէջ,
Colossians 1:27
27 որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել թէ ի՛նչ է այս խորհուրդին փառքին ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, այսինքն՝ Քրիստոս ձեր մէջ, փառքի յոյսը:
Colossians 3:11
11 եւ որուն մէջ ո՛չ Յոյն կայ, ո՛չ ալ Հրեայ, թլփատութիւն կամ անթլփատութիւն, օտար, Սկիւթացի, ստրուկ կամ ազատ. հապա Քրիստոս է ամէն ինչ, եւ բոլորին մէջ:
1 Thessalonians 1:4
4 գիտնալով՝ սիրելի եղբայրներ՝ թէ Աստուած ընտրեց ձեզ:
1 Thessalonians 2:5
5 Քանի որ մենք բնա՛ւ չգործածեցինք շողոքորթութեան խօսքեր,- ինչպէս գիտէք,- ո՛չ ալ ագահութեան պատրուակ մը,- Աստուած վկայ է.-
1 Thessalonians 2:12
12 յորդորեցինք եւ սփոփեցինք, ու վկայեցինք որպէսզի ձեր ընթացքը արժանավայել ըլլայ Աստուծոյ՝ որ կանչեց ձեզ իր թագաւորութեան եւ փառքին:
1 Thessalonians 2:16
16 ու կ՚արգիլեն մեզ խօսիլ հեթանոսներուն՝ անոնց փրկութեան մասին, որպէսզի լեցնեն իրենց մեղքերուն չափը՝ ամէն ատեն. բայց բարկութիւնը հասած է անոնց վրայ՝ մինչեւ վախճանը:
1 Thessalonians 5:9
9 Որովհետեւ Աստուած որոշեց մեզ ո՛չ թէ բարկութեան համար, հապա՝ փրկութեան տիրանալու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:
2 Thessalonians 1:10-12
10 երբ ինք գայ փառաւորուելու իր սուրբերուն մէջ, ու այդ օրը սքանչացումի առարկայ ըլլալու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ (որովհետեւ դուք հաւատացիք ձեր մէջ տրուած մեր վկայութեան):11 Հետեւաբար ամէն ատեն կ՚աղօթենք ձեզի համար, որ մեր Աստուածը արժանացնէ ձեզ ձեր կոչումին, եւ զօրութեամբ իրագործէ իր բարութեան ամբողջ բարեհաճութիւնն ու հաւատքին գործը.12 որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունը փառաւորուի ձեր մէջ, եւ դուք ալ անոր մէջ, մեր Աստուծոյն ու Տէր Յիսուս Քրիստոսի շնորհքին համաձայն:
2 Thessalonians 2:10-12
10 եւ անիրաւութեան ամբողջ խաբէութեամբ, անոնց համար՝ որ կը կորսուին, քանի որ անոնք չընդունեցին ճշմարտութեան սէրը՝ որպէսզի փրկուին:11 Այս պատճառով Աստուած ալ պիտի ղրկէ անոնց ազդեցիկ մոլորութիւն մը՝ որ հաւատան ստութեան,12 որպէսզի դատապարտուին բոլոր անոնք՝ որ չհաւատացին ճշմարտութեան, հապա յօժարեցան անիրաւութեան:13 Բայց մենք պարտական ենք ամէն ատեն շնորհակալ ըլլալ Աստուծմէ՝ ձեզի համար, Տէրոջմէն սիրուած եղբայրնե՛ր, քանի որ Աստուած սկիզբէն ընտրեց ձեզ փրկութեան համար՝ Հոգիին սրբացումով եւ ճշմարտութեան հաւատքով,14 որուն կանչեց ձեզ մեր աւետարանով, որպէսզի տիրանաք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի փառքին:
