8 որովհետեւ այն խօսքերը որ տուիր ինծի՝ ես տուի անոնց, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմա՛րտապէս գիտցան թէ ես քեզմէ՛ ելայ, ու հաւատացին թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս:
John 17:8 Cross References - Armenian
Matthew 13:11
11 Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Քանի որ ձեզի՛ տրուած է գիտնալ երկինքի թագաւորութեան խորհուրդները, բայց անոնց տրուած չէ:
John 3:17
17 Քանի որ Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին՝ ո՛չ թէ աշխարհը դատապարտելու, հապա՝ որպէսզի աշխարհը փրկուի անով:
John 3:33
33 Ա՛ն որ կ՚ընդունի անոր վկայութիւնը, կը կնքէ թէ Աստուած ճշմարտախօս է.
John 6:68
68 Ուստի Յիսուս ըսաւ տասներկուքին. «Միթէ դո՞ւք ալ կ՚ուզէք երթալ»:
John 8:42
42 Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ Աստուած ըլլար ձեր Հայրը՝ պիտի սիրէիք զիս, որովհետեւ ես Աստուծմէ՛ ելայ ու եկայ. ո՛չ թէ ես ինձմէ եկայ, հապա ի՛նք ղրկեց զիս:
John 12:49
49 Որովհետեւ ես ինձմէ չխօսեցայ, հապա Հայրը՝ որ ղրկեց զիս, ի՛նք պատուիրեց ինծի թէ ի՛նչ պիտի ըսեմ եւ ի՛նչ պիտի խօսիմ:
John 14:10
10 Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ, ու Հայրը իմ մէջս է: Այն խօսքերը՝ որ կ՚ըսեմ ձեզի, ես ինձմէ չեմ ըսեր. հապա Հայրը՝ որ բնակած է իմ մէջս, անիկա՛ կ՚ընէ այդ գործերը:
John 15:15
15 Այլեւս ծառայ չեմ կոչեր ձեզ, որովհետեւ ծառան չի գիտեր թէ իր տէրը ի՛նչ կ՚ընէ. հապա ես բարեկա՛մ կոչեցի ձեզ, որովհետեւ ամէն ինչ որ լսեցի իմ Հօրմէս՝ գիտցուցի ձեզի:
John 16:27
27 քանի որ ի՛նք՝ Հայրը կը սիրէ ձեզ, որովհետեւ դուք սիրեցիք զիս ու հաւատացիք թէ ես Աստուծմէ ելայ:
John 16:30
30 Գիտենք հիմա՝ թէ դուն գիտես ամէն բան, եւ պէտք չունիս՝ որ մէկը հարցնէ քեզի որեւէ բան. ասո՛վ կը հաւատանք թէ Աստուծմէ ելար»:
John 17:6-7
John 17:14
14 Քու խօսքդ տուի անոնց, եւ աշխարհը ատեց զանոնք՝ որովհետեւ աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ:
John 17:18
18 Ինչպէս դուն աշխարհ ղրկեցիր զիս, ես ալ աշխարհ ղրկեցի զանոնք:
John 17:21
21 Որպէսզի բոլորն ալ մէ՛կ ըլլան, ինչպէս դուն՝ Հա՜յր՝ իմ մէջս, ու ես՝ քու մէջդ. որ անո՛նք ալ մէկ ըլլան մեր մէջ, որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս:
John 17:23
23 (ես՝ անոնց մէջ, ու դուն՝ իմ մէջս.) որպէսզի իրենք կատարելապէս մէկ ըլլան, եւ աշխարհը գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս, ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս սիրեցիր զիս:
John 17:25-26
1 Corinthians 11:23
23 Արդարեւ ես Տէրոջմէն ընդունեցի զայն՝ որ ձեզի ալ աւանդեցի, թէ Տէր Յիսուս՝ իր մատնուած գիշերը՝ հաց առաւ,
1 Corinthians 15:1
1 Եղբայրնե՛ր, կը գիտցնեմ ձեզի այն աւետարանը՝ որ քարոզեցի ձեզի, ու դուք ալ ընդունեցիք եւ անոր մէջ հաստատ կը կենաք:
Ephesians 3:2-8
2 (եթէ գոնէ լսած էք Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութեան մասին՝ որ տրուած է ինծի ձեզի համար,3 թէ ի՛նչպէս ան յայտնութեամբ գիտցուց ինծի այն խորհուրդը - ինչպէս նախապէս ալ համառօտաբար գրեցի ձեզի,4 որպէսզի՝ երբ կարդաք՝ կարենաք հասկնալ իմ ըմբռնումս Քրիստոսի խորհուրդին մասին -,5 որ ուրիշ սերունդներու մէջ մարդոց որդիներուն չգիտցուեցաւ, ինչպէս ան հիմա՝ Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ յայտնուած է իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն,6 թէ հեթանոսները Քրիստոսով պիտի ըլլան ժառանգակից, մարմնակից, եւ իր խոստումին բաժնեկից՝ աւետարանին միջոցով,7 որուն ես սպասարկու եղայ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ տրուեցաւ ինծի իր զօրութեան ներգործութեամբ:8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,
Ephesians 4:11-12
1 Thessalonians 2:13
13 Հետեւաբար մենք ալ անդադար շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ, որովհետեւ երբ ընդունեցիք Աստուծոյ խօսքը՝ որ մեզմէ լսեցիք, ընդունեցիք զայն ո՛չ թէ իբր մարդոց խօսք, հապա - ինչ որ ան ճշմա՛րտապէս է - որպէս Աստուծոյ խօսք. եւ ան կը ներգործէ նաեւ ձեր մէջ՝ որ կը հաւատաք:
1 Thessalonians 4:1
1 Ուրեմն, եղբայրնե՛ր, կը թախանձենք ձեզի ու կը յորդորենք ձեզ Տէր Յիսուսով, որպէսզի՝ ինչպէս ընդունեցիք մեզմէ թէ ի՛նչպէս պէտք է ընթանաք եւ հաճեցնէք Աստուած՝ ա՛լ աւելի ճոխանաք անոր մէջ,
1 John 4:14
14 Ու մենք տեսանք եւ կը վկայենք թէ Հայրը ղրկեց իր Որդին իբր աշխարհի Փրկիչ: