Romans 14 Cross References - Armenian

1 Ընդունեցէ՛ք հաւատքի մէջ տկար եղողը՝ առանց քննադատելու կարծիքները.2 քանի որ մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել, իսկ ուրիշ մը՝ որ տկար է՝ բանջարեղէն կ՚ուտէ:3 Ա՛ն որ կ՚ուտէ՝ թող չանարգէ չուտողը, եւ ա՛ն որ չ՚ուտեր՝ թող չդատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած ընդունած է զայն:4 Դուն ո՞վ ես՝ որ կը դատես ուրիշին ծառան. հաստատուն կենայ կամ իյնայ՝ իր իսկական Տէրոջ համար է: Բայց կանգուն պիտի պահուի, որովհետեւ Աստուած կարող է կանգուն պահել զայն:5 Մէկը կը նկատէ օր մը ուրիշէ մը գերադաս, միւսն ալ կը նկատէ բոլոր օրերը հաւասար. իւրաքանչիւրը լման համոզուած թող ըլլայ իր միտքին մէջ:6 Ա՛ն որ համարում կ՛ընծայէ մէկ օրուան՝ Տէրո՛ջ համար համարում կ՛ընծայէ, իսկ ա՛ն որ համարում չ՚ընծայեր մէկ օրուան, Տէրո՛ջ համար համարում չ՚ընծայեր: Ա՛ն որ կ՚ուտէ՝ Տէրո՛ջ համար կ՚ուտէ, քանի որ Աստուծմէ շնորհակալ կ՚ըլլայ. իսկ ա՛ն որ չ՚ուտեր, Տէրո՛ջ համար չ՚ուտեր, բայց Աստուծմէ շնորհակալ կ՚ըլլայ:7 Արդարեւ մեզմէ ո՛չ մէկը ինքնիրեն համար կ՚ապրի, կամ ինքնիրեն համար կը մեռնի.8 քանի որ եթէ ապրինք՝ Տէրո՛ջ համար կ՚ապրինք, ու եթէ մեռնինք՝ Տէրո՛ջ համար կը մեռնինք: Ուրեմն թէ՛ ապրինք եւ թէ մեռնինք՝ մենք Տէրո՛ջն ենք:9 Որովհետեւ Քրիստոս սա՛ նպատակով մեռաւ ու վերապրեցաւ, որպէսզի Տէր ըլլայ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ ողջերուն:10 Իսկ դուն ինչո՞ւ կը դատես եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ կ՚անարգես եղբայրդ, քանի բոլորս ալ պիտի ներկայանանք Քրիստոսի դատարանը:11 Արդարեւ գրուած է. «Ես կ՚ապրի՛մ,- կ՚ըսէ Տէրը.- ամէն ծունկ պիտի կքի իմ առջեւս, եւ ամէն լեզու պիտի դաւանի զիս իբր Աստուած»:12 Ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ՝ ինքնիրեն համար:13 Ուստի ա՛լ չդատենք զիրար. այլ մանաւանդ սա՛ վճռեցէք, որ ո՛չ մէկը սայթաքում կամ գայթակղութիւն դնէ իր եղբօր առջեւ:14 Գիտե՛մ, ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով, թէ ոչի՛նչ ինքնիրմէ պիղծ է. բայց ո՛վ որ պիղծ կը սեպէ որեւէ բան, անո՛ր համար պիղծ է ատիկա:15 Սակայն եթէ եղբայրդ տրտմի կերակուրի համար, ա՛լ սիրով չես ընթանար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ ա՛ն՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ:16 Ուրեմն հայհոյութիւն թող չըլլայ ձեր բարիին համար,17 քանի որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն՝ Սուրբ Հոգիով:18 Արդարեւ ո՛վ որ այս կերպով Քրիստոսի կը ծառայէ՝ Աստուծոյ հաճելի ու մարդոցմէ գնահատուած է:19 Ուրեմն հետամո՛ւտ ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն, եւ այն բաներուն՝ որոնցմով շինութիւն կ՚ըլլայ իրարու:20 Մի՛ քանդէք Աստուծոյ գործը կերակուրի համար: Արդարեւ բոլոր բաները մաքուր են. սակայն գէշ են այն մարդուն համար՝ որ կ՚ուտէ գայթակղեցնելով:21 Լաւ է ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ որեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը սայթաքի, կը գայթակղի կամ կը տկարանայ:22 Դուն հաւա՞տք ունիս. քեզի՛ վերապահէ զայն՝ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր, որ չի դատապարտեր ինքզինք անով՝ որ ինք կը գնահատէ՝՝:23 Բայց ա՛ն որ կը տատամսի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, քանի որ հաւատքով չէ որ կ՚ուտէ. արդարեւ ամէն ինչ որ հաւատքով չէ՝ մեղք է:

Matthew 3:2

2 եւ ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»:

Matthew 5:9

9 Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անո՛նք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին:

Matthew 6:33

33 Բայց նախ խնդրեցէ՛ք Աստուծոյ թագաւորութիւնն ու անոր արդարութիւնը, եւ այդ բոլոր բաներն ալ պիտի տրուին ձեզի:

Matthew 7:1-2

1 «Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք:

Matthew 7:1

1 «Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք:2 Որովհետեւ ի՛նչ դատաստանով որ դատէք՝ անո՛վ պիտի դատուիք, եւ ի՛նչ չափով որ չափէք՝ անո՛վ պիտի չափուի ձեզի:

Matthew 9:14

14 Այն ատեն Յովհաննէսի աշակերտները եկան անոր եւ ըսին. «Ինչո՞ւ մենք ու Փարիսեցիները յաճախ ծոմ կը պահենք, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր»:

Matthew 10:32

32 «Ուստի ո՛վ որ դաւանի զիս մարդոց առջեւ, ես ալ պիտի դաւանիմ զինք Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է:

Matthew 10:40-42

40 «Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկո՛ղը կ՚ընդունի:41 Ա՛ն որ մարգարէ մը կ՚ընդունի՝ մարգարէի անունով, մարգարէի վարձատրութիւն պիտի ստանայ. ու ա՛ն որ արդար մը կ՚ընդունի՝ արդարի անունով, արդարի վարձատրութիւն պիտի ստանայ:42 Եւ ո՛վ որ այս պզտիկներէն մէկուն միայն գաւաթ մը պաղ ջուր խմցնէ՝ աշակերտի անունով, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի, բնա՛ւ իր վարձատրութիւնը պիտի չկորսնցնէ»:

Matthew 11:18-19

18 Որովհետեւ Յովհաննէս եկաւ, ո՛չ կ՚ուտէր եւ ո՛չ կը խմէր, ու կ՚ըսէին. “Դեւ կայ անոր մէջ”:19 Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ եւ կը խմէ, ու կ՚ըսեն. “Ահա՛ շատակեր ու գինեսէր մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ”: Բայց իմաստութիւնը արդարացաւ իր զաւակներով»:

Matthew 12:20

20 Պիտի չփշրէ ջախջախուած եղէգը ու պիտի չմարէ պլպլացող պատրոյգը, մինչեւ որ իրաւունքը հասցնէ յաղթութեան:

Matthew 12:36

36 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի. “Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ որ մարդիկ կը խօսին, հաշիւ պիտի տան դատաստանին օրը”:

Matthew 14:19

19 Եւ հրամայեց որ բազմութիւնը նստեցնեն խոտին վրայ: Հինգ նկանակներն ու երկու ձուկերը առաւ, դէպի երկինք նայելով՝ օրհնեց, եւ կտրելով նկանակները՝ տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ՝ բազմութեան:

Matthew 14:31

31 Յիսուս իսկոյն երկարեց իր ձեռքը, բռնեց զինք ու ըսաւ. «Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ կասկածեցար»:

Matthew 15:11

11 ո՛չ թէ ինչ որ կը մտնէ բերանը՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ կ՚ելլէ բերանէն՝ անիկա՛ կը պղծէ մարդը»:

Matthew 15:36

36 Առաւ եօթը նկանակներն ու ձուկերը, շնորհակալ եղաւ, կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ՝ բազմութեան:

Matthew 16:23

23 Ինք ալ դառնալով՝ Պետրոսի ըսաւ. «Ետե՛ւս գնա, Սատանա՛յ, դուն գայթակղութիւն ես ինծի. որովհետեւ ո՛չ թէ Աստուծոյ բաները կը մտածես, հապա՝ մարդոց բաները»:

Matthew 16:27

27 Որովհետեւ մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօր փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ, եւ այն ատեն պիտի հատուցանէ իւրաքանչիւրին՝ իր գործերուն համեմատ:

Matthew 18:5-6

5 եւ ո՛վ որ կ՚ընդունի այսպիսի մանուկ մը՝ իմ անունովս, զի՛ս կ՚ընդունի»:6 «Ո՛վ որ գայթակղեցնէ մէկը այս պզտիկներէն՝ որոնք ինծի կը հաւատան, աւելի օգտակար պիտի ըլլար անոր՝ որ իշու ջաղացքի քար մը կախուէր իր վիզէն, ու ծովուն անդունդը ընկղմէր:

Matthew 18:6

6 «Ո՛վ որ գայթակղեցնէ մէկը այս պզտիկներէն՝ որոնք ինծի կը հաւատան, աւելի օգտակար պիտի ըլլար անոր՝ որ իշու ջաղացքի քար մը կախուէր իր վիզէն, ու ծովուն անդունդը ընկղմէր:7 Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններու պատճառով. որովհետեւ հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն միջոցով գայթակղութիւնը կու գայ:

Matthew 18:7-10

7 Վա՜յ աշխարհի՝ գայթակղութիւններու պատճառով. որովհետեւ հարկ է որ գայթակղութիւնները գան, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն միջոցով գայթակղութիւնը կու գայ:8 Ուրեմն եթէ ձեռքդ կամ ոտքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. աւելի լաւ է քեզի՝ կա՛ղ կամ պակասաւո՛ր մտնել կեանքը, քան երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ եւ նետուիլ յաւիտենական կրակին մէջ:9 Եթէ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, հանէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. աւելի լաւ է քեզի՝ մէ՛կ աչքով մտնել կեանքը, քան երկու աչք ունենալ եւ նետուիլ գեհենի կրակին մէջ»:10 «Ուշադի՛ր եղէք որ չարհամարհէք այս պզտիկներէն մէկը. քանի որ կ՚ըսեմ ձեզի թէ երկինքի մէջ անոնց հրեշտակները ամէն ատեն կը տեսնեն երեսը իմ Հօրս՝ որ երկինքն է:

Matthew 18:10-10

10 «Ուշադի՛ր եղէք որ չարհամարհէք այս պզտիկներէն մէկը. քանի որ կ՚ըսեմ ձեզի թէ երկինքի մէջ անոնց հրեշտակները ամէն ատեն կը տեսնեն երեսը իմ Հօրս՝ որ երկինքն է:

Matthew 18:23-35

23 Ուստի երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը, որ ուզեց հաշիւ առնել իր ծառաներէն:24 Երբ սկսաւ հաշիւ առնել, տասը հազար տաղանդի պարտապան մը բերուեցաւ իրեն:25 Բայց ան վճարելու կարողութիւն չունենալով՝ անոր տէրը հրամայեց, որ ան ծախուի, նաեւ անոր կինն ու զաւակները եւ անոր ամբողջ ունեցածը, ու պարտքը վճարուի:26 Իսկ ծառան իյնալով՝ երկրպագեց անոր եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, համբերատա՛ր եղիր ինծի հանդէպ, ու ամէ՛նը պիտի վճարեմ քեզի”:27 Ծառային տէրը՝ գթալով՝ արձակեց զայն, եւ ներեց անոր պարտքը:28 Նոյն ծառան գնաց, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը՝ որ հարիւր դահեկան կը պարտէր իրեն, ու բռնելով զայն՝ կը խեղդէր եւ կ՚ըսէր. “Վճարէ՛ ինծի ունեցած պարտքդ”:29 Ուստի իր ծառայակիցը ինկաւ անոր ոտքը, կ՚աղաչէր անոր ու կ՚ըսէր. “Համբերատա՛ր եղիր ինծի, եւ պիտի վճարեմ քեզի”:30 Բայց ինք չէր ուզեր. հապա գնաց ու բանտը նետել տուաւ զայն՝ մինչեւ որ վճարէր պարտքը:31 Երբ իր ծառայակիցները տեսան ինչ որ պատահեցաւ՝ շատ տրտմեցան, ու եկան եւ պատմեցին իրենց տիրոջ ամբողջ պատահածը:32 Այն ատեն անոր տէրը կանչեց զայն ու ըսաւ. “Չա՛ր ծառայ, այդ ամբողջ պարտքը ներեցի քեզի՝ քանի որ աղաչեցիր ինծի.33 ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դո՛ւն ալ ողորմէիր ծառայակիցիդ, ինչպէս ես ողորմեցայ քեզի”:34 Եւ անոր տէրը բարկանալով՝ յանձնեց զայն տանջողներուն, մինչեւ որ վճարէր ամբողջ պարտքը:35 Իմ երկնաւոր Հայրս ալ նո՛յնպէս պիտի ընէ ձեզի, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր եղբօր սրտանց չներէ իր յանցանքները»:

Matthew 25:31-32

31 «Երբ մարդու Որդին գայ իր փառքով՝ եւ բոլոր սուրբ հրեշտակները իրեն հետ, այն ատեն պիտի բազմի իր փառքի գահին վրայ:32 Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին անոր առջեւ, ու պիտի զատէ զանոնք իրարմէ՝ ինչպէս հովիւ մը կը զատէ ոչխարները այծերէն:

Matthew 28:18

18 Իսկ Յիսուս մօտեցաւ եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ:

Mark 13:34

34 Ինչպէս ճամբորդող մարդ մը կը թողու իր տունը, իրաւասութիւն կու տայ իր ծառաներուն, իւրաքանչիւրին՝ իր գործը, ու դռնապանին կը հրամայէ որ արթուն կենայ:

Luke 12:57

57 «Եւ ինչո՞ւ դուք ձեզմէ չէք որոշեր իրաւունքը:

Luke 14:15

15 Հետը սեղան նստողներէն մէկը, երբ լսեց ասիկա, ըսաւ անոր. «Երանի՜ անոր, որ հաց պիտի ուտէ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ»:

Luke 16:2

2 Ուստի կանչեց զայն եւ ըսաւ անոր. “Այս ի՞նչ է՝ որ քու մասիդ կը լսեմ. տնտեսութեանդ հաշի՛ւը տուր, որովհետեւ ա՛լ չես կրնար տնտես ըլլալ”:

Luke 17:1-2

1 Եւ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Անկարելի է որ գայթակղութիւններ չգան. բայց վա՜յ անոր, որուն միջոցով կու գան:2 Աւելի օգտակար պիտի ըլլար անոր, որ իշու ջաղացքի քար մը կախուէր իր վիզէն ու ծովը ձգուէր, քան թէ գայթակղեցնէր այս պզտիկներէն մէ՛կը:

Luke 17:2-2

2 Աւելի օգտակար պիտի ըլլար անոր, որ իշու ջաղացքի քար մը կախուէր իր վիզէն ու ծովը ձգուէր, քան թէ գայթակղեցնէր այս պզտիկներէն մէ՛կը:

Luke 17:20-21

20 Երբ Փարիսեցիները հարցուցին իրեն. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը ե՞րբ պիտի գայ», պատասխանեց անոնց. «Աստուծոյ թագաւորութիւնը չի գար դուրսէն երեւցած բաներով:21 Եւ պիտի չըսեն. “Ահա՛ հոս է”, կամ. “Ահա՛ հոն”. որովհետեւ ահա՛ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ձեր ներսն է»:

Luke 18:9

9 Սա՛ առակն ալ ըսաւ ոմանց, որոնք իրենք իրենց վրայ կը վստահէին թէ արդար են, եւ կ՚անարգէին ուրիշները.

Luke 23:11

11 Հերովդէս ալ՝ իր զօրականներուն հետ՝ անարգեց զայն, ու ծաղրելէն ետք՝ հագցուց անոր փառահեղ տարազ մը եւ ետ ղրկեց Պիղատոսի:

Luke 24:26

26 Միթէ Քրիստոս պէտք չէ՞ր այսպէս չարչարուէր, ու մտնէր իր փառքը»:

John 3:3

3 Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Եթէ մէկը վերստին չծնի՝ չի կրնար տեսնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը”»:

John 3:5

5 Յիսուս պատասխանեց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Եթէ մէկը ջուրէն ու Հոգիէն չծնի՝ չի կրնար մտնել Աստուծոյ թագաւորութիւնը”:

John 5:22-23

22 Քանի որ Հայրը ո՛չ մէկը կը դատէ, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ.

John 5:22

22 Քանի որ Հայրը ո՛չ մէկը կը դատէ, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ.23 որպէսզի բոլորը պատուեն Որդին, ինչպէս կը պատուեն Հայրը: Ա՛ն որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հա՛յրը՝ որ ղրկեց զայն:

John 5:27-29

27 նաեւ անոր տուաւ դատաստան կիրարկելու իշխանութիւն, քանի որ ան մարդու Որդին է:28 Մի՛ զարմանաք ասոր վրայ. որովհետեւ ժամը պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններու մէջ եղողները պիտի լսեն անոր ձայնը,29 ու դուրս պիտի գան. անոնք որ բարիք գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար, եւ անոնք որ չարիք գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»:

John 6:28

28 Ուրեմն ըսին իրեն. «Ի՞նչ ընենք՝ որպէսզի կատարենք Աստուծոյ գործերը»:

John 10:28-30

28 Ես կու տամ անոնց յաւիտենական կեանքը, ու յաւիտեա՛ն պիտի չկորսուին, եւ ո՛չ մէկը պիտի յափշտակէ զանոնք իմ ձեռքէս:29 Իմ Հայրս՝ որ ինծի տուաւ զանոնք՝ բոլորէն մեծ է, ու ո՛չ մէկը կրնայ յափշտակել իմ Հօրս ձեռքէն:30 Ես եւ Հայրը մէկ ենք»:

John 12:26

26 Եթէ մէկը կը սպասարկէ ինծի՝ թող հետեւի ինծի. ու ես ո՛ւր որ եմ, իմ սպասարկուս ալ հո՛ն պիտի ըլլայ. եթէ մէկը կը սպասարկէ ինծի, Հայրը պիտի պատուէ զինք»:

John 13:20

20 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ ընդունի ա՛ն՝ որ ես կը ղրկեմ, կ՚ընդունի զի՛ս, եւ ո՛վ որ կ՚ընդունի զիս՝ կ՚ընդունի զիս ղրկո՛ղը”»:

John 16:33

33 Այս բաները խօսեցայ ձեզի, որպէսզի խաղաղութիւն ունենաք ինձմով. աշխարհի մէջ տառապանք պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, ես յաղթեցի աշխարհին»:

John 21:19

19 Ասիկա խօսեցաւ՝ մատնանշելով թէ ան ի՛նչ մահով պիտի փառաւորէր Աստուած: Երբ խօսեցաւ ասիկա՝ ըսաւ անոր. «Հետեւէ՛ ինծի»:

Acts 4:11

11 Ա՛յս է այն քարը, ձեզմէ՝ կառուցանողներէդ անարգուած, որ անկիւնաքարը եղաւ:

Acts 9:31

31 Ուրեմն եկեղեցիները խաղաղութիւն ունեցան ամբողջ Հրէաստանի, Գալիլեայի ու Սամարիայի մէջ, եւ կը շինուէին ու կը բազմանային՝ ընթանալով Տէրոջ վախով եւ Սուրբ Հոգիին մխիթարութեամբ:

Acts 10:14-15

14 Բայց Պետրոս ըսաւ. «Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ ես բնա՛ւ չեմ կերեր պիղծ կամ անմաքուր բան»:15 Դարձեալ ձայնը կրկին եկաւ իրեն. «Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»:

Acts 10:15

15 Դարձեալ ձայնը կրկին եկաւ իրեն. «Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»:

Acts 10:28

28 եւ ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէ՛ք թէ օրինաւոր չէ հրեայ մարդու մը՝ հաղորդակցիլ օտարազգիի մը հետ կամ մօտենալ անոր. բայց Աստուած ցոյց տուաւ ինծի որ մարդոցմէ ո՛չ մէկը պիղծ կամ անմաքուր կոչեմ:

Acts 10:34

34 Պետրոս բացաւ իր բերանը ու ըսաւ. «Ճշմարտապէս կ՚ըմբռնեմ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ,35 հապա ամէն ազգի մէջ իրեն ընդունելի է ա՛ն՝ որ իրմէ կը վախնայ եւ արդարութիւն կը գործէ:36 Այն խօսքը՝ որ Աստուած ղրկեց Իսրայէլի որդիներուն, աւետելու խաղաղութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, (ա՛ն է բոլորին Տէրը,)

Acts 10:42

42 Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ քարոզենք ու վկայենք ժողովուրդին թէ ի՛նք է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը ողջերուն եւ մեռելներուն:

Acts 10:44

44 Մինչ Պետրոս կ՚ըսէր այս խօսքերը, Սուրբ Հոգին իջաւ բոլոր անոնց վրայ՝ որ կը լսէին խօսքը:

Acts 11:8-9

8 Բայց ես ըսի. “Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ պիղծ կամ անմաքուր բան մը բնա՛ւ մտած չէ բերանս”:9 Կրկին այդ ձայնը երկինքէն պատասխանեց ինծի. “Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր”:

Acts 11:17

17 Ուրեմն եթէ Աստուած տուաւ անոնց միեւնոյն պարգեւը՝ ինչպէս մեզի, երբ հաւատացին Տէր Յիսուս Քրիստոսի, ես ո՞վ էի՝ որ կարենայի արգիլել Աստուած»:

Acts 13:36

36 Որովհետեւ Դաւիթ ննջեց՝ Աստուծոյ ծրագիրով սպասաւորելէ ետք իր սերունդին, դրուեցաւ իր հայրերուն քով եւ ապականութիւն տեսաւ:

Acts 13:52

52 իսկ աշակերտները լեցուած էին ուրախութեամբ եւ Սուրբ Հոգիով՝՝:

Acts 15:8-9

8 Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով անոնց, ինչպէս մեզի ալ,9 ու ո՛չ մէկ խտրութիւն դրաւ մեր եւ անոնց միջեւ՝ մաքրելով անոնց սիրտերը հաւատքով:

Acts 17:31

31 Որովհետեւ սահմանած է օր մը, երբ պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ՝ իր որոշած մարդուն միջոցով. եւ այս մասին հաւաստիք տուաւ բոլորին՝ մեռելներէն յարուցանելով զայն»:

Acts 20:24

24 Բայց ես ո՛չ մէկ բան կը հաշուեմ, ո՛չ ալ ինծի համար պատուական կը նկատեմ՝՝ իմ անձս, որպէսզի ուրախութեամբ աւարտեմ ընթացքս, նաեւ այն սպասարկութիւնը որ ստացայ Տէր Յիսուսէն՝ վկայ ըլլալու Աստուծոյ շնորհքի աւետարանին:

Acts 21:13

13 Իսկ Պօղոս պատասխանեց. «Ի՞նչ կ՚ընէք. ինչո՞ւ կու լաք ու կը ճմլէք իմ սիրտս. քանի որ ես պատրաստ եմ Երուսաղէմի մէջ ո՛չ միայն կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու՝ Տէր Յիսուսի անունին համար»:

Acts 24:16

16 Ուստի այս բանին համար ես ճիգ կը թափեմ, որ ամէն ատեն ունենամ անսայթաք խղճմտանք մը՝ Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ:

Romans 2:16

16 այն օրը՝ երբ Աստուած պիտի դատէ մարդոց գաղտնիքները Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, իմ քարոզած աւետարանիս համաձայն:

Romans 4:19

19 եւ հաւատքի մէջ չտկարանալով՝ ուշադիր չեղաւ իր մարմինին, որ արդէն մեռածի պէս էր, (որովհետեւ ինք հարիւր տարեկանի չափ էր,) ո՛չ ալ Սառայի արգանդին մեռած ըլլալուն:

Romans 5:1-5

1 Ուրեմն մենք՝ հաւատքով արդարացած ըլլալով՝ խաղաղութիւն ունինք Աստուծոյ հետ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:2 Անով նաեւ արտօնութիւն ունեցանք հաւատքով մօտենալու այս շնորհքին՝ որուն մէջ կեցած ենք, եւ կը պարծենանք Աստուծոյ փառքին յոյսով:3 Ո՛չ միայն այսքան, հապա կը պարծենանք տառապանքներու մէջ ալ. որովհետեւ գիտենք թէ տառապանքը կ՚իրագործէ համբերութիւն,4 համբերութիւնը՝ փորձառութիւն, ու փորձառութիւնը՝ յոյս.5 եւ յոյսը ամօթահար չ՚ըներ, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը մեր սիրտերուն մէջ սփռուած է Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ որ տրուեցաւ մեզի:

Romans 6:22

22 Իսկ հիմա, մեղքէն ազատած եւ Աստուծոյ ստրուկ եղած ըլլալով, ձեր պտուղը ունիք՝ սրբութեամբ, ու վախճանը՝ յաւիտենական կեանքը:

Romans 7:15

15 որովհետեւ ինչ որ կը գործադրեմ՝ չեմ ըմբռներ: Ո՛չ թէ ինչ որ կ՚ուզեմ՝ զայն կ՚ընեմ, հապա ինչ որ կ՚ատեմ՝ զայն կ՚ընեմ:

Romans 7:24

24 Ի՜նչ թշուառ մարդ եմ. ո՞վ պիտի ազատէ զիս այս մահկանացու մարմինէն:

Romans 8:6

6 նաեւ մարմնաւոր մտածումը մահ է, իսկ հոգեւոր մտածումը՝ կեանք ու խաղաղութիւն:

Romans 8:15-16

15 քանի որ դուք չստացաք ստրկութեան հոգին՝ դարձեալ վախնալու համար, հապա ստացաք որդեգրութեա՛ն Հոգին, որուն միջոցով կը գոչենք՝՝. «Աբբա՛, Հա՛յր»:16 Նոյնինքն Հոգին վկայութիւն կու տայ մեր հոգիին հետ թէ մենք Աստուծոյ զաւակներն ենք.

Romans 8:31-39

31 Ուրեմն ի՞նչ ըսենք այս բաներուն մասին. եթէ Աստուած մեր կողմն է, ո՞վ հակառակ է մեզի:32 Ա՛ն՝ որ չխնայեց իր իսկ Որդիին, հապա մատնեց զայն մեր բոլորին համար, ի՞նչպէս անոր հետ նաեւ պիտի չպարգեւէ մեզի բոլոր բաները:33 Ո՞վ պիտի մեղադրէ Աստուծոյ ընտրածները. Աստուա՛ծ է արդարացնողը:34 Ուրեմն ո՞վ է դատապարտողը. Քրիստոս՝ որ մեռաւ, մա՛նաւանդ յարութիւն առաւ եւ Աստուծոյ աջ կողմն է, ա՛ն կը բարեխօսէ մեզի համար:35 Ուրեմն ո՞վ պիտի զատէ մեզ Քրիստոսի սէրէն. տառապա՞նքը, կամ տագնա՞պը, կամ հալածա՞նքը, կամ սո՞վը, կամ մերկութի՞ւնը, կամ վտա՞նգը, կամ սո՞ւրը:36 (Ինչպէս գրուած է. «Քեզի՛ համար ամբողջ օրը կը մեռցուինք. սպանդանոցի ոչխարի պէս կը սեպուինք»:)37 Նոյնիսկ այս բոլոր բաներուն մէջ աւելի քան յաղթող կ՚ըլլանք անո՛վ՝ որ սիրեց մեզ:38 Որովհետեւ ես համոզուած եմ թէ ո՛չ մահը, ո՛չ կեանքը, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ իշխանութիւնները, ո՛չ զօրութիւնները, ո՛չ ներկայ բաները, ո՛չ գալիք բաները,39 ո՛չ բարձրութիւնը, ո՛չ խորունկութիւնը, ո՛չ ալ ոեւէ ուրիշ արարած պիտի կարենայ զատել մեզ Աստուծոյ սէրէն, որ Քրիստոս Յիսուսով՝ մեր Տէրոջմով է:

Romans 9:20

20 Բայց դուն ո՞վ ես, ո՛վ մարդ, որ կը դիմադարձես Աստուծոյ: Միթէ կերտուած ը կրնա՞յ ըսել զինք կերտողին. «Ինչո՞ւ ա՛յսպէս շինեցիր զիս»:

Romans 9:32-33

32 Ինչո՞ւ. որովհետեւ ուզեց արդարանալ ո՛չ թէ հաւատքով, հապա որպէս թէ Օրէնքին գործերով: Արդարեւ անոնք գայթեցան սայթաքումի քարին վրայ,33 ինչպէս գրուած է. «Ահա՛ Սիոնի մէջ կը դնեմ սայթաքումի քար մը ու գայթակղութեան ժայռ մը, եւ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ ամօթահար պիտի չըլլայ»:

Romans 10:9

9 Որովհետեւ եթէ բերանովդ Տէր դաւանիս Յիսուսը, ու սիրտիդ մէջ հաւատաս թէ Աստուած մեռելներէն յարուցանեց զայն՝ պիտի փրկուիս.

Romans 11:9

9 Ու Դաւիթ կ՚ըսէ. «Անոնց սեղանը վարմ, որոգայթ, գայթակղութիւն եւ հատուցում թող ըլլայ իրենց:

Romans 11:23

23 Իսկ անոնք ալ պիտի պատուաստուին՝ եթէ չմնան իրենց անհաւատութեան մէջ, որովհետեւ Աստուած կարող է դարձեալ պատուաստել զանոնք:

Romans 12:1-2

1 Ուրեմն կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ կարեկցութեամբ, որ ձեր մարմինները ներկայացնէք որպէս ապրող զոհ մը՝ սուրբ, աստուածահաճոյ. ա՛յդ է ձեր բանական պաշտամունքը:2 Եւ մի՛ համակերպիք այս աշխարհին, հապա փոխակերպուեցէ՛ք ձեր միտքին նորոգութեամբ, որպէսզի քննէք թէ ի՛նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի, հաճելի եւ կատարեալ է:

Romans 12:11

11 Փութաջանութեան մէջ ծոյլ մի՛ ըլլաք. եռանդո՛ւն հոգիով Տէրոջ ծառայեցէք:

Romans 12:17

17 Չարիքի փոխարէն չարիք մի՛ հատուցանեցէք ոեւէ մէկուն. մտադրեցէ՛ք ընել ինչ որ պարկեշտ է բոլոր մարդոց առջեւ:18 Որչափ կարելի է ձեզի՝ խաղաղութի՛ւն պահեցէք ամէն մարդու հետ:

Romans 13:2

2 Հետեւաբար ո՛վ որ կ՚ընդդիմանայ իշխանութեան, կը դիմադրէ Աստուծոյ կարգադրութեան. եւ անոնք որ կը դիմադրեն՝ իրենք զիրենք կը դատապարտեն՝՝:

Romans 13:10

10 Սէրը ո՛չ մէկ չարիք կը գործէ իր ընկերին. ուրեմն սէ՛րն է Օրէնքին գործադրութիւնը:

Romans 14:2

2 քանի որ մէկը կը հաւատայ թէ ամէն բան կրնայ ուտել, իսկ ուրիշ մը՝ որ տկար է՝ բանջարեղէն կ՚ուտէ:3 Ա՛ն որ կ՚ուտէ՝ թող չանարգէ չուտողը, եւ ա՛ն որ չ՚ուտեր՝ թող չդատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած ընդունած է զայն:

Romans 14:3-4

3 Ա՛ն որ կ՚ուտէ՝ թող չանարգէ չուտողը, եւ ա՛ն որ չ՚ուտեր՝ թող չդատէ ուտողը, որովհետեւ Աստուած ընդունած է զայն:4 Դուն ո՞վ ես՝ որ կը դատես ուրիշին ծառան. հաստատուն կենայ կամ իյնայ՝ իր իսկական Տէրոջ համար է: Բայց կանգուն պիտի պահուի, որովհետեւ Աստուած կարող է կանգուն պահել զայն:

Romans 14:4

4 Դուն ո՞վ ես՝ որ կը դատես ուրիշին ծառան. հաստատուն կենայ կամ իյնայ՝ իր իսկական Տէրոջ համար է: Բայց կանգուն պիտի պահուի, որովհետեւ Աստուած կարող է կանգուն պահել զայն:5 Մէկը կը նկատէ օր մը ուրիշէ մը գերադաս, միւսն ալ կը նկատէ բոլոր օրերը հաւասար. իւրաքանչիւրը լման համոզուած թող ըլլայ իր միտքին մէջ:

Romans 14:9

9 Որովհետեւ Քրիստոս սա՛ նպատակով մեռաւ ու վերապրեցաւ, որպէսզի Տէր ըլլայ թէ՛ մեռելներուն եւ թէ ողջերուն:10 Իսկ դուն ինչո՞ւ կը դատես եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ կ՚անարգես եղբայրդ, քանի բոլորս ալ պիտի ներկայանանք Քրիստոսի դատարանը:

Romans 14:13

13 Ուստի ա՛լ չդատենք զիրար. այլ մանաւանդ սա՛ վճռեցէք, որ ո՛չ մէկը սայթաքում կամ գայթակղութիւն դնէ իր եղբօր առջեւ:14 Գիտե՛մ, ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով, թէ ոչի՛նչ ինքնիրմէ պիղծ է. բայց ո՛վ որ պիղծ կը սեպէ որեւէ բան, անո՛ր համար պիղծ է ատիկա:

Romans 14:14-15

14 Գիտե՛մ, ու համոզուած եմ Տէր Յիսուսով, թէ ոչի՛նչ ինքնիրմէ պիղծ է. բայց ո՛վ որ պիղծ կը սեպէ որեւէ բան, անո՛ր համար պիղծ է ատիկա:15 Սակայն եթէ եղբայրդ տրտմի կերակուրի համար, ա՛լ սիրով չես ընթանար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ ա՛ն՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ:

Romans 14:15-15

15 Սակայն եթէ եղբայրդ տրտմի կերակուրի համար, ա՛լ սիրով չես ընթանար. քու կերակուրովդ մի՛ կորսնցներ ա՛ն՝ որուն համար Քրիստոս մեռաւ:

Romans 14:17

17 քանի որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կերակուր ու խմելիք չէ, հապա արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն՝ Սուրբ Հոգիով:

Romans 14:20

20 Մի՛ քանդէք Աստուծոյ գործը կերակուրի համար: Արդարեւ բոլոր բաները մաքուր են. սակայն գէշ են այն մարդուն համար՝ որ կ՚ուտէ գայթակղեցնելով:21 Լաւ է ո՛չ միս ուտել, ո՛չ գինի խմել, ո՛չ ալ որեւէ բան ընել՝ որով եղբայրդ կը սայթաքի, կը գայթակղի կամ կը տկարանայ:22 Դուն հաւա՞տք ունիս. քեզի՛ վերապահէ զայն՝ Աստուծոյ առջեւ. երանի՜ անոր, որ չի դատապարտեր ինքզինք անով՝ որ ինք կը գնահատէ՝՝:23 Բայց ա՛ն որ կը տատամսի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, քանի որ հաւատքով չէ որ կ՚ուտէ. արդարեւ ամէն ինչ որ հաւատքով չէ՝ մեղք է:

Romans 14:23

23 Բայց ա՛ն որ կը տատամսի, եթէ ուտէ՝ կը դատապարտուի, քանի որ հաւատքով չէ որ կ՚ուտէ. արդարեւ ամէն ինչ որ հաւատքով չէ՝ մեղք է:

Romans 15:1

1 Ուստի մենք, որ զօրաւոր ենք, պարտաւոր ենք կրել տկարներուն տկարութիւնը, եւ ո՛չ թէ հաճեցնել մենք մեզ:

Romans 15:1-2

1 Ուստի մենք, որ զօրաւոր ենք, պարտաւոր ենք կրել տկարներուն տկարութիւնը, եւ ո՛չ թէ հաճեցնել մենք մեզ:2 Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող հաճեցնէ իր ընկերը՝ շինութեան համար, անոր բարիքին համար:

Romans 15:2-2

2 Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող հաճեցնէ իր ընկերը՝ շինութեան համար, անոր բարիքին համար:

Romans 15:7

7 Ուստի ընդունեցէ՛ք զիրար, ինչպէս Քրիստոս ալ ընդունեց մեզ՝ Աստուծոյ փառքին համար:

Romans 15:9

9 եւ հեթանոսները Աստուած փառաբանեն՝ իր ողորմութեան համար, ինչպէս գրուած է. «Ասոր համար պիտի ներբողեմ քեզ հեթանոսներուն մէջ, եւ սաղմոս պիտի երգեմ քու անունիդ»:

Romans 15:13

13 Ուրեմն յոյսի Աստուածը թող լեցնէ ձեզ ամէն ուրախութեամբ ու խաղաղութեամբ՝ ձեր հաւատքին համեմատ, որպէսզի ձեր յոյսը առատանայ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ:

Romans 16:17

17 Կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, ուշադի՛ր եղէք անոնց՝ որ կը գոյացնեն բաժանումներ եւ գայթակղութիւններ, հակառակ ձեր սորված ուսուցումին, ու հեռացէ՛ք անոնցմէ:18 Որովհետեւ այդպիսիները կը ծառայեն ո՛չ թէ մեր Տէրոջ՝ Քրիստոսի, հապա իրենց որովայնին, եւ անմեղներուն սիրտերը կը խաբեն բարի խօսքերով ու գովեստներով:

Romans 16:25

25 Եւ հիմա՝ անո՛ր, որ կարող է ձեզ ամրացնել՝ իմ աւետարանիս ու Յիսուս Քրիստոսի քարոզութեան համաձայն, այն խորհուրդին յայտնութեան համաձայն՝ որ լռութեան մէջ մնացած էր դարերու ժամանակներէն ի վեր,

1 Corinthians 1:30

30 Բայց դուք Քրիստոս Յիսուսով անկէ՛ էք, որ Աստուծմէ մեզի համար իմաստութիւն, արդարութիւն, սրբութիւն եւ ազատագրութիւն եղաւ.

1 Corinthians 3:1-2

1 Բայց ես, եղբայրնե՛ր, չկրցայ խօսիլ ձեզի՝ որպէս հոգեւորներու, հապա որպէս մարմնաւորներու, նոյնիսկ որպէս Քրիստոսով երախաներու:2 Ձեզ սնուցանեցի կաթո՛վ, ո՛չ թէ կերակուրով. որովհետեւ մինչեւ հիմա չէիք կրնար հանդուրժել, եւ ո՛չ իսկ ներկայիս կրնաք, քանի որ տակաւին մարմնաւոր էք:

1 Corinthians 3:22-23

22 որովհետեւ ամէն բան ձերն է. թէ՛ Պօղոս, թէ՛ Ապողոս, թէ՛ Կեփաս, թէ՛ աշխարհը, թէ՛ կեանքը, թէ՛ մահը, թէ՛ ներկայ բաները եւ թէ գալիքները: Ամէն բան ձերն է.23 դուք ալ Քրիստոսինն էք, ու Քրիստոս՝ Աստուծոյ:

1 Corinthians 4:4-5

4 (որովհետեւ ես ոչինչո՛վ գիտակից եմ իմ մասիս. բայց ո՛չ թէ ասով կ՚արդարանամ.) հապա զիս դատողը՝ Տէ՛րն է:5 Հետեւաբար ատենէն առաջ մի՛ դատէք՝ մինչեւ որ Տէրը գայ. ի՛նք պիտի լուսաւորէ խաւարին գաղտնիքը ու երեւան պիտի հանէ սիրտերուն ծրագիրները, եւ ա՛յն ատեն իւրաքանչիւրը գովեստ պիտի ունենայ Աստուծմէ:

1 Corinthians 4:5

5 Հետեւաբար ատենէն առաջ մի՛ դատէք՝ մինչեւ որ Տէրը գայ. ի՛նք պիտի լուսաւորէ խաւարին գաղտնիքը ու երեւան պիտի հանէ սիրտերուն ծրագիրները, եւ ա՛յն ատեն իւրաքանչիւրը գովեստ պիտի ունենայ Աստուծմէ:

1 Corinthians 4:20

20 Որովհետեւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը ո՛չ թէ խօսքով է, հապա զօրութեամբ:

1 Corinthians 6:9

9 չէ՞ք գիտեր թէ անիրաւները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Մի՛ մոլորիք. ո՛չ պոռնկողները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները,

1 Corinthians 6:12-13

12 Ամէն բան ինծի արտօնուած է, բայց ամէն բան օգտակար չէ: Ամէն բան ինծի արտօնուած է, բայց ես ո՛չ մէկուն իշխանութեան տակ պիտի ըլլամ:13 Կերակուրները փորին համար են, փորն ալ՝ կերակուրներուն. բայց Աստուած ասիկա՛ ալ, անո՛նք ալ պիտի ոչնչացնէ: Իսկ մարմինը պոռնկութեան համար չէ, հապա՝ Տէրոջ, ու Տէրը՝ մարմինին համար:

1 Corinthians 6:19-20

19 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին՝ որ ձեր մէջն է. զայն Աստուծմէ ստացաք, եւ դուք ձեզի չէք պատկանիր,20 քանի որ մեծ գինով մը գնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմինին ու ձեր հոգիին մէջ, որոնք կը պատկանին Աստուծոյ:

1 Corinthians 7:15

15 Իսկ եթէ անհաւատը զատուի՝ թող զատուի: Եղբայր մը կամ քոյր մը ստրուկ չէ այդպիսի պարագաներու մէջ. սակայն Աստուած կանչեց մեզ խաղաղութեան:

1 Corinthians 7:22

22 Որովհետեւ ո՛վ որ կանչուած է Տէրոջմով՝ ստրուկ ըլլալով, Տէրոջ ազատագրեալն է. նմանապէս ո՛վ որ կանչուած է՝ ազատ ըլլալով, Քրիստոսի ստրուկն է:

1 Corinthians 8:1

1 Այժմ, ինչ կը վերաբերի կուռքերուն զոհուած բաներուն, գիտենք թէ բոլորս ալ գիտութիւն ունինք: Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը կը շինէ:

1 Corinthians 8:7-13

7 Բայց բոլորը չունին այս գիտութիւնը. որովհետեւ ոմանք՝ մինչեւ հիմա խղճմտանքի հարց ունենալով կուռքի մասին՝ կ՚ուտեն զանոնք որպէս կուռքի զոհուած բան. եւ իրենց խղճմտանքը կը պղծուի՝ քանի որ տկար է:

1 Corinthians 8:7

7 Բայց բոլորը չունին այս գիտութիւնը. որովհետեւ ոմանք՝ մինչեւ հիմա խղճմտանքի հարց ունենալով կուռքի մասին՝ կ՚ուտեն զանոնք որպէս կուռքի զոհուած բան. եւ իրենց խղճմտանքը կը պղծուի՝ քանի որ տկար է:8 Սակայն կերակուրը չէ որ կը մօտեցնէ մեզ Աստուծոյ՝՝. քանի որ ո՛չ առատութեան մէջ կ՚ըլլանք՝ եթէ ուտենք, ո՛չ ալ կարօտութեան մէջ կ՚ըլլանք՝ եթէ չուտենք:

1 Corinthians 8:8

8 Սակայն կերակուրը չէ որ կը մօտեցնէ մեզ Աստուծոյ՝՝. քանի որ ո՛չ առատութեան մէջ կ՚ըլլանք՝ եթէ ուտենք, ո՛չ ալ կարօտութեան մէջ կ՚ըլլանք՝ եթէ չուտենք:9 Բայց զգուշացէ՛ք որ ձեր այս ազատութիւնը տկարներուն սայթաքում չըլլայ:10 Քանի որ եթէ մէկը տեսնէ քեզ՝ որ գիտութիւն ունիս, սեղան նստած՝՝ կռատունի մէջ, այդ տկար եղողին խղճմտանքը պիտի չխրախուսուի՞ ուտել այն բաները՝ որ կուռքերուն զոհուած են.

1 Corinthians 8:10

10 Քանի որ եթէ մէկը տեսնէ քեզ՝ որ գիտութիւն ունիս, սեղան նստած՝՝ կռատունի մէջ, այդ տկար եղողին խղճմտանքը պիտի չխրախուսուի՞ ուտել այն բաները՝ որ կուռքերուն զոհուած են.11 եւ քու գիտութեամբդ՝ այդ տկար եղբայրը պիտի կորսուի, որուն համար Քրիստոս մեռաւ:

1 Corinthians 8:11

11 եւ քու գիտութեամբդ՝ այդ տկար եղբայրը պիտի կորսուի, որուն համար Քրիստոս մեռաւ:

1 Corinthians 8:11-12

11 եւ քու գիտութեամբդ՝ այդ տկար եղբայրը պիտի կորսուի, որուն համար Քրիստոս մեռաւ:12 Իսկ երբ այսպէս կը մեղանչէք եղբայրներուն դէմ ու կը վիրաւորէք անոնց տկար խղճմտանքը, կը մեղանչէք Քրիստոսի՛ դէմ:

1 Corinthians 8:12-12

12 Իսկ երբ այսպէս կը մեղանչէք եղբայրներուն դէմ ու կը վիրաւորէք անոնց տկար խղճմտանքը, կը մեղանչէք Քրիստոսի՛ դէմ:13 Ուստի եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ եղբայրս, յաւէ՛տ միս պիտի չուտեմ՝ որպէսզի չգայթակղեցնեմ եղբայրս:

1 Corinthians 8:13

13 Ուստի եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ եղբայրս, յաւէ՛տ միս պիտի չուտեմ՝ որպէսզի չգայթակղեցնեմ եղբայրս:

1 Corinthians 9:22

22 Տկարներուն հետ տկարի պէս եղայ, որպէսզի տկարները շահիմ. բոլորին հետ ամէն ինչ եղայ, որպէսզի ա՛նպայման ոմանք փրկեմ:

1 Corinthians 10:25

25 Կերէ՛ք ամէն ինչ որ կը ծախուի վաճառանոցը, առանց զննելու՝ խղճմտանքի պատճառով.

1 Corinthians 10:29-30

29 Սակայն երբ խղճմտանք կ՚ըսեմ՝ ո՛չ թէ քուկդ է, հապա՝ ուրիշինը: Բայց ինչո՞ւ իմ ազատութիւնս կը դատուի ուրիշի մը խղճմտանքէն:30 Եթէ ես շնորհակալութեամբ կը բաժնեկցիմ, ինչո՞ւ հայհոյուիմ այն բանին պատճառով՝ որուն համար ես շնորհակալ կ՚ըլլամ:

1 Corinthians 10:30-31

30 Եթէ ես շնորհակալութեամբ կը բաժնեկցիմ, ինչո՞ւ հայհոյուիմ այն բանին պատճառով՝ որուն համար ես շնորհակալ կ՚ըլլամ:31 Ուրեմն՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք, եւ թէ ի՛նչ որ ընէք, ամէնը ըրէք Աստուծոյ փառքին համար:

1 Corinthians 10:31-33

31 Ուրեմն՝ թէ՛ ուտէք, թէ՛ խմէք, եւ թէ ի՛նչ որ ընէք, ամէնը ըրէք Աստուծոյ փառքին համար:32 Մի՛ սայթաքեցնէք ո՛չ Հրեաները, ո՛չ Յոյները, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցին:

1 Corinthians 10:32-33

32 Մի՛ սայթաքեցնէք ո՛չ Հրեաները, ո՛չ Յոյները, ո՛չ ալ Աստուծոյ եկեղեցին:33 Ինչպէս ես ալ կը հաճեցնեմ բոլորը՝ ամէն բանի մէջ, փնտռելով ո՛չ թէ իմ օգուտս, հապա՝ շատերունը, որպէսզի փրկուին:

1 Corinthians 10:33-33

33 Ինչպէս ես ալ կը հաճեցնեմ բոլորը՝ ամէն բանի մէջ, փնտռելով ո՛չ թէ իմ օգուտս, հապա՝ շատերունը, որպէսզի փրկուին:

1 Corinthians 11:13

13 Դո՛ւք ձեզմէ դատեցէք. պատշա՞ճ է որ կին մը աղօթէ Աստուծոյ՝ չծածկուած գլուխով:

1 Corinthians 11:29-31

29 Որովհետեւ ա՛ն որ կ՚ուտէ ու կը խմէ անարժանաբար, կ՚ուտէ ու կը խմէ ինքնիր դատապարտութիւնը, քանի որ չի զատորոշեր Տէրոջ մարմինը:30 Այս պատճառով շատեր ձեր մէջ տկար եւ հիւանդ են, ու շատեր ալ կը ննջեն:31 Որովհետեւ եթէ մենք մեզ դատէինք՝ չէինք դատուեր:

1 Corinthians 13:1

1 Եթէ խօսիմ մարդոց եւ հրեշտակներուն լեզուները՝ բայց սէր չունենամ, ես հնչող պղինձի պէս կ՚ըլլամ, կամ ղօղանջող ծնծղայի պէս:

1 Corinthians 13:4-5

4 Սէրը համբերատար է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր. սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար.5 անվայել վարմունք չ՚ունենար, իրենը չի փնտռեր, չի գրգռուիր, չարութիւն չի մտածեր.

1 Corinthians 14:12-17

12 Նոյնպէս ալ դուք, քանի նախանձախնդիր էք հոգեւոր պարգեւներու, ջանացէ՛ք գերազանց ըլլալ՝ եկեղեցիին շինութեան համար:13 Ուստի ա՛ն որ կը խօսի անծանօթ լեզուով, թող աղօթէ՝ որ կարենայ թարգմանել:14 Քանի որ եթէ ես աղօթեմ անծանօթ լեզուով, հոգի՛ս կ՚աղօթէ, բայց միտքս անպտուղ է:15 Ուրեմն ի՞նչ ընելու եմ: Պիտի աղօթեմ հոգիով, պիտի աղօթեմ միտքո՛վ ալ. սաղմոս պիտի երգեմ հոգիով, սաղմոս պիտի երգեմ միտքո՛վ ալ:16 Այլապէս, երբ դուն օրհնաբանես հոգիով, ի՞նչպէս ա՛ն որ տգէտի տեղը գրաւած է՝ «ամէն» պիտի ըսէ քու շնորհակալութեանդ ատեն, քանի որ չի հասկնար քու ըսածդ:17 Արդարեւ դուն լաւ շնորհակալ կ՚ըլլաս, բայց միւսը չի շինուիր:

1 Corinthians 14:26

26 Ուրեմն ի՞նչ, եղբայրնե՛ր: Երբ կը համախմբուիք, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ունի սաղմոս մը, ուսուցում մը, լեզու մը, յայտնութիւն մը, մեկնութիւն մը՝՝, ամէն բան թող ըլլայ շինութեա՛ն համար:

1 Corinthians 15:23

23 Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգով. նախ երախայրիքը՝ Քրիստոս, յետոյ Քրիստոսի պատկանողները՝ իր գալուստին:

2 Corinthians 1:12

12 Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ:

2 Corinthians 4:2

2 հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, խորամանկութեամբ չենք ընթանար եւ Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր. այլ ճշմարտութիւնը բացայայտելով մենք մեզ կը յանձնարարենք ամէն մարդու խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ:

2 Corinthians 5:10

10 Որովհետեւ պէտք է որ բոլորս ալ ներկայանանք Քրիստոսի դատարանին առջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւրը ստանայ այն բաներուն համեմատ՝ որ իր մարմինին մէջ եղած ատեն ըրած է, բարի կամ չար:11 Ուրեմն՝ գիտնալով Տէրոջ վախը՝ կը համոզենք մարդիկ. սակայն մենք բացայայտ ենք Աստուծոյ առջեւ, եւ կը յուսամ թէ բացայայտ ենք նաեւ ձեր խղճմտանքին մէջ:

2 Corinthians 5:14

14 Որովհետեւ Քրիստոսի սէրը կը պարտադրէ մեզ, ու մեր դատումը սա՛ է, թէ եթէ մէկը մեռաւ բոլորին համար, ուրեմն բոլորն ալ մեռան:15 Ան բոլորին համար մեռաւ, որպէսզի ապրողները այլեւս չապրին իրենք իրենց համար, հապա անո՛ր համար՝ որ մեռաւ իրենց համար, եւ յարութիւն առաւ:

2 Corinthians 5:21

21 Որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղաւոր համարեց՝՝ ա՛ն՝ որ մեղք չէր գիտեր, որպէսզի մենք Աստուծոյ արդարութիւնը ըլլանք անով:

2 Corinthians 6:3

3 Բնա՛ւ սայթաքում չենք պատճառեր՝ որեւէ բանի մէջ, որպէսզի մեր սպասարկութիւնը չարատաւորուի:4 Հապա ամէն բանի մէջ մենք մեզ կը հաստատենք որպէս Աստուծոյ սպասարկուներ, շատ համբերութեամբ, տառապանքներու մէջ, հարկադրանքներու, տագնապներու,

2 Corinthians 8:20-21

20 Կը զգուշանայինք որ ո՛չ մէկը մեզ արատաւորէ այս ճոխութեան մէջ, որ կը սպասարկուի մեր միջոցով.21 քանի որ կը մտադրէինք ո՛չ միայն Տէրոջ առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ ընել ինչ որ պարկեշտ է:

2 Corinthians 8:21

21 քանի որ կը մտադրէինք ո՛չ միայն Տէրոջ առջեւ, հապա մարդոց առջեւ ալ ընել ինչ որ պարկեշտ է:

2 Corinthians 12:19

19 Դարձեալ՝ կը կարծէ՞ք թէ մենք մեզ կը ջատագովենք ձեր առջեւ: Մենք Քրիստոսո՛վ կը խօսինք՝ Աստուծո՛յ առջեւ. բայց ամէն բան կ՚ընենք, սիրելիներ, ձեր շինութեան համար:

2 Corinthians 13:11

11 Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ո՛ղջ եղէք: Կատարեա՛լ եղէք, լա՛ւ մխիթարուեցէք, միաբա՛ն եղէք, խաղաղութեա՛մբ ապրեցէք. եւ սիրոյ ու խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ:

Galatians 2:12

12 Արդարեւ Յակոբոսի քովէն ոմանց գալէն առաջ՝ ինք հեթանոսներուն հետ անխտրաբար կ՚ուտէր. բայց երբ եկան՝ ընկրկեցաւ եւ ինքզինք զատեց, թլփատուածներէն վախնալով:

Galatians 2:19-20

19 Որովհետեւ ես՝ Օրէնքին միջոցով՝ մեռայ Օրէնքին, որպէսզի ապրիմ Աստուծոյ համար:20 Քրիստոսի հետ խաչուեցայ. սակայն կ՚ապրի՛մ, բայց ա՛լ ո՛չ թէ ես՝ հապա Քրիստո՛ս կ՚ապրի իմ մէջս: Իսկ այն կեանքը որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրիմ, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք ընծայեց ինծի համար:

Galatians 4:9-10

9 Սակայն հիմա որ ճանչցաք Աստուած, կամ մա՛նաւանդ՝ ճանչցուեցաք Աստուծմէ, ի՞նչպէս կը վերադառնաք այն տկար եւ աղքատ սկզբունքներուն, որոնց դարձեալ կ՚ուզէք ստրուկ ըլլալ:10 Կը պահէք օրերը, ամիսները, ժամանակներն ու տարիները.

Galatians 4:10

10 Կը պահէք օրերը, ամիսները, ժամանակներն ու տարիները.

Galatians 5:13

13 Որովհետեւ դուք ազատութեա՛ն կանչուած էք, եղբայրնե՛ր. միայն թէ ձեր ազատութիւնը մարմինի ցանկութիւններու առիթ չըլլայ, հապա սիրո՛վ իրարու ծառայեցէք:

Galatians 5:22

22 Բայց Հոգիին պտուղն է՝ սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերատարութիւն,

Galatians 6:1

1 Եղբայրնե՛ր, եթէ մարդ մը որեւէ յանցանքի մէջ բռնուի, դուք որ հոգեւոր էք՝ այդպիսին հեզութեա՛ն հոգիով ուղղեցէք. ուշադի՛ր եղիր դուն քեզի, որ դո՛ւն ալ չփորձուիս:

Galatians 6:5

5 որովհետեւ իւրաքանչիւրը պիտի կրէ ի՛ր բեռը:

Galatians 6:15-16

15 Որովհետեւ Քրիստոս Յիսուսով ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ անթլփատութիւնը, հապա՝ նոր արարած ըլլալը:16 Խաղաղութիւն ու ողորմութիւն բոլոր անոնց վրայ՝ որ այս կանոնին համաձայն կ՚ընթանան, եւ Աստուծոյ Իսրայէլին վրայ:

Ephesians 1:20-23

20 որ ներգործեց Քրիստոսի մէջ՝ երբ մեռելներէն յարուցանեց զայն ու բազմեցուց իր աջ կողմը՝ երկինքի մէջ,21 ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր, ու ամէն անունէ վեր՝ որ կ՚անուանուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա նաեւ գալիքին մէջ:22 Դրաւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ, ու տուաւ զայն՝ իբր գլուխ ամէն բանի վրայ՝ եկեղեցիին,23 որ անոր մարմինն է, լրումը անոր՝ որ կը լեցնէ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ:

Ephesians 2:10

10 Քանի որ մենք անոր ձեռակերտն ենք, Քրիստոս Յիսուսով ստեղծուած՝ բարի գործերու համար. Աստուած նախապէս պատրաստեց զանոնք, որպէսզի մենք ընթանանք անոնց մէջ:

Ephesians 4:3-7

3 ջանալով պահել Սուրբ Հոգիին միաբանութիւնը՝ խաղաղութեան կապով:4 Մէ՛կ մարմին կայ, եւ մէ՛կ Հոգի, ինչպէս մէ՛կ յոյսով կանչուեցաք ձեր կոչումին:5 Տէրը մէ՛կ է, հաւատքը՝ մէ՛կ, մկրտութիւնը՝ մէ՛կ:6 Մէ՛կ է Աստուած եւ բոլորին Հայրը, որ բոլորէն վեր, բոլորին հետ եւ ձեր բոլորին մէջն է:7 Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհք տրուած է՝ Քրիստոսի պարգեւին չափին համեմատ:

Ephesians 4:29

29 Ո՛չ մէկ վատ խօսք թող ելլէ ձեր բերանէն, հապա՝ ինչ որ բարի է, շինութեան կարիքին համեմատ, որպէսզի շնորհք տայ լսողներուն:

Ephesians 5:2

2 եւ ընթացէ՛ք սիրոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու մեզի համար ընծայեց ինքզինք Աստուծոյ՝ որպէս պատարագ ու զոհ, անուշաբոյր հոտ ըլլալով:

Philippians 1:6

6 այս մասին համոզուած եմ թէ ա՛ն որ սկսաւ բարի գործ մը ձեր մէջ, պիտի աւարտէ մինչեւ Յիսուս Քրիստոսի օրը:

Philippians 1:10

10 որպէսզի դուք զատորոշէք տարբեր բաները՝ անկեղծ եւ անսայթաք ըլլալու համար մինչեւ Քրիստոսի օրը,

Philippians 1:20-24

20 իմ եռանդուն ակնկալութեանս եւ յոյսիս համեմատ՝ թէ բնա՛ւ պիտի չամչնամ. հապա՝ բոլորովին համարձակութեամբ, ինչպէս ամէն ատեն՝ նոյնպէս ալ հիմա, Քրիստոս պիտի մեծարուի մարմինիս մէջ, կա՛մ կեանքով, կա՛մ մահով.

Philippians 1:20

20 իմ եռանդուն ակնկալութեանս եւ յոյսիս համեմատ՝ թէ բնա՛ւ պիտի չամչնամ. հապա՝ բոլորովին համարձակութեամբ, ինչպէս ամէն ատեն՝ նոյնպէս ալ հիմա, Քրիստոս պիտի մեծարուի մարմինիս մէջ, կա՛մ կեանքով, կա՛մ մահով.21 որովհետեւ ինծի համար՝ ապրիլը Քրիստոս է, ու մեռնիլը՝ շահ:22 Բայց եթէ մարմինի մէջ ապրիլս պտուղ կը բերէ իմ գործիս, ա՛լ չեմ գիտեր ո՛ր մէկը ընտրեմ:23 Երկուքէն ալ պարտադրուած եմ. ցանկութիւն ունիմ մեկնելու եւ Քրիստոսի հետ ըլլալու, ինչ որ շատ աւելի լաւ է.24 սակայն մարմինի մէջ մնալը աւելի հարկաւոր է ձեզի համար:

Philippians 2:1

1 Ուրեմն՝ եթէ մխիթարութիւն կայ Քրիստոսով, եթէ կան սիրոյ սփոփանք, Հոգիի հաղորդութիւն, գութ ու կարեկցութիւն,

Philippians 2:1-4

1 Ուրեմն՝ եթէ մխիթարութիւն կայ Քրիստոսով, եթէ կան սիրոյ սփոփանք, Հոգիի հաղորդութիւն, գութ ու կարեկցութիւն,2 լիացուցէ՛ք իմ ուրախութիւնս՝ ըլլալով համախոհ եւ ունենալով միեւնոյն սէրը, մէ՛կ անձ ու մէ՛կ մտածում:3 Ո՛չ մէկ բան ըրէք հակառակութեամբ կամ սնափառութեամբ. հապա՝ խոնարհութեամբ ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք՝՝:4 Իւրաքանչիւրը թող նկատի չառնէ միայն իր շահը, այլ նաեւ ուրիշներո՛ւնը:

Philippians 2:9-11

9 Ուստի Աստուած ալ մեծապէս բարձրացուց զայն եւ շնորհեց անոր անուն մը՝ որ ամէն անունէ գերազանց է,10 որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը՝ երկնաւորները, երկրաւորներն ու սանդարամետականները,11 եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հայր Աստուծոյ փառքին համար:

Philippians 2:17

17 Նոյնիսկ եթէ ընծայուիմ ձեր զոհին ու հաւատքի պաշտօնին համար, կ՚ուրախանամ եւ ուրախակից կ՚ըլլամ ձեր բոլորին:

Philippians 2:29

29 Ուրեմն ընդունեցէ՛ք զայն Տէրոջմով՝ բոլորովին ուրախութեամբ, եւ պատուեցէ՛ք այդպիսիները.30 քանի որ մահուան մօտեցաւ Քրիստոսի գործին համար՝ վտանգելով իր անձը, որպէսզի լրացնէ ինչ որ կը պակսէր ձեր կատարելիք պաշտօնին՝ ինծի հանդէպ:

Philippians 3:3

3 որովհետեւ թլփատութիւնը մե՛նք ենք, որ կը պաշտենք Աստուած Հոգիո՛վ եւ կը պարծենանք Քրիստոս Յիսուսո՛վ, ու վստահութիւն չունինք մարմինի վրայ.

Philippians 3:9

9 ու գտնուիմ իր մէջ, ունենալով ո՛չ թէ իմ արդարութիւնս՝ որ Օրէնքէն է, հապա ա՛յն՝ որ Քրիստոսի հաւատքին միջոցով է, արդարութիւնը՝ որ Աստուծմէ է՝ հաւատքով.

Philippians 4:4

4 Ամէ՛ն ատեն ուրախացէք Տէրոջմով. դա՛րձեալ կ՚ըսեմ, ուրախացէ՛ք:

Philippians 4:7

7 եւ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն միտքէ գերիվեր է, պիտի պահպանէ ձեր սիրտերն ու մտածումները՝ Յիսուս Քրիստոսով:

Philippians 4:18

18 Իսկ ես ամէն բան ունիմ, եւ առատօրէն. լիացած եմ՝ ստանալով Եպափրոդիտոսի միջոցով ձեր ղրկածները, որ անուշաբոյր հոտ մըն է, ընդունելի զոհ մը, հաճելի՝ Աստուծոյ:

Colossians 1:11

11 ու զօրացած ամբողջ ոյժով՝ իր փառաւոր զօրութեան համեմատ, ուրախութեամբ համբերող եւ համբերատար ըլլաք,

Colossians 2:16-17

16 Ուրեմն ա՛լ ո՛չ մէկը թող դատէ ձեզ կերակուրի կամ խմելիքի համար, կամ տօներու, ամսագլուխներու կամ Շաբաթներու կապակցութեամբ,17 որոնք գալիք բաներուն շուքն են. բայց մարմինը Քրիստոսի է:

Colossians 3:12-15

12 Ուրեմն, որպէս Աստուծոյ ընտրեալներ՝ սուրբ ու սիրելի, հագէ՛ք գութը, կարեկցութիւնը, քաղցրութիւնը, խոնարհութիւնը, հեզութիւնը, համբերատարութիւնը,13 հանդուրժելով իրարու եւ ներելով իրարու՝ եթէ մէկը տրտունջ մը ունենայ միւսին դէմ. ինչպէս Քրիստոս ներեց ձեզի, նոյնպէս ալ դո՛ւք ներեցէք:14 Եւ այս բոլոր բաներուն վրայ՝ հագէ՛ք սէրը, որ կատարելութեան կապն է:15 Ձեր սիրտերուն մէջ թող հովանաւորէ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որուն ալ կանչուեցաք՝ մէկ մարմինով, ու շնորհակա՛լ եղէք:

Colossians 3:24

24 գիտնալով թէ Տէրոջմէ՛ն պիտի ստանաք ժառանգութեան հատուցումը, որովհետեւ Տէր Քրիստոսի՛ կը ծառայէք:

1 Thessalonians 1:3-4

3 անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօր առջեւ,4 գիտնալով՝ սիրելի եղբայրներ՝ թէ Աստուած ընտրեց ձեզ:

1 Thessalonians 1:6

6 եւ դուք նմանեցաք մեզի ու Տէրոջ, ընդունելով խօսքը շատ տառապանքի մէջ՝ Սուրբ Հոգիին ուրախութեամբ:

1 Thessalonians 2:12

12 յորդորեցինք եւ սփոփեցինք, ու վկայեցինք որպէսզի ձեր ընթացքը արժանավայել ըլլայ Աստուծոյ՝ որ կանչեց ձեզ իր թագաւորութեան եւ փառքին:

1 Thessalonians 4:14-18

14 Որովհետեւ սա՛ կը յայտարարենք ձեզի՝ Տէրոջ խօսքով, թէ մենք՝ մինչեւ Տէրոջ գալուստը ողջ մնացողներս՝ բնա՛ւ պիտի չկանխենք ննջեցեալները:15 Քանի որ նոյնինքն Տէրը պիտի իջնէ երկինքէն՝ ազդարարութեան հրամանով, հրեշտակապետին ձայնով եւ Աստուծոյ փողով, ու նախ Քրիստոսով մեռածնե՛րը յարութիւն պիտի առնեն:16 Ապա մենք, ողջ մնացողներս, անոնց հետ պիտի յափշտակուինք ամպերով՝ Տէրը դիմաւորելու օդին մէջ, եւ այդպէս Տէրոջ հետ պիտի ըլլանք յաւիտեան:17 Հետեւաբար մխիթարեցէ՛ք զիրար այս խօսքերով:

1 Thessalonians 5:10

10 Ան մեռաւ մեզի համար, որպէսզի մենք ապրինք իրեն հետ, արթուն ըլլանք թէ քնացած:11 Ուստի յորդորեցէ՛ք զիրար եւ շինեցէ՛ք զիրար, ինչպէս արդէն կ՚ընէք:12 Կը թախանձենք ձեզի, եղբայրնե՛ր, որ ճանչնաք ձեր մէջ աշխատողները, Տէրոջմով վերակացուներն ու ձեզ խրատողները:

1 Thessalonians 5:22

22 Ե՛տ կեցէք ամէն տեսակ չարութենէ:

1 Timothy 1:4

4 ո՛չ ալ ուշադրութիւն դարձնել առասպելներու եւ անվերջանալի ազգաբանութիւններու, որոնք կը պատճառեն վէճեր՝ փոխանակ Աստուծոյ հաճելի շինութեան, որ կ՚ըլլայ հաւատքով:

1 Timothy 2:3

3 որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ ընդունելին մեր Փրկիչ Աստուծոյն առջեւ:

1 Timothy 4:3-5

3 պիտի արգիլեն ամուսնանալ ու ետ պիտի պահեն կերակուրներէն, որ Աստուած ստեղծեր է որպէսզի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը գիտցողները շնորհակալութեամբ ընդունին.4 որովհետեւ ամէն ինչ որ Աստուած ստեղծած է՝ բարի է, ու ոչինչ մերժուելու է՝ եթէ ընդունուի շնորհակալութեամբ,

1 Timothy 4:4-5

4 որովհետեւ ամէն ինչ որ Աստուած ստեղծած է՝ բարի է, ու ոչինչ մերժուելու է՝ եթէ ընդունուի շնորհակալութեամբ,5 քանի որ կը սրբացուի Աստուծոյ խօսքով եւ աղօթքով:

1 Timothy 5:4

4 Բայց եթէ այրի մը ունի զաւակներ կամ թոռներ, անոնք թող սորվին նախ իրենց տան մէջ բարեպաշտութիւն ցոյց տալ, ու փոխարէնը հատուցանել իրենց ծնողներուն. որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ:

1 Timothy 5:14

14 Ուրեմն կը փափաքիմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, իրենց տունը կառավարեն՝՝, եւ հեգնելու առիթ չտան հակառակորդին,

2 Timothy 2:22

22 Փախի՛ր նաեւ երիտասարդական ցանկութիւններէն, ու հետամո՛ւտ եղիր արդարութեան, հաւատքի, սիրոյ, խաղաղութեան, անո՛նց հետ՝ որ կը կանչեն Տէրոջ անունը մաքուր սիրտով:

2 Timothy 4:1

1 Ուրեմն կը վկայեմ Աստուծոյ եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, որ պիտի դատէ ողջերն ու մեռելները իր երեւումին եւ թագաւորութեան ատենը.

Titus 1:15

15 Մաքուրներուն՝ ամէն բան մաքուր է. բայց պիղծերուն եւ անհաւատներուն՝ ոչինչ մաքուր է, հապա անոնց միտքն ալ, խղճմտանքն ալ պղծուած են:

Titus 2:11-14

11 Քանի որ Աստուծոյ փրկարար շնորհքը երեւցաւ բոլոր մարդոց,12 կրթելով մեզ՝ որ ուրանանք ամբարշտութիւնն ու աշխարհային ցանկութիւնները, եւ ապրինք խոհեմութեամբ, արդարութեամբ ու բարեպաշտութեամբ՝ այս ներկայ աշխարհին մէջ,13 սպասելով այն երանելի յոյսին եւ մեծ Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի փառքին երեւումին:14 Ան ընծայեց ինքզինք մեզի համար, որպէսզի ազատագրէ մեզ ամէն անօրէնութենէ, եւ մաքրելով՝ ընէ իր սեփական ժողովուրդը, նախանձախնդիր բարի գործերու:

Titus 2:14-14

14 Ան ընծայեց ինքզինք մեզի համար, որպէսզի ազատագրէ մեզ ամէն անօրէնութենէ, եւ մաքրելով՝ ընէ իր սեփական ժողովուրդը, նախանձախնդիր բարի գործերու:

Hebrews 7:25

25 Ուստի կարող ալ է կատարելապէս փրկել անոնք՝ որ իրմով կու գան Աստուծոյ. որովհետեւ ինք միշտ կ՚ապրի՝ անոնց բարեխօս ըլլալու համար:

Hebrews 9:10

10 եւ տարբեր լուացումներով՝ միայն մարմնաւոր կանոններ էին, որոնք կը պարտադրուէին մինչեւ ուղղումի ատենը:

Hebrews 11:6

6 Սակայն առանց հաւատքի անկարելի է հաճելի ըլլալ Աստուծոյ. որովհետեւ ա՛ն՝ որ կը մօտենայ Աստուծոյ, պէտք է հաւատայ թէ Աստուած կայ, եւ կը վարձատրէ անոնք՝ որ կը փնտռեն զինք:

Hebrews 12:2

2 նայելով Յիսուսի, մեր հաւատքի ռահվիրային եւ իրագործողին. իրեն առաջարկուած ուրախութեան համար՝ ան տոկաց խաչին, արհամարհեց ամօթը, ու բազմեցաւ Աստուծոյ գահին աջ կողմը:

Hebrews 12:13

13 եւ պատրաստեցէ՛ք ուղիղ արահետներ՝ ձեր ոտքերուն համար, որպէսզի ո՛վ որ կաղ է՝ չխոտորի, այլ փոխարէնը բժշկուի:14 Հետամո՛ւտ եղէք խաղաղութեան՝ բոլորին հետ, եւ սրբութեան՝ առանց որուն ո՛չ մէկը պիտի տեսնէ Տէրը:

Hebrews 13:9

9 Մի՛ տարուիք բազմազան եւ օտարոտի ուսուցումներէ, քանի որ լաւ է որ սիրտը հաստատուի շնորհքո՛վ, եւ ո՛չ թէ կերակուրներով, որոնք օգտակար չեղան անոնց համաձայն ընթացողներուն:

James 2:4

4 միթէ ձեր մէջ խտրութիւն դրած չէ՞ք ըլլար, ու չար մտածումներու դատաւոր եղած:

James 2:18-26

18 Նոյնիսկ մէկը կրնայ ըսել. «Դուն հաւա՛տք ունիս, ես ալ գործե՛ր ունիմ. ցո՛յց տուր ինծի քու հաւատքդ՝ առանց գործերու, իսկ ես ցոյց պիտի տամ քեզի իմ հաւատքս՝ գործերո՛վս”:19 Դուն կը հաւատաս թէ Աստուած մէկ է. լա՛ւ կ՚ընես: Դեւե՛րն ալ կը հաւատան ու կը սարսռան:20 Բայց կ՚ուզե՞ս գիտնալ, ո՛վ սնոտի մարդ, թէ հաւատքը մեռած է առանց գործերու:21 Աբրահամ՝ մեր հայրը՝ գործերով չարդարացա՞ւ, երբ իր որդին՝ Իսահակը մատուցանեց զոհասեղանին վրայ:22 Կը տեսնե՞ս թէ հաւատքը գործակից եղաւ անոր գործերուն, ու գործերո՛վ հաւատքը կատարեալ եղաւ,23 եւ իրագործուեցաւ Գիրքին խօսքը՝ որ կ՚ըսէ. «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ, ու ատիկա արդարութիւն սեպուեցաւ անոր, եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ»:24 Կը նկատէ՞ք թէ մարդ կ՚արդարանայ գործերո՛վ, ու ո՛չ թէ՝ միայն հաւատքով:25 Նմանապէս Ռախաբ պոռնիկն ալ չարդարացա՞ւ գործերով, երբ ընդունեց պատգամաւորները եւ ուրիշ ճամբայով ուղարկեց զանոնք:26 Արդարեւ ինչպէս մարմինը մեռած է առանց հոգիի, այդպէս ալ հաւատքը մեռած է առանց գործերու:

James 3:13-18

13 Ո՛վ որ իմաստուն ու խելացի է ձեր մէջ, բարի վարքո՛վ թող ցոյց տայ իր գործերը՝ իմաստութեան հեզութեամբ:

James 3:13

13 Ո՛վ որ իմաստուն ու խելացի է ձեր մէջ, բարի վարքո՛վ թող ցոյց տայ իր գործերը՝ իմաստութեան հեզութեամբ:14 Բայց եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք ձեր սիրտերուն մէջ, ճշմարտութեան դէմ մի՛ պարծենաք ու մի՛ ստէք:15 Այս իմաստութիւնը չ՚իջներ վերէն, հապա՝ երկրային, շնչաւոր եւ դիւական է:16 Որովհետեւ ո՛ւր կայ նախանձ ու հակառակութիւն, հո՛ն կայ խառնակութիւն եւ ամէն տեսակ չար բան:17 Բայց վերէն եղող իմաստութիւնը՝ նախ անկեղծ է, յետոյ՝ խաղաղարար, ազնիւ, հլու, լի ողորմութեամբ ու բարի պտուղներով, անկողմնակալ եւ անկեղծ:18 Արդարութեան պտուղը խաղաղութեամբ կը սերմանուի անոնց միջոցով՝ որ խաղաղութիւն կ՚ընեն:

James 4:11-12

11 Մի՛ բամբասէք զիրար, եղբայրնե՛ր: Ա՛ն որ կը բամբասէ իր եղբայրը կամ կը դատէ իր եղբայրը, կը բամբասէ Օրէ՛նքը եւ կը դատէ Օրէ՛նքը: Իսկ եթէ դատես Օրէնքը, ա՛լ Օրէնքը գործադրող չես, հապա՝ դատաւոր:

James 4:11

11 Մի՛ բամբասէք զիրար, եղբայրնե՛ր: Ա՛ն որ կը բամբասէ իր եղբայրը կամ կը դատէ իր եղբայրը, կը բամբասէ Օրէ՛նքը եւ կը դատէ Օրէ՛նքը: Իսկ եթէ դատես Օրէնքը, ա՛լ Օրէնքը գործադրող չես, հապա՝ դատաւոր:12 Միայն մէ՛կ Օրէնսդիր (ու Դատաւոր) կայ, որ կարող է փրկել եւ կորսնցնել: Դուն ո՞վ ես՝ որ կը դատես ուրիշը:

1 Peter 1:5

5 Դուք Աստուծոյ զօրութեամբ ու հաւատքով պահպանուած էք փրկութեան համար, որ պատրաստ է յայտնուելու վերջին ատենը.

1 Peter 1:8

8 Դուք կը սիրէք զայն՝ չտեսած. կը հաւատաք անոր՝ թէպէտ հիմա չէք տեսներ զայն, եւ կը ցնծաք անպատմելի ու փառաւոր ուրախութեամբ,

1 Peter 1:21

21 Անոր միջոցով հաւատացիք Աստուծոյ, որ մեռելներէն յարուցանեց զայն եւ փառաւորեց զայն, որպէսզի ձեր հաւատքն ու յոյսը ըլլան Աստուծոյ վրայ:

1 Peter 2:5

5 Դո՛ւք ալ՝ ապրող քարերու պէս՝ կը շինուիք իբր հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, որպէսզի մատուցանէք հոգեւոր զոհեր, Աստուծոյ ընդունելի՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:

1 Peter 2:20

20 Արդարեւ գովեստի արժանի ի՞նչ կայ, եթէ տոկաք՝ մինչ կը կռփահարուիք մեղանչած ըլլալով: Բայց եթէ տոկաք՝ մինչ կը չարչարուիք բարիք գործած ըլլալով, ասիկա շնո՛րհք մըն է Աստուծոյ քով:

1 Peter 3:11

11 Չարութենէ թող հեռանայ ու բարիք գործէ. խաղաղութիւն թող փնտռէ եւ անոր հետամուտ ըլլայ:

1 Peter 3:16

16 բարի՛ խղճմտանք ունեցէք, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, ամօթահար ըլլան անո՛նք՝ որ կը պախարակեն Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը:

1 Peter 4:2

2 որպէսզի՝ իր մարմինին մէջ մնացած ժամանակը՝ այլեւս ապրի ո՛չ թէ մարդոց ցանկութիւններուն համաձայն, հապա՝ Աստուծոյ կամքին համաձայն:

1 Peter 4:5

5 Անոնք հաշիւ պիտի տան անո՛ր՝ որ պատրաստ է դատել ողջերն ու մեռելները.

2 Peter 1:1

1 Սիմոն Պետրոս, ծառայ եւ առաքեալ Յիսուս Քրիստոսի, անոնց՝ որոնց վիճակուած է նոյն պատուական հաւատքը մեզի հետ, Աստուծոյ ու մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի արդարութեամբ.

2 Peter 2:1

1 Բայց նաեւ սուտ մարգարէներ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ պիտի ըլլան սուտ վարդապետներ, որոնք գաղտնի պիտի ներմուծեն կորստաբեր հերձուածներ, եւ ուրանալով զիրենք գնող Տէրը՝ արագահաս կորուստ պիտի բերեն իրենց վրայ:2 Ա՛ն է մեր մեղքերուն քաւութիւնը. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերուն:

1 John 2:10

10 Ա՛ն որ կը սիրէ իր եղբայրը, կը բնակի լոյսի մէջ, ու գայթակղութիւն չկայ իր մէջ:

1 John 3:19-21

19 Ասո՛վ կը գիտնանք թէ ճշմարտութենէն ենք, ու մեր սիրտերը կը վստահին անոր առջեւ երեւնալու.20 որովհետեւ եթէ մեր սիրտը պարսաւէ մեզ, Աստուած աւելի մեծ է քան մեր սիրտը եւ գիտէ ամէն բան:21 Սիրելինե՛ր, եթէ մեր սիրտը չպարսաւէ մեզ, այն ատեն համարձակութիւն կ՚ունենանք Աստուծոյ առջեւ,

1 John 3:21

21 Սիրելինե՛ր, եթէ մեր սիրտը չպարսաւէ մեզ, այն ատեն համարձակութիւն կ՚ունենանք Աստուծոյ առջեւ,

1 John 4:15

15 Ո՛վ որ կը դաւանի թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է, Աստուած կը բնակի անոր մէջ, ան ալ՝ Աստուծոյ մէջ:

2 John 1:7

7 Արդարեւ աշխարհ մտած են շատ մոլորեցուցիչներ, որոնք չեն դաւանիր թէ Յիսուս Քրիստոս մարմինով եկաւ: Այսպիսին մոլորեցուցիչ ու նեռ է:

2 John 1:10

10 Եթէ մէկը գայ ձեզի ու չբերէ այս ուսուցումը, մի՛ ընդունիք զայն ձեր տունը, եւ մի՛ բարեւէք.

3 John 1:8-10

8 Ուրեմն մենք պարտաւոր ենք ընդունիլ այդպիսիները, որպէսզի գործակից ըլլանք ճշմարտութեան:9 Գրեցի եկեղեցիին. բայց Դիոտրեփէս, որ կ՚ուզէ անոնց մէջ առաջին ըլլալ, չ՚ընդունիր մեզ:10 Ուստի եթէ գամ՝ պիտի մտաբերեմ անոր ըրած գործերը, քանի որ կը շաղակրատէ մեզի դէմ չար խօսքերով: Չի բաւարարուիր ասով, եւ ո՛չ միայն չ՚ընդունիր եղբայրները, հապա կ՚արգիլէ ու եկեղեցիէն կը վտարէ անոնք՝ որ կ՚ուզեն ընդունիլ:

Jude 1:14-15

14 Ենովք ալ, եօթներորդը Ադամէն ետք, մարգարէացաւ ասոնց համար եւ ըսաւ. «Ահա՛ Տէրը կու գայ իր բիւրաւոր սուրբերով՝15 դատաստան կիրարկելու բոլորին հանդէպ, ու կշտամբելու անոնց մէջ եղող բոլոր ամբարիշտները՝ իրենց ամբարշտութեամբ ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար, եւ բոլոր խիստ խօսքերուն համար՝ որ ամբարիշտ մեղաւորները խօսեցան անոր դէմ»:

Jude 1:24

24 Անոր՝ որ կարող է զերծ պահել ձեզ անկումէ, եւ անարատ կեցնել իր փառքին առջեւ՝ ցնծութեամբ,

Revelation 1:18

18 Ես ա՛ն եմ ՝ որ կ՚ապրի՛. ես մեռած էի, ու ահա՛ կ՚ապրի՛մ դարէ դար. ե՛ս ունիմ մահուան եւ դժոխքին բանալիները:

Revelation 2:8

8 «Գրէ՛ նաեւ Զմիւռնիայի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ Առաջինը եւ Վերջինը, որ մեռաւ ու կ՚ապրի՛.

Revelation 2:14

14 Սակայն քեզի դէմ ունիմ քիչ բան մը, քանի որ հոդ ունիս Բաղաամի ուսուցումը պահողներ. ան Բաղակի սորվեցուց գայթակղութիւն դնել Իսրայէլի որդիներուն առջեւ, որպէսզի անոնք ուտեն կուռքերու զոհուածներ ու պոռնկին:

Revelation 5:14

14 Եւ չորս էակները կ՚ըսէին. «Ամէն»: Ու երէցները ինկան եւ երկրպագեցին:

Revelation 14:13

13 Ու լսեցի երկինքէն ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Գրէ՛. այժմէ՛ն իսկ երանելի են այն մեռելները՝ որ կը մեռնին Տէրոջմով»: «Այո՛,- կ՚ըսէ Հոգին,- թող հանգչին իրենց աշխատանքէն, քանի որ իրենց գործերը կը հետեւին իրենց»:

Revelation 20:11-15

11 Յետոյ տեսայ մեծ, ճերմակ գահ մը, եւ անոր վրայ բազմողը, որուն երեսէն երկիրն ու երկինքը փախան եւ տեղ չգտնուեցաւ անոնց:12 Տեսայ նաեւ մեռելները, պզտիկ ու մեծ, որոնք կայնած էին Աստուծոյ առջեւ: Գիրքերը բացուեցան. բացուեցաւ նաեւ ուրիշ գիրք մը՝ որ կեանքի գիրքն է. ու մեռելները դատուեցան գիրքերուն մէջ գրուածներուն համաձայն, իրենց արարքներուն համեմատ:13 Ծովը տուաւ իր մէջ եղող մեռելները, եւ մահն ու դժոխքը տուին իրենց մէջ եղող մեռելները. եւ անոնք դատուեցան, իւրաքանչիւրը՝ իր արարքներուն համեմատ:14 Մահն ու դժոխքը նետուեցան կրակի լիճին մէջ. ա՛յս է երկրորդ մահը:15 Ո՛վ որ կեանքի գիրքին մէջ արձանագրուած չգտնուեցաւ՝ նետուեցաւ կրակի լիճին մէջ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.