1 Timothy 1:5
5 Իսկ պատուէրին վախճանը սէրն է՝ բխած սուրբ սիրտէ, բարի խղճմտանքէ եւ անկեղծ հաւատքէ:
1 Timothy 2:7
7 Ես անոր քարոզիչ եւ առաքեալ նշանակուեցայ, (ճշմարտութիւնը կ՚ըսեմ Քրիստոսով, չեմ ստեր,) ու հեթանոսներուն վարդապետ եղայ՝ հաւատքով եւ ճշմարտութեամբ:
1 Timothy 3:16
16 Անվիճելիօրէն մեծ է բարեպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած երեւցաւ մարմինով, արդարացաւ Հոգիով, տեսնուեցաւ հրեշտակներէն, քարոզուեցաւ հեթանոսներուն մէջ, հաւատացուեցաւ աշխարհի մէջ, եւ համբարձաւ փառքով:
1 Timothy 5:21
21 Կը վկայեմ Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ ընտրեալ հրեշտակներուն առջեւ, որ պահես այս բաները առանց նախընտրանքի, ոչինչ ընելով կողմնակալութեամբ:
1 Timothy 6:5
5 զրաբանութիւններ՝ միտքով ապականած ու ճշմարտութենէն զրկուած մարդոց, որ կը կարծեն թէ բարեպաշտութիւնը շահավաճառութիւն է. հեռացի՛ր այդպիսիներէն:
1 Timothy 6:11
11 Բայց դո՛ւն, ո՛վ Աստուծոյ մարդ, փախի՛ր այս բաներէն, եւ հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան, բարեպաշտութեան, հաւատքի, սիրոյ, համբերութեան ու հեզութեան:
1 Timothy 6:15
15 Զայն իր ատենին ցոյց պիտի տայ Երանելին եւ միակ Հզօրը, Թագաւորներուն թագաւորն ու Տէրերուն տէրը:
2 Timothy 1:9
9 Ան փրկեց մեզ եւ կանչեց սուրբ կոչումով, ո՛չ թէ մեր գործերուն համեմատ, հապա՝ իր առաջադրութեան ու շնորհքին համաձայն, որ Քրիստոս Յիսուսով տրուեցաւ մեզի՝ դարերու ժամանակներէն առաջ,
2 Timothy 1:12
12 Այս պատճառով ալ կը կրեմ այս չարչարանքները. բայց չեմ ամչնար, որովհետեւ գիտեմ թէ որո՛ւն հաւատացած եմ, ու համոզուած եմ թէ ան կարող է պահել իմ իրեն յանձնած աւանդս մինչեւ այն օրը:
2 Timothy 2:8
8 Յիշէ՛ թէ Դաւիթի զարմէն եղող Յիսուս Քրիստոս՝ մեռելներէն յարութիւն առած է, համաձայն իմ քարոզած աւետարանիս,
2 Timothy 2:13
13 եթէ հաւատարիմ չըլլանք՝ ինք հաւատարիմ կը մնայ, չի կրնար ուրանալ ինքզինք:
2 Timothy 2:20-21
20 Մեծ տան մը մէջ կան ո՛չ միայն ոսկիէ ու արծաթէ անօթներ, այլ նաեւ փայտէ եւ հողէ անօթներ: Ոմանք պատիւի համար են, ու ոմանք՝ անպատուութեան համար:
2 Timothy 2:20
2 Timothy 2:21
21 Ուստի եթէ մէկը մաքրէ ինքզինք ասոնցմէ, պիտի ըլլայ պատիւի անօթ մը՝ սրբացած եւ պիտանի իր Տէրոջ, պատրաստուած ամէն բարի գործի համար:
Titus 2:9
9 Յորդորէ՛ ստրուկները՝ որ հպատակին իրենց տէրերուն ու հաճելի ըլլան անոնց՝ ամէն բանի մէջ. չհակաճառեն,
Titus 3:3-5
