Bible verses about "fellowship" | Armenian

Acts 2:42

42 Անոնք միշտ կը յարատեւէին առաքեալներուն ուսուցումին ու հաղորդութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու մէջ:

Acts 2:44-47

44 Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ բոլոր բաները հասարակաց էին:45 Կը ծախէին իրենց ստացուածքներն ու ինչքերը, եւ անոնց գինը կը բաժնէին բոլորին, որո՛ւ որ պէտք ըլլար:46 Ամէն օր կը յարատեւէին միաբանութեամբ տաճարը երթալու մէջ, եւ հաց կտրելով իրենց տուներուն մէջ՝ իրենց կերակուրը կ՚ուտէին ցնծութեամբ ու պարզամտութեամբ:47 Աստուած կը գովաբանէին եւ շնորհք կը գտնէին ամբողջ ժողովուրդին առջեւ. ու Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ՚աւելցնէր եկեղեցիին թիւին վրայ:

John 17:21-23

21 Որպէսզի բոլորն ալ մէ՛կ ըլլան, ինչպէս դուն՝ Հա՜յր՝ իմ մէջս, ու ես՝ քու մէջդ. որ անո՛նք ալ մէկ ըլլան մեր մէջ, որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս:22 Այն փառքը՝ որ դուն տուիր ինծի, ես տուի անոնց, որպէսզի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք.23 (ես՝ անոնց մէջ, ու դուն՝ իմ մէջս.) որպէսզի իրենք կատարելապէս մէկ ըլլան, եւ աշխարհը գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս, ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս սիրեցիր զիս:

Romans 1:12

12 այսինքն ես ալ մխիթարուիմ ձեզի հետ՝ ձեր եւ իմ փոխադարձ հաւատքին միջոցով:

Ephesians 5:30

30 քանի որ մենք անոր մարմինին անդամներն ենք, անոր միսէն եւ անոր ոսկորներէն:

1 John 1:7

7 Իսկ եթէ լոյսի մէջ ընթանանք, ինչպէս ան լոյսի մէջ է, հաղորդութիւն կ՚ունենանք իրարու հետ, եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի արիւնը կը մաքրէ մեզ ամէն մեղքէ:

1 Peter 3:8

8 Վերջապէս, բոլո՛րդ եղէք համախոհ, կարեկից, եղբայրասէր, գթած ու բարեսիրտ:

Matthew 18:20

20 Որովհետեւ ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան իմ անունովս, ես հոն եմ՝ անոնց մէջ»:

Galatians 6:2

2 Կրեցէ՛ք իրարու ծանրութիւնները, եւ ա՛յդպէս գործադրեցէք Քրիստոսի օրէնքը:

1 John 1:3

3 ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմենք ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ հաղորդութիւն ունենաք մեզի հետ: Մեր հաղորդութիւնը Հօրը հետ է, եւ իր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ:

Hebrews 10:24

24 Ուշադի՛ր ըլլանք զիրար հրահրելու սիրոյ ու բարի գործերու:25 Եւ չլքե՛նք մեր հաւաքոյթները, ինչպէս ոմանց սովորութիւնն է. հապա յորդորե՛նք զիրար, այնչափ աւելի՝ որչափ կը տեսնէք այն օրուան մօտենալը:

1 Thessalonians 5:11

11 Ուստի յորդորեցէ՛ք զիրար եւ շինեցէ՛ք զիրար, ինչպէս արդէն կ՚ընէք:

Topical data is from OpenBible.info, retrieved November 11, 2013, and licensed under a Creative Commons Attribution License.