Matthew 24:39 Cross References - Armenian

39 ու չգիտցան՝ մինչեւ որ ջրհեղեղը եկաւ եւ քշեց տարաւ բոլորը, այնպէս ալ պիտի ըլլայ մարդու Որդիին գալուստը:

Matthew 13:13-15

13 Ուստի առակներով կը խօսիմ անոնց, քանի որ տեսնելով՝ չեն տեսներ, ու լսելով՝ չեն լսեր, ո՛չ ալ կը հասկնան:14 Անոնց վրայ պիտի իրագործուի Եսայիի մարգարէութիւնը՝ որ կ՚ըսէ. “Շատ պիտի լսէք՝ բայց պիտի չհասկնաք. շատ պիտի տեսնէք՝ բայց պիտի չըմբռնէք:15 Որովհետեւ այս ժողովուրդին սիրտը թանձրացաւ, եւ իրենց ականջներով ծանր լսեցին ու գոցեցին իրենց աչքերը, որպէսզի աչքերով չտեսնեն, ականջներով չլսեն, սիրտով չհասկնան, եւ դարձի չգան, ու ես չբժշկեմ զանոնք”:

Matthew 24:37

37 Բայց ինչպէս Նոյի օրերուն պատահեցաւ, այնպէս ալ պիտի ըլլայ մարդու Որդիին գալուստը:

Luke 19:44

44 եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ. եւ ամե՛նեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն մէջդ, քանի որ չգիտցար այցելութեանդ ատենը»:

John 3:20

20 Որովհետեւ ո՛վ որ չարիք կը գործէ, անիկա կ՚ատէ լոյսը եւ չի գար լոյսին քով, որպէսզի չկշտամբուին իր գործերը:

Acts 13:41

41 “Տեսէ՛ք, արհամարհողներ, եւ զարմացէ՛ք ու ոչնչացէ՛ք. որովհետեւ պիտի կատարեմ արարք մը՝ ձեր օրերուն մէջ, այնպիսի արարք մը, որ եթէ մէկը պատմէ ձեզի՝ պիտի չհաւատաք”»:

Romans 1:28

28 Քանի չգնահատեցին պահել Աստուած իրենց գիտակցութեան մէջ, Աստուած ալ մատնեց զանոնք խոտելի միտքի մը՝ ընելու անպատշաճ բաներ:

2 Peter 3:5

5 Քանի որ անոնք կ՚ուզեն սա՛ թաքուն պահել, թէ երկինք վաղուց կար Աստուծոյ խօսքով, ու երկիր միասին կանգուն էր՝ ջուրերէն եւ ջուրերուն մէջտեղ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.