Revelation 5 Cross References - Armenian

1 Գահին վրայ բազմողին աջ ձեռքին մէջ տեսայ գիրք մը՝ գրուած ներսէն ու դուրսէն, եւ կնքուած եօթը կնիքով:2 Տեսայ նաեւ հզօր հրեշտակ մը, որ բարձրաձայն կը յայտարարէր. «Ո՞վ արժանի է բանալու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները»:3 Բայց ո՛չ մէկը, ո՛չ երկինքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ ալ երկրի ներքեւ՝ կարող էր բանալ այդ գիրքը, ո՛չ ալ նայիլ անոր:4 Ես ալ սաստիկ կու լայի՝ քանի որ ո՛չ մէկը արժանի գտնուեցաւ բանալու այդ գիրքը, ո՛չ ալ նայելու անոր:5 Իսկ երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Մի՛ լար. ահա՛ Յուդայի տոհմէն եղող Առիւծը, Դաւիթի Արմատը, յաղթեց՝ որպէսզի բանայ այդ գիրքը եւ քակէ ատոր եօթը կնիքները:6 Ու տեսայ թէ գահին եւ չորս էակներուն մէջտեղ, ու երէցներուն մէջտեղ, կայնած էր Գառնուկ մը՝ որպէս թէ մորթուած. ան ունէր եօթը եղջիւր ու եօթը աչք, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են՝ ղրկուած ամբողջ երկիրը:7 Ան եկաւ եւ առաւ գիրքը գահին վրայ բազմողին աջ ձեռքէն:8 Երբ առաւ գիրքը, չորս էակներն ու քսանչորս երէցները ինկան Գառնուկին առջեւ եւ երկրպագեցին. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր քնար մը, ու ոսկիէ սկաւառակ մը՝ խունկերով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են:9 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ ըսելով. «Դուն արժանի ես առնելու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները. որովհետեւ մորթուեցար, ու քու արիւնովդ գնեցիր մեզ Աստուծոյ համար՝ ամէն տոհմէ, լեզուէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ,10 թագաւորներ ու քահանաներ ըրիր մեզ մեր Աստուծոյն, եւ երկրի վրայ պիտի թագաւորենք»:11 Տեսայ, ու լսեցի ձայնը շատ հրեշտակներու՝ որոնք գահին, էակներուն եւ երէցներուն շուրջն էին. անոնց թիւը բիւրերով բիւր ու հազարներով հազար էր:12 Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է ընդունելու զօրութիւն, հարստութիւն, իմաստութիւն, ոյժ, պատիւ, փառք եւ օրհնաբանութիւն»:13 Ու լսեցի բոլոր արարածները՝ երկինքի մէջ, երկրի վրայ, երկրի ներքեւ եւ ծովու մէջ եղող, ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կայ, որոնք կ՚ըսէին. «Գահին վրայ բազմողին եւ Գառնուկին՝ օրհնաբանութի՜ւն, պատի՜ւ, փա՜ռք ու զօրութի՜ւն դարէ դար՝՝»:14 Եւ չորս էակները կ՚ըսէին. «Ամէն»: Ու երէցները ինկան եւ երկրպագեցին:

Matthew 6:13

13 ու մեզ մի՛ տանիր փորձութեան, հապա մեզ ազատէ՛ Չարէն. որովհետեւ քո՛ւկդ են թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեան. ամէն”:

Matthew 20:28

28 ինչպէս մարդու Որդին եկաւ ո՛չ թէ սպասարկութիւն ընդունելու, հապա՝ սպասարկելու եւ իր անձը փրկանք տալու շատերու համար»:

Matthew 26:28

28 «Բոլո՛րդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. որովհետեւ ա՛յս է իմ արիւնս, նո՛ր ուխտին արիւնը, որ կը թափուի՝ շատերուն մեղքերու ներումին համար:

Matthew 28:18

18 Իսկ Յիսուս մօտեցաւ եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ:

Mark 16:15-16

15 Նաեւ ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը, ու քարոզեցէ՛ք աւետարանը բոլոր արարածներուն:16 Ա՛ն որ հաւատայ եւ մկրտուի՝ պիտի փրկուի. ա՛ն որ չհաւատայ՝ պիտի դատապարտուի:

Luke 1:69

69 Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն,

Luke 2:14

14 «Ամենաբարձր վայրերուն մէջ՝ Աստուծոյ փա՜ռք, երկրի վրայ՝ խաղաղութի՜ւն, մարդոց մէջ՝ բարեացակամութի՜ւն»:

Luke 7:13

13 Տէրը տեսնելով զայն՝ գթաց անոր վրայ եւ ըսաւ անոր. «Մի՛ լար»:

Luke 8:52

52 Բոլորն ալ կու լային եւ կը հեծեծէին անոր վրայ. բայց ինք ըսաւ. «Մի՛ լաք. ան մեռած չէ, հապա կը քնանայ»:

Luke 23:28

28 Յիսուս դարձաւ անոնց եւ ըսաւ. «Երուսաղէմի՛ աղջիկներ, մի՛ լաք իմ վրաս, հապա լացէ՛ք դուք ձեր վրայ ու ձեր զաւակներուն վրայ:

John 1:29

29 Հետեւեալ օրը Յովհաննէս տեսաւ Յիսուսը՝ որ իրեն կու գար, եւ ըսաւ. «Ահա՛ Աստուծոյ Գառը՝ որ կը քաւէ աշխարհի մեղքը:

John 1:36

36 Նայելով Յիսուսի՝ որ կը քալէր, ըսաւ. «Ահա՛ Աստուծոյ Գառը»:

John 3:35-36

35 Հայրը կը սիրէ Որդին, եւ ամէն բան տուած է անոր ձեռքը:36 Ա՛ն որ կը հաւատայ Որդիին՝ ունի յաւիտենական կեանքը. իսկ ա՛ն որ չ՚անսար Որդիին՝ պիտի չտեսնէ կեանքը, հապա Աստուծոյ բարկութիւնը կը մնայ անոր վրայ:

John 5:23

23 որպէսզի բոլորը պատուեն Որդին, ինչպէս կը պատուեն Հայրը: Ա՛ն որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հա՛յրը՝ որ ղրկեց զայն:

John 17:2

2 քանի իշխանութիւն տուիր իրեն ամէն մարմինի վրայ, որ տայ յաւիտենական կեանքը բոլոր անոնց՝ որ տուիր իրեն:

John 20:13

13 Անոնք ըսին իրեն. «Կի՛ն, ինչո՞ւ կու լաս»: Ըսաւ անոնց. «Որովհետեւ վերցուցած են իմ Տէրս գերեզմանէն, ու չեմ գիտեր ո՛ւր դրած են զայն»:

Acts 8:32

32 Գիրքին մէջ կարդացած հատուածը սա՛ էր. «Ոչխարի պէս սպանդանոց տարուեցաւ, ու զինք խուզողին առջեւ մունջ կեցող գառի պէս՝ իր բերանը չբացաւ:

Acts 20:28

28 Ուրեմն ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի եւ ամբողջ հօտին, որուն վրայ Սուրբ Հոգին տեսուչ դրաւ ձեզ՝ հովուելու Աստուծոյ եկեղեցին, որ ստացաւ իր արիւնով:

Romans 1:3

3 որ իր Որդիին՝ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին է - ան մարմինի համեմատ՝ եղաւ Դաւիթի զարմէն,

Romans 3:24-26

24 բայց ձրի կ՚արդարանան անոր շնորհքով, Քրիստոս Յիսուսով եղած ազատագրութեամբ:25 Աստուած նախապէս սահմանեց զայն՝ քաւութիւն ըլլալու անոր արիւնին հաւատացողներուն, որպէսզի ցոյց տայ իր արդարութիւնը՝ ներելով նախապէս - Աստուծոյ հանդուրժողութեան ժամանակ - գործուած մեղքերը:26 Այսինքն՝ իր արդարութիւնը այս ատեն ցոյց տալու համար, որպէսզի ինք արդար ըլլայ եւ արդարացնէ Յիսուսի հաւատացողը:

Romans 9:5

5 Իրե՛նցն են նախահայրերը. իրենցմէ՛ ալ մարմինի կողմէն եկաւ Քրիստոս, որ բոլորին վրայ է, յաւիտեան օրհնեա՜լ Աստուած: Ամէն:

Romans 11:34

34 Որովհետեւ ո՞վ գիտցաւ Տէրոջ միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդատու եղաւ:

Romans 11:36

36 Որովհետեւ անկէ, անով եւ անորն են բոլոր բաները, որուն փա՜ռք յաւիտեան: Ամէն:

Romans 14:10-12

10 Իսկ դուն ինչո՞ւ կը դատես եղբայրդ, կամ ինչո՞ւ կ՚անարգես եղբայրդ, քանի բոլորս ալ պիտի ներկայանանք Քրիստոսի դատարանը:11 Արդարեւ գրուած է. «Ես կ՚ապրի՛մ,- կ՚ըսէ Տէրը.- ամէն ծունկ պիտի կքի իմ առջեւս, եւ ամէն լեզու պիտի դաւանի զիս իբր Աստուած»:12 Ուրեմն մեզմէ իւրաքանչիւրը հաշիւ պիտի տայ Աստուծոյ՝ ինքնիրեն համար:

Romans 15:12

12 Դարձեալ Եսայի կ՚ըսէ. «Յեսսէի մէկ արմատը պիտի ըլլայ, եւ կանգնելով՝ հեթանոսներուն վրայ պիտի իշխէ. անո՛ր պիտի յուսան հեթանոսները»:

Romans 16:27

27 միա՛կ իմաստուն Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով փա՜ռք յաւիտեան: Ամէն:

1 Corinthians 6:20

20 քանի որ մեծ գինով մը գնուեցաք. ուստի փառաւորեցէ՛ք Աստուած ձեր մարմինին ու ձեր հոգիին մէջ, որոնք կը պատկանին Աստուծոյ:

1 Corinthians 7:23

23 Դուք գնուեցաք մեծ գինով մը. մի՛ ըլլաք մարդոց ստրուկ:

2 Corinthians 8:9

9 Քանի որ դուք գիտէք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքը, որ թէպէտ հարուստ էր՝ ձեզի համար աղքատ եղաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատանալով:

Ephesians 1:7

7 Իրմով մենք ունինք ազատագրութիւն՝ իր արիւնին միջոցով, ու մեղքերու ներում՝ իր շնորհքին ճոխութեան համեմատ.

Ephesians 3:21

21 իրեն փա՜ռք եկեղեցիին մէջ՝ Քրիստոս Յիսուսով, բոլոր սերունդներուն մէջ՝ դարէ դար՝՝: Ամէն:

Philippians 2:9-11

9 Ուստի Աստուած ալ մեծապէս բարձրացուց զայն եւ շնորհեց անոր անուն մը՝ որ ամէն անունէ գերազանց է,10 որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը՝ երկնաւորները, երկրաւորներն ու սանդարամետականները,

Philippians 2:10

10 որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը՝ երկնաւորները, երկրաւորներն ու սանդարամետականները,11 եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հայր Աստուծոյ փառքին համար:

Colossians 1:14

14 անո՛վ մենք ազատագրութիւն ունինք՝ իր արիւնով, այսինքն՝ մեղքի ներում:

Colossians 1:23

23 եթէ հիմնուած ու հաստատուած մնաք հաւատքին վրայ, առանց խախտելու յոյսէն այն աւետարանին՝ որ դուք լսեցիք. ան քարոզուեցաւ երկինքի տակ եղած բոլոր արարածներուն, ու ես՝ Պօղոս՝ սպասարկու եղայ անոր:

1 Timothy 1:17

17 Ուրեմն յաւիտենական Թագաւորին՝ որ անեղծ եւ անտեսանելի է, միա՛կ Աստուծոյն՝ պատի՜ւ ու փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն:

1 Timothy 4:16

16 Ուշադի՛ր եղիր դուն քեզի ու վարդապետութեան, եւ մի՛շտ յարատեւէ ատոնց մէջ. քանի որ այդպէս ընելով՝ պիտի փրկես թէ՛ քեզ, թէ՛ քեզ լսողները:

Titus 2:14

14 Ան ընծայեց ինքզինք մեզի համար, որպէսզի ազատագրէ մեզ ամէն անօրէնութենէ, եւ մաքրելով՝ ընէ իր սեփական ժողովուրդը, նախանձախնդիր բարի գործերու:

Hebrews 1:6

6 Դարձեալ՝ երբ Անդրանիկը կը մտցնէ երկրագունդը՝ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ բոլոր հրեշտակներն ալ թող երկրպագեն անոր»:

Hebrews 7:14

14 քանի որ յայտնի է թէ մեր Տէրը սերած է Յուդայի տոհմէն: Իսկ այդ տոհմին մասին Մովսէս ոչինչ ըսաւ՝ քահանայութեան վերաբերեալ:

Hebrews 11:14

14 որովհետեւ անոնք որ կը խօսին այսպիսի բաներ, կը յայտնեն թէ կը փնտռեն բնագաւառ մը:

Hebrews 12:22

22 Բայց դուք մօտեցած էք Սիոն լերան, ապրող Աստուծոյ քաղաքին՝ երկնային Երուսաղէմին, բիւրաւոր հրեշտակներու համաժողովին,

1 Peter 1:18-19

18 Որովհետեւ դուք գիտէք թէ ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով ազատագրուեցաք ձեր հայրերէն աւանդուած փուճ վարքէն,19 հապա Քրիստոսի պատուական արիւնով՝ որպէս անարատ եւ անբիծ գառի մը արիւնը:

1 Peter 1:19-19

19 հապա Քրիստոսի պատուական արիւնով՝ որպէս անարատ եւ անբիծ գառի մը արիւնը:20 Արդարեւ ան նախապէս ճանչցուած էր՝ աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ, բայց այս վերջին ժամանակները երեւցաւ ձեզի համար:

1 Peter 2:5-9

5 Դո՛ւք ալ՝ ապրող քարերու պէս՝ կը շինուիք իբր հոգեւոր տաճար մը, սուրբ քահանայութիւն մը, որպէսզի մատուցանէք հոգեւոր զոհեր, Աստուծոյ ընդունելի՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:6 Որովհետեւ Գիրքին մէջ ալ կայ. «Ահա՛ Սիոնի մէջ կը դնեմ ծայրագոյն անկիւնաքար մը, ընտիր ու պատուական, եւ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ բնա՛ւ ամօթահար պիտի չըլլայ»:7 Ուրեմն ձեզի՝ որ կը հաւատաք՝ պատուական է ան, իսկ անհնազանդներուն համար՝ «այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը,8 ու սայթաքումի քար եւ գայթակղութեան ժայռ» անոնց՝ որ խօսքին անհնազանդ ըլլալով կը գայթին, որուն համար ալ որոշուած էին:9 Բայց դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորական քահանայութիւն մը, սուրբ ազգ մը, սեփական ժողովուրդ մը, որպէսզի հռչակէք առաքինութիւնները անո՛ր՝ որ կանչեց ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին:

1 Peter 4:11

11 Եթէ մէկը խօսի, թող խօսի Աստուծոյ պատգամներուն պէս. եթէ մէկը սպասարկէ, թող սպասարկէ Աստուծոյ հայթայթած ոյժին համեմատ. որպէսզի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, որուն կը պատկանին փառքն ու զօրութիւնը դարէ դար՝՝: Ամէն:

1 Peter 5:11

11 Իրե՛ն են փառքը եւ զօրութիւնը դարէ դար՝՝: Ամէն:

2 Peter 2:1

1 Բայց նաեւ սուտ մարգարէներ կային ժողովուրդին մէջ, ինչպէս ձեր մէջ ալ պիտի ըլլան սուտ վարդապետներ, որոնք գաղտնի պիտի ներմուծեն կորստաբեր հերձուածներ, եւ ուրանալով զիրենք գնող Տէրը՝ արագահաս կորուստ պիտի բերեն իրենց վրայ:

1 John 1:7

7 Իսկ եթէ լոյսի մէջ ընթանանք, ինչպէս ան լոյսի մէջ է, հաղորդութիւն կ՚ունենանք իրարու հետ, եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի արիւնը կը մաքրէ մեզ ամէն մեղքէ:

1 John 2:2

2 Ա՛ն է մեր մեղքերուն քաւութիւնը. եւ ո՛չ միայն մեր, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի մեղքերուն:

Jude 1:25

25 մեր Փրկիչին՝ միա՛կ Աստուծոյ, (մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով) փա՜ռք ու մեծափառութի՜ւն, զօրութի՜ւն եւ իշխանութի՜ւն (բոլոր դարերէն առաջ,) հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ: Ամէն:

Revelation 1:1

1 Յիսուս Քրիստոսի յայտնութիւնը, որ Աստուած տուաւ անոր՝ ցոյց տալու համար իր ծառաներուն ինչ որ պէտք է շուտով ըլլայ, եւ իր հրեշտակին միջոցով ղրկեց ու մատնանշեց իր Յովհաննէս ծառային,

Revelation 1:4

4 Յովհաննէս՝ եօթը եկեղեցիներուն, որոնք Ասիայի մէջ են. շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի անկէ՝ որ է, որ էր եւ որ պիտի գայ, ու եօթը Հոգիներէն՝ որոնք անոր գահին առջեւ են,

Revelation 1:6

6 եւ թագաւորներ ու քահանաներ ըրաւ մեզ՝ Աստուծոյ եւ իր Հօր համար, անոր փա՜ռք ու զօրութի՜ւն դարէ դար՝՝: Ամէն:

Revelation 4:1

1 Ասկէ ետք՝ նայեցայ, եւ ահա՛ դուռ մը բացուած էր երկինքի մէջ, ու ինծի հետ խօսող առաջին ձայնը - փողի մը պէս - որ լսած էի՝ ըսաւ. «Հո՛ս բարձրացիր, եւ ցոյց պիտի տամ քեզի ինչ որ պէտք է ըլլայ ասկէ ետք»:2 Իսկոյն լեցուեցայ Հոգիով, եւ ահա՛ գահ մը դրուած էր երկինքի մէջ, ու մէկը բազմած էր գահին վրայ:3 Բազմողին տեսքը նման էր յասպիս եւ սարդիոն քարերու, ու գահին շուրջը կար ծիածան մը՝ տեսքով զմրուխտի նման:

Revelation 4:3-3

3 Բազմողին տեսքը նման էր յասպիս եւ սարդիոն քարերու, ու գահին շուրջը կար ծիածան մը՝ տեսքով զմրուխտի նման:4 Գահին շուրջը կային քսանչորս գահեր, եւ այդ գահերուն վրայ բազմած էին՝՝ քսանչորս երէցներ. ճերմակ հանդերձներ հագած էին, ու ոսկիէ պսակներ ունէին իրենց գլուխին վրայ:

Revelation 4:4-6

4 Գահին շուրջը կային քսանչորս գահեր, եւ այդ գահերուն վրայ բազմած էին՝՝ քսանչորս երէցներ. ճերմակ հանդերձներ հագած էին, ու ոսկիէ պսակներ ունէին իրենց գլուխին վրայ:5 Գահէն կ՚ելլէին փայլակներ, ձայներ եւ որոտումներ, ու գահին առջեւ կային եօթը հրավառ ջահեր, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են:6 Գահին առջեւ կար ապակեղէն ծով մը՝ բիւրեղի նման, իսկ գահին մէջտեղը եւ գահին շուրջը կային չորս էակներ, աչքերով լեցուն՝ առջեւէն ու ետեւէն:

Revelation 4:6

6 Գահին առջեւ կար ապակեղէն ծով մը՝ բիւրեղի նման, իսկ գահին մէջտեղը եւ գահին շուրջը կային չորս էակներ, աչքերով լեցուն՝ առջեւէն ու ետեւէն:

Revelation 4:8

8 Չորս էակներէն ամէն մէկը վեց թեւ ունէր շուրջը, եւ ներսէն լեցուն էր աչքերով: Անոնք առանց հանգստանալու՝ ցերեկ ու գիշեր կ՚ըսէին. «Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ, Սո՜ւրբ է Տէրը, Ամենակալ Աստուածը, որ էր, որ է եւ որ պիտի գայ»:9 Երբ այդ էակները փառք ու պատիւ կու տային եւ շնորհակալ կ՚ըլլային գահին վրայ բազմողէն, որ դարէ դար՝՝ կ՚ապրի,

Revelation 4:9-11

9 Երբ այդ էակները փառք ու պատիւ կու տային եւ շնորհակալ կ՚ըլլային գահին վրայ բազմողէն, որ դարէ դար՝՝ կ՚ապրի,10 քսանչորս երէցները կ՚իյնային գահին վրայ բազմողին առջեւ ու կ՚երկրպագէին անոր՝ որ դարէ դար կ՚ապրի, եւ իրենց պսակները կը ձգէին գահին առջեւ՝ ըսելով.

Revelation 4:10-10

10 քսանչորս երէցները կ՚իյնային գահին վրայ բազմողին առջեւ ու կ՚երկրպագէին անոր՝ որ դարէ դար կ՚ապրի, եւ իրենց պսակները կը ձգէին գահին առջեւ՝ ըսելով.

Revelation 4:10-11

10 քսանչորս երէցները կ՚իյնային գահին վրայ բազմողին առջեւ ու կ՚երկրպագէին անոր՝ որ դարէ դար կ՚ապրի, եւ իրենց պսակները կը ձգէին գահին առջեւ՝ ըսելով.11 «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք, պատիւ ու զօրութիւն ընդունելու, որովհետեւ դո՛ւն ստեղծեցիր բոլոր բաները. քո՛ւ կամքովդ անոնք գոյութիւն ունին եւ ստեղծուեցան»:

Revelation 4:11-11

11 «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք, պատիւ ու զօրութիւն ընդունելու, որովհետեւ դո՛ւն ստեղծեցիր բոլոր բաները. քո՛ւ կամքովդ անոնք գոյութիւն ունին եւ ստեղծուեցան»:

Revelation 5:1

1 Գահին վրայ բազմողին աջ ձեռքին մէջ տեսայ գիրք մը՝ գրուած ներսէն ու դուրսէն, եւ կնքուած եօթը կնիքով:2 Տեսայ նաեւ հզօր հրեշտակ մը, որ բարձրաձայն կը յայտարարէր. «Ո՞վ արժանի է բանալու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները»:3 Բայց ո՛չ մէկը, ո՛չ երկինքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ ալ երկրի ներքեւ՝ կարող էր բանալ այդ գիրքը, ո՛չ ալ նայիլ անոր:

Revelation 5:3

3 Բայց ո՛չ մէկը, ո՛չ երկինքի մէջ, ո՛չ երկրի վրայ, ո՛չ ալ երկրի ներքեւ՝ կարող էր բանալ այդ գիրքը, ո՛չ ալ նայիլ անոր:

Revelation 5:5

5 Իսկ երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Մի՛ լար. ահա՛ Յուդայի տոհմէն եղող Առիւծը, Դաւիթի Արմատը, յաղթեց՝ որպէսզի բանայ այդ գիրքը եւ քակէ ատոր եօթը կնիքները:6 Ու տեսայ թէ գահին եւ չորս էակներուն մէջտեղ, ու երէցներուն մէջտեղ, կայնած էր Գառնուկ մը՝ որպէս թէ մորթուած. ան ունէր եօթը եղջիւր ու եօթը աչք, որոնք Աստուծոյ եօթը Հոգիներն են՝ ղրկուած ամբողջ երկիրը:7 Ան եկաւ եւ առաւ գիրքը գահին վրայ բազմողին աջ ձեռքէն:8 Երբ առաւ գիրքը, չորս էակներն ու քսանչորս երէցները ինկան Գառնուկին առջեւ եւ երկրպագեցին. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր քնար մը, ու ոսկիէ սկաւառակ մը՝ խունկերով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են:

Revelation 5:8

8 Երբ առաւ գիրքը, չորս էակներն ու քսանչորս երէցները ինկան Գառնուկին առջեւ եւ երկրպագեցին. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր քնար մը, ու ոսկիէ սկաւառակ մը՝ խունկերով լեցուն, որ սուրբերուն աղօթքներն են:9 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ ըսելով. «Դուն արժանի ես առնելու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները. որովհետեւ մորթուեցար, ու քու արիւնովդ գնեցիր մեզ Աստուծոյ համար՝ ամէն տոհմէ, լեզուէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ,

Revelation 5:9

9 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ ըսելով. «Դուն արժանի ես առնելու այդ գիրքը եւ քակելու ատոր կնիքները. որովհետեւ մորթուեցար, ու քու արիւնովդ գնեցիր մեզ Աստուծոյ համար՝ ամէն տոհմէ, լեզուէ, ժողովուրդէ եւ ազգէ,

Revelation 5:12

12 Անոնք բարձրաձայն կ՚ըսէին. «Այդ մորթուած Գառնուկը արժանի է ընդունելու զօրութիւն, հարստութիւն, իմաստութիւն, ոյժ, պատիւ, փառք եւ օրհնաբանութիւն»:13 Ու լսեցի բոլոր արարածները՝ երկինքի մէջ, երկրի վրայ, երկրի ներքեւ եւ ծովու մէջ եղող, ու ամէն ինչ որ անոնց մէջ կայ, որոնք կ՚ըսէին. «Գահին վրայ բազմողին եւ Գառնուկին՝ օրհնաբանութի՜ւն, պատի՜ւ, փա՜ռք ու զօրութի՜ւն դարէ դար՝՝»:14 Եւ չորս էակները կ՚ըսէին. «Ամէն»: Ու երէցները ինկան եւ երկրպագեցին:

Revelation 6:1

1 Նայեցայ՝ երբ Գառնուկը բացաւ կնիքներէն մէկը՝՝, եւ լսեցի չորս էակներէն մէկուն ձայնը՝ որոտումի պէս, որ կ՚ըսէր. «Եկո՛ւր ու տե՛ս»:

Revelation 6:16

16 ու կ՚ըսէին լեռներուն եւ ժայռերուն. «Ինկէ՛ք մեր վրայ ու պահեցէ՛ք մեզ գահին վրայ բազմողին երեսէն, եւ Գառնուկին բարկութենէն:

Revelation 7:9-17

9 Ասկէ ետք տեսայ, եւ ահա՛ մեծ բազմութիւն մը կար, որ ո՛չ մէկը կրնար համրել, բոլոր ազգերէն, տոհմերէն, ժողովուրդներէն ու լեզուներէն: Անոնք կայնած էին գահին առջեւ եւ Գառնուկին առջեւ՝ հագած ճերմակ պարեգօտներ ու արմաւենիներ բռնած իրենց ձեռքերուն մէջ,

Revelation 7:9-12

9 Ասկէ ետք տեսայ, եւ ահա՛ մեծ բազմութիւն մը կար, որ ո՛չ մէկը կրնար համրել, բոլոր ազգերէն, տոհմերէն, ժողովուրդներէն ու լեզուներէն: Անոնք կայնած էին գահին առջեւ եւ Գառնուկին առջեւ՝ հագած ճերմակ պարեգօտներ ու արմաւենիներ բռնած իրենց ձեռքերուն մէջ,

Revelation 7:9-10

9 Ասկէ ետք տեսայ, եւ ահա՛ մեծ բազմութիւն մը կար, որ ո՛չ մէկը կրնար համրել, բոլոր ազգերէն, տոհմերէն, ժողովուրդներէն ու լեզուներէն: Անոնք կայնած էին գահին առջեւ եւ Գառնուկին առջեւ՝ հագած ճերմակ պարեգօտներ ու արմաւենիներ բռնած իրենց ձեռքերուն մէջ,10 եւ բարձրաձայն կ՚աղաղակէին. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է՝ որ կը բազմի գահին վրայ, նաեւ՝ Գառնուկինը»:

Revelation 7:10-12

10 եւ բարձրաձայն կ՚աղաղակէին. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է՝ որ կը բազմի գահին վրայ, նաեւ՝ Գառնուկինը»:

Revelation 7:10-10

10 եւ բարձրաձայն կ՚աղաղակէին. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է՝ որ կը բազմի գահին վրայ, նաեւ՝ Գառնուկինը»:11 Բոլոր հրեշտակները, որ կայնած էին գահին, երէցներուն ու չորս էակներուն շուրջը, ինկան իրենց երեսին վրայ՝ գահին առջեւ, եւ երկրպագեցին Աստուծոյ՝

Revelation 7:11-12

11 Բոլոր հրեշտակները, որ կայնած էին գահին, երէցներուն ու չորս էակներուն շուրջը, ինկան իրենց երեսին վրայ՝ գահին առջեւ, եւ երկրպագեցին Աստուծոյ՝

Revelation 7:11

11 Բոլոր հրեշտակները, որ կայնած էին գահին, երէցներուն ու չորս էակներուն շուրջը, ինկան իրենց երեսին վրայ՝ գահին առջեւ, եւ երկրպագեցին Աստուծոյ՝12 ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնաբանութի՜ւն, փա՜ռք, իմաստութի՜ւն, շնորհակալութի՜ւն, պատի՜ւ, զօրութի՜ւն ու կարողութի՜ւն մեր Աստուծոյն՝ դարէ դար՝՝: Ամէն»:

Revelation 7:12-12

12 ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնաբանութի՜ւն, փա՜ռք, իմաստութի՜ւն, շնորհակալութի՜ւն, պատի՜ւ, զօրութի՜ւն ու կարողութի՜ւն մեր Աստուծոյն՝ դարէ դար՝՝: Ամէն»:

Revelation 7:12

12 ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնաբանութի՜ւն, փա՜ռք, իմաստութի՜ւն, շնորհակալութի՜ւն, պատի՜ւ, զօրութի՜ւն ու կարողութի՜ւն մեր Աստուծոյն՝ դարէ դար՝՝: Ամէն»:13 Երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Ո՞վ են ասոնք՝ որ հագած են ճերմակ պարեգօտներ, եւ ուրկէ՞ եկած են»:

Revelation 7:13-17

13 Երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Ո՞վ են ասոնք՝ որ հագած են ճերմակ պարեգօտներ, եւ ուրկէ՞ եկած են»:14 Ես ալ ըսի անոր. «Տէ՛ր, դո՛ւն գիտես»: Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ասոնք մեծ տառապանքէն եկողներն են, որ լուացին իրենց պարեգօտները ու ճերմկցուցին զանոնք Գառնուկին արիւնով:15 Ուստի Աստուծոյ գահին առջեւ են, եւ կը պաշտեն զինք ցերեկ ու գիշեր՝ իր տաճարին մէջ. եւ գահին վրայ բազմողը պիտի բնակի անոնց մէջ:16 Այլեւս ո՛չ պիտի անօթենան, ո՛չ պիտի ծարաւնան, ո՛չ ալ արեւը կամ որեւէ տօթ պիտի իյնայ անոնց վրայ.17 որովհետեւ Գառնուկը՝ որ գահին մէջտեղն է՝ պիտի հովուէ զանոնք, պիտի առաջնորդէ զանոնք դէպի կենարար ջուրերու աղբիւրները, եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»:

Revelation 8:3-4

3 Ուրիշ հրեշտակ մը եկաւ եւ կայնեցաւ զոհասեղանին առջեւ. ան ունէր ոսկիէ խնկանոց մը, ու շատ խունկ տրուեցաւ իրեն, որպէսզի ընծայէ բոլոր սուրբերուն աղօթքներուն հետ՝ գահին առջեւ եղող ոսկիէ զոհասեղանին վրայ:4 Եւ խունկերուն ծուխը՝ սուրբերուն աղօթքներուն հետ՝ հրեշտակին ձեռքէն բարձրացաւ Աստուծոյ առջեւ:

Revelation 10:1

1 Տեսայ ուրիշ հզօր հրեշտակ մը՝ որ կ՚իջնէր երկինքէն: Հագած էր ամպ մը, եւ ծիածան մը կար իր գլուխին վրայ: Իր երեսը արեւի պէս էր, ու ոտքերը՝ կրակէ սիւներու պէս.2 ձեռքին մէջ ունէր բացուած գրքոյկ մը: Իր աջ ոտքը դրաւ ծովուն վրայ, իսկ ձախը՝ ցամաքին վրայ,

Revelation 10:8-11

8 Այն ձայնը՝ որ լսեր էի երկինքէն, դարձեալ խօսեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Գնա՛, ա՛ռ այն բաց գրքոյկը՝ որ ծովուն ու ցամաքին վրայ կայնող հրեշտակին ձեռքին մէջ է»:9 Ես ալ գացի հրեշտակին եւ ըսի անոր. «Տո՛ւր ինծի այդ գրքոյկը»: Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ա՛ռ ասիկա ու լափէ՛. պիտի դառնացնէ փորդ, բայց մեղրի պէս անոյշ պիտի ըլլայ բերանիդ մէջ»:10 Առի գրքոյկը հրեշտակին ձեռքէն եւ լափեցի զայն: Մեղրի պէս անոյշ էր բերանիս մէջ, բայց երբ կերայ՝ փորս դառնացաւ:11 Ան ալ ըսաւ ինծի. «Պէտք է որ դուն դարձեալ մարգարէանաս շատ ժողովուրդներու, ազգերու, լեզուներու եւ թագաւորներու մասին»:

Revelation 11:9

9 Եւ ժողովուրդները, տոհմերը, լեզուներն ու ազգերը պիտի տեսնեն անոնց դիակները՝ երեք ու կէս օր, ու թոյլ պիտի չտան որ անոնց դիակները դրուին գերեզմանի մէջ:

Revelation 12:11

11 Անոնք յաղթեցին անոր՝ Գառնուկին արիւնով եւ իրենց վկայութեան խօսքով, ու չսիրեցին իրենց անձը՝ մինչեւ մահ:

Revelation 13:8

8 Անոր պիտի երկրպագեն բոլոր անոնք որ կը բնակին երկրի վրայ եւ որոնց անունը աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր գրուած չէ մորթուած Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ՝՝:

Revelation 14:2-3

2 Ու լսեցի երկինքէն ձայն մը՝ յորդառատ ջուրերու ձայնի պէս, եւ հզօր որոտումի մը ձայնին պէս. լսած ձայնս կը նմանէր քնարահարներուն նուագած քնարներու ձայնին:3 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ գահին, չորս էակներուն ու երէցներուն առջեւ. ո՛չ մէկը կրնար սորվիլ այդ երգը՝ բացի այդ հարիւր քառասունչորս հազարէն, որոնք գնուած էին երկրէն:

Revelation 14:3-4

3 Անոնք կ՚երգէին նոր երգ մը՝ գահին, չորս էակներուն ու երէցներուն առջեւ. ո՛չ մէկը կրնար սորվիլ այդ երգը՝ բացի այդ հարիւր քառասունչորս հազարէն, որոնք գնուած էին երկրէն:4 Ասոնք անո՛նք են՝ որ չպղծուեցան կիներու հետ, քանի որ կոյս են: Ասոնք անո՛նք են՝ որ կը հետեւին Գառնուկին, ո՛ւր որ ան երթայ. ասոնք գնուեցան մարդոց մէջէն՝ երախայրիք ըլլալու Աստուծոյ ու Գառնուկին:

Revelation 14:6

6 Տեսայ նաեւ ուրիշ հրեշտակ մը, որ կը թռչէր երկինքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետարանը՝ քարոզելու երկրի վրայ բնակող բոլոր ազգերուն, տոհմերուն, լեզուներուն ու ժողովուրդներուն:

Revelation 15:2

2 Տեսայ նաեւ որպէս թէ ապակեղէն ծով մը՝ կրակով խառնուած. անոնք որ յաղթած էին գազանին, անոր պատկերին եւ անոր անունին թիւին, կայնած էին ապակեղէն ծովուն վրայ՝ ունենալով Աստուծոյ քնարները:

Revelation 15:7

7 Չորս էակներէն մէկը՝ եօթը հրեշտակներուն տուաւ եօթը ոսկիէ սկաւառակներ, լեցուն դարէ դար՝՝ ապրող Աստուծոյ զայրոյթով:

Revelation 17:14

14 Ասոնք պիտի պատերազմին Գառնուկին հետ, եւ Գառնուկը պիտի յաղթէ անոնց. քանի որ ան տէրերուն Տէրն է, ու թագաւորներուն Թագաւորը, եւ անոր հետ եղողները՝ կանչուած, ընտրուած ու հաւատարիմ են»:

Revelation 18:21

21 Հզօր հրեշտակ մը վերցուց քար մը՝ մեծ ջաղացքի քարի պէս, ու նետեց ծովը՝ ըսելով. «Ա՛յսպէս սաստկութեամբ պիտի խորտակուի Բաբելոն մեծ քաղաքը եւ ա՛լ բնա՛ւ պիտի չգտնուի:

Revelation 19:1

1 Ասկէ ետք լսեցի երկինքէն մեծ բազմութեան հզօր ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Ալէլուիա՜. փրկութի՜ւն, փա՜ռք, պատի՜ւ ու զօրութի՜ւն մեր Աստուծոյն.

Revelation 19:4

4 Քսանչորս երէցները եւ չորս էակները ինկան ու երկրպագեցին Աստուծոյ՝ որ կը բազմի գահին վրայ, ըսելով. «Ամէ՛ն. ալէլուիա՜ »:

Revelation 19:6

6 Լսեցի նաեւ ձայն մը՝ մեծ բազմութեան ձայնի պէս, յորդառատ ջուրերու ձայնի պէս եւ սաստիկ որոտումներու ձայնի պէս, որ կ՚ըսէր. «Ալէլուիա՜, որովհետեւ Տէրը, (մեր) Ամենակալ Աստուածը թագաւորեց:

Revelation 20:6

6 Երանելի՜ եւ սո՜ւրբ են անոնք՝ որ բաժին ունին՝՝ առաջին յարութեան մէջ: Երկրորդ մահը իշխանութիւն չունի ասոնց վրայ. հապա անոնք պիտի ըլլան Աստուծոյ ու Քրիստոսի քահանաները, եւ հազար տարի պիտի թագաւորեն անոր հետ:

Revelation 21:23

23 Քաղաքը պէտք չունի արեւի, ո՛չ ալ լուսինի, որ լուսաւորեն զայն. որովհետեւ Աստուծոյ փառքը կը լուսաւորէ զայն, եւ Գառնուկն է անոր ճրագը:

Revelation 22:1

1 Նաեւ ցոյց տուաւ ինծի կեանքի ջուրի գետ մը՝ բիւրեղի պէս փայլուն, որ կը բխէր Աստուծոյ ու Գառնուկին գահէն:

Revelation 22:3

3 Ա՛լ բնաւ նզովք պիտի չըլլայ, հապա անոր մէջ պիտի ըլլայ Աստուծոյ ու Գառնուկին գահը: Անոր ծառաները պիտի պաշտեն զայն,

Revelation 22:5

5 Հոն ա՛լ գիշեր պիտի չըլլայ. անոնք պէտք չունին ճրագի, ո՛չ ալ արեւի լոյսի, քանի որ Տէր Աստուած պիտի լուսաւորէ զանոնք, ու պիտի թագաւորեն դարէ դար՝՝:

Revelation 22:16

16 «Ես՝ Յիսուս, ղրկեցի իմ հրեշտակս՝ այս բաներուն մասին վկայելու ձեզի՝ եկեղեցիներուն մէջ: Ե՛ս եմ Դաւիթի արմատն ու ցեղը, առտուան պայծառ աստղը»:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.