30 Այս պատճառով շատեր ձեր մէջ տկար եւ հիւանդ են, ու շատեր ալ կը ննջեն:
1 Corinthians 11:30 Cross References - Armenian
Acts 13:36
36 Որովհետեւ Դաւիթ ննջեց՝ Աստուծոյ ծրագիրով սպասաւորելէ ետք իր սերունդին, դրուեցաւ իր հայրերուն քով եւ ապականութիւն տեսաւ:
1 Corinthians 11:32
32 Իսկ երբ կը դատուինք՝ կը պատժուինք Տէրոջմէն, որպէսզի չդատապարտուինք աշխարհի հետ:
1 Corinthians 15:51
51 Ահա՛ կը յայտնեմ ձեզի խորհուրդ մը. «Բոլորս պիտի չննջենք, բայց բոլորս ալ պիտի փոխուինք.
1 Thessalonians 4:14
14 Որովհետեւ սա՛ կը յայտարարենք ձեզի՝ Տէրոջ խօսքով, թէ մենք՝ մինչեւ Տէրոջ գալուստը ողջ մնացողներս՝ բնա՛ւ պիտի չկանխենք ննջեցեալները:
Hebrews 12:5-11
5 եւ մոռցաք այն յորդորը որ կը խօսի ձեզի հետ՝ որպէս թէ որդիներու հետ. «Որդեա՛կս, մի՛ անտեսեր Տէրոջ պատիժը, ու մի՛ պարտասիր՝ երբ կշտամբուիս իրմէ:6 Որովհետեւ Տէրը կը պատժէ իր սիրածը, եւ կը խարազանէ ամէն որդի՝ որ կ՚ընդունի»:7 Եթէ տոկաք պատիժի, Աստուած կը վերաբերի ձեզի հետ՝ իբր որդիներ. քանի որ ո՞վ է այն որդին՝ որուն հայրը չի պատժեր զինք:8 Իսկ եթէ ըլլաք առանց պատիժի՝ որուն բոլորը բաժնեկից են, ուրեմն ապօրինի զաւակ էք, եւ ո՛չ թէ հարազատ որդի:9 Յետոյ՝ երբ մեր մարմնաւոր հայրերը կը պատժէին մեզ, կը պատկառէինք անոնցմէ. շա՛տ աւելի պիտի չհպատակի՞նք հոգիներուն Հօր՝ որ ապրինք:10 Արդարեւ անոնք քիչ օրեր կը պատժէին մեզ՝ իրենց դատումին համաձայն. բայց Աստուած՝ մեր օգուտին համար, որպէսզի բաժին ստանանք իր սրբութենէն:11 Ո՛չ մէկ պատիժ նոյն պահուն կը թուի ուրախարար, հապա՝ տրտմարար. բայց յետոյ կու տայ արդարութեան խաղաղարար պտուղը՝ անով կրթուածներուն:
Revelation 3:19
19 Ես կը կշտամբեմ ու կը պատժեմ բոլոր սիրածներս. ուրեմն նախանձախնդի՛ր եղիր եւ ապաշխարէ՛: