Revelation 1:5 Cross References - Armenian

5 եւ Յիսուս Քրիստոս հաւատարիմ վկայէն, որ մեռելներուն անդրանիկն է ու երկրի թագաւորներուն իշխանը: Անոր՝ որ սիրեց մեզ, իր արիւնով լուաց մեզ մեր մեղքերէն,

Matthew 28:18

18 Իսկ Յիսուս մօտեցաւ եւ խօսեցաւ անոնց՝ ըսելով. «Ամէ՛ն իշխանութիւն ինծի՛ տրուեցաւ՝ երկինքի մէջ ու երկրի վրայ:

John 3:11

11 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի թէ ինչ որ գիտենք՝ կը խօսինք, եւ ինչ որ տեսանք՝ կը վկայենք, ու չէք ընդունիր մեր վկայութիւնը:

John 3:32

32 եւ ինչ որ տեսաւ ու լսեց՝ կը վկայէ անոնց մասին, եւ ո՛չ մէկը կ՚ընդունի անոր վկայութիւնը:

John 8:14-16

14 Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Թէպէտ ե՛ս կը վկայեմ իմ մասիս, իմ վկայութիւնս ճշմարիտ է, որովհետեւ գիտեմ ուրկէ՛ եկայ եւ ո՛ւր կ՚երթամ. իսկ դուք չէք գիտեր ուրկէ՛ կու գամ կամ ո՛ւր կ՚երթամ:15 Դուք կը դատէք մարմինի՛ն համաձայն. ես ո՛չ մէկը կը դատեմ:16 Նոյնիսկ եթէ դատեմ՝ իմ դատաստանս ճշմարիտ է, որովհետեւ ես մինակ չեմ, հապա՝ ե՛ս եւ Հա՛յրը՝ որ ղրկեց զիս:

John 13:1

1 Զատիկի տօնէն առաջ՝ Յիսուս, գիտնալով թէ իր ժամը հասած է՝ որ մեկնի այս աշխարհէն Հօրը քով, սիրած ըլլալով իրենները՝ որոնք աշխարհի մէջ էին, սիրեց զանոնք մինչեւ վախճանը:

John 13:8-10

8 Պետրոս ըսաւ անոր. «Դուն բնա՛ւ պիտի չլուաս իմ ոտքերս»: Յիսուս պատասխանեց անոր. «Եթէ չլուամ քեզ, դուն բաժին չունիս ինծի հետ»:9 Սիմոն Պետրոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ո՛չ միայն ոտքերս, այլ նաեւ՝ ձեռքերս ու գլուխս»:10 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛ն որ լոգցած է՝ միայն ոտքերը լուալու պէտք ունի, որ ամբողջովին մաքուր ըլլայ. եւ դուք մաքուր էք, բայց ոչ բոլորդ»:

John 13:34

34 Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. “Սիրեցէ՛ք զիրար”. ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, դո՛ւք ալ սիրեցէք զիրար:

John 15:9

9 Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, ե՛ս ալ սիրեցի ձեզ. մնացէ՛ք իմ սիրոյս մէջ:

John 18:37

37 Հետեւաբար Պիղատոս ըսաւ անոր. «Ուրեմն դուն թագաւո՞ր մըն ես»: Յիսուս պատասխանեց. «Դո՛ւն կ՚ըսես թէ թագաւոր եմ: Ես սա՛ նպատակով ծնած եմ, սա՛ նպատակով աշխարհ եկած եմ, որպէսզի վկայեմ ճշմարտութեան համար. ո՛վ որ ճշմարտութենէն է՝ կը լսէ իմ ձայնս»:

Acts 20:28

28 Ուրեմն ուշադի՛ր եղէք դուք ձեզի եւ ամբողջ հօտին, որուն վրայ Սուրբ Հոգին տեսուչ դրաւ ձեզ՝ հովուելու Աստուծոյ եկեղեցին, որ ստացաւ իր արիւնով:

Acts 26:23

23 թէ Քրիստոս պիտի չարչարուէր, ի՛նք պիտի ըլլար առաջինը՝ որ մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէր, ու լոյս պիտի քարոզէր ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն»:

Romans 8:37

37 Նոյնիսկ այս բոլոր բաներուն մէջ աւելի քան յաղթող կ՚ըլլանք անո՛վ՝ որ սիրեց մեզ:

1 Corinthians 6:11

11 Եւ ձեզմէ ոմանք այդպիսիներ էին. բայց լուացուեցաք, բայց սրբացաք, բայց արդարացաք Տէր Յիսուսի անունով ու մեր Աստուծոյն Հոգիով:

1 Corinthians 15:20-23

20 Իսկ հիմա՝ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ու եղած երախայրիքը անոնց՝ որ ննջեցին:21 Որովհետեւ՝ քանի մարդով եղաւ մահը, մարդո՛վ ալ եղաւ մեռելներու յարութիւնը:22 Որովհետեւ ինչպէս Ադամով բոլորը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով բոլորը կեանք պիտի ստանան:23 Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգով. նախ երախայրիքը՝ Քրիստոս, յետոյ Քրիստոսի պատկանողները՝ իր գալուստին:

Galatians 2:20

20 Քրիստոսի հետ խաչուեցայ. սակայն կ՚ապրի՛մ, բայց ա՛լ ո՛չ թէ ես՝ հապա Քրիստո՛ս կ՚ապրի իմ մէջս: Իսկ այն կեանքը որ հիմա մարմինովս կ՚ապրիմ՝ Աստուծոյ Որդիին հաւատքով կ՚ապրիմ, որ սիրեց զիս եւ ինքզինք ընծայեց ինծի համար:

Ephesians 1:20-22

20 որ ներգործեց Քրիստոսի մէջ՝ երբ մեռելներէն յարուցանեց զայն ու բազմեցուց իր աջ կողմը՝ երկինքի մէջ,21 ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր, ու ամէն անունէ վեր՝ որ կ՚անուանուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա նաեւ գալիքին մէջ:22 Դրաւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ, ու տուաւ զայն՝ իբր գլուխ ամէն բանի վրայ՝ եկեղեցիին,

Ephesians 2:4

4 Բայց Աստուած՝ որ հարուստ է ողորմութեամբ, իր մեծ սիրոյն համար՝ որով սիրեց մեզ,

Ephesians 5:2

2 եւ ընթացէ՛ք սիրոյ մէջ, ինչպէս Քրիստոս ալ մեզ սիրեց ու մեզի համար ընծայեց ինքզինք Աստուծոյ՝ որպէս պատարագ ու զոհ, անուշաբոյր հոտ ըլլալով:

Ephesians 5:25-27

25 Ամուսիննե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս ալ սիրեց եկեղեցին եւ ընծայեց ինքզինք անոր համար,26 որպէսզի սրբացնէ զայն ու մաքրէ ջուրի լուացումով՝ խօսքին միջոցով.27 որպէսզի ներկայացնէ զայն իրեն՝ իբր փառաւոր եկեղեցի մը, որ չունենայ բիծ, կամ կնճիռ, կամ նման որեւէ բան, հապա ըլլայ սուրբ եւ անարատ:

Colossians 1:18

18 Ա՛ն է մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին գլուխը. ա՛ն է սկիզբը, մեռելներէն անդրանիկը, որպէսզի նախապատիւ ըլլայ ամէն բանի մէջ.

1 Timothy 6:13

13 Կը պատուիրեմ քեզի՝ Աստուծոյ առջեւ, որ կեանք կու տայ բոլոր բաներուն, ու Քրիստոս Յիսուսի առջեւ, որ վկայեց բարի դաւանութիւնը Պոնտացի Պիղատոսի առջեւ,

1 Timothy 6:15

15 Զայն իր ատենին ցոյց պիտի տայ Երանելին եւ միակ Հզօրը, Թագաւորներուն թագաւորն ու Տէրերուն տէրը:

Hebrews 9:14

14 ա՛լ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսի արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին միջոցով մատուցանեց ինքզինք Աստուծոյ՝ իբր անարատ զոհ, պիտի մաքրէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ պաշտելու համար ապրող Աստուածը:

1 Peter 1:19

19 հապա Քրիստոսի պատուական արիւնով՝ որպէս անարատ եւ անբիծ գառի մը արիւնը:

1 John 1:7

7 Իսկ եթէ լոյսի մէջ ընթանանք, ինչպէս ան լոյսի մէջ է, հաղորդութիւն կ՚ունենանք իրարու հետ, եւ անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի արիւնը կը մաքրէ մեզ ամէն մեղքէ:

1 John 4:10

10 Սէրը ասո՛ր մէջ է. ո՛չ թէ մենք սիրեցինք Աստուած, հապա ա՛ն սիրեց մեզ եւ ղրկեց իր Որդին՝ իբր քաւութիւն մեր մեղքերուն:

1 John 5:7-10

7 Արդարեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկինքի մէջ.- Հայրը, Խօսքը եւ Սուրբ Հոգին, ու այս երեքը մէկ են:8 Նաեւ երե՛ք են՝ որ կը վկայեն երկրի վրայ՝՝.- Հոգին, ջուրը եւ արիւնը, ու այս երեքը միաձայն են:9 Եթէ կ՚ընդունինք մարդոց վկայութիւնը, Աստուծոյ վկայութիւնը աւելի մեծ է. որովհետեւ ա՛յս է Աստուծոյ վկայութիւնը՝ որ տուաւ իր Որդիին մասին:10 Ա՛ն որ կը հաւատայ Աստուծոյ Որդիին՝ իր մէջ ունի այս վկայութիւնը: Ա՛ն որ չի հաւատար Աստուծոյ՝ ստախօս կը նկատէ՝՝ զայն, որովհետեւ չի հաւատար այն վկայութեան՝ որ Աստուած տուաւ իր Որդիին մասին:

Revelation 3:14

14 «Գրէ՛ նաեւ Լաւոդիկէի եկեղեցիին հրեշտակին.- “Սա՛ կ՚ըսէ Ամէնը, հաւատարիմ ու ճշմարիտ Վկան, Աստուծոյ արարչութեան Սկիզբը.

Revelation 7:14

14 Ես ալ ըսի անոր. «Տէ՛ր, դո՛ւն գիտես»: Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ասոնք մեծ տառապանքէն եկողներն են, որ լուացին իրենց պարեգօտները ու ճերմկցուցին զանոնք Գառնուկին արիւնով:

Revelation 11:15

15 Եօթներորդ հրեշտակը հնչեցուց փողը, ու երկինքի մէջ եղան հզօր ձայներ՝ որ կ՚ըսէին. «Աշխարհի թագաւորութիւնները եղան մեր Տէրոջ եւ իր Օծեալին, ու ան պիտի թագաւորէ դարէ դար՝՝»:

Revelation 17:14

14 Ասոնք պիտի պատերազմին Գառնուկին հետ, եւ Գառնուկը պիտի յաղթէ անոնց. քանի որ ան տէրերուն Տէրն է, ու թագաւորներուն Թագաւորը, եւ անոր հետ եղողները՝ կանչուած, ընտրուած ու հաւատարիմ են»:

Revelation 19:16

16 Իր հանդերձին վրայ ու իր ազդրին վրայ ունէր գրուած անուն մը՝ “Թագաւորներու թագաւոր եւ Տէրերու տէր”:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.