9 Ոնեսիմոս հաւատարիմ եւ սիրելի եղբօր հետ՝ որ ձեզմէ է. իրենք պիտի գիտցնեն ձեզի ամէն ինչ որ կայ հոս:
Colossians 4:9 Cross References - Armenian
Colossians 4:7
7 Իմ մասիս ամէն ինչ պիտի գիտցնէ ձեզի Տիւքիկոս՝ սիրելի եղբայրը, հաւատարիմ սպասարկուն եւ ծառայակիցը Տէրոջմով:
Philemon 1:10-19
10 Կ՚աղաչե՛մ քեզի զաւակիս՝ Ոնեսիմոսի համար, որ ծնայ իմ կապերուս մէջ:11 Ան ժամանակին անպէտ էր քեզի. իսկ հիմա պիտանի է թէ՛ քեզի, թէ՛ ինծի:12 Ետ ղրկեցի զայն քեզի. իսկ դուն ընդունէ՛ զինք իբր իմ սիրտս:13 Կ՚ուզէի իմ քովս պահել զայն, որպէսզի քու կողմէդ սպասարկէ ինծի՝ աւետարանի կապերուն մէջ.14 բայց ուզեցի ոչինչ ընել առանց քու կարծիքիդ, որպէսզի քու բարիքդ չըլլայ որպէս թէ հարկադրաբար, հապա՝ ըլլայ կամովին:15 Թերեւս ան ժամանակ մը զատուեցաւ, որպէսզի յաւիտեան ունենաս զինք.16 ա՛լ ո՛չ թէ ստրուկի մը պէս, հապա ստրուկէ մը գերիվեր՝ սիրելի եղբօր մը պէս: Ու եթէ սիրելի է մա՛նաւանդ ինծի, ո՜րչափ աւելի պիտի ըլլայ քեզի՝ թէ՛ մարմինի համեմատ, թէ՛ ալ Տէրոջմով:17 Ուրեմն եթէ զիս հաղորդակից կը նկատես՝՝ քեզի, ընդունէ՛ զայն՝ որպէս թէ զիս:18 Ու եթէ անիրաւած է քեզ կամ պարտք մը ունի, անցո՛ւր զայն իմ հաշիւիս:19 Ես՝ Պօղոս՝ գրեցի ի՛մ ձեռքովս. ես կը վճարեմ, որ չըսեմ քեզի թէ դո՛ւն ալ՝ դուն քեզ կը պարտիս ինծի: