Bible verses about "tithe" | Armenian

Matthew 19:21

21 Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ՝ գնա՛, ծախէ՛ ինչքդ եւ տո՛ւր աղքատներուն, ու գանձ պիտի ունենաս երկինքը. ապա հետեւէ՛ ինծի»:

Luke 11:42

42 «Բայց վա՜յ ձեզի՝ Փարիսեցիներուդ, որ կը վճարէք անանուխին, փեգենային եւ ամէն տեսակ բանջարեղէնի տասանորդը, բայց զանց կ՚ընէք իրաւունքը եւ Աստուծոյ սէրը. ասո՛նք պէտք է ընէիք, ու զանոնք չթողուիք:

1 Corinthians 9:13-14

13 Չէ՞ք գիտեր թէ սուրբ բաներուն պաշտօնեաները՝ տաճարէ՛ն կ՚ուտեն, եւ անոնք որ զոհասեղանին կը սպասաւորեն՝ զոհասեղանէ՛ն բաժին կ՚առնեն:14 Նոյնպէս ալ Տէրը պատուիրեց որ աւետարանը հռչակողները՝ աւետարանէն ապրին:

1 Timothy 5:8

8 Բայց եթէ մէկը չի հոգար իրենները ու մա՛նաւանդ իր ընտանիքը, ան ուրացած է հաւատքը, եւ աւելի գէշ է՝ քան անհաւատ մը:

Matthew 23:23

23 Վա՜յ ձեզի, կեղծաւո՛ր դպիրներ եւ Փարիսեցիներ, որ կը վճարէք անանուխին, սամիթին ու չամանին տասանորդը, բայց կը թողուք Օրէնքին աւելի ծանր բաները՝ իրաւունքը, կարեկցութիւնն ու հաւատքը. ասո՛նք պէտք է ընէիք, եւ զանոնք չձգէիք:

Matthew 6:24

24 «Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ. որովհետեւ կա՛մ պիտի ատէ մէկը եւ սիրէ միւսը, կա՛մ պիտի յարի մէկուն՝՝ ու արհամարհէ միւսը: Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային:

Matthew 5:42

42 Տո՛ւր քեզմէ ուզողին, ու երես մի՛ դարձներ անկէ՝ որ կ՚ուզէ փոխ առնել քեզմէ”»:

1 John 3:17

17 Բայց եթէ մէկը՝ որ ունի այս աշխարհի ապրուստը, տեսնելով իր կարօտեալ եղբայրը՝ իր գութը գոցէ անկէ, ի՞նչպէս անոր մէջ Աստուծոյ սէրը բնակած կ՚ըլլայ:

Hebrews 7:1-28

1 Արդարեւ այս Մելքիսեդեկն էր, Սաղէմի թագաւորն ու Ամենաբարձր Աստուծոյ քահանան, որ դիմաւորեց Աբրահամը՝ երբ ան կը վերադառնար թագաւորներու կոտորածէն, եւ օրհնեց զայն.2 Աբրահամ ալ տասանորդ տուաւ անոր իր բոլոր բաներէն: Ան նախ Արդարութեան թագաւոր է՝ թարգմանութեան համաձայն, ու յետոյ՝ նաեւ Սաղէմի թագաւոր, այսինքն՝ Խաղաղութեան թագաւոր:3 Առանց հօր, առանց մօր, առանց ազգաբանութեան, ան ունի ո՛չ օրերու սկիզբ, ո՛չ ալ կեանքի վախճան. բայց նմանցուած է Աստուծոյ Որդիին եւ մշտնջենապէս կը մնայ քահանայ:4 Ուրեմն տեսէ՛ք թէ ի՜նչ մեծ մէկն էր ան՝ որուն Աբրահամ նահապետն ալ տուաւ աւարին տասանորդը:5 Արդարեւ Ղեւիի որդիներէն եղողները, որոնք քահանայութիւն կը ստանան, Օրէնքին համաձայն պատուէր ունին տասանորդ առնելու ժողովուրդէն, այսինքն՝ իրենց եղբայրներէն, թէպէտ անոնք Աբրահամի մէջքէն ելած են:6 Բայց ա՛ն՝ որուն ազգաբանութիւնը անոնցմէ չէր, տասանորդ ստացաւ Աբրահամէն եւ օրհնեց խոստումները ունեցողը:7 Իսկ առանց որեւէ հակաճառութեան՝ կրտսե՛րը կ՚օրհնուի գերադասէն:8 Հոս՝ մահկանացո՛ւ մարդիկ տասանորդ կը ստանան, բայց հոն կը ստանայ ա՛ն՝ որուն համար վկայուած է թէ կ՚ապրի:9 Նաեւ կրնայ ըսուիլ թէ Ղեւի՛ ալ, որ տասանորդ կը ստանայ, տասանորդ տուաւ Աբրահամի միջոցով.10 որովհետեւ տակաւին իր հօր մէջքն էր՝ երբ Մելքիսեդեկ դիմաւորեց զայն:11 Ուրեմն, եթէ կատարելութիւնը Ղեւտացիներու քահանայութեամբ ըլլար, (քանի որ ժողովուրդը Օրէնքին տակ դրուեցաւ անոր ատենը,) ա՛լ ի՞նչ պէտք կար որ ուրի՛շ քահանայ մը ելլէր՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ, եւ չկոչուէր Ահարոնի կարգին համեմատ:12 Արդարեւ՝ քահանայութեան փոփոխումով՝ հարկ էր որ փոփոխութիւն ըլլար նաեւ Օրէնքին:13 Եւ իրաւ եղաւ, որովհետեւ ա՛ն՝ որուն մասին կ՚ըսուին այս բաները, կը պատկանէր ուրի՛շ տոհմի, որմէ ո՛չ մէկը մօտեցած էր զոհասեղանին.14 քանի որ յայտնի է թէ մեր Տէրը սերած է Յուդայի տոհմէն: Իսկ այդ տոհմին մասին Մովսէս ոչինչ ըսաւ՝ քահանայութեան վերաբերեալ:15 Ասիկա ա՛լ աւելի յայտնի է, քանի որ Մելքիսեդեկի նմանութեամբ ուրի՛շ քահանայ մը կ՚ելլէ,16 որ եղած է ո՛չ թէ մարմնաւոր պատուէրի մը Օրէնքին համաձայն, հապա՝ անքակտելի կեանքի մը զօրութեան համեմատ:17 Որովհետեւ կը վկայէ. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ»:18 Արդարեւ նախկին պատուէրը կը ջնջուի իր տկարութեան ու անշահեկանութեան համար,19 (որովհետեւ Օրէնքը ոչի՛նչ կատարեալ ըրաւ,) եւ անոր տեղ կը մտնէ լաւագոյն յոյս մը՝ որով կը մօտենանք Աստուծոյ:20 Եւ քանի որ ասիկա չեղաւ առանց երդումի, (որովհետեւ անոնք քահանայ եղած են առանց երդումի,21 իսկ ասիկա՝ երդումով, անո՛ր միջոցով՝ որ ըսաւ իրեն. «Տէրը երդում ըրեր է ու պիտի չզղջայ. “Դուն յաւիտեան քահանայ ես՝ Մելքիսեդեկի կարգին համեմատ”»,)22 Յիսուս երաշխաւոր եղաւ լաւագոյն ուխտի մը:23 Ի՛րապէս շատ եղած են քահանաները, քանի որ մահը կ՚արգիլէր որ անոնք միշտ մնան:24 Բայց ասիկա ունի անփոփոխ քահանայութիւն, որովհետեւ յաւիտեան կը մնայ:25 Ուստի կարող ալ է կատարելապէս փրկել անոնք՝ որ իրմով կու գան Աստուծոյ. որովհետեւ ինք միշտ կ՚ապրի՝ անոնց բարեխօս ըլլալու համար:26 Արդարեւ ճիշդ այսպիսի քահանայապետ մը կը պատշաճէր մեզի, սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած ու երկինքէն աւելի վեր բարձրացած:27 Անոր հարկաւոր չէ ամէն օր զոհ մատուցանել՝ միւս քահանայապետներուն պէս, նախ իր մեղքերուն համար, յետոյ ժողովուրդին մեղքերուն համար. որովհետեւ ինք ըրաւ ասիկա մէ՛կ անգամ ընդմիշտ՝ մատուցանելով ինքզինք:28 Արդարեւ՝ Օրէնքը քահանայապետ կը նշանակէ տկարութիւն ունեցող մարդիկ, բայց երդումին խօսքը՝ որ Օրէնքէն ետք էր՝ Որդի՛ն, որ կատարեալ եղած է յաւիտեան:

Luke 21:1-4

1 Մինչ կը նայէր, տեսաւ հարուստները՝ որ գանձանակը կը ձգէին իրենց ընծաները:2 Տնանկ այրի մըն ալ տեսաւ, որ երկու լումայ ձգեց հոն:3 Ուստի ըսաւ. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ այս աղքատ այրին՝ բոլորէն աւելի ձգեց.4 որովհետեւ անոնք իրենց առատութենէն ձգեցին Աստուծոյ ընծաներուն մէջ, բայց ասիկա ձգեց իր կարօտութենէն՝ իր ամբողջ ունեցած ապրուստը»:

Acts 20:35

35 Ամէն բան ցոյց տուի ձեզի, թէ ա՛յսպէս պէտք է աշխատիլ եւ օգնել տկարներուն, ու յիշել Տէր Յիսուսի խօսքը՝ որ ի՛նք ըսաւ. “Աւելի՛ երանելի է տա՛լը՝ քան ստանալը”»:

2 Corinthians 9:7

7 Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ ինչպէս որոշած է իր սիրտին մէջ, ո՛չ թէ տրտմութեամբ կամ հարկադրաբար. որովհետեւ Աստուած կը սիրէ ցնծութեամբ տուողը:

Luke 6:38

38 Տուէ՛ք՝ եւ պիտի տրուի ձեզի. լաւ չափով՝ կոխուած, ցնցուած, լեփլեցուն պիտի տրուի ձեր գոգը. քանի որ պիտի չափուի ձեզի ա՛յն չափով՝ որով դուք կը չափէք»:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.