Bible verses about "infidelity" | Armenian

Matthew 19:4-6

4 Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ա՛ն՝ որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու ըսաւ.5 “Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին”:6 Հետեւաբար ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է»:

Luke 16:18

18 Ո՛վ որ կ՚արձակէ իր կինը եւ կ՚ամուսնանայ ուրիշի մը հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ, եւ ո՛վ որ կ՚ամուսնանայ իր ամուսինէն արձակուած կնոջ մը հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ»:

Romans 7:2

2 Որովհետեւ ամուսին ունեցող կինը Օրէնքով կապուած է իր ամուսինին՝ քանի դեռ ան կ՚ապրի. բայց եթէ ամուսինը մեռնի, արձակուած է ամուսինին Օրէնքէն:

1 Corinthians 6:18

18 Փախէ՛ք պոռնկութենէն: Ամէն մեղք՝ որ մարդ կը գործէ, իր մարմինէն դուրս է. բայց ա՛ն որ կը պոռնկի, կը մեղանչէ իր մարմինի՛ն դէմ:

Matthew 5:28

28 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կը նայի կնոջ մը՝ անոր ցանկալու համար, արդէ՛ն անիկա իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած է անոր հետ”:

Matthew 5:31-32

31 «Նաեւ ըսուեցաւ. “Ո՛վ որ արձակէ իր կինը, թող տայ անոր ամուսնալուծումի վկայագիր մը”:32 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կ՚արձակէ իր կինը՝ առանց պոռնկութեան պատճառի, ի՛նք շնութիւն ընել կու տայ անոր, եւ ո՛վ որ կ՚ամուսնանայ արձակուածին հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ”»:

Hebrews 13:4

4 Ամուսնութիւնը թող պատուական համարուի բոլորէն, ու անկողինը՝ անարատ պահուի, քանի որ Աստուած պիտի դատէ պոռնկողներն ու շնացողները:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.