22 Այդ աղքատը մեռաւ, ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զայն: Հարուստն ալ մեռաւ եւ թաղուեցաւ:
Luke 16:22 Cross References - Armenian
Matthew 8:11
11 Ձեզի կը յայտարարեմ թէ արեւելքէն եւ արեւմուտքէն շատե՛ր պիտի գան ու պիտի բազմին երկինքի թագաւորութեան մէջ՝ Աբրահամի, Իսահակի եւ Յակոբի հետ,
Matthew 13:38-43
38 արտը՝ աշխարհն է: Լաւ սերմը թագաւորութեան որդիներն են, բայց որոմը չարին որդիներն են:39 Թշնամին որ ցանեց զայն՝ Չարախօսն է, հունձքը՝ աշխարհի վախճանն է, եւ հնձողները՝ հրեշտակներն են:40 Ուրեմն ի՛նչպէս որ որոմը կը քաղուի ու կ՚այրուի կրակի մէջ, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ այս աշխարհի վախճանին:41 Մարդու Որդին պիտի ղրկէ իր հրեշտակները, եւ պիտի հաւաքեն իր թագաւորութենէն բոլոր գայթակղութիւններն ու անօրէնութիւն գործողները,42 եւ պիտի նետեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ. հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում:43 Այն ատեն արդարները պիտի փայլին արեւի պէս՝ իրենց Հօր թագաւորութեան մէջ: Ա՛ն որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ»:
Matthew 18:10
10 «Ուշադի՛ր եղէք որ չարհամարհէք այս պզտիկներէն մէկը. քանի որ կ՚ըսեմ ձեզի թէ երկինքի մէջ անոնց հրեշտակները ամէն ատեն կը տեսնեն երեսը իմ Հօրս՝ որ երկինքն է:
Matthew 24:31
31 Եւ ան պիտի ղրկէ իր հրեշտակները բարձրաձայն փողով, ու պիտի հաւաքեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը»:
Mark 8:36
36 Քանի որ ի՞նչ օգուտ է մարդուն՝ որ շահի ամբողջ աշխարհը, բայց կորսնցնէ իր անձը.
Luke 12:20
20 Բայց Աստուած ըսաւ անոր. “Անմի՛տ, այս գիշեր անձդ պիտի պահանջուի քեզմէ. ուստի որո՞ւ պիտի ըլլան այդ պատրաստած բաներդ”:
John 13:23
23 Աշակերտներէն մէկը կար՝ Յիսուսի քով նստած, որ Յիսուս կը սիրէր:
John 21:20
20 Պետրոս ետեւ դարձաւ, ու տեսաւ թէ իրեն կը հետեւէր այն աշակերտը՝ որ Յիսուս կը սիրէր. (ան նաեւ ինկեր էր անոր կուրծքին վրայ՝ ընթրիքին ատենը, եւ ըսեր էր. «Տէ՛ր, ո՞վ է ա՛ն՝ որ պիտի մատնէ քեզ».)
Hebrews 1:14
14 Միթէ անոնք բոլորը պաշտօն կատարող հոգիներ չե՞ն, ղրկուած սպասարկելու անոնց՝ որ պիտի ժառանգեն փրկութիւնը:
Hebrews 2:14
14 Ուրեմն, քանի որ զաւակները հաղորդակցեցան մարմինին ու արիւնին, ինք ալ նմանապէս բաժնեկից եղաւ անոնց, որպէսզի իր մահով ոչնչացնէ ա՛ն՝ որ մահուան իշխանութիւնը ունէր, այսինքն՝ Չարախօսը,
James 1:11
11 քանի որ արեւը կը ծագի այրող տաքութեամբ ու կը չորցնէ խոտը, անոր ծաղիկը կը թափի, եւ անոր տեսքին վայելչութիւնն ալ կը կորսուի: Այդպէս ալ հարուստը պիտի թառամի իր ճամբաներուն մէջ:
1 Peter 2:24
24 Ի՛նք քաւեց մեր մեղքերը խաչափայտին վրայ՝ իր մարմինով, որպէսզի՝ զերծ ըլլալով մեղքէն՝ ապրինք արդարութեան համար: Դուք անոր վէրքերո՛վ բժշկուեցաք.
Revelation 14:13
13 Ու լսեցի երկինքէն ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Գրէ՛. այժմէ՛ն իսկ երանելի են այն մեռելները՝ որ կը մեռնին Տէրոջմով»: «Այո՛,- կ՚ըսէ Հոգին,- թող հանգչին իրենց աշխատանքէն, քանի որ իրենց գործերը կը հետեւին իրենց»: