8 անո՛վ ճոխացուց մեզ՝ ամբողջ իմաստութեամբ եւ ուշիմութեամբ:
Ephesians 1:8 Cross References - Armenian
Matthew 11:19
19 Մարդու Որդին եկաւ, կ՚ուտէ եւ կը խմէ, ու կ՚ըսեն. “Ահա՛ շատակեր ու գինեսէր մարդ մը, մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու բարեկամ”: Բայց իմաստութիւնը արդարացաւ իր զաւակներով»:
Romans 5:15
15 Բայց շնորհը յանցանքին պէս չէ. որովհետեւ եթէ մէկին յանցանքով շատեր մեռան, ա՛լ ո՜րչափ աւելի շատերուն վրայ առատացաւ Աստուծոյ շնորհքը, եւ պարգեւը՝ որ շնորհուեցաւ մէկ մարդու՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:
Romans 5:20-21
Romans 11:33
33 «Ո՛վ Աստուծոյ ճոխութեան, իմաստութեան ու գիտութեան խորութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները, եւ անզննելի՝ իր ճամբաները:
1 Corinthians 1:19-24
19 Որովհետեւ գրուած է. «Իմաստուններուն իմաստութիւնը պիտի կորսնցնեմ, ու խելացիներուն խելքը պիտի ջնջեմ»:20 Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է դպիրը, ո՞ւր է այս աշխարհի վիճաբանողը. միթէ Աստուած չյիմարացո՞ւց այս աշխարհի իմաստութիւնը:21 Արդարեւ՝ քանի աշխարհը իր իմաստութեամբ չճանչցաւ Աստուած՝ անոր իմաստութեան մէջ, Աստուած բարեհաճեցաւ քարոզութեան յիմարութեամբ փրկել անո՛նք՝ որ կը հաւատան.22 որովհետեւ Հրեաները նշան կը պահանջեն, եւ Յոյները իմաստութիւն կը փնտռեն,23 իսկ մենք կը քարոզենք խաչեալ Քրիստոսը, գայթակղութիւն՝ Հրեաներուն, ու յիմարութիւն՝ Յոյներուն.24 բայց անոնց որ կանչուած են, թէ՛ Հրեաներուն եւ թէ Յոյներուն, Քրիստոսը՝ Աստուծոյ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ իմաստութիւնը.
1 Corinthians 2:7
7 հապա՝ Աստուծո՛յ խորհրդաւոր եւ ծածկուած իմաստութեան մասին կը խօսինք, որ Աստուած դարերէն առաջ սահմանեց մեր փառքին համար:
Ephesians 1:11
11 Անով ստացանք նաեւ ժառանգութիւն մը, նախասահմանուած ըլլալով համաձայն առաջադրութեան անո՛ր՝ որ կը ներգործէ ամէն բան իր կամքին ծրագիրին համաձայն,
Ephesians 3:10
10 որպէսզի Աստուծոյ բազմակողմանի իմաստութիւնը՝ եկեղեցիին միջոցով հիմա գիտցուի երկնային վայրերու մէջ եղող պետութիւններուն եւ իշխանութիւններուն,
Colossians 2:3
3 որուն մէջ պահուած են իմաստութեան եւ գիտութեան բոլոր գանձերը:
Jude 1:25
25 մեր Փրկիչին՝ միա՛կ Աստուծոյ, (մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով) փա՜ռք ու մեծափառութի՜ւն, զօրութի՜ւն եւ իշխանութի՜ւն (բոլոր դարերէն առաջ,) հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ: Ամէն:
Revelation 5:12
12 Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է ընդունելու զօրութիւն, հարստութիւն, իմաստութիւն, ոյժ, պատիւ, փառք եւ օրհնաբանութիւն»: