17 Քանի որ մենք շատերուն պէս չենք, որոնք կը խարդախեն Աստուծոյ խօսքը. հապա անկեղծութեա՛մբ, Աստուծմէ ղրկուած եւ Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք՝ Քրիստոսով:
2 Corinthians 2:17 Cross References - Armenian
Matthew 24:24
24 Որովհետեւ սուտ Քրիստոսներ ու սուտ մարգարէներ պիտի ելլեն, եւ ցոյց պիտի տան մեծ նշաններ ու սքանչելիքներ, որպէսզի՝ եթէ կարելի ըլլայ՝ մոլորեցնեն ընտրեալնե՛րն իսկ:
Acts 20:20
20 ի՛նչպէս չընկրկեցայ օգտակար բաներէն որեւէ մէկը հաղորդելէ եւ սորվեցնելէ ձեզի՝ հրապարակաւ ու տուներու մէջ,
Acts 20:27
27 որովհետեւ չընկրկեցայ Աստուծոյ ամբողջ ծրագիրը հաղորդելէ ձեզի:
1 Corinthians 5:8
8 հետեւաբար տօ՛ն կատարենք՝ ո՛չ թէ հին խմորով, ո՛չ ալ չարամտութեան եւ չարութեան խմորով, հապա անկեղծութեան ու ճշմարտութեան անխմոր հացով:
2 Corinthians 1:12
12 Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ:
2 Corinthians 4:2
2 հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, խորամանկութեամբ չենք ընթանար եւ Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր. այլ ճշմարտութիւնը բացայայտելով մենք մեզ կը յանձնարարենք ամէն մարդու խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ:
2 Corinthians 11:13-15
13 Որովհետեւ այդպիսիները սուտ առաքեալներ են, նենգ գործաւորներ, որ իրենք զիրենք կը կերպարանափոխեն Քրիստոսի առաքեալներու:14 Եւ զարմանալի չէ, որովհետեւ նոյնինքն Սատանան լուսաւոր հրեշտակի կը կերպարանափոխուի:15 Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր սպասարկուներն ալ արդարութեան սպասարկուներու կերպարանափոխուին: Անոնց վախճանը պիտի ըլլայ իրենց գործերուն համեմատ:
1 Timothy 1:19-20
1 Timothy 4:1-3
1 Հոգին յատկապէս կ՚ըսէ թէ վերջին ատենները՝ ոմանք պիտի հեռանան հաւատքէն, ուշադրութիւն դարձնելով մոլորեցուցիչ ոգիներու եւ դեւերու վարդապետութիւններու:2 Կեղծաւորութեամբ սուտ պիտի խօսին, խանձուած խղճմտանք պիտի ունենան,3 պիտի արգիլեն ամուսնանալ ու ետ պիտի պահեն կերակուրներէն, որ Աստուած ստեղծեր է որպէսզի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը գիտցողները շնորհակալութեամբ ընդունին.
2 Timothy 2:6-18
6 Աշխատող մշակը պէտք է առաջի՛նը ըլլայ՝ պտուղներէն բաժին ստանալու:7 Հասկցի՛ր ինչ որ կ՚ըսեմ. Տէրը թող տայ քեզի ըմբռնում ամէն բանի մէջ:8 Յիշէ՛ թէ Դաւիթի զարմէն եղող Յիսուս Քրիստոս՝ մեռելներէն յարութիւն առած է, համաձայն իմ քարոզած աւետարանիս,9 որուն մէջ կը չարչարուիմ չարագործի մը պէս՝ մինչեւ անգամ կապերով. բայց Աստուծոյ խօսքը կապուած չէ:10 Ուստի կը տոկամ ամէն բանի՝ ընտրեալներուն համար, որպէսզի անոնք ալ հասնին այն փրկութեան՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ է՝ յաւիտենական փառքով:11 Այս խօսքը վստահելի է. որովհետեւ եթէ մեռանք անոր հետ, պիտի ապրինք ալ անոր հետ.12 եթէ տոկանք, պիտի թագաւորենք ալ անոր հետ: Եթէ ուրանանք զինք, ինք ալ պիտի ուրանայ մեզ.13 եթէ հաւատարիմ չըլլանք՝ ինք հաւատարիմ կը մնայ, չի կրնար ուրանալ ինքզինք:14 Յիշեցո՛ւր անոնց այս բաները, Տէրոջ առջեւ վկայելով որ բանակռիւ չընեն, ինչ որ պիտանի չէ, հապա միայն կը կործանէ լսողները:15 Ջանա՛ դուն քեզ գնահատելի ցոյց տալ Աստուծոյ առջեւ, ըլլալով այնպիսի գործաւոր մը՝ որ պիտի չամչնայ, շիտակ բացատրելով ճշմարտութեան խօսքը:16 Բայց հեռո՛ւ կեցիր սրբապիղծ ունայնաբանութիւններէն, քանի որ անոնք աւելի պիտի յառաջդիմեն ամբարշտութեան մէջ,17 եւ անոնց խօսքը պիտի ճարակէ քաղցկեղի պէս: Ասոնցմէ՛ են Հիմենոս եւ Փիղետոս,18 որոնք վրիպած են ճշմարտութենէն՝ ըսելով թէ մեռելներուն յարութիւնը արդէն եղած է, եւ կը կործանեն ոմանց հաւատքը:
2 Timothy 4:3-4
Titus 1:11
11 Պէտք է պապանձեցնել զանոնք. անոնք կը կործանեն ամբողջ տուներ, եւ կը սորվեցնեն անպատեհ բաներ՝ ամօթալի շահախնդրութեան համար:
Hebrews 11:27
27 Հաւատքո՛վ ձգեց Եգիպտոսը՝ առանց վախնալու թագաւորին զայրոյթէն, որովհետեւ հաստատ մնաց որպէս թէ տեսնելով Անտեսանելին:
2 Peter 2:1-3
1 Բայց նաեւ սուտ մարգարէներ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ պիտի ըլլան սուտ վարդապետներ, որոնք գաղտնի պիտի ներմուծեն կորստաբեր հերձուածներ, եւ ուրանալով զիրենք գնող Տէրը՝ արագահաս կորուստ պիտի բերեն իրենց վրայ:2 Շատեր պիտի հետեւին անոնց կորստաբեր ճամբաներուն՝՝, եւ անոնց պատճառով ճշմարտութեան ճամբան պիտի հայհոյուի:3 Անոնք ագահութեամբ ու շինծու խօսքերով պիտի շահագործեն ձեզ. սակայն անոնց դատաստանը՝ վաղուց պատրաստ ըլլալով՝ անգործ չէ, եւ անոնց կորուստը չի մրափեր:
1 John 4:1
1 Սիրելինե՛ր, մի՛ հաւատաք ամէն հոգիի, հապա քննեցէ՛ք հոգիները՝ թէ արդեօք Աստուծմէ՛ են. որովհետեւ շատ սուտ մարգարէներ երեւան ելած են աշխարհի մէջ:
2 John 1:7-11
7 Արդարեւ աշխարհ մտած են շատ մոլորեցուցիչներ, որոնք չեն դաւանիր թէ Յիսուս Քրիստոս մարմինով եկաւ: Այսպիսին մոլորեցուցիչ ու նեռ է:8 Զգուշացէ՛ք դուք ձեզի համար, որ չկորսնցնենք մեր աշխատանքը, հապա ստանանք լման վարձատրութիւն:9 Ո՛վ որ զանցառու կ՚ըլլայ եւ չի մնար Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, չունի Աստուած: Իսկ ա՛ն որ կը կենայ Քրիստոսի ուսուցումին մէջ, ունի թէ՛ Հայրը, թէ՛ ալ Որդին:10 Եթէ մէկը գայ ձեզի ու չբերէ այս ուսուցումը, մի՛ ընդունիք զայն ձեր տունը, եւ մի՛ բարեւէք.11 որովհետեւ ո՛վ որ բարեւէ զայն՝ կը հաղորդակցի անոր չար գործերուն:
Jude 1:4
4 Որովհետեւ քանի մը մարդիկ - որոնց դատապարտութիւնը վաղուց արձանագրուած է՝՝ - գաղտնի մտան ձեր մէջ, ամբարիշտներ՝ որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը այլափոխեցին ցոփութեան, եւ ուրացան միակ Տիրակալն ու մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը:
Revelation 2:14-15
Revelation 2:20
20 Սակայն քեզի դէմ ունիմ բան մը՝՝, որովհետեւ կը թոյլատրես Յեզաբէլի,- ինքզինք մարգարէուհի կոչող այդ կնոջ,- որ մոլորեցնէ իմ ծառաներս եւ սորվեցնէ անոնց պոռնկիլ ու կուռքերու զոհուածներ ուտել:
Revelation 12:9
9 Ուստի վտարուեցաւ մեծ վիշապը, այն նախկին օձը՝ Չարախօս ու Սատանայ կոչուած, որ մոլորեցուց ամբողջ երկրագունդը. վտարուեցաւ դէպի երկիր, եւ իր հրեշտակները վտարուեցան իրեն հետ:
Revelation 19:20
20 Գազանը բռնուեցաւ, եւ անոր հետ՝ սուտ մարգարէն, որ անոր առջեւ ըրաւ նշաններ՝ որոնցմով մոլորեցուց գազանին դրոշմը ընդունողներն ու անոր պատկերին երկրպագողները: Երկուքն ալ ողջ-ողջ նետուեցան ծծումբով վառող կրակի լիճը: