Bible verses about "struggles" | Armenian

John 14:6

6 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնն ու կեանքը. ո՛չ մէկը կու գայ Հօրը քով՝ բայց միայն ինձմով:

Galatians 5:19-21

19 Մարմինին գործերը բացայայտ են. անոնք են՝ շնութիւն, պոռնկութիւն, անմաքրութիւն, ցոփութիւն,20 կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, երկպառակութիւն, մրցակցութիւններ, զայրոյթ, հակառակութիւն, խռովութիւն, հերձուածներ,21 չար նախանձներ, մարդասպանութիւններ, արբեցութիւններ, զեխութիւններ եւ ինչ որ ասոնց նման է. որոնց մասին կանխաւ կ՚ըսեմ ձեզի, ինչպէս ժամանակին ալ ըսած եմ, թէ այսպիսի բաներ ընողները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը:

1 Corinthians 6:19-20

19 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին՝ որ ձեր մէջն է. զայն Աստուծմէ ստացաք, եւ դուք ձեզի չէք պատկանիր,20 քանի որ մեծ գինով մը գնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմինին ու ձեր հոգիին մէջ, որոնք կը պատկանին Աստուծոյ:

Luke 8:22-25

22 Օր մը՝ ինք նաւ մտաւ իր աշակերտներուն հետ, եւ ըսաւ անոնց. «Ծովակին միւս եզերքը անցնինք»: Մեկնեցան.23 բայց մինչ կը նաւարկէին՝ ինք քնացաւ: Հովի փոթորիկ մը իջաւ ծովակին վրայ. նաւը կը լեցուէր ջուրով, եւ իրենք վտանգի մէջ էին:24 Մօտեցան, արթնցուցին զինք ու ըսին. «Վարդապե՛տ, վարդապե՛տ, կը կորսուինք»: Ան ալ ոտքի ելաւ, սաստեց հովն ու ալիքները. եւ անոնք հանդարտեցան ու խաղաղութիւն եղաւ:25 Ըսաւ անոնց. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը»: Անոնք՝ վախով համակուած՝ զարմացան, եւ կ՚ըսէին իրարու. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ կը հրամայէ նոյնիսկ հովերուն ու ջուրին, եւ կը հնազանդին իրեն»:

2 Corinthians 10:3-5

3 Քանի որ՝ թէպէտ մարմինով կ՚ընթանանք, ո՛չ թէ մարմինին համաձայն կը մարտնչինք.4 որովհետեւ մեր մարտին զէնքերը մարմնաւոր չեն, բայց Աստուծոյ միջոցով զօրաւոր են՝ ամրոցներու քանդումին համար:5 Մենք կը քանդենք տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան, ու Քրիստոսի հնազանդութեան գերի կը դարձնենք ամէն մտածում:

Romans 14:10-13

10 Իսկ դուն ինչո՞ւ կը դատես եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ կ՚անարգես եղբայրդ, քանի բոլորս ալ պիտի ներկայանանք Քրիստոսի դատարանը:11 Արդարեւ գրուած է. «Ես կ՚ապրի՛մ,- կ՚ըսէ Տէրը.- ամէն ծունկ պիտի կքի իմ առջեւս, եւ ամէն լեզու պիտի դաւանի զիս իբր Աստուած»:12 Ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ՝ ինքնիրեն համար:13 Ուստի ա՛լ չդատենք զիրար. այլ մանաւանդ սա՛ վճռեցէք, որ ո՛չ մէկը սայթաքում կամ գայթակղութիւն դնէ իր եղբօր առջեւ:

Romans 14:1

1 Ընդունեցէ՛ք հաւատքի մէջ տկար եղողը՝ առանց քննադատելու կարծիքները.

Romans 8:28

28 Նաեւ գիտենք թէ բոլոր բաները բարիին գործակից կ՚ըլլան անո՛նց՝ որ կը սիրեն Աստուած, անո՛նց՝ որ կանչուած են իր առաջադրութեան համաձայն:

James 1:2-4

2 Եղբայրնե՛րս, բոլորովին ուրախութի՛ւն համարեցէք՝ երբ զանազան փորձութիւններու մէջ իյնաք,3 գիտնալով թէ ձեր հաւատքին փորձը համբերութիւն կ՚իրագործէ:4 Բայց համբերութիւնը թող ունենայ իր կատարեալ գործը, որպէսզի կատարեալ եւ ամբողջ ըլլաք, եւ ոչինչ պակսի ձեզի:

1 Corinthians 10:13

13 Ձեզի պատահած չէ փորձութիւն մը՝ որ մարդկային չըլլայ. բայց Աստուած հաւատարիմ է, եւ պիտի չթոյլատրէ որ փորձուիք ձեր կարողութենէն աւելի, հապա փորձութեան հետ ելք մըն ալ պիտի տայ, որպէսզի կարենաք կրել:

1 Peter 5:10

10 Եւ ամէն շնորհքի Աստուածը, որ իր յաւիտենական փառքին կանչեց մեզ Քրիստոս Յիսուսի միջոցով, ձեզ կատարեալ պիտի ընէ, ամրացնէ, ուժովցնէ եւ անսասան հիմերու վրայ դնէ, երբ չարչարուիք քիչ մը ատեն:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.