Luke 6:27 Cross References - Armenian

27 «Բայց կը յայտարարեմ ձեզի՝ որ մտիկ կ՚ընէք. “Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, բարի՛ք ըրէք ձեզ ատողներուն,

Matthew 5:43-45

43 «Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. “Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ”:44 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարի՛ք ըրէք անոնց՝ որ կ՚ատեն ձեզ, եւ աղօթեցէ՛ք անոնց համար՝ որ կը պախարակեն ու կը հալածեն ձեզ,45 որպէսզի ըլլաք ձեր երկնաւոր Հօր որդիները. որովհետեւ իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ, եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն վրայ:

Mark 4:24

24 Ապա ըսաւ անոնց. «Զգուշացէ՛ք թէ ի՛նչ կը լսէք. ա՛յն չափով որ դուք կը չափէք, նոյն չափով պիտի չափուի ձեզի. ու ձեզի՛ որ կը լսէք՝ պիտի աւելնայ:

Luke 6:22

22 Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ատեն ձեզ, ու երբ զատեն ձեզ իրենց ընկերութենէն, նախատեն եւ վարկաբեկեն ձեր անունը՝ մարդու Որդիին պատճառով:

Luke 6:35

35 Հապա դուք՝ սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները ու բարի՛ք ըրէք, փո՛խ տուէք՝ առանց փոխարէնը բան մը սպասելու, եւ ձեր վարձատրութիւնը շատ պիտի ըլլայ ու Ամենաբարձրին որդիները պիտի ըլլաք, որովհետեւ ան քաղցր է ապերախտներուն ու չարերուն հանդէպ:

Luke 8:8

8 Իսկ ուրիշներ ինկան լաւ հողի մէջ, ու բուսնելով՝ հարիւրապատիկ պտուղ տուին»: Երբ ըսաւ այս բաները՝ գոչեց. «Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:

Luke 8:15

15 Իսկ լաւ հողի մէջ ցանուածները անոնք են, որ խօսքը լսելով՝ պարկեշտ ու բարի սիրտի մը մէջ կը պահեն զայն, եւ համբերութեամբ պտուղ կ՚արտադրեն»:

Luke 8:18

18 Ուրեմն զգուշացէ՛ք թէ ի՛նչպէս կը լսէք. որովհետեւ ո՛վ որ ունի՝ պիտի տրուի անոր, իսկ ո՛վ որ չունի՝ անկէ պիտի առնուի նոյնիսկ ինչ որ ինք կը կարծէ թէ ունի»:

Luke 23:34

34 Յիսուս ըսաւ. «Հա՛յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ի՛նչ կ՚ընեն»: Յետոյ անոր հանդերձները բաժնելու ատեն՝ վիճակ ձգեցին:

Acts 10:38

38 Նազարէթէն եղող Յիսուսը, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ, շրջեցաւ բարիք գործելով ու բժշկելով բոլոր Չարախօսէն ճնշուածները, քանի որ Աստուած իրեն հետ էր.

Romans 12:17-21

17 Չարիքի փոխարէն չարիք մի՛ հատուցանեցէք ոեւէ մէկուն. մտադրեցէ՛ք ընել ինչ որ պարկեշտ է բոլոր մարդոց առջեւ:18 Որչափ կարելի է ձեզի՝ խաղաղութի՛ւն պահեցէք ամէն մարդու հետ:19 Սիրելինե՛ր, վրէժխնդիր մի՛ ըլլաք դուք ձեզի համար, հապա տե՛ղ տուէք Աստուծոյ բարկութեան. որովհետեւ գրուած է. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ,- կ՚ըսէ Տէրը»:20 Ուրեմն «եթէ քու թշնամիդ անօթեցած է՝ սնուցանէ՛ զայն, ու եթէ ծարաւցած է՝ խմցո՛ւր անոր. քանի որ այսպէս ընելով՝ կրակի կայծեր պիտի կուտակես անոր գլուխին վրայ»:21 Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիո՛վ յաղթէ չարին:

Galatians 6:10

10 Ուրեմն, քանի պատեհութիւն ունինք, բարի՛ք ընենք բոլորին, մա՛նաւանդ՝ հաւատքի ընտանիքէն եղողներուն:

1 Thessalonians 5:15

15 Զգուշացէ՛ք, ո՛չ մէկը չարիքի փոխարէն չարիք հատուցանէ ոեւէ մէկուն. հապա՝ ամէն ատեն հետամո՛ւտ եղէք բարիին, թէ՛ ձեր միջեւ, թէ՛ բոլորին հանդէպ:

3 John 1:11

11 Սիրելի՛ս, մի՛ նմանիր չարին, հապա՝ բարիին: Ա՛ն որ բարիք կ՚ընէ՝ Աստուծմէ է. բայց ա՛ն որ չարիք կ՚ընէ՝ տեսած չէ Աստուած:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.