Bible verses about "reality" | Armenian

Hebrews 11:1

1 Իսկ հաւատքը՝ յուսացուած բաներուն խարիսխն է, եւ անտեսանելի բաներուն ապացոյցը.

John 3:16-17

16 Որովհետեւ Աստուած ա՛յնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ անգամ տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ չկորսուի, հապա ունենայ յաւիտենական կեանքը:17 Քանի որ Աստուած աշխարհ ղրկեց իր Որդին՝ ո՛չ թէ աշխարհը դատապարտելու, հապա՝ որպէսզի աշխարհը փրկուի անով:

Romans 2:6

6 Ան պիտի հատուցանէ իւրաքանչիւրին՝ իր գործերուն փոխարէնը.-

1 Corinthians 6:19-20

19 Չէ՞ք գիտեր թէ ձեր մարմինը տաճարն է Սուրբ Հոգիին՝ որ ձեր մէջն է. զայն Աստուծմէ ստացաք, եւ դուք ձեզի չէք պատկանիր,20 քանի որ մեծ գինով մը գնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմինին ու ձեր հոգիին մէջ, որոնք կը պատկանին Աստուծոյ:

1 Peter 2:11

11 Սիրելինե՛ր, կ՚աղաչե՛մ ձեզի, պանդուխտներու եւ գաղթականներու պէս՝ ե՛տ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք կը մարտնչին անձին դէմ:

1 Peter 2:9

9 Բայց դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն մը, սուրբ ազգ մը, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք առաքինութիւնները անո՛ր՝ որ կանչեց ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին:

Romans 1:20

20 Արդարեւ անոր անտեսանելի բաները, այսինքն՝ իր յաւերժական զօրութիւնը եւ աստուածութիւնը, կը տեսնուին աշխարհի արարչութենէն ի վեր ու կը հասկցուին անոր ստեղծածներով, որպէսզի անարդարանալի ըլլան:

Philippians 4:8

8 Վերջապէս, եղբայրնե՛ր, ինչ որ ճշմարիտ է, ինչ որ՝ պատկառելի, ինչ որ՝ արդար, ինչ որ՝ անկեղծ, ինչ որ՝ սիրալիր, ինչ որ՝ բարի համբաւով, ինչ որ առաքինութեամբ եւ ինչ որ գովելի է, ատո՛նց մասին մտածեցէք:

Hebrews 4:12

12 Որովհետեւ Աստուծոյ խօսքը կենարար է, ազդու, եւ ամէն երկսայրի սուրէ կտրուկ: Ան թափանցելով կը բաժնէ անձն ու հոգին, յօդերը եւ ծուծը. կը քննարկէ սիրտին մտածումներն ու մտադրութիւնները:

1 Corinthians 2:14

14 Իսկ շնչաւոր մարդը չ՚ընդունիր Աստուծոյ Հոգիին բաները, որովհետեւ անոնք իրեն համար յիմարութիւն են, ո՛չ ալ կրնայ հասկնալ, քանի որ կը զննուին հոգեւոր կերպով:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.