6 Սակայն առանց հաւատքի անկարելի է հաճելի ըլլալ Աստուծոյ. որովհետեւ ա՛ն՝ որ կը մօտենայ Աստուծոյ, պէտք է հաւատայ թէ Աստուած կայ, եւ կը վարձատրէ անոնք՝ որ կը փնտռեն զինք:
Bible verses about "hateful" | Armenian
Hebrews 11:6
John 7:24
24 Մի՛ դատէք երեւոյթին համեմատ, հապա դատեցէք արդարութեա՛մբ»:
James 4:7
7 Ուրեմն հպատակեցէ՛ք Աստուծոյ: Դիմադրեցէ՛ք Չարախօսին, եւ ան պիտի փախչի ձեզմէ:
Matthew 12:34-36
34 Իժերո՛ւ ծնունդներ, ի՞նչպէս կրնաք՝ չար ըլլալով՝ բարի բաներ խօսիլ. որովհետեւ բերանը կը խօսի սիրտին լիութենէն:35 Բարի մարդը իր սիրտին բարի գանձէն կը հանէ բարի բաներ, իսկ չար մարդը իր սիրտին չար գանձէն կը հանէ չար բաներ:36 Բայց կը յայտարարեմ ձեզի. “Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ որ մարդիկ կը խօսին, հաշիւ պիտի տան դատաստանին օրը”:
Matthew 15:11
11 ո՛չ թէ ինչ որ կը մտնէ բերանը՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ կ՚ելլէ բերանէն՝ անիկա՛ կը պղծէ մարդը»: