Revelation 11:9 Cross References - Armenian

9 Եւ ժողովուրդները, տոհմերը, լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները՝ երեք ու կէս օր, ու թոյլ պիտի չտան որ անոնց դիակները դրուին գերեզմանի մէջ:

Matthew 7:2

2 Որովհետեւ ի՛նչ դատաստանով որ դատէք՝ անո՛վ պիտի դատուիք, եւ ի՛նչ չափով որ չափէք՝ անո՛վ պիտի չափուի ձեզի:

Revelation 5:8

8 Երբ առաւ գիրքը, չորս էակներն ու քսանչորս երէցները ինկան Գառնուկին առջեւ եւ երկրպագեցին. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր քնար մը, ու ոսկիէ սկաւառակ մը՝ խունկերով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են:

Revelation 10:11

11 Ան ալ ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն դարձեալ մարգարէանաս շատ ժողովուրդներու, ազգերու, լեզուներու եւ թագաւորներու մասին»:

Revelation 11:2-3

2 Բայց ձգէ՛ գաւիթը՝ որ տաճարէն դուրս է, ու մի՛ չափեր զայն, որովհետեւ ան տրուած է հեթանոսներուն. անոնք ոտնակոխ պիտի ընեն սուրբ քաղաքը՝ քառասուներկու ամիս:3 Ես զօրութիւն պիտի տամ իմ երկու վկաներուս, եւ անոնք՝ քուրձ հագած՝ պիտի մարգարէանան հազար երկու հարիւր վաթսուն օր:

Revelation 11:11

11 Երեք ու կէս օր ետք, Աստուծմէ եկող կեանքի հոգի մտաւ անոնց մէջ, կայնեցան իրենց ոտքերուն վրայ, ու մեծ վախ համակեց զիրենք տեսնողները՝՝:

Revelation 13:7

7 Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ սուրբերուն հետ պատերազմելու եւ յաղթելու անոնց: Անոր իշխանութիւն տրուեցաւ բոլոր տոհմերուն (եւ ժողովուրդներուն) ու լեզուներուն եւ ազգերուն վրայ:

Revelation 17:15

15 Նաեւ ըսաւ ինծի. «Այն ջուրերը՝ որ տեսար, որոնց վրայ բազմած էր պոռնիկը, ժողովուրդներ են, բազմութիւններ, ազգեր եւ լեզուներ:

Revelation 19:17-18

17 Տեսայ նաեւ հրեշտակ մը՝ որ կայնած էր արեւին մէջ: Ան բարձրաձայն աղաղակեց երկինքի մէջտեղ թռչող բոլոր թռչուններուն. «Եկէ՛ք ու հաւաքուեցէ՛ք Աստուծոյ մեծ ընթրիքին՝՝,18 որպէսզի ուտէք թագաւորներուն մարմինները, հազարապետներուն մարմինները, հզօրներուն մարմինները, ձիերուն եւ անոնց վրայ հեծնողներուն մարմինները, ու բոլորին մարմինները, ազատներուն թէ ստրուկներուն, պզտիկներուն թէ մեծերուն»:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.