22 Երանի՜ ձեզի՝ երբ մարդիկ ատեն ձեզ, ու երբ զատեն ձեզ իրենց ընկերութենէն, նախատեն եւ վարկաբեկեն ձեր անունը՝ մարդու Որդիին պատճառով:
Bible verses about "persecution" | Armenian
Luke 6:22
Romans 12:17-21
17 Չարիքի փոխարէն չարիք մի՛ հատուցանեցէք ոեւէ մէկուն. մտադրեցէ՛ք ընել ինչ որ պարկեշտ է բոլոր մարդոց առջեւ:18 Որչափ կարելի է ձեզի՝ խաղաղութի՛ւն պահեցէք ամէն մարդու հետ:19 Սիրելինե՛ր, վրէժխնդիր մի՛ ըլլաք դուք ձեզի համար, հապա տե՛ղ տուէք Աստուծոյ բարկութեան. որովհետեւ գրուած է. «Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ,- կ՚ըսէ Տէրը»:20 Ուրեմն «եթէ քու թշնամիդ անօթեցած է՝ սնուցանէ՛ զայն, ու եթէ ծարաւցած է՝ խմցո՛ւր անոր. քանի որ այսպէս ընելով՝ կրակի կայծեր պիտի կուտակես անոր գլուխին վրայ»:21 Չարէն մի՛ յաղթուիր, հապա բարիո՛վ յաղթէ չարին:
2 Corinthians 12:10
10 Ուստի կը յօժարիմ տկարութիւններու, արհամարհանքներու, հարկադրանքներու, հալածանքներու եւ տագնապներու՝ Քրիստոսի համար, որովհետեւ երբ տկար եմ՝ ա՛յն ատեն զօրաւոր եմ:
1 Peter 3:14
14 Բայց նոյնիսկ եթէ չարչարուիք արդարութեան համար՝ երանելի՛ էք, եւ մի՛ վախնաք անոնց ահէն, ու մի՛ վրդովիք:
1 Peter 3:16
16 բարի՛ խղճմտանք ունեցէք, որպէսզի՝ այն բանին համար որ կը բամբասեն ձեզ իբր չարագործներ, ամօթահար ըլլան անո՛նք՝ որ կը պախարակեն Քրիստոսով եղած ձեր բարի վարքը:
1 John 3:13
13 Մի՛ զարմանաք, եղբայրնե՛րս, եթէ աշխարհը ատէ ձեզ:
Matthew 5:10
10 Երանի՜ անոնց՝ որ հալածուած են արդարութեան համար, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:
1 Peter 3:17
17 Որովհետեւ աւելի լաւ է չարչարուիլ - եթէ ա՛յդ է Աստուծոյ կամքը - բարի՛ք ընելով, քան թէ չարիք ընելով:
Matthew 5:44
44 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարի՛ք ըրէք անոնց՝ որ կ՚ատեն ձեզ, եւ աղօթեցէ՛ք անոնց համար՝ որ կը պախարակեն ու կը հալածեն ձեզ,
1 Peter 4:12-14
12 Սիրելինե՛ր, տարօրինակ մի՛ սեպէք այն փորձութեան հրդեհը, որ կ՚ըլլայ ձեզ փորձելու համար, որպէս թէ օտար բան մը կը պատահի ձեզի:13 Հապա ուրախացէ՛ք՝ քանի որ կը հաղորդակցիք Քրիստոսի չարչարանքներուն, որպէսզի անոր փառքի յայտնութեան ատենն ալ ուրախանաք ցնծութեամբ:14 Եթէ նախատուիք Քրիստոսի անունին համար՝ երանելի՜ էք, որովհետեւ փառքի (ու զօրութեան) եւ Աստուծոյ Հոգին հանգչած է ձեր վրայ. արդարեւ ան կը հայհոյուի անոնցմէ, բայց կը փառաւորուի ձեզմէ՝՝:
John 15:18
18 «Եթէ աշխարհը կ՚ատէ ձեզ, գիտցէք թէ ատեց զիս ձեզմէ առաջ:
2 Timothy 3:12
12 Եւ բոլոր անոնք՝ որ կ՚ուզեն բարեպաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոս Յիսուսով, պիտի հալածուին: