1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը, եւ Տիմոթէոս եղբայրը, Փիլիմոնի՝ մեր սիրելիին ու գործակիցին,2 Ապփիա սիրելիին, Արքիպպոսի՝ մեր զինակիցին, ու քու տանդ մէջ հաւաքուող եկեղեցիին.3 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:4 Շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս՝ ամէն ատեն յիշելով քեզ իմ աղօթքներուս մէջ,5 երբ կը լսեմ քու սիրոյդ եւ հաւատքիդ մասին՝ որ ունիս Տէր Յիսուսի ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ,6 որպէսզի քու հաւատքիդ հաղորդակցութիւնը արդիւնաւոր ըլլայ՝ Քրիստոս Յիսուսով ձեր մէջ եղած ամէն բարիքի գիտակցութեամբ:7 Քանի որ մեծ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն ունինք քու սիրոյդ համար, որովհետեւ սուրբերուն սիրտը քեզմով հանգստացած է, եղբա՛յր:8 Ուստի, թէպէտ Քրիստոսով շատ համարձակութիւն ունիմ հրամայելու քեզի ինչ որ պատշաճ է,9 փոխարէնը կ՚աղաչե՛մ՝ սիրոյ համար, ըլլալով այնպիսի մէկը, ինչպէս եմ ես՝ Պօղոս, ծերացած, եւ հիմա՝ նաեւ Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը:10 Կ՚աղաչե՛մ քեզի զաւակիս՝ Ոնեսիմոսի համար, որ ծնայ իմ կապերուս մէջ:11 Ան ժամանակին անպէտ էր քեզի. իսկ հիմա պիտանի է թէ՛ քեզի, թէ՛ ինծի:12 Ետ ղրկեցի զայն քեզի. իսկ դուն ընդունէ՛ զինք իբր իմ սիրտս:13 Կ՚ուզէի իմ քովս պահել զայն, որպէսզի քու կողմէդ սպասարկէ ինծի՝ աւետարանի կապերուն մէջ.14 բայց ուզեցի ոչինչ ընել առանց քու կարծիքիդ, որպէսզի քու բարիքդ չըլլայ որպէս թէ հարկադրաբար, հապա՝ ըլլայ կամովին:15 Թերեւս ան ժամանակ մը զատուեցաւ, որպէսզի յաւիտեան ունենաս զինք.16 ա՛լ ո՛չ թէ ստրուկի մը պէս, հապա ստրուկէ մը գերիվեր՝ սիրելի եղբօր մը պէս: Ու եթէ սիրելի է մա՛նաւանդ ինծի, ո՜րչափ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմինի համեմատ, թէ՛ ալ Տէրոջմով:17 Ուրեմն եթէ զիս հաղորդակից կը նկատես՝՝ քեզի, ընդունէ՛ զայն՝ որպէս թէ զիս:18 Ու եթէ անիրաւած է քեզ կամ պարտք մը ունի, անցո՛ւր զայն իմ հաշիւիս:19 Ես՝ Պօղոս՝ գրեցի ի՛մ ձեռքովս. ես կը վճարեմ, որ չըսեմ քեզի թէ դո՛ւն ալ՝ դուն քեզ կը պարտիս ինծի:20 Այո՛, եղբա՛յր, քեզմէ այս օգուտը թող ունենամ Տէրոջմով. հանգստացո՛ւր իմ սիրտս Տէրոջմով:21 Վստահելով հնազանդութեանդ՝ գրեցի քեզի, քանի որ գիտեմ թէ ըսածէս ա՛լ աւելի պիտի ընես:22 Միաժամանակ ինծի ալ պատրաստէ հիւրանոց մը, որովհետեւ կը յուսամ թէ պիտի շնորհուիմ ձեզի՝ ձեր աղօթքներուն միջոցով:23 Կը բարեւէ քեզ Եպափրաս՝ գերութեան ընկերս Քրիստոս Յիսուսով.24 նաեւ Մարկոս, Արիստարքոս, Դեմաս, Ղուկաս՝ գործակիցներս:25 Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր հոգիին հետ: Ամէն:
Philemon Cross References - Armenian
Matthew 5:16
16 Ձեր լոյսը ա՛յնպէս թող փայլի մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառաբանեն ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է»:
Matthew 6:14-15
Matthew 10:40
40 «Ա՛ն որ ձեզ կ՚ընդունի՝ զի՛ս կ՚ընդունի. եւ ա՛ն որ զիս կ՚ընդունի՝ զիս ղրկո՛ղը կ՚ընդունի:
Matthew 12:48-50
Matthew 18:5
5 եւ ո՛վ որ կ՚ընդունի այսպիսի մանուկ մը՝ իմ անունովս, զի՛ս կ՚ընդունի»:
Matthew 18:21-35
21 Այն ատեն Պետրոս մօտեցաւ անոր եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ քանի՞ անգամ ներեմ անոր. մինչեւ եօ՞թը անգամ»:22 Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չեմ ըսեր՝ “մինչեւ եօթն անգամ ”, հապա՝ “մինչեւ եօթանասուն անգամ եօթը”:23 Ուստի երկինքի թագաւորութիւնը կը նմանի թագաւորի մը, որ ուզեց հաշիւ առնել իր ծառաներէն:24 Երբ սկսաւ հաշիւ առնել, տասը հազար տաղանդի պարտապան մը բերուեցաւ իրեն:25 Բայց ան վճարելու կարողութիւն չունենալով՝ անոր տէրը հրամայեց, որ ան ծախուի, նաեւ անոր կինն ու զաւակները եւ անոր ամբողջ ունեցածը, ու պարտքը վճարուի:26 Իսկ ծառան իյնալով՝ երկրպագեց անոր եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, համբերատա՛ր եղիր ինծի հանդէպ, ու ամէ՛նը պիտի վճարեմ քեզի”:27 Ծառային տէրը՝ գթալով՝ արձակեց զայն, եւ ներեց անոր պարտքը:28 Նոյն ծառան գնաց, գտաւ իր ծառայակիցներէն մէկը՝ որ հարիւր դահեկան կը պարտէր իրեն, ու բռնելով զայն՝ կը խեղդէր եւ կ՚ըսէր. “Վճարէ՛ ինծի ունեցած պարտքդ”:29 Ուստի իր ծառայակիցը ինկաւ անոր ոտքը, կ՚աղաչէր անոր ու կ՚ըսէր. “Համբերատա՛ր եղիր ինծի, եւ պիտի վճարեմ քեզի”:30 Բայց ինք չէր ուզեր. հապա գնաց ու բանտը նետել տուաւ զայն՝ մինչեւ որ վճարէր պարտքը:31 Երբ իր ծառայակիցները տեսան ինչ որ պատահեցաւ՝ շատ տրտմեցան, ու եկան եւ պատմեցին իրենց տիրոջ ամբողջ պատահածը:32 Այն ատեն անոր տէրը կանչեց զայն ու ըսաւ. “Չա՛ր ծառայ, այդ ամբողջ պարտքը ներեցի քեզի՝ քանի որ աղաչեցիր ինծի.33 ուրեմն պէտք չէ՞ր որ դո՛ւն ալ ողորմէիր ծառայակիցիդ, ինչպէս ես ողորմեցայ քեզի”:34 Եւ անոր տէրը բարկանալով՝ յանձնեց զայն տանջողներուն, մինչեւ որ վճարէր ամբողջ պարտքը:35 Իմ երկնաւոր Հայրս ալ նո՛յնպէս պիտի ընէ ձեզի, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր եղբօր սրտանց չներէ իր յանցանքները»:
Matthew 23:8
8 Բայց դուք մի՛ կոչուիք “ռաբբի”, որովհետեւ մէ՛կ է ձեր Ուսուցիչը՝ Քրիստոս,
Matthew 25:30
30 Իսկ նետեցէ՛ք այդ անպէտ ծառան դուրսի խաւարը. հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում”»:
Matthew 25:40
40 Թագաւորը պիտի պատասխանէ անոնց. “Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. "Քանի իմ այս եղբայրներուս փոքրագոյններէն մէկուն ըրիք՝ ինծի՛ ըրիք"”:
Mark 9:17
17 Ո՛ւր որ ալ բռնէ զայն՝ գետին կը զարնէ՝՝ զայն. ինք ալ կը փրփրի, իր ակռաները կը կրճտէ եւ կը ցամքի: Քու աշակերտներուդ ըսի որ հանեն զայն, բայց չկրցան»:
Mark 11:25
25 Երբ կայնիք աղօթքի, ներեցէ՛ք՝ եթէ մէկուն դէմ բան մը ունիք, որպէսզի ձեր Հայրն ալ՝ որ երկինքն է՝ ներէ ձեզի ձեր յանցանքները:
Luke 15:20
20 Ուստի կանգնեցաւ ու գնաց իր հօր քով: Մինչ ինք դեռ շատ հեռու էր՝ հայրը տեսաւ զայն եւ գթաց. վազելով՝ անոր վիզին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զայն:
Luke 15:24
24 որովհետեւ այս որդիս մեռած էր՝ եւ վերապրեցաւ, կորսուած էր՝ ու գտնուեցաւ”: Եւ սկսան զուարճանալ:
Luke 15:32
32 Սակայն պէտք էր զուարճանալ եւ ուրախանալ, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր՝ ու վերապրեցաւ, կորսուած էր՝ եւ գտնուեցաւ”»:
Luke 17:10
10 Նոյնպէս դուք, երբ ընէք ձեզի հրամայուած բոլոր բաները՝ ըսէ՛ք. “Մենք անպէտ ծառաներ ենք. ըրինք ինչ որ պարտական էինք ընել”»:
Acts 4:28
28 ընելու այն՝ ինչ որ քու ձեռքդ ու ծրագիրդ նախապէս որոշած էին՝ որ կատարուին:
Acts 9:17
17 Ուստի Անանիա գնաց, մտաւ այդ տունը, եւ դնելով ձեռքերը անոր վրայ՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, Տէ՛րը ղրկեց զիս, այն Յիսո՛ւսը՝ որ ճամբան երեւցաւ քեզի երբ կու գայիր, որպէսզի վերստին տեսնես ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս»:
Acts 9:39-41
39 Պետրոս ալ կանգնեցաւ ու գնաց անոնց հետ: Երբ հասաւ, հանեցին զինք վերնատունը: Բոլոր այրիները կայնեցան անոր շուրջ, կու լային եւ կը ցուցնէին այն բաճկոններն ու հանդերձները, որ Այծեմնիկ կը շինէր՝ երբ իրենց հետ էր:40 Պետրոս ալ՝ դուրս հանելով բոլորը՝ ծնրադրեց, աղօթեց, եւ դառնալով դէպի մարմինը՝ ըսաւ. «Տաբիթա՛, կանգնէ՛»: Ան ալ բացաւ իր աչքերը, ու տեսնելով Պետրոսը՝ ուղիղ նստաւ:41 Ինք ալ ձեռքը տուաւ անոր, կանգնեցուց զայն, եւ կանչելով սուրբերն ու այրիները՝ ողջ ներկայացուց զայն անոնց առջեւ:
Acts 12:12
12 Եւ գիտակից ըլլալով՝ գնաց Մարկոս մականուանեալ Յովհաննէսի մօր Մարիամի տունը, ուր շատեր համախմբուած կ՚աղօթէին:
Acts 12:25
25 Բառնաբաս եւ Սօղոս՝ երբ գործադրեցին իրենց յանձնուած սպասարկութիւնը՝ վերադարձան Երուսաղէմէն, իրենց հետ առնելով նաեւ Յովհաննէսը՝ որ Մարկոս մականուանեալ էր:
Acts 13:13
13 Պօղոս եւ իր ընկերակիցները նաւարկեցին Պափոսէն, ու գացին Պամփիւլիայի Պերգէն. բայց Յովհաննէս՝ զատուելով անոնցմէ՝ վերադարձաւ Երուսաղէմ:
Acts 15:37-39
Acts 16:15
15 Երբ ինք եւ իր ընտանիքը մկրտուեցան, աղաչեց՝ ըսելով. «Եթէ Տէրոջ հաւատարիմ կը սեպէք զիս, իմ տո՛ւնս մտէք ու հո՛ն մնացէք»: Եւ ստիպելով՝ տարաւ մեզ:
Acts 19:29
29 Ամբողջ քաղաքը լեցուեցաւ խառնաշփոթութեամբ, ու յափշտակելով Գայիոս եւ Արիստարքոս Մակեդոնացիները՝ Պօղոսի ճամբորդակիցները՝ բոլորը միաբանութեամբ վազեցին թատրոնը:
Acts 27:2
2 Մտնելով ադրամինտական նաւ մը՝ մեկնեցանք, եւ պիտի նաւարկէինք Ասիայի ծովեզերքէն. մեզի հետ էր նաեւ Արիստարքոս Մակեդոնացին՝ Թեսաղոնիկէէն:
Acts 28:23
23 Երբ որոշեցին օր մը անոր հետ, շատեր գացին անոր քով՝ իր հիւրանոցը: Անոնց կը բացատրէր Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ կը վկայէր անոր մասին. առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը համոզէր զանոնք՝ փաստարկելով Յիսուսի մասին թէ՛ Մովսէսի Օրէնքէն, թէ՛ ալ Մարգարէներէն:
Romans 1:7
Romans 3:12
12 Բոլո՛րը խոտորեցան, միասին անպէտ դարձան. ո՛չ մէկ բարիք ընող կայ, ո՛չ իսկ մէկ հատ»:
Romans 12:1
1 Ուրեմն կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, Աստուծոյ կարեկցութեամբ, որ ձեր մարմինները ներկայացնէք որպէս ապրող զոհ մը՝ սուրբ, աստուածահաճոյ. ա՛յդ է ձեր բանական պաշտամունքը:
Romans 12:13
13 Սուրբերու կարիքներուն հաղորդակի՛ց եղէք. հիւրասիրութեան հետամո՛ւտ եղէք:
Romans 15:24
24 երբ դէպի Սպանիա ճամբորդեմ՝ կը յուսամ ճամբորդութեանս ընթացքին ձեզի հանդիպիլ, ու ձեզմէ ուղարկուած հոն երթալ, անշուշտ նախ ձեզմով մասամբ յագենալէ ետք:25 Իսկ հիմա Երուսաղէմ կ՚երթամ՝ սուրբերուն սպասարկելու:26 Որովհետեւ Մակեդոնացիներն ու Աքայիացիները բարեհաճեցան հաղորդակից ըլլալ Երուսաղէմ եղող աղքատ սուրբերու կարիքներուն:
Romans 15:30-32
30 Կ՚աղաչե՛մ ձեզի, եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջմով՝ Յիսուս Քրիստոսով ու Հոգիին սիրով, որ պայքարիք ինծի հետ ձեր աղօթքներուն մէջ՝ որոնք Աստուծոյ ուղղուած են ինծի համար,31 որպէսզի ազատիմ Հրէաստանի անհնազանդներէն, եւ սուրբերէն ընդունուի Երուսաղէմի մէջ ընելիք իմ սպասարկութիւնս,32 ու ես ուրախութեամբ գամ ձեզի Աստուծոյ կամքով, եւ հանգստանամ ձեզի հետ:
Romans 16:5
5 նմանապէս եկեղեցին՝ որ անոնց տան մէջ է: Բարեւեցէ՛ք Եպենետոսը՝ իմ սիրելիս, որ Աքայիայի երախայրիքն է Քրիստոսի համար:
Romans 16:7
7 Բարեւեցէ՛ք Անդրոնիկոսն ու Յունիան, իմ ազգականներս ու գերութեան ընկերներս, որոնք երեւելի են առաքեալներուն մէջ եւ Քրիստոսի պատկանեցան ինձմէ ալ առաջ:
Romans 16:20
20 Եւ խաղաղութեան Աստուածը շուտով պիտի ջախջախէ Սատանան ձեր ոտքերուն տակ: Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեզի հետ:
Romans 16:23
23 Գայիոս՝ իմ եւ ամբողջ եկեղեցիին հիւրընկալը՝ կը բարեւէ ձեզ: Երաստոս՝ քաղաքին գանձապետը՝ կը բարեւէ ձեզ, նաեւ Կուարտոս եղբայրը:
1 Corinthians 3:9
9 որովհետեւ մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինուածքն էք:
1 Corinthians 4:15
15 Որովհետեւ՝ նոյնիսկ եթէ դուք տասը հազար վարժապետներ ունենաք Քրիստոսով, ո՛չ թէ շատ հայրեր ունիք. քանի որ Քրիստոս Յիսուսով ե՛ս ծնայ ձեզ՝ աւետարանին միջոցով:
1 Corinthians 7:22
22 Որովհետեւ ո՛վ որ կանչուած է Տէրոջմով՝ ստրուկ ըլլալով, Տէրոջ ազատագրեալն է. նմանապէս ո՛վ որ կանչուած է՝ ազատ ըլլալով, Քրիստոսի ստրուկն է:
1 Corinthians 9:1-2
1 Corinthians 9:7
7 Ո՞վ երբեք մարտնչելու կ՚երթայ իր սեփական ծախսով. ո՞վ այգի կը տնկէ եւ անոր պտուղէն չ՚ուտեր. կամ ո՞վ կը հովուէ ու հօտին կաթով չի սնանիր՝՝:
1 Corinthians 9:17
17 Քանի որ եթէ ասիկա կամովին ընեմ, վարձատրութիւն կ՚ունենամ. իսկ եթէ ակամայ՝ այդ ինծի վստահուած տնտեսութիւն մըն է:
1 Corinthians 14:25
25 Եւ այսպէս՝ անոր սիրտին գաղտնիքները երեւան կ՚ելլեն, ու երեսի վրայ իյնալով պիտի երկրպագէ Աստուծոյ, եւ յայտարարէ թէ ի՛րապէս Աստուած ձեր մէջ է:
1 Corinthians 16:1
1 Ինչ կը վերաբերի սուրբերուն համար ըլլալիք հանգանակութեան, ինչպէս պատուիրեցի Գաղատացիներու եկեղեցիներուն, դո՛ւք ալ այնպէս ըրէք:
1 Corinthians 16:17
17 Ուրախ եմ Ստեփանասի, Փորտունատոսի եւ Աքայիկոսի գալուստին համար, որովհետեւ իրե՛նք լրացուցին ձեր պակասը,
1 Corinthians 16:19
19 Ասիայի եկեղեցիները կը բարեւեն ձեզ. Տէրոջմով շատ կը բարեւեն ձեզ Ակիւղաս եւ Պրիսկիղա՝ իրենց տան մէջ եղող եկեղեցիին հետ:
1 Corinthians 16:21-22
2 Corinthians 1:1
1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը, Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն.
2 Corinthians 1:11
11 եւ կը յուսանք թէ ան տակաւին պիտի ազատէ: Դուք ալ կը գործակցիք՝ մեզի համար աղերսելով, որպէսզի շատեր շնորհակալ ըլլան մեր պատճառով՝ շատ անձերու աղօթքին միջոցով մեզի եղած շնորհին համար:
2 Corinthians 1:24
24 Ո՛չ թէ կը տիրենք ձեր հաւատքին վրայ, հապա գործակիցներ ենք ձեր ուրախութեան. որովհետեւ դուք հաւատքով կը կենաք:
2 Corinthians 2:2
2 Corinthians 3:2
2 Դո՛ւք էք մեր նամակը՝ մեր սիրտերուն մէջ գրուած, ճանչցուած ու կարդացուած բոլոր մարդոցմէն.
2 Corinthians 3:12
12 Ուրեմն, նկատելով որ ունինք այսպիսի յոյս մը, մեծ համարձակութեամբ կը վարուինք մեր խօսքին մէջ.
2 Corinthians 5:20
20 Ուրեմն մենք դեսպաններ ենք Քրիստոսի համար, որպէս թէ Աստուած կ՚աղաչէր ձեզի մեր միջոցով. կ՚աղերսենք ձեզի Քրիստոսի կողմէն, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ:
2 Corinthians 6:1
2 Corinthians 7:4
4 Մեծ է խօսքի համարձակութիւնս ձեզի հանդէպ, մեծ է ձեզմով պարծանքս, լեցուած եմ մխիթարութեամբ, չափազանց ուրախ եմ մեր ամբողջ տառապանքին մէջ:
2 Corinthians 7:4-7
4 Մեծ է խօսքի համարձակութիւնս ձեզի հանդէպ, մեծ է ձեզմով պարծանքս, լեցուած եմ մխիթարութեամբ, չափազանց ուրախ եմ մեր ամբողջ տառապանքին մէջ:5 Որովհետեւ՝ երբ մենք Մակեդոնիա հասանք՝ մեր մարմինը բնա՛ւ անդորրութիւն չունեցաւ, այլ ամէն կողմէ կը տառապէինք. դուրսէն կռիւներ կային, իսկ ներսէն՝ վախեր:6 Բայց Աստուած, որ խոնարհները կը մխիթարէ, մեզ մխիթարեց Տիտոսի գալուստով:7 Եւ ո՛չ միայն անոր գալուստով, այլ նաեւ այն մխիթարութեամբ՝ որով ինք մխիթարուած էր ձեզմով, երբ պատմեց մեզի ձեր տենչանքը, ձեր կոծը, ինծի հանդէպ ձեր ունեցած նախանձախնդրութիւնը, այնպէս որ ա՛լ աւելի ուրախացայ:
2 Corinthians 7:13
13 Ուստի ձեր մխիթարութեամբ մե՛նք մխիթարուեցանք. եւ ա՛լ աւելի ուրախացանք Տիտոսի ուրախութեան համար, որովհետեւ անոր հոգին հանգստացած էր բոլորէդ.
2 Corinthians 7:16
16 Ուստի կ՚ուրախանամ որ ամէն բանի մէջ վստահութիւն ունիմ ձեր վրայ:
2 Corinthians 8:12
12 Որովհետեւ եթէ նախապէս յօժարութիւն ըլլայ, տալը ընդունելի է՝ մէկու մը ունեցածին համեմատ, եւ ո՛չ թէ չունեցածին համեմատ:
2 Corinthians 8:22
2 Corinthians 9:5
5 Ուրեմն հարկաւոր համարեցի յորդորել եղբայրները, որ նախապէս գան ձեզի ու կանխաւ համախմբեն ձեր նախապէս ծանուցանած առատաձեռնութիւնը, որպէսզի ան պատրաստ ըլլայ իբր առատաձեռնութիւն, ո՛չ թէ իբր ագահութիւն:
2 Corinthians 9:7
7 Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ ինչպէս որոշած է իր սիրտին մէջ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ հարկադրաբար. որովհետեւ Աստուած կը սիրէ ցնծութեամբ տուողը:
2 Corinthians 9:12-14
12 որովհետեւ այս պաշտօնին սպասարկումը ո՛չ միայն կը լրացնէ սուրբերուն պակասը, այլ նաեւ կը ճոխանայ շատ շնորհակալութիւններով՝ ուղղուած Աստուծոյ:13 Այս սպասարկութեան փորձառութեամբ անոնք պիտի փառաւորեն Աստուած՝ Քրիստոսի աւետարանին ձեր դաւանած ենթարկումին համար, նաեւ ձեր առատաձեռն հաղորդակցութեան համար՝ անոնց եւ բոլորին հետ.14 ու պիտի աղերսեն ձեզի համար, կարօտնալով ձեզ Աստուծոյ գերազանց շնորհքին համար՝ որ ձեր մէջ է:
2 Corinthians 10:1-2
1 Ես ինքս՝ Պօղոս՝ կ՚աղաչե՛մ ձեզի Քրիստոսի հեզութեամբ եւ ազնուութեամբ, ես՝ որ ձեր ներկայութեան մէջ խոնարհ եմ, բայց բացակայ ըլլալով՝ խիզախ եմ ձեզի հանդէպ:2 Կ՚աղերսեմ որ ներկայ եղած ատենս խիզախ չըլլամ այն վստահութեամբ՝ որով կը մտածեմ յանդուգն ըլլալ ոմանց դէմ, որոնք մեր մասին կը մտածեն ա՛յնպէս՝ իբր թէ կ՚ընթանանք մարմնաւորապէս:
2 Corinthians 10:8
8 Քանի որ նոյնիսկ եթէ աւելի պարծենայի մեր իշխանութեան վրայ, որ Տէրը տուած է մեզի՝ շինութեան համար, եւ ո՛չ թէ ձեր քանդումին համար, պիտի չամչնայի:
2 Corinthians 11:21
21 Կը խօսիմ որպէս անպատուութիւն, իբր թէ մենք տկար եղած ըլլայինք. բայց ի՛նչ բանի մէջ որ մէկը յանդուգն է, (անմտութեամբ կը խօսիմ,) ե՛ս ալ յանդուգն եմ:
Galatians 4:19
19 Որդեակնե՛րս, ձեզի համար դարձեալ երկունքի ցաւ կը քաշեմ, մինչեւ որ Քրիստոս ձեր մէջ կերպաւորուի:
Galatians 4:28-29
Galatians 5:2
