Acts 14:5 Cross References - Armenian

5 Երբ հեթանոսներն ու Հրեաները՝ իրենց պետերով՝ յարձակեցան, որ նախատեն եւ քարկոծեն զանոնք,

Matthew 5:44

44 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարի՛ք ըրէք անոնց՝ որ կ՚ատեն ձեզ, եւ աղօթեցէ՛ք անոնց համար՝ որ կը պախարակեն ու կը հալածեն ձեզ,

Luke 6:28

28 օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, աղօթեցէ՛ք ձեզ պախարակողներուն համար:

Acts 4:25-29

25 որ ըսիր քու ծառայիդ՝ Դաւիթի բերանով. “Ինչո՞ւ հեթանոսները մոլեգնեցան ու ժողովուրդները ունայն բաներ խոկացին.26 երկրի թագաւորները իրարու քով կայնեցան ու պետերը հաւաքուեցան՝ Տէրոջ դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ”:27 Որովհետեւ ճշմարտապէս (այս քաղաքին մէջ) հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս ու Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներուն հետ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին հետ,28 ընելու այն՝ ինչ որ քու ձեռքդ ու ծրագիրդ նախապէս որոշած էին՝ որ կատարուին:29 Եւ հիմա, Տէ՛ր, նայէ՛ անոնց սպառնալիքներուն, ու շնորհէ՛ քու ծառաներուդ՝ որպէսզի լման համարձակութեամբ քարոզենք քու խօսքդ,

Acts 14:19

19 Բայց երբ աշակերտները շրջապատեցին զինք՝ կանգնեցաւ, մտաւ քաղաքը, ու հետեւեալ օրը մեկնեցաւ Դերբէ՝ Բառնաբասի հետ:

Acts 17:5

5 Բայց չանսացող Հրեաները նախանձեցան, եւ քանի մը դատարկապորտ, գռեհիկ մարդիկ առնելով՝ բազմութիւն ժողվեցին, ամբողջ քաղաքին մէջ աղմուկ հանեցին, ու Յասոնի տան վրայ յարձակելով կը փնտռէին զանոնք՝ որ ամբոխին տանին:

2 Timothy 3:11

11 հալածանքներուս եւ չարչարանքներուս, որոնք պատահեցան ինծի Անտիոքի, Իկոնիոնի ու Լիւստրայի մէջ: Ի՜նչ հալածանքներ կրեցի. բայց Տէրը ազատեց զիս բոլորէն:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.