Bible verses about "shopping" | Armenian

Luke 16:11

11 Ուրեմն եթէ անիրաւ մամոնային մէջ հաւատարիմ չըլլաք, ճշմարիտ հարստութիւնը ո՞վ պիտի վստահի ձեզի:

Matthew 6:24

24 «Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ. որովհետեւ կա՛մ պիտի ատէ մէկը եւ սիրէ միւսը, կա՛մ պիտի յարի մէկուն՝՝ ու արհամարհէ միւսը: Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային:

1 Timothy 6:17-19

17 Պատուիրէ՛ այս աշխարհի մէջ հարուստ եղողներուն՝ որ մեծամիտ չըլլան, ո՛չ ալ յուսան անստոյգ հարստութեան, հապա՝ ապրող Աստուծոյ, որ ամէն բան կու տայ մեզի ճոխութեամբ՝ վայելելու համար:18 Բարիք թող գործեն, բարի գործերով թող հարստանան, առատաձեռն եւ ուրիշին կարիքներուն հաղորդակից ըլլան,19 ապագային համար իրենք իրենց լաւ հիմ դնելով իբր պահեստ՝ որպէսզի բռնեն յաւիտենական կեանքը:

Luke 12:33-34

33 Ծախեցէ՛ք ձեր ինչքը եւ ողորմութի՛ւն տուէք. չմաշո՛ղ քսակներ պատրաստեցէք ձեզի համար, ու չպակսո՛ղ գանձ մը՝ երկինքը, ուր ո՛չ գողը կը մօտենայ եւ ո՛չ ցեցը կ՚ապականէ:34 Որովհետեւ ո՛ւր որ է ձեր գանձը, հո՛ն պիտի ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը»:

Matthew 6:19-21

19 «Երկրի վրայ գանձեր մի՛ դիզէք ձեզի, ուր ցեցը եւ ժանգը կ՚ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան:20 Հապա երկի՛նքը գանձեր դիզեցէք ձեզի, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ՚ապականեն, ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան:21 Որովհետեւ ձեր գանձը ո՛ւր որ է, ձեր սիրտն ալ հո՛ն պիտի ըլլայ»:

Luke 12:15-21

15 Ապա ըսաւ անոնց. «Ուշադի՛ր եղէք եւ զգուշացէ՛ք ագահութենէ. որովհետեւ մէկուն ստացուածքներուն առատութենէն կախուած չէ իր կեանքը»:16 Առակ մըն ալ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Հարուստ մարդու մը արտերը տուին առատ բերքեր,17 եւ ան կը մտածէր ինքնիրեն՝ ըսելով. “Ի՞նչ ընեմ, որովհետեւ տեղ չունիմ՝ ուր բերքերս ժողվեմ”: Եւ ըսաւ.18 “Սա՛ պիտի ընեմ. պիտի քանդեմ ամբարներս, պիտի կառուցանեմ աւելի՛ մեծերը, հոն պիտի ժողվեմ իմ բոլոր բերքերս ու բարիքներս,19 եւ պիտի ըսեմ անձիս. «Ո՛վ իմ անձս, շատ բարիքներ ունիս՝ դիզուած շատ տարիներու համար. հանգչէ՛, կե՛ր, խմէ՛ եւ զուարճացի՛ր»”:20 Բայց Աստուած ըսաւ անոր. “Անմի՛տ, այս գիշեր անձդ պիտի պահանջուի քեզմէ. ուստի որո՞ւ պիտի ըլլան այդ պատրաստած բաներդ”:21 Այսպէս է ան՝ որ գանձ կը դիզէ ինքնիրեն համար, բայց չի հարստանար Աստուծոյ մօտ»:

1 Timothy 6:10

10 որովհետեւ բոլոր չարիքներուն արմատը՝ արծաթսիրութիւնն է, որուն բաղձալով՝ ոմանք մոլորեցան հաւատքէն եւ իրենք զիրենք խոցեցին շատ ցաւերով:

1 John 2:15-17

15 Մի՛ սիրէք աշխարհը, ո՛չ ալ ինչ որ աշխարհի մէջ է:16 Եթէ մէկը կը սիրէ աշխարհը, Հօրը սէրը չկայ իր մէջ. որովհետեւ ամէն ինչ որ աշխարհի մէջ է՝ մարմինի ցանկութիւնը, աչքերու ցանկութիւնը եւ այս կեանքին ամբարտաւանութիւնը՝ Հօրմէն չէ, հապա այս աշխարհէն է:17 Աշխա՛րհն ալ կ՚անցնի, անոր ցանկութիւնն ալ. բայց ա՛ն որ կը գործադրէ Աստուծոյ կամքը՝ կը մնայ յաւիտեան:

Hebrews 13:5

5 Ձեր վարուելակերպը թող ըլլայ առանց արծաթսիրութեան. բաւարարուեցէ՛ք ձեր ունեցածով, որովհետեւ ինք ըսաւ. «Բնա՛ւ պիտի չթողում քեզ, ո՛չ ալ պիտի լքեմ քեզ»:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.