2 Ահա՛ ես՝ Պօղոս, ձեզի կ՚ըսեմ. «Եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ունենայ ձեզի»:
Galatians 5:6
6 Արդարեւ Քրիստոս Յիսուսի մէջ եղողին՝ ո՛չ թլփատութիւնը որեւէ ազդեցութիւն ունի, ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, հապա հաւա՛տքը՝ որ կը ներգործէ սիրով:
Galatians 5:10
10 Բայց ես ձեր մասին համոզուած եմ Տէրոջմով, թէ բնա՛ւ ուրիշ կերպ պիտի չմտածէք: Իսկ ա՛ն որ ձեզ կը վրդովէ՝ ո՛վ որ ըլլայ՝ պիտի կրէ իր դատապարտութիւնը:
Galatians 6:11
11 Նայեցէ՛ք, ո՛րքան մեծ գիրերով գրեցի ձեզի՝ ի՛մ ձեռքովս:
Galatians 6:18
18 Եղբայրնե՛ր, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը ձեր հոգիին հետ: Ամէն:
Ephesians 1:2
2 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
Ephesians 1:15
Ephesians 3:1
1 Ուստի ես՝ Պօղոս, Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը ձեզի՝ հեթանոսներուդ համար,
Ephesians 3:6
6 թէ հեթանոսները Քրիստոսով պիտի ըլլան ժառանգակից, մարմնակից, եւ իր խոստումին բաժնեկից՝ աւետարանին միջոցով,
Ephesians 4:1
1 Ուստի ես՝ Տէրոջ բանտարկեալը՝ կ՚աղաչե՛մ ձեզի, որ ձեր ընթացքը արժանավայել ըլլայ այն կոչումին՝ որով կանչուեցաք,
Ephesians 4:32
32 Եւ քա՛ղցր եղէք իրարու հանդէպ, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի:
Ephesians 5:4
4 ո՛չ ալ լրբութեան, յիմար խօսակցութեան կամ խեղկատակութեան, որոնք չեն պատշաճիր. այլ փոխարէնը շնորհակալութի՛ւն յայտնեցէք:
Ephesians 6:5-7
Ephesians 6:20
20 որուն համար ես դեսպան մըն եմ՝ շղթաներով. որպէսզի անով համարձակութեա՛մբ խօսիմ՝ ինչպէս պէտք է խօսիմ:
Philippians 1:3
3 Շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս՝ ձեզմէ ունեցած բոլոր յիշատակներուս համար,
Philippians 1:7
7 Իրաւացի ալ է ինծի այսպէս մտածել ձեր բոլորին մասին, քանի որ ձեզ ունիմ իմ սիրտիս մէջ՝՝, ու դուք բոլորդ հաղորդակցեցաք ինծի եղած շնորհքին՝ թէ՛ իմ կապերուս, թէ՛ ալ աւետարանին ջատագովութեան եւ հաստատութեան մէջ:8 Որովհետեւ Աստուած վկայ է թէ ո՛րքան կարօտցած եմ ձեզ բոլորդ՝ Քրիստոս Յիսուսի գութով,9 ու սա՛պէս կ՚աղօթեմ՝ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի առատանայ գիտակցութեամբ եւ ամբողջ դատողութեամբ,10 որպէսզի դուք զատորոշէք տարբեր բաները՝ անկեղծ եւ անսայթաք ըլլալու համար մինչեւ Քրիստոսի օրը,11 լեցուած արդարութեան պտուղներով Յիսուս Քրիստոսի միջոցով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովութեան համար:
Philippians 1:19
19 Քանի որ գիտեմ թէ ասիկա պիտի յանգի իմ փրկութեանս՝ ձեր աղերսանքներով ու Յիսուս Քրիստոսի Հոգիին օժանդակութեամբ,
Philippians 1:25-26
Philippians 2:1-2
Philippians 2:24
Philippians 2:30
30 քանի որ մահուան մօտեցաւ Քրիստոսի գործին համար՝ վտանգելով իր անձը, որպէսզի լրացնէ ինչ որ կը պակսէր ձեր կատարելիք պաշտօնին՝ ինծի հանդէպ:
Philippians 4:1
1 Հետեւաբար, սիրելի ու կարօտալի եղբայրնե՛րս, իմ ուրախութիւնս ու պսակս, ա՛յսպէս հաստատուն կեցէք Տէրոջմով, սիրելինե՛րս:
Philippians 4:3
3 Եւ կը խնդրեմ քեզմէ՛ ալ, իմ հարազատ լծակիցս, օգնէ՛ ասոնց՝ որ աւետարանին համար մարտնչեցան ինծի հետ, նաեւ Կղեմէսի եւ միւս գործակիցներուս հետ, որոնց անունները կեանքի գիրքին մէջ են:
Philippians 4:8
8 Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ՝ պատկառելի, ինչ որ՝ արդար, ինչ որ՝ անկեղծ, ինչ որ՝ սիրալիր, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութեամբ եւ ինչ որ գովելի է, ատո՛նց մասին մտածեցէք:
Colossians 1:1
1 Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս եղբայրը՝
Colossians 1:3
Colossians 1:7
7 ինչպէս սորվեցաք մեր սիրելի ծառայակիցէն՝ Եպափրասէն: Ան Քրիստոսի հաւատարիմ սպասարկու մըն է ձեզի համար,
Colossians 1:9
9 Հետեւաբար մենք ալ՝ այն օրէն երբ լսեցինք՝ չենք դադրիր աղօթելէ ձեզի համար, եւ խնդրելէ որ լեցուած ըլլաք անոր կամքին գիտակցութեամբ՝ ամբողջ իմաստութեամբ ու հոգեւոր ըմբռնումով,
Colossians 3:22
22 Ստրուկնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն ամէն բանի մէջ. ո՛չ թէ աչքի առջեւ ծառայելով՝ մարդահաճոներու պէս, հապա՝ պարզամտութեամբ, Տէրոջմէ՛ն վախնալով:
Colossians 4:9
9 Ոնեսիմոս հաւատարիմ եւ սիրելի եղբօր հետ՝ որ ձեզմէ է. իրենք պիտի գիտցնեն ձեզի ամէն ինչ որ կայ հոս:10 Կը բարեւէ ձեզ Արիստարքոս՝ գերութեան ընկերս. նաեւ Մարկոս՝ Բառնաբասի եղբօրորդին, (որուն մասին պատուէրներ ստացաք. ընդունեցէ՛ք զինք՝ եթէ գայ ձեզի,)11 եւ Յիսուս՝ որ Յուստոս կը կոչուի, որոնք թլփատութենէն են: Միայն ասո՛նք գործակցեցան ինծի՝ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ, եւ մխիթարութիւն եղան ինծի:12 Կը բարեւէ ձեզ Եպափրաս՝ Քրիստոսի ծառան, որ ձեզմէ է. ամէն ատեն աղօթքի մէջ կը պայքարի ձեզի համար, որպէսզի դուք կատարեալ ու լման կենաք՝ Աստուծոյ ամբողջ կամքին մէջ:
Colossians 4:14
Colossians 4:17
17 եւ ըսէ՛ք Արքիպպոսի. «Զգուշացի՛ր քու սպասարկութեանդ համար՝ որ ստացար Տէրոջմով, որպէսզի գործադրես զայն»:
1 Thessalonians 1:2
1 Thessalonians 2:2
2 հապա՝ նախապէս Փիլիպպէի մէջ չարչարուելէ եւ նախատուելէ ետք, ինչպէս գիտէք, Աստուծմով համարձակեցանք քարոզել ձեզի Աստուծոյ աւետարանը՝ շատ պայքարելով:
1 Thessalonians 2:6
6 եւ փառք չփնտռեցինք մարդոցմէ,- ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն:-
1 Thessalonians 2:13
13 Հետեւաբար մենք ալ անդադար շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ, որովհետեւ երբ ընդունեցիք Աստուծոյ խօսքը՝ որ մեզմէ լսեցիք, ընդունեցիք զայն ո՛չ թէ իբր մարդոց խօսք, հապա - ինչ որ ան ճշմա՛րտապէս է - որպէս Աստուծոյ խօսք. եւ ան կը ներգործէ նաեւ ձեր մէջ՝ որ կը հաւատաք:
1 Thessalonians 2:19
19 Քանի որ ի՞նչ է մեր յոյսը, կամ ուրախութիւնը, կամ մեր պարծանքին պսակը: Միթէ դո՛ւք չէ՞ք, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի առջեւ, անոր գալուստին ատենը.
1 Thessalonians 2:19-20
1 Thessalonians 3:2
2 եւ ղրկեցինք Տիմոթէո՛սը - մեր եղբայրը, Աստուծոյ սպասարկուն ու մեր գործակիցը Քրիստոսի աւետարանին մէջ -, ամրացնելու ձեզ եւ յորդորելու ձեր հաւատքին մէջ.
1 Thessalonians 3:7-9
7 Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, ձեր մասին մխիթարուեցանք մեր բոլոր տառապանքներուն ու հարկադրանքներուն մէջ՝ ձեր հաւատքով.8 որովհետեւ հիմա մենք կ՚ապրինք՝ եթէ դուք հաստատուն կենաք Տէրոջմով:9 Քանի որ ի՞նչպէս կրնանք շնորհակալ ըլլալ Աստուծմէ՝ ձեզի համար, այն ամբողջ ուրախութեան համար՝ որ ձեր պատճառով կ՚ուրախացնէ մեզ մեր Աստուծոյն առջեւ.
1 Thessalonians 3:9-9
9 Քանի որ ի՞նչպէս կրնանք շնորհակալ ըլլալ Աստուծմէ՝ ձեզի համար, այն ամբողջ ուրախութեան համար՝ որ ձեր պատճառով կ՚ուրախացնէ մեզ մեր Աստուծոյն առջեւ.
2 Thessalonians 1:1
1 Պօղոս, Սիղուանոս ու Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ մեր Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով.
2 Thessalonians 1:3
3 Պարտական ենք ամէն ատեն Աստուծմէ շնորհակալ ըլլալ ձեզի համար, եղբայրնե՛ր, ինչպէս որ արժանավայել է. քանի որ ձեր հաւատքը շատ կ՚աճի, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը կ՚աւելնայ իրարու հանդէպ:
2 Thessalonians 3:4
4 Ու մենք համոզում ունինք ձեր վրայ Տէրոջմով, թէ ինչ որ պատուիրեցինք ձեզի՝ կ՚ընէք եւ պիտի ընէք ալ:
1 Timothy 1:2
2 Տիմոթէոսի՝ հաւատքով հարազատ զաւակիս. շնորհք, ողորմութիւն ու խաղաղութիւն Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, եւ Քրիստոս Յիսուսէ՝ մեր Տէրոջմէն:
1 Timothy 6:2
2 Իսկ անոնք որ հաւատացեալ տէրեր ունին՝ թող չարհամարհեն զանոնք՝ որովհետեւ եղբայրներ են. այլ մանաւանդ թող ծառայեն անոնց յօժարութեամբ, քանի բարերարութենէն օգտուողները հաւատացեալ են ու սիրելի: Սորվեցո՛ւր այս բաները եւ յորդորէ՛:
2 Timothy 1:3
3 Շնորհապարտ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ նախնիքներուս նման՝ մաքուր խղճմտանքով, (անդադար կը յիշեմ քեզ իմ աղերսանքներուս մէջ՝ գիշեր ու ցերեկ,
2 Timothy 1:8
8 Ուրեմն մի՛ ամչնար մեր Տէրոջ վկայութեան համար, ո՛չ ալ ինծի՝ անոր բանտարկեալին համար. հապա մասնակցէ՛ աւետարանին չարչարանքներուն՝ Աստուծոյ զօրութեան համեմատ:
2 Timothy 1:16
16 Տէրը ողորմութիւն շնորհէ Ոնեսիփորոսի տան, որովհետեւ յաճախ կազդուրեց զիս եւ ամօթ չսեպեց շղթաս,
2 Timothy 2:3-4
2 Timothy 4:10-11
2 Timothy 4:11-11
