Romans 11:12 Cross References - Armenian

12 Ուստի եթէ անոնց անկումը աշխարհի հարստութիւն եղաւ, եւ անոնց նուաստացումը՝ հեթանոսներուն հարստութիւն, ա՛լ ո՜րչափ աւելի՝ անոնց լիութիւնը:

Romans 9:23

23 որպէսզի գիտցնէ իր փառքին ճոխութիւնը՝ ողորմութիւն գտնող անօթներուն, որ նախապէս պատրաստեց փառքի համար,

Romans 11:15

15 Որովհետեւ եթէ անոնց մեկուսացուիլը աշխարհի հաշտութիւն եղաւ, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վերստին ընդունուիլը, եթէ ոչ՝ կեանք մեռելներէն:

Romans 11:25

25 Որովհետեւ չեմ ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք սա՛ խորհուրդին, (որպէսզի դուք ձեզ իմաստուն չսեպէք,) թէ մասնակի կուրութիւն պատահեցաւ Իսրայէլի, մինչեւ որ ներս մտնէ հեթանոսներուն լիութիւնը:

Romans 11:33

33 «Ո՛վ Աստուծոյ ճոխութեան, իմաստութեան ու գիտութեան խորութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները, եւ անզննելի՝ իր ճամբաները:

Ephesians 3:8

8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,

Colossians 1:27

27 որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել թէ ի՛նչ է այս խորհուրդին փառքին ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, այսինքն՝ Քրիստոս ձեր մէջ, փառքի յոյսը:

Revelation 11:15-19

15 Եօթներորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու երկինքի մէջ եղան հզօր ձայներ՝ որ կ՚ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները եղան մեր Տէրոջ եւ իր Օծեալին, ու ան պիտի թագաւորէ դարէ դար՝՝»:16 Քսանչորս երէցները, որոնք բազմած էին իրենց գահերուն վրայ՝ Աստուծոյ առջեւ, ինկան իրենց երեսին վրայ ու երկրպագեցին Աստուծոյ՝ ըսելով.17 «Քեզմէ շնորհակալ ենք, Տէ՛ր, Ամենակա՛լ Աստուած, որ ես եւ որ էիր, որովհետեւ կիրարկեցիր՝՝ քու մեծ զօրութիւնդ ու թագաւորեցիր:18 Ազգերը բարկացան. քու բարկութիւնդ եկաւ, նաեւ մեռելներուն ատենը՝ որպէսզի դատուին, եւ դուն վարձատրես քու ծառաներդ՝ մարգարէները, սուրբերն ու քու անունէդ վախցողները, պզտիկ թէ մեծ, եւ ապականես երկիրը ապականողները»:19 Եւ Աստուծոյ տաճարը բացուեցաւ երկինքի մէջ. անոր ուխտին տապանակը երեւցաւ իր տաճարին մէջ, ու եղան փայլակներ, ձայներ, որոտումներ, երկրաշարժ եւ խոշոր կարկուտ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.