Acts 13:3 Cross References - Armenian

3 Ուստի՝ ծոմ պահելով ու աղօթելով՝ ձեռք դրին անոնց վրայ եւ ուղարկեցին:

Acts 6:6

6 Ասոնք ներկայացուցին առաքեալներուն. անոնք ալ աղօթելով՝ իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ:

Acts 8:15-17

15 որոնք հոն հասնելով՝ աղօթեցին անոնց համար, որպէսզի ստանան Սուրբ Հոգին:16 (Որովհետեւ դեռ անոնցմէ ոեւէ մէկուն վրայ իջած չէր, հապա միայն մկրտուած էին Տէր Յիսուսի անունով:)17 Այն ատեն իրենց ձեռքերը դրին անոնց վրայ, ու կը ստանային Սուրբ Հոգին:

Acts 9:17

17 Ուստի Անանիա գնաց, մտաւ այդ տունը, եւ դնելով ձեռքերը անոր վրայ՝ ըսաւ. «Սաւո՛ւղ եղբայր, Տէ՛րը ղրկեց զիս, այն Յիսո՛ւսը՝ որ ճամբան երեւցաւ քեզի երբ կու գայիր, որպէսզի վերստին տեսնես ու Սուրբ Հոգիով լեցուիս»:

Acts 13:2

2 Մինչ անոնք Տէրոջ պաշտօն կը կատարէին ու ծոմ կը պահէին, Սուրբ Հոգին ըսաւ. «Զատեցէ՛ք ինծի Բառնաբասը եւ Սօղոսը՝ այն գործին համար, որուն ես կանչած եմ զանոնք»:

Acts 14:23

23 Եւ անցնելով Պիսիդիայի մէջէն՝ գացին Պամփիւլիա:

Acts 14:26

26 Երբ եկան, հաւաքելով եկեղեցին՝ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց հետ, եւ թէ հաւատքի դուռը բացեր էր հեթանոսներուն:

Acts 15:40

40 Պօղոս ալ ընտրեց Շիղան ու մեկնեցաւ, եղբայրներէն յանձնարարուած ըլլալով Աստուծոյ շնորհքին,

Romans 10:15

15 Կամ ի՞նչպէս պիտի քարոզեն՝ եթէ չղրկուին, ինչպէս գրուած է. «Ի՜նչ գեղեցիկ են ոտքերը անոնց՝ որոնք խաղաղութիւն կ՚աւետեն, բարի բաներ կ՚աւետեն»:

1 Timothy 4:14

14 Անհոգ մի՛ ըլլար քու մէջդ եղած շնորհին հանդէպ, որ մարգարէութեամբ տրուեցաւ քեզի՝ երէցներուն ձեռնադրութեամբ:

1 Timothy 5:22

22 Աճապարելով ձեռք մի՛ դներ ոեւէ մէկուն վրայ, եւ մի՛ հաղորդակցիր ուրիշներուն մեղքերուն: Դուն քեզ մաքրակենցա՛ղ պահէ:

2 Timothy 1:6

6 Ուստի կը վերյիշեցնեմ քեզի՝ որ արծարծես Աստուծոյ շնորհը, որ տրուեցաւ քեզի՝ երբ ձեռնադրեցի քեզ.

2 Timothy 2:2

2 եւ ինչ որ լսեցիր ինձմէ շատ վկաներով՝ աւանդէ՛ հաւատարիմ մարդոց, որոնք ընդունակ ըլլան սորվեցնել նաեւ ուրիշներուն:

3 John 1:6

6 անոնք վկայեցին քու սիրոյդ մասին եկեղեցիին առջեւ: Եթէ ուղարկես զանոնք աստուածահաճոյ կերպով՝ լա՛ւ կ՚ընես.

3 John 1:8

8 Ուրեմն մենք պարտաւոր ենք ընդունիլ այդպիսիները, որպէսզի գործակից ըլլանք ճշմարտութեան:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.