11 միայն Ղուկաս ինծի հետ է: Ա՛ռ Մարկոսը եւ բե՛ր քեզի հետ, որովհետեւ պիտանի է ինծի՝ սպասարկութեան համար:
2 Timothy 4:22
22 Տէր Յիսուս Քրիստոս քու հոգիիդ հետ: Շնորհքը ձեզի հետ: Ամէն:
Titus 1:4
4 Տիտոսի՝ հարազատ զաւակիս հասարակաց հաւատքին համեմատ. շնորհք եւ խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝ մեր Փրկիչէն:
Titus 3:14
14 Մերիննե՛րն ալ թող սորվին մատակարար ըլլալ բարի գործերու՝ հարկաւոր կարիքներու համար, որպէսզի անպտուղ չըլլան:
Philemon 1:1-25
1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը, եւ Տիմոթէոս եղբայրը, Փիլիմոնի՝ մեր սիրելիին ու գործակիցին,
Philemon 1:1
1 Պօղոս՝ Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը, եւ Տիմոթէոս եղբայրը, Փիլիմոնի՝ մեր սիրելիին ու գործակիցին,
Philemon 1:1-2
Philemon 1:2-2
2 Ապփիա սիրելիին, Արքիպպոսի՝ մեր զինակիցին, ու քու տանդ մէջ հաւաքուող եկեղեցիին.3 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:4 Շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս՝ ամէն ատեն յիշելով քեզ իմ աղօթքներուս մէջ,5 երբ կը լսեմ քու սիրոյդ եւ հաւատքիդ մասին՝ որ ունիս Տէր Յիսուսի ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ,6 որպէսզի քու հաւատքիդ հաղորդակցութիւնը արդիւնաւոր ըլլայ՝ Քրիստոս Յիսուսով ձեր մէջ եղած ամէն բարիքի գիտակցութեամբ:7 Քանի որ մեծ ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն ունինք քու սիրոյդ համար, որովհետեւ սուրբերուն սիրտը քեզմով հանգստացած է, եղբա՛յր:
Philemon 1:7-25
Philemon 1:8-9
Philemon 1:9-25
9 փոխարէնը կ՚աղաչե՛մ՝ սիրոյ համար, ըլլալով այնպիսի մէկը, ինչպէս եմ ես՝ Պօղոս, ծերացած, եւ հիմա՝ նաեւ Յիսուս Քրիստոսի բանտարկեալը:
Philemon 1:9-9
Philemon 1:10
Philemon 1:12
12 Ետ ղրկեցի զայն քեզի. իսկ դուն ընդունէ՛ զինք իբր իմ սիրտս:13 Կ՚ուզէի իմ քովս պահել զայն, որպէսզի քու կողմէդ սպասարկէ ինծի՝ աւետարանի կապերուն մէջ.14 բայց ուզեցի ոչինչ ընել առանց քու կարծիքիդ, որպէսզի քու բարիքդ չըլլայ որպէս թէ հարկադրաբար, հապա՝ ըլլայ կամովին:15 Թերեւս ան ժամանակ մը զատուեցաւ, որպէսզի յաւիտեան ունենաս զինք.16 ա՛լ ո՛չ թէ ստրուկի մը պէս, հապա ստրուկէ մը գերիվեր՝ սիրելի եղբօր մը պէս: Ու եթէ սիրելի է մա՛նաւանդ ինծի, ո՜րչափ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմինի համեմատ, թէ՛ ալ Տէրոջմով:17 Ուրեմն եթէ զիս հաղորդակից կը նկատես՝՝ քեզի, ընդունէ՛ զայն՝ որպէս թէ զիս:18 Ու եթէ անիրաւած է քեզ կամ պարտք մը ունի, անցո՛ւր զայն իմ հաշիւիս:19 Ես՝ Պօղոս՝ գրեցի ի՛մ ձեռքովս. ես կը վճարեմ, որ չըսեմ քեզի թէ դո՛ւն ալ՝ դուն քեզ կը պարտիս ինծի:20 Այո՛, եղբա՛յր, քեզմէ այս օգուտը թող ունենամ Տէրոջմով. հանգստացո՛ւր իմ սիրտս Տէրոջմով:
Philemon 1:20-25
20 Այո՛, եղբա՛յր, քեզմէ այս օգուտը թող ունենամ Տէրոջմով. հանգստացո՛ւր իմ սիրտս Տէրոջմով:21 Վստահելով հնազանդութեանդ՝ գրեցի քեզի, քանի որ գիտեմ թէ ըսածէս ա՛լ աւելի պիտի ընես:22 Միաժամանակ ինծի ալ պատրաստէ հիւրանոց մը, որովհետեւ կը յուսամ թէ պիտի շնորհուիմ ձեզի՝ ձեր աղօթքներուն միջոցով:23 Կը բարեւէ քեզ Եպափրաս՝ գերութեան ընկերս Քրիստոս Յիսուսով.24 նաեւ Մարկոս, Արիստարքոս, Դեմաս, Ղուկաս՝ գործակիցներս:
Philemon 1:24-25
Hebrews 3:1
1 Ուստի, սո՛ւրբ եղբայրներ, երկնային կոչումին բաժնեկիցնե՛ր, ուշադի՛ր եղէք մեր դաւանութեան Առաքեալին ու Քահանայապետին՝ Քրիստոս Յիսուսի,
Hebrews 3:14
14 Արդարեւ մենք բաժնեկից եղած ենք Քրիստոսի, եթէ գէթ մինչեւ վախճանը հաստատ բռնենք մեր սկիզբի վստահութիւնը,
Hebrews 6:10
10 Քանի որ Աստուած անիրաւ չէ՝ որ մոռնայ ձեր գործը, եւ այն սէրը՝ որ ցոյց տուիք իր անունին համար, երբ սպասարկեցիք սուրբերուն ու կը սպասարկէք ալ:
Hebrews 13:17
17 Անսացէ՛ք ձեզ կառավարողներուն եւ ենթարկուեցէ՛ք անոնց, որովհետեւ անոնք կը հսկեն ձեր անձերուն վրայ՝ որոնց համար հաշիւ պիտի տան. որպէսզի ուրախութեա՛մբ ընեն այդ գործը, եւ ո՛չ թէ հառաչելով, քանի որ ատիկա օգտակար չէ ձեզի:
Hebrews 13:19
19 Բայց առաւելապէս կ՚աղաչե՛մ որ ընէք ատիկա, որպէսզի աւելի՛ շուտ վերադարձուիմ ձեզի:
Hebrews 13:23
