2 John 1:13 Cross References - Armenian

13 Ընտրեալ քրոջդ զաւակները կը բարեւեն քեզ:

1 Peter 5:13

13 Կը բարեւէ ձեզ Բաբելոնի մէջ եղած եկեղեցին, որ ընտրուած է ձեզի հետ, նաեւ Մարկոս՝ իմ որդիս:

2 John 1:1-13

1 Երէցը՝ ընտրեալ տիկնոջ եւ անոր զաւակներուն, որ կը սիրեմ ճշմարտութեամբ, (ո՛չ միայն ես, այլ նաեւ բոլոր անոնք՝ որ գիտցած են ճշմարտութիւնը,)2 այն ճշմարտութեան համար՝ որ կը բնակի մեր մէջ ու յաւիտեան պիտի ըլլայ մեզի հետ.3 ձեզի հետ թող ըլլան շնորհք, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն՝ Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ, Հօրը Որդիէն, ճշմարտութեամբ եւ սիրով:4 Մեծապէս ուրախացայ, գտնելով թէ զաւակներէդ ոմանք կ՚ընթանան ճշմարտութեամբ, այն պատուիրանին համաձայն՝ որ ստացանք Հօրմէն:5 Հիմա կը թախանձեմ քեզի, տիկի՛ն, որ սիրենք զիրար. կը գրեմ քեզի ո՛չ թէ նոր պատուիրան մը, հապա ա՛ն՝ որ ունէինք սկիզբէն:6 Սէրը սա՛ է.- ընթանալ անոր պատուիրաններուն համաձայն: Եւ պատուիրանը սա՛ է.- ընթանալ սկիզբէն ի վեր ձեր լսածին համաձայն:7 Արդարեւ աշխարհ մտած են շատ մոլորեցուցիչներ, որոնք չեն դաւանիր թէ Յիսուս Քրիստոս մարմինով եկաւ: Այսպիսին մոլորեցուցիչ ու նեռ է:8 Զգուշացէ՛ք դուք ձեզի համար, որ չկորսնցնենք մեր աշխատանքը, հապա ստանանք լման վարձատրութիւն:9 Ո՛վ որ զանցառու կ՚ըլլայ եւ չի մնար Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, չունի Աստուած: Իսկ ա՛ն որ կը կենայ Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, ունի թէ՛ Հայրը, թէ՛ ալ Որդին:10 Եթէ մէկը գայ ձեզի ու չբերէ այս ուսուցումը, մի՛ ընդունիք զայն ձեր տունը, եւ մի՛ բարեւէք.11 որովհետեւ ո՛վ որ բարեւէ զայն՝ կը հաղորդակցի անոր չար գործերուն:12 Ձեզի գրելիք շատ բան ունէի, բայց չուզեցի գրել թուղթով ու մելանով. քանի որ կը յուսամ գալ ձեզի եւ խօսիլ դէմ առ դէմ, որպէսզի մեր ուրախութիւնը լման ըլլայ:13 Ընտրեալ քրոջդ զաւակները կը բարեւեն քեզ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.