Revelation 17:6 Cross References - Armenian

6 Տեսայ այդ կինը, որ արբեցած էր սուրբերուն արիւնով եւ Յիսուսի վկաներուն արիւնով: Երբ տեսայ զայն՝ մեծապէս զարմացայ:

Acts 22:20

20 երբ քու Ստեփանոս վկայիդ արիւնը կը թափուէր՝ ես ինքս ալ ներկայ էի, կամակից ըլլալով անոր սպաննուելուն՝՝, ու ե՛ս կը պահէի զայն սպաննողներուն հանդերձները»:

Revelation 2:13

13 "Գիտե՛մ քու գործերդ, եւ թէ ո՛ւր կը բնակիս, հո՛ն՝ ուր Սատանայի գահն է. բայց ամուր կը բռնես իմ անունս ու չուրացար իմ հաւատքս, նոյնիսկ այն օրերը՝ երբ Անթիպաս, իմ հաւատարիմ վկաս, սպաննուեցաւ ձեր մէջ՝ ուր Սատանան կը բնակի:

Revelation 6:9-10

9 Երբ բացաւ հինգերորդ կնիքը, զոհասեղանին ներքեւ տեսայ անձերը անոնց՝ որ մորթուած էին Աստուծոյ խօսքին համար, եւ իրենց տուած վկայութեան համար:10 Անոնք բարձրաձայն աղաղակեցին. «Սո՛ւրբ եւ ճշմարի՛տ Տիրակալ, մինչեւ ե՞րբ պիտի չդատես ու չառնես մեր արիւնին վրէժը երկրի բնակիչներէն»:

Revelation 12:11

11 Անոնք յաղթեցին անոր՝ Գառնուկին արիւնով եւ իրենց վկայութեան խօսքով, ու չսիրեցին իրենց անձը՝ մինչեւ մահ:

Revelation 13:7

7 Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմելու եւ յաղթելու անոնց: Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր տոհմերուն (եւ ժողովուրդներուն) ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ:

Revelation 13:15

15 Եւ կարողութիւն տրուեցաւ իրեն՝ որ հոգի տայ գազանին պատկերին, որպէսզի գազանին պատկերը խօսի, նաեւ մեռցնել տայ բոլոր անոնք՝ որ չեն երկրպագեր գազանին պատկերին:

Revelation 16:6

6 որովհետեւ անոնք թափեցին սուրբերուն եւ մարգարէներուն արիւնը. դուն արիւն խմել տուիր անոնց՝ քանի որ արժանի են»:

Revelation 18:20-24

20 Ուրախացէ՛ք անոր համար, երկի՛նք, եւ դո՛ւք՝ սո՛ւրբ առաքեալներ ու մարգարէներ, քանի որ Աստուած ձեր վրէժը առաւ՝՝ անկէ»:21 Հզօր հրեշտակ մը վերցուց քար մը՝ մեծ ջաղացքի քարի պէս, ու նետեց ծովը՝ ըսելով. «Ա՛յսպէս սաստկութեամբ պիտի խորտակուի Բաբելոն մեծ քաղաքը եւ ա՛լ բնա՛ւ պիտի չգտնուի:22 Քնարահարներուն, երաժիշտներուն, սրնգահարներուն ու փողահարներուն ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուի քու մէջդ. ա՛լ արհեստաւոր մը պիտի չգտնուի քու մէջդ, ի՛նչ արհեստէ ալ ըլլայ. ջաղացքի քարին ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուի քու մէջդ.23 ճրագին լոյսը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չփայլի քու մէջդ. փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուին քու մէջդ. քանի որ երկրի մեծամեծներն էին քու առեւտրականներդ, ու բոլոր ազգերը մոլորեցան քու կախարդութեամբդ»:24 Եւ մարգարէներուն, սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր մորթուածներուն արիւնը գտնուեցաւ անոր մէջ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.