23 Գիտցէ՛ք թէ մեր եղբայրը՝ Տիմոթէոս արձակուած է. եթէ շուտով գայ՝ անոր հետ պիտի տեսնեմ ձեզ:
James 2:5
5 Լսեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս. միթէ Աստուած չընտրե՞ց այս աշխարհի աղքատները՝ որոնք հարուստ են հաւատքով, ու ժառանգորդ արքայութեան՝ որ խոստացաւ զինք սիրողներուն:
James 2:14
14 Ի՞նչ օգուտ ունի, եղբայրնե՛րս, եթէ մէկը ըսէ թէ հաւատք ունի սակայն գործեր չունենայ. միթէ հաւատքը կրնա՞յ փրկել զինք:
James 2:17
17 Ա՛յդպէս ալ հաւատքը՝ եթէ գործեր չունենայ իրեն հետ՝ մեռած է ինքնիր մէջ:
James 5:16
16 Խոստովանեցէ՛ք իրարու ձեր յանցանքները, եւ աղօթեցէ՛ք իրարու համար, որպէսզի բժշկուիք: Արդարին ներգործող աղերսանքը շատ ազդեցիկ է:
James 5:19-20
1 Peter 1:5-8
5 Դուք Աստուծոյ զօրութեամբ ու հաւատքով պահպանուած էք փրկութեան համար, որ պատրաստ է յայտնուելու վերջին ատենը.6 ուստի ցնծացէ՛ք անով, թէպէտ հիմա՝ քիչ մը ատեն, եթէ պէտք ըլլայ, կը տրտմիք բազմազան փորձութիւններով,7 որպէսզի ձեր հաւատքին փորձը (որ կորստական ոսկիէն շատ աւելի պատուական է, թէպէտ ան կը փորձարկուի կրակով,) գտնուի գովեստով, պատիւով եւ փառքով՝ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան ատենը:8 Դուք կը սիրէք զայն՝ չտեսած. կը հաւատաք անոր՝ թէպէտ հիմա չէք տեսներ զայն, եւ կը ցնծաք անպատմելի ու փառաւոր ուրախութեամբ,
1 Peter 1:22-23
1 Peter 2:10
10 Ժամանակին ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք:11 Սիրելինե՛ր, կ՚աղաչե՛մ ձեզի, պանդուխտներու եւ գաղթականներու պէս՝ ե՛տ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք կը մարտնչին անձին դէմ:12 Պարկե՛շտ վարք ունեցէք հեթանոսներուն մէջ, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, այցելութեան օրը փառաւորեն Աստուած՝ տեսնելով ձեր բարի գործերը:
1 Peter 3:1
1 Նմանապէս դո՛ւք, կինե՛ր, հպատակեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն, որպէսզի եթէ նոյնիսկ ոմանք չանսան խօսքին, շահուին առանց խօսքի՝ կիներուն վարքով,
1 Peter 3:16
16 բարի՛ խղճմտանք ունեցէք, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, ամօթահար ըլլան անո՛նք՝ որ կը պախարակեն Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը:
1 Peter 5:1
1 Կը յորդորեմ ձեր մէջ եղող երէցները, ե՛ս ալ ըլլալով երէց իրենց պէս, Քրիստոսի չարչարանքներուն վկայ, նաեւ հաղորդակից այն փառքին՝ որ պիտի յայտնուի.-2 հովուեցէ՛ք Աստուծոյ հօտը՝ որ ձեր մէջ է, տեսուչ ըլլալով՝ ո՛չ թէ հարկադրաբար, հապա՝ կամովին. ո՛չ թէ ամօթալի շահախնդրութեամբ, հապա՝ յօժարութեամբ.3 ո՛չ ալ տիրապետելով թեմին վրայ, հապա՝ տիպար ըլլալով հօտին.
2 Peter 1:8
8 Որովհետեւ եթէ այս բաները ըլլան ձեր մէջ եւ աւելնան, անգործ ու անպտուղ չեն ըներ ձեզ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ճանաչումով:
1 John 1:3
3 ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ հաղորդութիւն ունենաք մեզի հետ: Մեր հաղորդութիւնը Հօրը հետ է, եւ իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ:
1 John 3:17
17 Բայց եթէ մէկը՝ որ ունի այս աշխարհի ապրուստը, տեսնելով իր կարօտեալ եղբայրը՝ իր գութը գոցէ անկէ, ի՞նչպէս անոր մէջ Աստուծոյ սէրը բնակած կ՚ըլլայ:
1 John 3:23
23 Սա՛ է անոր պատուիրանը, որ հաւատանք իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի անունին, ու սիրենք զիրար՝ ինչպէս պատուիրեց մեզի:
1 John 5:1-2
1 Ո՛վ որ կը հաւատայ թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է, ծնած է Աստուծմէ. եւ ո՛վ որ կը սիրէ ծնողը՝ կը սիրէ նաեւ անկէ ծնածը:
1 John 5:1
2 John 1:4
4 Մեծապէս ուրախացայ, գտնելով թէ զաւակներէդ ոմանք կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ, այն պատուիրանին համաձայն՝ որ ստացանք Հօրմէն:
2 John 1:12
12 Ձեզի գրելիք շատ բան ունէի, բայց չուզեցի գրել թուղթով ու մելանով. քանի որ կը յուսամ գալ ձեզի եւ խօսիլ դէմ առ դէմ, որպէսզի մեր ուրախութիւնը լման ըլլայ:
3 John 1:3-6
3 John 1:4
3 John 1:8
8 Ուրեմն մենք պարտաւոր ենք ընդունիլ այդպիսիները, որպէսզի գործակից ըլլանք ճշմարտութեան:
3 John 1:14
14 Սակայն կը յուսամ թէ շուտով պիտի տեսնեմ քեզ, եւ պիտի խօսինք դէմ առ դէմ: