Matthew 1:1 Cross References - Armenian

1 Յիսուս Քրիստոսի՝ Դաւիթի որդիին, Աբրահամի որդիին ծնունդի գիրքը:

Matthew 1:18

18 Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը եղաւ սա՛ կերպով: Անոր մայրը՝ Մարիամ, Յովսէփի նշանուած, Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ՝ դեռ իրարու քով չեկած:

Matthew 2:1-2

1 Երբ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմին մէջ՝ Հերովդէս թագաւորին օրերը, ահա՛ արեւելքէն մոգեր եկան Երուսաղէմ,2 եւ ըսին. «Ո՞ւր է ա՛ն՝ որ ծնաւ իբր Հրեաներուն թագաւորը. որովհետեւ մենք տեսանք անոր աստղը՝ արեւելքի մէջ, ու եկանք երկրպագելու անոր»:

Matthew 3:16

16 Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, իսկոյն դուրս ելաւ ջուրէն, եւ ահա՛ երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՚իջնէր ու կու գար իր վրայ:

Matthew 9:27

27 Երբ Յիսուս յառաջ անցաւ անկէ, երկու կոյրեր հետեւեցան անոր՝ աղաղակելով. «Ողորմէ՜ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի».

Matthew 15:22

22 Եւ ահա՛ քանանացի կին մը, այդ հողամասերէն ելած, կը պոռար անոր. «Ողորմէ՜ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ որդի, աղջիկս սաստիկ կը չարչարուի դեւէն»:

Matthew 22:42-45

42 «Քրիստոսի մասին ի՞նչ է ձեր կարծիքը. որո՞ւ որդին է»:43 Ըսին իրեն. «Դաւիթի՛»: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զայն Տէր կը կոչէ ու կ՚ըսէ.44 “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:45 Ուրեմն եթէ Դաւիթ զայն Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս ան իր որդին կ՚ըլլայ»:

Luke 1:31-32

31 Ահա՛ պիտի յղանաս որովայնիդ մէջ ու որդի մը պիտի ծնանիս, եւ անոր անունը Յիսուս պիտի կոչես:32 Ան մեծ պիտի ըլլայ ու Ամենաբարձրին Որդին պիտի կոչուի: Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօր՝ Դաւիթի գահը, եւ Յակոբի տան վրայ յաւիտեան պիտի թագաւորէ:

Luke 1:69-70

69 Մեզի փրկութեան եղջիւր մը հանեց իր Դաւիթ ծառային տունէն,70 (ինչպէս խօսեցաւ սուրբերուն բերանով, որոնք դարերու սկիզբէն ի վեր անոր մարգարէներն էին,)

Luke 3:23-38

23 Եւ ինք՝ Յիսուս՝ սկսած էր գրեթէ երեսուն տարեկան ըլլալ: (Ինչպէս կը կարծուէր՝) ան որդին էր Յովսէփի, որ Հեղիի, որ Մատաթի,24 որ Ղեւիի, որ Մեղքիի, որ Յաննէի, որ Յովսէփի,25 որ Մատաթիայի, որ Ամովսի, որ Նաւումի, որ Եսղիի, որ Նանգէի,26 որ Մաաթի, որ Մատաթիայի, որ Սեմէիի, որ Յովսէփի, որ Յուդայի,27 որ Յովհաննայի, որ Րեսայի, որ Զօրաբաբէլի, որ Սաղաթիէլի, որ Ներիի,28 որ Մեղքիի, որ Ադդիի, որ Կովսամի, որ Եղմովդադի, որ Էրի,29 որ Յովսէսի, որ Եղիազարի, որ Յովրիմի, որ Մատաթի, որ Ղեւիի,30 որ Սիմէոնի, որ Յուդայի, որ Յովսէփի, որ Յովնանի, որ Եղիակիմի,31 որ Մելեայի, որ Մայնանի, որ Մատաթայի, որ Նաթանի, որ Դաւիթի,32 որ Յեսսէի, որ Ովբէթի, որ Բոոսի, որ Սաղմոնի, որ Նաասոնի,33 որ Ամինադաբի, որ Արամի, որ Եսրոնի, որ Փարէսի, որ Յուդայի,34 որ Յակոբի, որ Իսահակի, որ Աբրահամի, որ Թարայի, որ Նաքովրի,35 որ Սերուգի, որ Ռագաւի, որ Փաղէկի, որ Եբերի, որ Սաղայի,36 որ Կայնանի, որ Արփաքսադի, որ Սէմի, որ Նոյի, որ Ղամէքի,37 որ Մաթուսաղայի, որ Ենովքի, որ Յարեդի, որ Մաղաղիէլի, որ Կայնանի,38 որ Ենովսի, որ Սէթի, որ Ադամի, որ Աստուծոյ որդին էր:

John 7:42

42 Միթէ Գիրքը չ՚ը՞սեր թէ Քրիստոս պիտի գայ Դաւիթի զարմէն ու Դաւիթի եղած գիւղէն՝ Բեթլեհէմէն»:

Acts 2:30

30 Ուրեմն, որովհետեւ ան մարգարէ էր,- եւ գիտէր թէ Աստուած երդումով իրեն խոստացաւ, թէ պիտի յարուցանէ մարմինի համեմատ իր մէջքին պտուղէն եղող Քրիստոսը՝ որ բազմի իր գահին վրայ,-

Acts 13:22-23

22 Երբ պաշտօնէ հեռացուց զայն, Դաւիթը նշանակեց իրենց վրայ իբր թագաւոր, որուն մասին վկայելով՝ ըսաւ. «Յեսսէի որդին՝ Դաւիթը գտայ, իմ սիրտիս համաձայն մարդ մը, որ պիտի գործադրէ իմ ամբողջ կամքս»:23 Ասո՛ր զարմէն Աստուած՝ իր խոստումին համաձայն՝ հանեց Իսրայէլի Փրկիչ մը, Յիսուսը:

Romans 1:3

3 որ իր Որդիին՝ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մասին է - ան մարմինի համեմատ՝ եղաւ Դաւիթի զարմէն,

Romans 4:13

13 Արդարեւ Աբրահամի եւ անոր զարմին՝ աշխարհը ժառանգելու համար տրուած խոստումը ո՛չ թէ Օրէնքով եղաւ, հապա հաւատքին արդարութեամբ:

Romans 9:5

5 Իրե՛նցն են նախահայրերը. իրենցմէ՛ ալ մարմինի կողմէն եկաւ Քրիստոս, որ բոլորին վրայ է, յաւիտեան օրհնեա՜լ Աստուած: Ամէն:

Galatians 3:16

16 Ուրեմն խոստումները եղան Աբրահամի՛ եւ անոր զարմին: Չ՚ըսեր. «Եւ քու զարմերուդ», այսինքն՝ շատերո՛ւ: Հապա կը խօսի մէ՛կ զարմի մասին. «Եւ քու զարմիդ», որ Քրիստո՛ս է:

Revelation 22:16

16 «Ես՝ Յիսուս, ղրկեցի իմ հրեշտակս՝ այս բաներուն մասին վկայելու ձեզի՝ եկեղեցիներուն մէջ: Ե՛ս եմ Դաւիթի արմատն ու ցեղը, առտուան պայծառ աստղը»:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.