Colossians 1:3 Cross References - Armenian

3 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝՝: Ամէն ատեն աղօթելով ձեզի համար՝ շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ ու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօրմէն,

Romans 1:8-9

8 Նախ շնորհակալ եմ ձեր բոլորին համար իմ Աստուծմէս՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որ ձեր հաւատքը կը պատմուի ամբողջ աշխարհի մէջ:9 Քանի որ վկայ է ինծի Աստուած, որ ես կը պաշտեմ հոգիովս՝ անոր Որդիին աւետարանը քարոզելով,

1 Corinthians 1:4

4 Ամէն ատեն շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս ձեզի համար, քանի որ Աստուծոյ շնորհքը տրուած է ձեզի Քրիստոս Յիսուսով,

Ephesians 1:15

15 Ուստի ես ալ, լսելէ ետք Տէր Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր ունեցած սիրոյն մասին,

Ephesians 3:14-19

14 Ուստի կը ծնրադրեմ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօր առջեւ,15 որմէ կ՚անուանուի ամէն գերդաստան՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ,16 որպէսզի շնորհէ ձեզի՝ իր փառքին ճոխութեան համեմատ՝ զօրութեամբ ուժովնալ ներքին մարդուն մէջ, իր Հոգիին միջոցով.17 որպէսզի Քրիստոս բնակի ձեր սիրտերուն մէջ՝ հաւատքով, եւ դուք՝ սիրոյ մէջ արմատանալով ու հիմնուելով՝18 կարողանաք ըմբռնել բոլոր սուրբերուն հետ թէ ի՛նչ է լայնութիւնը, երկայնութիւնը, խորութիւնը եւ բարձրութիւնը.19 այսինքն գիտնալ Քրիստոսի սէրը, որ գիտութենէն գերազանց է, որպէսզի լեցուիք Աստուծոյ ամբողջ լիութեամբ:

Philippians 1:3-5

3 Շնորհակալ կ՚ըլլամ իմ Աստուծմէս՝ ձեզմէ ունեցած բոլոր յիշատակներուս համար,4 ամէն ատեն՝ ամէն աղերսանքիս մէջ: Ուրախութեամբ կ՚աղերսեմ ձեր բոլորին համար,5 քանի որ հաղորդակից եղաք աւետարանին՝ առաջին օրէն մինչեւ հիմա.

Philippians 1:9-11

9 ու սա՛պէս կ՚աղօթեմ՝ որ ձեր սէրը հետզհետէ աւելի առատանայ գիտակցութեամբ եւ ամբողջ դատողութեամբ,10 որպէսզի դուք զատորոշէք տարբեր բաները՝ անկեղծ եւ անսայթաք ըլլալու համար մինչեւ Քրիստոսի օրը,11 լեցուած արդարութեան պտուղներով Յիսուս Քրիստոսի միջոցով՝ Աստուծոյ փառքին ու գովութեան համար:

Philippians 4:6

6 Մի՛ մտահոգուիք որեւէ բանի համար. հապա ամէն բանի մէջ՝ աղօթքով ու աղերսանքով, շնորհակալութեամբ միասին, գիտցուցէ՛ք ձեր խնդրանքները Աստուծոյ.

Colossians 1:9

9 Հետեւաբար մենք ալ՝ այն օրէն երբ լսեցինք՝ չենք դադրիր աղօթելէ ձեզի համար, եւ խնդրելէ որ լեցուած ըլլաք անոր կամքին գիտակցութեամբ՝ ամբողջ իմաստութեամբ ու հոգեւոր ըմբռնումով,

Colossians 1:13

13 եւ ազատեց մեզ խաւարի իշխանութենէն ու փոխադրեց իր սիրելի Որդիին թագաւորութեան.

1 Thessalonians 1:2

2 շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: Ամէն ատեն շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ՝ ձեր բոլորին համար, յիշելով ձեզ մեր աղօթքներուն մէջ,

1 Thessalonians 3:10-13

10 գիշեր ու ցերեկ չափազանց կ՚աղերսենք, որպէսզի տեսնենք ձեր երեսը եւ լրացնենք ինչ որ կը պակսի ձեր հաւատքին:11 Նոյնինքն Աստուած՝ մեր Հայրը, ու մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, թող ուղղեն մեր ճամբան դէպի ձեզ:12 Տէրը թող աճեցնէ եւ առատացնէ ձեր սէրը իրարու հանդէպ ու բոլորին հանդէպ, ինչպէս մենք ունինք ձեզի հանդէպ,13 որպէսզի ամրացնէ ձեր սիրտերը՝ սրբութեան մէջ անմեղադրելի ըլլալու Աստուծոյ եւ մեր Հօր առջեւ, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի գալուստին ատենը՝ իր բոլոր սուրբերուն հետ:

2 Thessalonians 2:16-17

16 Եւ մեր Տէրը՝ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոս, ու մեր Հայրը՝ Աստուած, որ սիրեց մեզ եւ տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն ու բարի յոյս՝ շնորհքով,17 թող մխիթարեն ձեր սիրտերը եւ ամրացնեն ձեզ ամէն բարի խօսքի ու գործի մէջ:

2 Timothy 1:3

3 Շնորհապարտ եմ Աստուծոյ, որ կը պաշտեմ նախնիքներուս նման՝ մաքուր խղճմտանքով, (անդադար կը յիշեմ քեզ իմ աղերսանքներուս մէջ՝ գիշեր ու ցերեկ,

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.