Romans 1:5 Cross References - Armenian

5 որուն միջոցով շնորհք եւ առաքելութիւն ստացանք՝ որպէսզի բոլոր ազգերը առաջնորդենք իր անունին հաւատքի հնազանդութեան

John 1:16

16 Եւ անոր լիութենէն մենք բոլորս ստացանք շնորհք շնորհքի վրայ:

Acts 1:25

25 որպէսզի բաժին առնէ այս սպասարկութենէն ու առաքելութենէն, որմէ Յուդա ինկաւ՝ երթալու համար իր տեղը»:

Acts 6:7

7 Եւ Աստուծոյ խօսքը կ՚աճէր, աշակերտներուն թիւը չափազանց կը շատնար Երուսաղէմի մէջ, ու քահանաներէն մեծ բազմութիւն մը կը հնազանդէր նոր հաւատքին:

Acts 9:15

15 Տէրը ըսաւ անոր. «Դուն գնա՛, որովհետեւ ան ինձմէ ընտրուած անօթ մըն է՝ իմ անունս կրելու հեթանոսներուն, թագաւորներուն եւ Իսրայէլի որդիներուն առջեւ,

Acts 15:14

14 Շմաւոն պատմեց թէ ի՛նչպէս Աստուած առաջին անգամ այցելեց հեթանոսներուն, որպէսզի անոնց մէջէն առնէ ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը:

Romans 3:29

29 Միթէ Աստուած միայն Հրեաներո՞ւնն է ու հեթանոսներունը չէ՞. այո՛, նաեւ հեթանոսներունը:

Romans 12:3

3 Քանի որ ինծի տրուած շնորհքով կ՚ըսեմ ձեզմէ ամէն մէկուն, որ իր մասին աւելի բարձր համարում չունենայ՝ քան ինչ որ պէտք է մտածէ, հապա խոհեմութեա՛մբ մտածէ, հաւատքի չափին համեմատ՝ որ Աստուած բաշխած է իւրաքանչիւրին:

Romans 15:15-16

15 Սակայն, եղբայրներ, կերպով մը աւելի՛ յանդգնութեամբ գրեցի ձեզի, իբր թէ յիշեցնելով ձեզի, Աստուծմէ ինծի տրուած շնորհքին պատճառով՝16 որ Յիսուս Քրիստոսի պաշտօնեան ըլլամ հեթանոսներուն մէջ, Աստուծոյ աւետարանին քահանայութիւնը կատարելով, որպէսզի հեթանոսները ըլլան ընդունելի ընծայ՝ Սուրբ Հոգիով սրբացած:

Romans 15:18-19

18 Բայց չեմ յանդգնիր խօսիլ այն բաներէն որեւէ մէկուն մասին, որ Քրիստոս ինձմով գործադրած չէ հեթանոսները հնազանդեցնելու համար, խօսքով ու գործով,19 զօրաւոր նշաններով ու սքանչելիքներով, Աստուծոյ Հոգիին զօրութեամբ. այնպէս որ, սկսելով Երուսաղէմէն եւ անոր շրջակայքէն՝ մինչեւ Իլլիւրիկում, լիովին քարոզեցի Քրիստոսի աւետարանը:

Romans 16:26

26 բայց հիմա բացայայտ եղաւ ու Մարգարէներուն գիրքերով - յաւիտենական Աստուծոյ հրամանին համաձայն - բոլոր հեթանոսներուն գիտցուեցաւ՝ հաւատքի հնազանդութեան համար,

1 Corinthians 9:2

2 Նոյնիսկ եթէ ուրիշներուն առաքեալ չըլլամ, գոնէ ձեզի համար՝ եմ. որովհետեւ իմ առաքելութեանս կնիքը դո՛ւք էք Տէրոջմով:

1 Corinthians 15:10

10 Բայց Աստուծոյ շնորհքո՛վն եմ՝ ինչ որ եմ: Եւ անոր շնորհքը՝ որ իմ վրաս է, ընդունայն չեղաւ. հապա ես անոնց բոլորէն շա՛տ աւելի աշխատեցայ. սակայն ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը՝ որ ինծի հետ էր:

2 Corinthians 3:5-6

5 Ո՛չ թէ մենք մեզմէ ընդունակ ենք մտածել որեւէ բան՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր ընդունակութիւնը Աստուծմէ է:6 Ան նաեւ ընդունակ ըրաւ մեզ Նոր Կտակարանին սպասարկուներ ըլլալու. ո՛չ թէ գիրին, հապա՝ Հոգիին, որովհետեւ գիրը կը սպաննէ, բայց Հոգին կեանք կու տայ:

2 Corinthians 10:4-6

4 որովհետեւ մեր մարտին զէնքերը մարմնաւոր չեն, բայց Աստուծոյ միջոցով զօրաւոր են՝ ամրոցներու քանդումին համար:5 Մենք կը քանդենք տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան, ու Քրիստոսի հնազանդութեան գերի կը դարձնենք ամէն մտածում:6 Եւ պատրաստ ենք վրէժ առնելու ամէն անհնազանդութեան համար, երբ ձեր հնազանդութիւնը լման ըլլայ:

Galatians 1:15-16

15 Բայց երբ Աստուած, (որ զատեց զիս մօրս որովայնէն եւ կանչեց իր շնորհքին միջոցով,)16 բարեհաճեցաւ իր Որդին յայտնել ինծի, որպէսզի աւետեմ զայն հեթանոսներուն մէջ, իսկոյն՝ մարմինին եւ արիւնին հետ չխորհրդակցեցայ,

Galatians 2:8-9

8 (որովհետեւ ա՛ն որ ներգործեց Պետրոսի մէջ՝ թլփատուածներուն առաքելութեան համար, նոյնպէս ներգործեց իմ մէջս՝ հեթանոսներուն հանդէպ,)9 ու երբ Յակոբոս, Կեփաս եւ Յովհաննէս, որոնք սիւներ կարծուած էին, գիտակցեցան ինծի տրուած շնորհքին, իրենց աջ ձեռքը տուին ինծի ու Բառնաբասի՝ իբր նշան հաղորդակցութեան, որպէսզի մենք քարոզենք հեթանոսներուն, իսկ իրենք՝ թլփատուածներուն:

Ephesians 1:6

6 որպէսզի գովաբանենք իր շնորհքին փառքը. անո՛վ ընդունելի դարձուց մեզ՝ Սիրելիին միջոցով:

Ephesians 1:12

12 որպէսզի մենք՝ նախապէս Քրիստոսի ապաւինողներս՝ գովութիւն ըլլանք իր փառքին:

Ephesians 3:2-9

2 (եթէ գոնէ լսած էք Աստուծոյ շնորհքին տնտեսութեան մասին՝ որ տրուած է ինծի ձեզի համար,3 թէ ի՛նչպէս ան յայտնութեամբ գիտցուց ինծի այն խորհուրդը - ինչպէս նախապէս ալ համառօտաբար գրեցի ձեզի,4 որպէսզի՝ երբ կարդաք՝ կարենաք հասկնալ իմ ըմբռնումս Քրիստոսի խորհուրդին մասին -,5 որ ուրիշ սերունդներու մէջ մարդոց որդիներուն չգիտցուեցաւ, ինչպէս ան հիմա՝ Սուրբ Հոգիին միջոցով՝ յայտնուած է իր սուրբ առաքեալներուն ու մարգարէներուն,6 թէ հեթանոսները Քրիստոսով պիտի ըլլան ժառանգակից, մարմնակից, եւ իր խոստումին բաժնեկից՝ աւետարանին միջոցով,7 որուն ես սպասարկու եղայ Աստուծոյ շնորհքին պարգեւին համեմատ՝ որ տրուեցաւ ինծի իր զօրութեան ներգործութեամբ:8 Ինծի՝ որ բոլոր սուրբերուն ամենափոքրէն աւելի փոքր եմ՝ տրուեցաւ այս շնորհքը, որպէսզի հեթանոսներուն մէջ աւետեմ Քրիստոսի անզննելի ճոխութիւնը,9 եւ բոլորին տեսնել տամ թէ ի՛նչ է հաղորդակցութիւնը այն խորհուրդին, որ դարերու սկիզբէն ի վեր ծածկուած էր Աստուծոյ մէջ, որ ստեղծեց ամէն բան.

1 Timothy 1:11-12

11 համաձայն երանելի Աստուծոյ փառաւոր աւետարանին՝ որ վստահուեցաւ ինծի:12 Շնորհապարտ եմ զիս զօրացնող Քրիստոս Յիսուսի՝ մեր Տէրոջ, քանի որ հաւատարիմ համարեց զիս ու դրաւ այս սպասարկութեան մէջ:

Hebrews 5:9

9 ու երբ կատարեալ եղաւ, յաւիտենական փրկութիւն պատճառեց բոլոր իրեն հնազանդողներուն,

1 Peter 2:9-10

9 Բայց դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն մը, սուրբ ազգ մը, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք առաքինութիւնները անո՛ր՝ որ կանչեց ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին:10 Ժամանակին ժողովուրդ չէիք, բայց հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք. առանց ողորմութեան էիք, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.