Revelation 22:19 Cross References - Armenian

19 Ու եթէ մէկը վերցնէ բա՛ն մը այս մարգարէութեան գիրքին խօսքերէն, Աստուած ալ պիտի վերցնէ անոր բաժինը կեանքի գիրքէն եւ սուրբ քաղաքէն՝ որոնց մասին գրուած է այս գիրքին մէջ:

Luke 11:52

52 Վա՜յ ձեզի՝ օրինականներուդ, որ վերցուցիք գիտութեան բանալին. դո՛ւք չմտաք, եւ մտնողներն ալ արգիլեցիք»:

Revelation 1:3

3 Երանի՜ անոր՝ որ կը կարդայ, ու անոնց՝ որ կը լսեն այս մարգարէութեան խօսքերը, եւ կը պահեն ինչ որ անոր մէջ գրուած է. որովհետեւ ատենը մօտ է:

Revelation 2:7

7 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ կեանքի ծառէն, որ Աստուծոյ դրախտին մէջ է»:

Revelation 2:11

11 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ պիտի չվնասուի երկրորդ մահէն»:

Revelation 2:17-18

17 Ա՛ն որ ականջ ունի, թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն: Ո՛վ որ յաղթէ՝ անոր ուտել պիտի տամ պահուած մանանայէն. նաեւ պիտի տամ անոր ճերմակ խիճ մը, եւ այդ խիճին վրայ գրուած նոր անուն մը՝ որ ո՛չ մէկը գիտէ, բայց միայն զայն ստացողը»:18 «Գրէ՛ նաեւ Թիւատիրի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ Աստուծոյ Որդին, որ ունի կրակի բոցի պէս աչքեր, եւ իր ոտքերը նման են ոսկեպղինձի.

Revelation 2:26

26 Եւ ո՛վ որ յաղթէ ու պահէ իմ գործերս մինչեւ վախճանը, անոր իշխանութիւն պիտի տամ անոր ազգերուն վրայ,

Revelation 3:4-5

4 Սակայն Սարդիկէի մէջ ունիս քանի մը մարդոց անուններ, որոնք չպղծեցին իրենց հանդերձները եւ ճերմակներով պիտի շրջին ինծի հետ, քանի որ արժանի են:5 Ո՛վ որ յաղթէ՝ պիտի հագնի ճերմակ հանդերձ. ու ես պիտի չջնջեմ անոր անունը կեանքի գիրքէն, հապա պիտի դաւանիմ անոր անունը իմ Հօրս առջեւ եւ անոր հրեշտակներուն առջեւ"”:

Revelation 3:12

12 Ո՛վ որ յաղթէ, սիւն մը պիտի ընեմ զայն իմ Աստուծոյս տաճարին մէջ, եւ ա՛լ դուրս պիտի չելլէ: Անոր վրայ պիտի գրեմ իմ Աստուծոյս անունը, ու իմ Աստուծոյս քաղաքին անունը, այսինքն՝ Նոր Երուսաղէմ,- որ կ՚իջնէ երկինքէն՝ իմ Աստուծոյս քովէն,- եւ իմ նոր անունս"”:

Revelation 3:21

21 Ո՛վ որ յաղթէ, ինծի հետ բազմիլ պիտի տամ անոր՝ իմ գահիս վրայ, ինչպէս ես ալ յաղթեցի ու իմ Հօրս հետ բազմեցայ իր գահին վրայ"”:

Revelation 7:9-17

9 Ասկէ ետք տեսայ, եւ ահա՛ մեծ բազմութիւն մը կար, որ ո՛չ մէկը կրնար համրել, բոլոր ազգերէն, տոհմերէն, ժողովուրդներէն ու լեզուներէն: Անոնք կայնած էին գահին առջեւ եւ Գառնուկին առջեւ՝ հագած ճերմակ պարեգօտներ ու արմաւենիներ բռնած իրենց ձեռքերուն մէջ,10 եւ բարձրաձայն կ՚աղաղակէին. «Փրկութիւնը մեր Աստուծոյնն է՝ որ կը բազմի գահին վրայ, նաեւ՝ Գառնուկինը»:11 Բոլոր հրեշտակները, որ կայնած էին գահին, երէցներուն ու չորս էակներուն շուրջը, ինկան իրենց երեսին վրայ՝ գահին առջեւ, եւ երկրպագեցին Աստուծոյ՝12 ըսելով. «Ամէ՛ն. օրհնաբանութի՜ւն, փա՜ռք, իմաստութի՜ւն, շնորհակալութի՜ւն, պատի՜ւ, զօրութի՜ւն ու կարողութի՜ւն մեր Աստուծոյն՝ դարէ դար՝՝: Ամէն»:13 Երէցներէն մէկը ըսաւ ինծի. «Ո՞վ են ասոնք՝ որ հագած են ճերմակ պարեգօտներ, եւ ուրկէ՞ եկած են»:14 Ես ալ ըսի անոր. «Տէ՛ր, դո՛ւն գիտես»: Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ասոնք մեծ տառապանքէն եկողներն են, որ լուացին իրենց պարեգօտները ու ճերմկցուցին զանոնք Գառնուկին արիւնով:15 Ուստի Աստուծոյ գահին առջեւ են, եւ կը պաշտեն զինք ցերեկ ու գիշեր՝ իր տաճարին մէջ. եւ գահին վրայ բազմողը պիտի բնակի անոնց մէջ:16 Այլեւս ո՛չ պիտի անօթենան, ո՛չ պիտի ծարաւնան, ո՛չ ալ արեւը կամ որեւէ տօթ պիտի իյնայ անոնց վրայ.17 որովհետեւ Գառնուկը՝ որ գահին մէջտեղն է՝ պիտի հովուէ զանոնք, պիտի առաջնորդէ զանոնք դէպի կենարար ջուրերու աղբիւրները, եւ Աստուած բոլոր արցունքները պիտի սրբէ անոնց աչքերէն»:

Revelation 13:8

8 Անոր պիտի երկրպագեն բոլոր անոնք որ կը բնակին երկրի վրայ եւ որոնց անունը աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր գրուած չէ մորթուած Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ՝՝:

Revelation 14:13

13 Ու լսեցի երկինքէն ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր. «Գրէ՛. այժմէ՛ն իսկ երանելի են այն մեռելները՝ որ կը մեռնին Տէրոջմով»: «Այո՛,- կ՚ըսէ Հոգին,- թող հանգչին իրենց աշխատանքէն, քանի որ իրենց գործերը կը հետեւին իրենց»:

Revelation 21:2

2 Տեսայ սուրբ քաղաքը՝ նո՛ր Երուսաղէմը, որ կ՚իջնէր երկինքէն՝ Աստուծմէ, իր ամուսինին համար զարդարուած հարսի մը պէս պատրաստուած:

Revelation 21:22-27

22 Անոր մէջ տաճար չտեսայ, որովհետեւ Տէրը՝ Ամենակալ Աստուածը, եւ Գառնուկն են անոր տաճարը:23 Քաղաքը պէտք չունի արեւի, ո՛չ ալ լուսինի, որ լուսաւորեն զայն. որովհետեւ Աստուծոյ փառքը կը լուսաւորէ զայն, եւ Գառնուկն է անոր ճրագը:24 (Փրկուած) ազգերը պիտի ընթանան անոր լոյսով, ու երկրի թագաւորները իրենց փառքը եւ պատիւը պիտի բերեն անոր մէջ:25 Անոր դռները բնաւ պիտի չգոցուին ցերեկը. (որովհետեւ հոն գիշեր պիտի չըլլայ.)26 ազգերուն փառքն ու պատիւը պիտի բերեն անոր մէջ:27 Հոն բնաւ պղծութիւն մը պիտի չմտնէ, ո՛չ ալ գարշութիւն գործող կամ սուտ խօսող մը. հապա պիտի մտնեն միայն անոնք՝ որ արձանագրուած են Գառնուկին կեանքի գիրքին մէջ:

Revelation 22:2

2 Այդ քաղաքին՝՝ հրապարակին մէջտեղը, եւ այդ գետին մէկ կողմն ու միւս կողմը կար կեանքի ծառը՝ որ կու տար տասներկու տեսակ պտուղ. ամէն ամիս կու տար իր պտուղը, իսկ ծառին տերեւները ազգերուն բուժումին համար էին:

Revelation 22:12

12 «Ահա՛ շուտո՛վ կու գամ, ու վարձատրութիւնս ինծի հետ է՝ իւրաքանչիւրին հատուցանելու իր արարքին համեմատ:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.