Ephesians 4:31 Cross References - Armenian

31 Ամէն տեսակ դառնութիւն, զայրոյթ, բարկութիւն, գոչիւն ու հայհոյութիւն թող վերցուին ձեզմէ՝ ամէն տեսակ չարամտութեան հետ:

Acts 19:28-29

28 Երբ լսեցին ասիկա, զայրոյթով լեցուած կ՚աղաղակէին. «Մե՜ծ է Եփեսացիներուն Արտեմիսը»:29 Ամբողջ քաղաքը լեցուեցաւ խառնաշփոթութեամբ, ու յափշտակելով Գայիոս եւ Արիստարքոս Մակեդոնացիները՝ Պօղոսի ճամբորդակիցները՝ բոլորը միաբանութեամբ վազեցին թատրոնը:

Acts 21:30

30 Ամբողջ քաղաքը շարժեցաւ ու ժողովուրդը խռնուեցաւ. Պօղոսը բռնելով՝ քաշեցին տաճարէն դուրս, եւ իսկոյն դռները գոցուեցան:

Acts 22:22-23

22 Անոնք մտիկ ըրին իրեն մինչեւ այս խօսքը, յետոյ բարձրացուցին իրենց ձայները եւ ըսին. «Վերցո՛ւր աշխարհէն այդպիսի մարդ մը, քանի որ չի պատշաճիր անոր ապրիլ»:23 Մինչ կը պոռային, իրենց հանդերձները կը նետէին ու փոշի կը ցանէին օդին մէջ,

Romans 1:29-30

29 Լեցուած ամէն տեսակ անիրաւութեամբ, պոռնկութեամբ, չարութեամբ, ագահութեամբ եւ չարամտութեամբ, լի նախանձով, մարդասպանութեամբ, հակամարտութեամբ, նենգութեամբ ու չարասրտութեամբ, եւ ըլլալով բանսարկու,30 բամբասող, Աստուած ատող, նախատող, ամբարտաւան, պոռոտախօս, չար բաներ հնարող, ծնողներու անհնազանդ,

Romans 3:14

14 «Անոնց բերանը լեցուն է անէծքով ու դառնութեամբ»:

1 Corinthians 5:8

8 հետեւաբար տօ՛ն կատարենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով, ո՛չ ալ չարամտութեան եւ չարութեան խմորով, հապա անկեղծութեան ու ճշմարտութեան անխմոր հացով:

1 Corinthians 14:20

20 Եղբայրնե՛ր, ըմբռնումով մանուկ մի՛ ըլլաք, հապա չարամտութեան մէջ մանուկ եղէք, իսկ ըմբռնումով՝ չափահաս:

2 Corinthians 12:20

20 Որովհետեւ կը վախնամ որ երբ գամ՝ գուցէ չգտնեմ ձեզ ուզածիս պէս, ու ես ալ՝ ձեզի համար՝ գտնուիմ ձեր չուզածին պէս. թերեւս ձեր մէջ ըլլան հակամարտութիւններ, նախանձներ, զայրոյթներ, հակառակութիւններ, բամբասանքներ, բանսարկութիւններ, յոխորտանքներ, խառնակութիւններ:

Galatians 5:20

20 կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, երկպառակութիւն, մրցակցութիւններ, զայրոյթ, հակառակութիւն, խռովութիւն, հերձուածներ,

Ephesians 4:26

26 Բարկացէ՛ք, բայց մի՛ մեղանչէք. արեւը թող մայր չմտնէ ձեր բարկացած վիճակին վրայ,

Colossians 3:8

8 Բայց հիմա դո՛ւք ալ թօթափեցէ՛ք սա՛ ամէնը.- բարկութիւնը, զայրոյթը, չարամտութիւնը, հայհոյութիւնը, լիրբ խօսքերը՝ ձեր բերանէն:

Colossians 3:19

19 Ամուսիննե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները եւ մի՛ դառնանաք անոնց դէմ:

1 Timothy 3:3

3 ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, հապա՝ ազնիւ, ոչ կռուազան, ոչ արծաթասէր,

1 Timothy 3:11

11 Նոյնպէս ալ անոնց կիները պէտք է ըլլան պատկառելի, ոչ չարախօս, հապա զգաստ, հաւատարիմ՝ ամէն բանի մէջ:

1 Timothy 5:13

13 Նաեւ կը սորվին դատարկապորտ ըլլալ՝ շրջելով տունէ տուն. եւ ո՛չ միայն դատարկապորտ, այլ նաեւ շաղակրատ ու հետաքրքրամոլ՝ խօսելով անպատեհ բաներ:

1 Timothy 6:4-5

4 այդպիսին հպարտացած է ու ոչինչ գիտէ, հապա վարակուած է վէճերու եւ բանակռիւներու ախտէն, որոնցմէ կը յառաջանան նախանձ, կռիւ, հայհոյութիւններ, չար ենթադրութիւններ,5 զրաբանութիւններ՝ միտքով ապականած ու ճշմարտութենէն զրկուած մարդոց, որ կը կարծեն թէ բարեպաշտութիւնը շահավաճառութիւն է. հեռացի՛ր այդպիսիներէն:

2 Timothy 2:23

23 Բայց հրաժարէ՛ յիմար եւ անիմաստ վէճերէն, գիտնալով որ կռիւներ կը ծնին անոնցմէ:

2 Timothy 3:3

3 անգութ, անհաշտ, չարախօս, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող,

Titus 1:7

7 Որովհետեւ եպիսկոպոսը՝ իբր Աստուծոյ տնտես՝ պէտք է ըլլայ անմեղադրելի. ոչ ինքնահաւան, ոչ բարկացող, ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող,

Titus 2:3

3 Տարեց կիներն ալ թող վարուին այնպէս՝ ինչպէս կը վայլէ սրբութեան, եւ ըլլան ո՛չ չարախօս, ո՛չ գինեմոլ, հապա՝ բարի բաներ սորվեցնող.

Titus 3:2-3

2 ո՛չ մէկուն հայհոյեն, ըլլան ո՛չ թէ կռուազան, հապա՝ ազնիւ, բոլորովին հեզութիւն ցոյց տալով ամէն մարդու:3 Որովհետեւ մե՛նք ալ ժամանակին անմիտ էինք, անհնազանդ, մոլորեալ, ու կը ծառայէինք զանազան ցանկութիւններու եւ հաճոյքներու. կը վարուէինք չարամտութեամբ ու նախանձով, հակակրելի էինք եւ կ՚ատէինք զիրար:

James 1:19

19 Հետեւաբար, սիրելի՛ եղբայրներս, ամէն մարդ թող արագ ըլլայ՝ լսելու մէջ, դանդաղ՝ խօսելու մէջ, դանդաղ՝ բարկանալու մէջ.

James 3:14-4:2

14 Բայց եթէ դառն նախանձ եւ հակառակութիւն ունենաք ձեր սիրտերուն մէջ, ճշմարտութեան դէմ մի՛ պարծենաք ու մի՛ ստէք:

James 4:11

11 Մի՛ բամբասէք զիրար, եղբայրնե՛ր: Ա՛ն որ կը բամբասէ իր եղբայրը կամ կը դատէ իր եղբայրը, կը բամբասէ Օրէ՛նքը եւ կը դատէ Օրէ՛նքը: Իսկ եթէ դատես Օրէնքը, ա՛լ Օրէնքը գործադրող չես, հապա՝ դատաւոր:

1 Peter 2:1

1 Ուրեմն, թօթափելով ամէն չարամտութիւն եւ ամէն նենգութիւն, կեղծաւորութիւնները, նախանձներն ու բոլոր բամբասանքները,

2 Peter 2:10-11

10 մա՛նաւանդ անոնք՝ որ կ՚ընթանան մարմինի ետեւէն՝ պղծութեան ցանկութեամբ, ու կ՚արհամարհեն տէրութիւնը: Յանդուգն եւ ինքնահաւան ըլլալով՝ չեն դողար փառաւորներուն հայհոյելով,11 մինչդեռ հրեշտակները՝ որ անոնցմէ աւելի մեծ են ոյժով ու կարողութեամբ՝ Տէրոջ առջեւ հայհոյալից դատավճիռ չեն արձակեր՝՝ անոնց դէմ:

1 John 3:12

12 Չըլլա՛նք Կայէնի պէս, որ Չարէն էր ու մորթեց իր եղբայրը: Եւ ինչո՞ւ մորթեց զայն. քանի որ իր գործերը չար էին, իսկ իր եղբօր գործերը՝ արդար:

1 John 3:15

15 Ո՛վ որ կ՚ատէ իր եղբայրը՝ մարդասպան է, եւ գիտէք թէ ո՛չ մէկ մարդասպանի մէջ կը բնակի յաւիտենական կեանքը:

Jude 1:8-10

8 Նմանապէս այս ցնորածներն ալ կը պղծեն մարմինը, կ՚անարգեն տէրութիւնը ու կը հայհոյեն փառքերը:9 Բայց Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ կը վիճէր Չարախօսին հետ՝ խօսելով Մովսէսի մարմինին մասին, չյանդգնեցաւ հայհոյալից դատավճիռ արձակել՝՝ անոր դէմ, հապա ըսաւ. «Տէ՛րը յանդիմանէ քեզ»:10 Մինչդեռ ասոնք կը հայհոյեն այն բաները՝ որ չեն գիտեր. իսկ ինչ որ գիտեն բնականաբար, անբան կենդանիներու պէս, կ՚ապականին այդ բաներուն մէջ:

Revelation 12:10

10 Ու լսեցի երկինքի մէջ հզօր ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Հի՛մա եղաւ մեր Աստուծոյն փրկութիւնը, զօրութիւնն ու թագաւորութիւնը, եւ անոր Օծեալին իշխանութիւնը. որովհետեւ խորտակուեցաւ մեր եղբայրներուն Ամբաստանողը, որ ցերեկ ու գիշեր կ՚ամբաստանէր զանոնք մեր Աստուծոյն առջեւ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.