2 Corinthians 12:16 Cross References - Armenian

16 Սակայն ա՛յդպէս թող ըլլայ, ես ձեզ չծանրաբեռնեցի. բայց թերեւս մէկը ըսէ թէ խորամանկ ըլլալով՝ նենգութեամբ բռնեցի ձեզ:

2 Corinthians 1:12

12 Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ:

2 Corinthians 4:2

2 հապա հրաժարեցանք ամօթալի ծածուկ բաներէն, խորամանկութեամբ չենք ընթանար եւ Աստուծոյ խօսքը չենք խարդախեր. այլ ճշմարտութիւնը բացայայտելով մենք մեզ կը յանձնարարենք ամէն մարդու խղճմտանքին՝ Աստուծոյ առջեւ:

2 Corinthians 7:2

2 Ընդունեցէ՛ք մեզ՝՝: Ո՛չ մէկը անիրաւեցինք, ո՛չ մէկը ապականեցինք եւ ո՛չ մէկը կեղեքեցինք:

2 Corinthians 10:2-3

2 Կ՚աղերսեմ որ ներկայ եղած ատենս խիզախ չըլլամ այն վստահութեամբ՝ որով կը մտածեմ յանդուգն ըլլալ ոմանց դէմ, որոնք մեր մասին կը մտածեն ա՛յնպէս՝ իբր թէ կ՚ընթանանք մարմնաւորապէս:3 Քանի որ՝ թէպէտ մարմինով կ՚ընթանանք, ո՛չ թէ մարմինին համաձայն կը մարտնչինք.

2 Corinthians 11:9-10

9 Ձեր մէջ ներկայ եղած ատենս՝ երբ կարօտութեան մէջ էի, ձեզմէ ո՛չ մէկուն բեռ եղայ. որովհետեւ Մակեդոնիայէն եկող եղբայրնե՛րը լրացուցին ինչ որ կը պակսէր ինծի. եւ ամէն կերպով զգուշացայ ձեզի ծանրութիւն ըլլալէ, ու դարձեալ պիտի զգուշանամ:10 Քանի որ Քրիստոսի ճշմարտութիւնը իմ մէջս է, ո՛չ մէկը պիտի արգիլէ զիս այս պարծանքէն՝ Աքայիայի շրջանները:

2 Corinthians 12:13

13 Որովհետեւ ինչո՞վ ետ մնացիք միւս եկեղեցիներէն, բացի անով՝ որ ես բեռ չեղայ ձեզի: Ներեցէ՛ք ինծի այս անիրաւութիւնը:

1 Thessalonians 2:3

3 Որովհետեւ մեր յորդորը ո՛չ մոլորութենէ էր, ո՛չ անմաքրութենէ, ո՛չ ալ նենգութեամբ.

1 Thessalonians 2:5

5 Քանի որ մենք բնա՛ւ չգործածեցինք շողոքորթութեան խօսքեր,- ինչպէս գիտէք,- ո՛չ ալ ագահութեան պատրուակ մը,- Աստուած վկայ է.-

1 Peter 2:3

3 եթէ համտեսած էք Տէրոջ քաղցր ըլլալը:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.