3 Որովհետեւ մե՛նք ալ ժամանակին անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ, ու կը ծառայէինք զանազան ցանկութիւններու եւ հաճոյքներու. կը վարուէինք չարամտութեամբ ու նախանձով, հակակրելի էինք եւ կ՚ատէինք զիրար:
Titus 3:3-7
Titus 3:4-7
Titus 3:5-5
5 ան փրկեց մեզ - ո՛չ թէ մեր ըրած արդարութեան գործերով, հապա իր ողորմութեան համաձայն - աւազանին վերստին ծնունդով եւ Սուրբ Հոգիին նորոգութեամբ:
Titus 3:5-7
5 ան փրկեց մեզ - ո՛չ թէ մեր ըրած արդարութեան գործերով, հապա իր ողորմութեան համաձայն - աւազանին վերստին ծնունդով եւ Սուրբ Հոգիին նորոգութեամբ:6 Զայն ճոխութեամբ թափեց մեր վրայ՝ մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով,7 որպէսզի՝ անոր շնորհքով արդարացած ըլլալով՝ ժառանգորդ դառնանք, յաւիտենական կեանքի յոյսին համաձայն:
Hebrews 1:8-13
8 Իսկ Որդիին կ՚ըսէ. «Քու գահդ, ո՛վ Աստուած, կը կենայ դարէ դար՝՝. քու թագաւորութեանդ մականը ուղղամտութեան մական է:9 Դուն սիրեցիր արդարութիւնը եւ ատեցիր անօրէնութիւնը. հետեւաբար, ո՛վ Աստուած, քու Աստուածդ օծեց քեզ ցնծութեան իւղով՝ ընկերակիցներէդ աւելի»:10 Նաեւ. «Տէ՛ր, դո՛ւն սկիզբէն դրիր երկրի հիմերը, ու քո՛ւ ձեռքերուդ գործն է երկինքը:11 Անոնք պիտի կորսուին, բայց դուն կը մնաս. բոլորը պիտի մաշին հանդերձի պէս:12 Պիտի ոլորես զանոնք ծածկոցի պէս, եւ պիտի փոխուին. իսկ դուն՝ միշտ նո՛յնն ես, ու քու տարիներդ պիտի չպակսին»:13 Եւ հրեշտակներէն որո՞ւն ըսաւ երբեք. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»:
Hebrews 3:1
1 Ուստի, սո՛ւրբ եղբայրներ, երկնային կոչումին բաժնեկիցնե՛ր, ուշադի՛ր եղէք մեր դաւանութեան Առաքեալին ու Քահանայապետին՝ Քրիստոս Յիսուսի,
Hebrews 6:13-17
13 Արդարեւ, երբ Աստուած խոստում ըրաւ Աբրահամի, քանի որ իրմէ մեծը չկար՝ որ երդում ընէր անոր վրայ,14 երդում ըրաւ ինքնիր վրայ եւ ըսաւ. «Այո՛, մեծապէս պիտի օրհնեմ քեզ ու մեծապէս պիտի բազմացնեմ քեզ»:15 Եւ այսպէս՝ ան համբերատարութեամբ հասաւ խոստումին:16 Արդարեւ մարդիկ երդում կ՚ընեն իրենցմէ մեծին վրայ, ու իրենց համար՝ երդո՛ւմը կը հաստատէ ամէն հակաճառութեան աւարտը:17 Ուստի Աստուած, փափաքելով աւելի ճոխութեամբ ցոյց տալ իր ծրագիրին անփոփոխ ըլլալը խոստումի ժառանգորդներուն, միջնորդեց երդումով մը,
Hebrews 6:17-18
Hebrews 8:6-10
6 Իսկ հիմա Յիսուս հասաւ գերազանց պաշտօնի մը, քանի որ միջնորդ է լաւագոյն ուխտի մը՝ որ օրինադրուած է լաւագոյն խոստումներու վրայ:7 Արդարեւ եթէ առաջինը անմեղադրելի ըլլար, բնա՛ւ տեղ չէր փնտռուեր երկրորդին համար:8 Որովհետեւ կ՚ըսէ՝ մեղադրելով զանոնք. «Ահա՛ կու գան օրերը,- կ՚ըսէ Տէրը,- երբ նոր ուխտ մը պիտի կնքեմ Իսրայէլի տան հետ ու Յուդայի տան հետ:9 Սակայն ո՛չ այն ուխտին պէս՝ որ կնքեցի անոնց հայրերուն հետ, այն օրը երբ բռնեցի անոնց ձեռքէն՝ Եգիպտոսի երկրէն հանելու համար զանոնք. քանի անոնք չյարատեւեցին իմ ուխտիս մէջ, ես ալ անհոգ եղայ անոնց հանդէպ,- կ՚ըսէ Տէրը:-10 Արդարեւ սա՛ է այն ուխտը՝ որ պիտի հաստատեմ Իսրայէլի տան հետ այդ օրերէն ետք,- կ՚ըսէ Տէրը.- իմ օրէնքներս պիտի դնեմ անոնց միտքին մէջ, զանոնք պիտի գրեմ անոնց սիրտին վրայ, ու ես պիտի ըլլամ անոնց Աստուածը, անոնք ալ պիտի ըլլան իմ ժողովուրդս:
Hebrews 9:1
1 Արդարեւ առաջին ուխտն ալ ունէր պաշտամունքի կանոններ, նաեւ աշխարհային սրբարան մը.
Hebrews 9:3
3 Իսկ երկրորդ վարագոյրին ետեւ կար խորան մը՝ որ Սրբութիւններու սրբութիւն կը կոչուէր.
Hebrews 9:10
10 եւ տարբեր լուացումներով՝ միայն մարմնաւոր կանոններ էին, որոնք կը պարտադրուէին մինչեւ ուղղումի ատենը:
Hebrews 11:7
7 Հաւատքո՛վ Նոյ, պատգամ ստանալով Աստուծմէ՝ տակաւին անտեսանելի բաներու մասին, երկիւղածութեամբ կերտեց տապան մը՝ իր ընտանիքին փրկութեան համար, որով դատապարտեց աշխարհը եւ ժառանգորդ եղաւ այն արդարութեան՝ որ կ՚ըլլայ հաւատքով:
Hebrews 11:11-12
Hebrews 11:17
James 1:13
13 Ո՛չ մէկը թող ըսէ՝ երբ կը փորձուի. «Աստուծմէ՛ կը փորձուիմ». որովհետեւ Աստուած չարէն չի փորձուիր, ո՛չ ալ ի՛նք կը փորձէ ոեւէ մէկը:
James 1:18
18 Ան ի՛ր փափաքով ծնաւ մեզ՝ ճշմարտութեան խօսքով, որպէսզի մենք երախայրիք մը ըլլանք իր արարածներուն:
James 2:10-11
James 2:20
20 Բայց կ՚ուզե՞ս գիտնալ, ո՛վ սնոտի մարդ, թէ հաւատքը մեռած է առանց գործերու:
James 5:4
4 սակայն ահա՛ ձեր արտերը քաղող գործաւորներուն վարձքը՝ որմէ զրկեցիք զանոնք՝ կ՚աղաղակէ, եւ հնձուորներուն կանչը հասաւ զօրքերու Տէրոջ ականջներուն:
1 Peter 1:2-5
2 որոնք ընտրուած են Հայր Աստուծոյ կանխագիտութեան համաձայն՝ Հոգիին սրբացումով, Յիսուս Քրիստոսի հնազանդութեան եւ արիւնին սրսկումին համար. շնորհք ու խաղաղութիւն թող շատնան ձեր վրայ:3 Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեան համաձայն վերստին ծնաւ մեզ կենարար յոյսի մը համար՝ Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութեամբ,4 եւ անեղծանելի, անարատ ու անթառամ ժառանգութեան մը համար՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի:5 Դուք Աստուծոյ զօրութեամբ ու հաւատքով պահպանուած էք փրկութեան համար, որ պատրաստ է յայտնուելու վերջին ատենը.
1 Peter 2:6-8
6 Որովհետեւ Գիրքին մէջ ալ կայ. «Ահա՛ Սիոնի մէջ կը դնեմ ծայրագոյն անկիւնաքար մը, ընտիր ու պատուական, եւ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ բնա՛ւ ամօթահար պիտի չըլլայ»:7 Ուրեմն ձեզի՝ որ կը հաւատաք՝ պատուական է ան, իսկ անհնազանդներուն համար՝ «այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը,8 ու սայթաքումի քար եւ գայթակղութեան ժայռ» անոնց՝ որ խօսքին անհնազանդ ըլլալով կը գայթին, որուն համար ալ որոշուած էին:
1 Peter 2:8-8
8 ու սայթաքումի քար եւ գայթակղութեան ժայռ» անոնց՝ որ խօսքին անհնազանդ ըլլալով կը գայթին, որուն համար ալ որոշուած էին:9 Բայց դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն մը, սուրբ ազգ մը, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք առաքինութիւնները անո՛ր՝ որ կանչեց ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին:10 Ժամանակին ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք:
1 Peter 2:10
10 Ժամանակին ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք:
1 Peter 3:20
20 Անոնք ժամանակին անհնազանդ եղան, երբ Աստուծոյ համբերատարութիւնը կը սպասէր անոնց՝ Նոյի օրերը, մինչ տապանը կը կերտուէր: Անոր մէջ քիչեր, այսինքն ութ անձ, փրկուեցան ջուրէն:
1 Peter 4:3
3 Որովհետեւ կը բաւէ մեզի գործադրած ըլլալ հեթանոսներուն կամքը՝ մեր կեանքին անցած ժամանակը, երբ կ՚ընթանայինք ցոփութիւններու, ցանկութիւններու, գինեմոլութիւններու, զեխութիւններու, արբեցութիւններու եւ անօրէն կռապաշտութիւններու մէջ:
1 Peter 5:10
10 Եւ ամէն շնորհքի Աստուածը, որ իր յաւիտենական փառքին կանչեց մեզ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով, ձեզ կատարեալ պիտի ընէ, ամրացնէ, ուժովցնէ եւ անսասան հիմերու վրայ դնէ, երբ չարչարուիք քիչ մը ատեն:
2 Peter 1:10
10 Ուստի, եղբայրնե՛ր, առաւելապէս ջանացէ՛ք՝ որ հաստատէք ձեր կոչումն ու ընտրութիւնը, որովհետեւ ասիկա ընելով՝ բնա՛ւ պիտի չսայթաքիք.
2 Peter 2:3
3 Անոնք ագահութեամբ ու շինծու խօսքերով պիտի շահագործեն ձեզ. սակայն անոնց դատաստանը՝ վաղուց պատրաստ ըլլալով՝ անգործ չէ, եւ անոնց կորուստը չի մրափեր:
2 Peter 2:6
6 Մոխիրի վերածելով Սոդոմի ու Գոմորի քաղաքները՝ դատապարտեց զանոնք կործանումով, եւ օրինակ դարձուց յետագայ ամբարիշտներուն.
2 Peter 2:9
9 Տէրը գիտէ բարեպաշտները ազատել փորձութենէ, եւ անարդարները վերապահել դատաստանի օրուան՝ պատուհասի համար.
2 Peter 3:8-9
8 Բայց, սիրելինե՛ր, սա՛ մէ՛կ բանը թող թաքուն չմնայ ձեզմէ, թէ Տէրոջ քով՝ մէկ օրը հազար տարուան պէս է, ու հազար տարին՝ մէկ օրուան պէս:9 Տէրը չի յապաղիր իր խոստումը գործադրելու մէջ, ինչպէս ոմանք յապաղած կը համարեն, հապա՝ համբերատար է մեզի հանդէպ. որովհետեւ կը փափաքի որ ո՛չ մէկը կորսուի, հապա՝ բոլորը ընդունին ապաշխարութիւնը:
2 Peter 3:15
15 փրկութի՛ւն համարեցէք մեր Տէրոջ համբերատարութիւնը, ինչպէս մեր սիրելի եղբայրը՝ Պօղոս ալ գրեց ձեզի, իրեն տրուած իմաստութեամբ:
1 John 2:28
28 Ուրեմն հիմա, որդեակնե՛ր, բնակեցէ՛ք իր մէջ, որպէսզի երբ ինք երեւնայ՝ համարձակութիւն ունենանք, ու չամչնանք իրմէ իր գալուստին ատենը:
1 John 3:1-2
1 Տեսէ՛ք թէ Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէսզի մենք Աստուծոյ զաւակներ կոչուինք. ուստի աշխարհը չի ճանչնար մեզ, որովհետեւ չճանչցաւ զինք:
1 John 3:1-3
1 Տեսէ՛ք թէ Հայրը ինչպիսի՜ սէր շնորհեց մեզի, որպէսզի մենք Աստուծոյ զաւակներ կոչուինք. ուստի աշխարհը չի ճանչնար մեզ, որովհետեւ չճանչցաւ զինք:2 Սիրելինե՛ր, հիմա մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք, եւ տակաւին բացայայտ չէ թէ ի՛նչ պիտի ըլլանք. բայց գիտենք թէ երբ ինք երեւնայ՝ իրեն պէս պիտի ըլլանք, որովհետեւ պիտի տեսնենք զինք՝ ինչպէս որ է:
1 John 3:2-3
1 John 3:19-21
1 John 5:9-12
9 Եթէ կ՚ընդունինք մարդոց վկայութիւնը, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ վկայութիւնը՝ որ տուաւ իր Որդիին մասին:10 Ա՛ն որ կը հաւատայ Աստուծոյ Որդիին՝ իր մէջ ունի այս վկայութիւնը: Ա՛ն որ չի հաւատար Աստուծոյ՝ ստախօս կը նկատէ՝՝ զայն, որովհետեւ չի հաւատար այն վկայութեան՝ որ Աստուած տուաւ իր Որդիին մասին:11 Իսկ սա՛ է վկայութիւնը.- Աստուած տուաւ մեզի յաւիտենական կեանքը, եւ այս կեանքը անոր Որդիին մէջ է:12 Ա՛ն որ ունի Որդին՝ ունի կեանքը. ա՛ն որ չունի Աստուծոյ Որդին՝ չունի կեանքը:
1 John 5:20
20 Նաեւ գիտենք թէ Աստուծոյ Որդին եկաւ, եւ ուշիմութիւն տուաւ մեզի՝ որպէսզի ճանչնանք Ճշմարիտը: Ու մենք այդ Ճշմարիտին մէջ ենք, անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ. ի՛նքն է ճշմարիտ Աստուածը եւ յաւիտենական կեանքը:
Jude 1:4
4 Որովհետեւ քանի մը մարդիկ - որոնց դատապարտութիւնը վաղուց արձանագրուած է՝՝ - գաղտնի մտան ձեր մէջ, ամբարիշտներ՝ որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը այլափոխեցին ցոփութեան, եւ ուրացան միակ Տիրակալն ու մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը:
Jude 1:7
7 Նմանապէս Սոդոմ ու Գոմոր, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջը եղած քաղաքները, որոնք անձնատուր եղան պոռնկութեան եւ ընթացան ուրիշ մարմինի ետեւէն, իբր օրինակ դրուած են մեր առջեւ, կրելով յաւիտենական կրակին վճիռը:
Revelation 1:18
18 Ես ա՛ն եմ ՝ որ կ՚ապրի՛. ես մեռած էի, ու ահա՛ կ՚ապրի՛մ դարէ դար. ե՛ս ունիմ մահուան եւ դժոխքին բանալիները:
Revelation 5:14
14 Եւ չորս էակները կ՚ըսէին. «Ամէն»: Ու երէցները ինկան եւ երկրպագեցին:
Revelation 6:9-11
9 Երբ բացաւ հինգերորդ կնիքը, զոհասեղանին ներքեւ տեսայ անձերը անոնց՝ որ մորթուած էին Աստուծոյ խօսքին համար, եւ իրենց տուած վկայութեան համար:10 Անոնք բարձրաձայն աղաղակեցին. «Սո՛ւրբ եւ ճշմարի՛տ Տիրակալ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես ու չառնես մեր արիւնին վրէժը երկրի բնակիչներէն»:11 Ճերմակ պարեգօտ տրուեցաւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին, եւ ըսուեցաւ անոնց որ հանգչին քիչ մը ժամանակ ալ, մինչեւ որ ամբողջանան իրենց ծառայակիցներն ու անոնց եղբայրները՝ որոնք պիտի սպաննուէին իրենց պէս:
Revelation 6:16-17
Revelation 11:3
3 Ես զօրութիւն պիտի տամ իմ երկու վկաներուս, եւ անոնք՝ քուրձ հագած՝ պիտի մարգարէանան հազար երկու հարիւր վաթսուն օր:
Revelation 15:3-4
3 Անոնք կ՚երգէին Աստուծոյ ծառային՝ Մովսէսի երգը, ու Գառնուկին երգը, ըսելով. «Մեծ եւ սքանչելի են քու գործերդ, Տէ՛ր, Ամենակա՛լ Աստուած. արդար ու ճշմարիտ են քու ճամբաներդ, Ազգերո՛ւ թագաւոր:4 Տէ՛ր, ո՞վ պիտի չվախնայ քեզմէ եւ չփառաւորէ քու անունդ, որովհետեւ միակ սուրբը դո՛ւն ես. արդարեւ բոլոր ազգերը պիտի գան ու երկրպագեն քու առջեւդ, քանի որ քու արդար դատավճիռներդ յայտնաբերուեցան»:
Revelation 16:7
7 Ու զոհասեղանէն լսեցի՝ որ կ՚ըսէր. «Այո՛, Տէ՛ր, Ամենակա՛լ Աստուած, քու դատաստաններդ ճշմարիտ եւ արդար են»:
Revelation 17:14
14 Ասոնք պիտի պատերազմին Գառնուկին հետ, եւ Գառնուկը պիտի յաղթէ անոնց. քանի որ ան տէրերուն Տէրն է, ու թագաւորներուն Թագաւորը, եւ անոր հետ եղողները՝ կանչուած, ընտրուած ու հաւատարիմ են»:
Revelation 19:9
9 Նաեւ ըսաւ ինծի. «Գրէ՛. երանի՜ անոնց՝ որ հրաւիրուած են Գառնուկին հարսանիքի ընթրիքին»: Ու ըսաւ ինծի. «Ասո՛նք են Աստուծոյ ճշմարիտ խօսքերը»:
Revelation 19:11
11 Ապա տեսայ երկինքը բացուած, եւ ահա՛ ճերմակ ձի մը կար: Անոր վրայ հեծնողը կը կոչուի Հաւատարիմ ու Ճշմարիտ, եւ արդարութեա՛մբ կը դատէ ու կը պատերազմի:
Revelation 22:16
16 «Ես՝ Յիսուս, ղրկեցի իմ հրեշտակս՝ այս բաներուն մասին վկայելու ձեզի՝ եկեղեցիներուն մէջ: Ե՛ս եմ Դաւիթի արմատն ու ցեղը, առտուան պայծառ աստղը»:
Revelation 22:20
20 Այս բաները վկայողը կ՚ըսէ. «Այո՛, շուտո՛վ կու գամ»: Ամէ՛ն. եկո՛ւր, Տէ՛ր Յիսուս: