Mark 16:20 Cross References - Armenian

20 իսկ անոնք գացին եւ կը քարոզէին ամէնուրեք: Տէրը անոնց գործակից էր, ու կը հաստատէր խօսքը՝ ընկերացող նշաններով: Ամէն:

Acts 2:1-28

1 Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին:2 Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս, ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին:3 Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ, ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ:4 Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար:5 Երուսաղէմ բնակող Հրեաներ կային, բարեպաշտ մարդիկ՝ երկինքի տակ եղած ամէն ազգէ:6 Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը համախմբուեցաւ ու շփոթեցաւ, որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին իրենցմէ իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով:7 Բոլորն ալ զմայլած էին եւ կը զարմանային՝ իրարու ըսելով. «Ահա՛ ասոնք բոլորն ալ՝ որ կը խօսին, միթէ Գալիլեացի չե՞ն:8 Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք՝ մեր իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով, այն երկրին՝ որուն մէջ ծնած ենք.9 Պարթեւներ, Մարեր ու Եղամացիներ, եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի, Հրէաստանի, Կապադովկիայի, Պոնտոսի, Ասիայի,10 Փռիւգիայի, Պամփիւլիայի ու Եգիպտոսի մէջ, եւ Կիւրենէի մօտ՝ Լիպիայի կողմերը, նաեւ Հռոմէն գաղթած Հրեաներ ու նորահաւատներ,11 Կրետացիներ եւ Արաբներ, կը լսենք թէ անոնք կը խօսին Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին՝ մե՛ր լեզուներով»:12 Բոլորն ալ զմայլած էին, ու տարակուսած՝ կ՚ըսէին իրարու. «Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասիկա»:13 Ոմանք ալ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Անոնք լի են անոյշ գինիով»:14 Բայց Պետրոս կանգնեցաւ տասնմէկին հետ, բարձրացուց ձայնը եւ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Հրէաստանցիներ, ու դուք բոլորդ՝ որ կը բնակիք Երուսաղէմ, սա՛ գիտցէ՛ք եւ մտի՛կ ըրէք իմ խօսքերս.15 որովհետեւ ասոնք ո՛չ թէ արբեցած են՝ ինչպէս դուք կ՚ենթադրէք, քանի դեռ օրուան երրորդ ժամն՝՝ է,16 հապա ասիկա ա՛յն է՝ որ ըսուեցաւ Յովէլ մարգարէին միջոցով.17 “Վերջին օրերը,- կ՚ըսէ Աստուած,- իմ Հոգիէս պիտի թափեմ ամէն մարմինի վրայ, եւ ձեր որդիներն ու աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն, ու ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն:18 Իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ ալ այդ օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ, ու պիտի մարգարէանան:19 Վերը՝ երկինքը՝ սքանչելիքներ ցոյց պիտի տամ, եւ վարը՝ երկիրը՝ նշաններ, արիւն, կրակ ու ծուխի մառախուղ.20 արեւը պիտի փոխուի խաւարի, եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջ մեծ ու երեւելի օրը չեկած:21 Եւ ո՛վ որ կանչէ Տէրոջ անունը՝ պիտի փրկուի”:22 Իսրայելացի՛ մարդիկ, լսեցէ՛ք սա՛ խօսքերը. Յիսուս Նազովրեցին, Աստուծմէ ձեզի ցոյց տրուած մարդ մը՝ հրաշքներով, սքանչելիքներով ու նշաններով - որ Աստուած անոր միջոցով ըրաւ ձեր մէջ, ինչպէս դուք ալ գիտէք -,23 Աստուծոյ որոշած ծրագիրով եւ կանխագիտութեամբ մատնուած ըլլալով՝ առիք եւ սպաննեցիք անօրէններու ձեռքով՝ փայտի վրայ գամելով:24 Բայց Աստուած յարուցանեց զայն՝ քակելով մահուան ցաւերը, քանի որ կարելի չէր որ ան բռնուէր անկէ:25 Որովհետեւ Դաւիթ կ՚ըսէ անոր մասին. “Ամէն ատեն կը տեսնեմ Տէրը իմ առջեւս, քանի որ իմ աջ կողմս է՝ որպէսզի չսասանիմ:26 Ուստի իմ սիրտս ուրախացաւ եւ իմ լեզուս ցնծաց. նաեւ իմ մարմինս ալ պիտի հանգստանայ յոյսով.27 որովհետեւ իմ անձս պիտի չթողուս դժոխքին մէջ, ու պիտի չթոյլատրես որ քու Սուրբդ ապականութիւն տեսնէ:28 Կեանքի ճամբաները գիտցուցիր ինծի. քու երեսիդ ուրախութեամբ պիտի լեցնես զիս”:

Acts 4:30

30 երկարելով քու ձեռքդ՝ որ բժշկութիւններ, նշաններ եւ սքանչելիքներ կատարուին քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի անունով»:

Acts 5:12

12 Շատ նշաններ եւ սքանչելիքներ կը գործուէին առաքեալներուն ձեռքով՝ ժողովուրդին մէջ, ու բոլորը միաբանութեամբ Սողոմոնի սրահին մէջ էին:

Acts 8:4-6

4 Ուրեմն անոնք որ ցրուած էին՝ կը շրջէին խօսքը աւետելով:5 Փիլիպպոս ալ Սամարիայի մէկ քաղաքը իջնելով՝ Քրիստոսը կը քարոզէր անոնց:6 Եւ բազմութիւնը՝ միաբան՝ ուշադիր էր Փիլիպպոսի ըսածներուն, լսելով ու տեսնելով անոր ըրած նշանները:

Acts 14:3

3 Իսկ անոնք երկար ժամանակ հոն կենալով՝ համարձակութեամբ կը քարոզէին Տէրոջմով, որ իր շնորհքի խօսքին վկայութիւն կու տար՝ թոյլատրելով որ նշաններ եւ սքանչելիքներ կատարուին անոնց ձեռքով:

Acts 14:8-10

8 Ասիկա մտիկ կ՚ընէր Պօղոսի խօսքերը, որ ակնապիշ նայելով անոր ու նշմարելով թէ բուժուելու հաւատք ունի՝9 բարձրաձայն ըսաւ. «Ուղի՛ղ կանգնէ ոտքերուդ վրայ»: Ան ալ ցատկեց եւ քալեց:10 Երբ բազմութիւնը տեսաւ Պօղոսի ըրածը, բարձրացնելով իրենց ձայնը՝ ըսին լիկայոներէն. «Աստուածները իջած են մեզի՝ մարդոց նմանութեամբ»:

Romans 15:19

19 զօրաւոր նշաններով ու սքանչելիքներով, Աստուծոյ Հոգիին զօրութեամբ. այնպէս որ, սկսելով Երուսաղէմէն եւ անոր շրջակայքէն՝ մինչեւ Իլլիւրիկում, լիովին քարոզեցի Քրիստոսի աւետարանը:

1 Corinthians 2:4-5

4 եւ իմ խօսքս ու քարոզութիւնս՝ ո՛չ թէ մարդկային իմաստութեան համոզիչ խօսքերով էին, հապա՝ Հոգիին եւ զօրութեան ապացոյցով.5 որպէսզի ձեր հաւատքը ըլլայ ո՛չ թէ մարդոց իմաստութեամբ, հապա՝ Աստուծոյ զօրութեամբ:

1 Corinthians 3:6-9

6 Ես տնկեցի, Ապողոս ջրեց, բայց Աստուա՛ծ աճեցուց:7 Ուստի ո՛չ տնկողը բա՛ն մըն է, եւ ո՛չ ջրողը, հապա Աստուա՛ծ՝ որ աճեցուց:8 Ուրեմն տնկողն ու ջրողը մէկ են, եւ իւրաքանչիւրը պիտի ստանայ իր վարձատրութիւնը՝ իր աշխատանքին համեմատ.9 որովհետեւ մենք Աստուծոյ գործակից ենք. դուք Աստուծոյ մշակութիւնն էք, Աստուծոյ շինուածքն էք:

2 Corinthians 6:1

1

Hebrews 2:4

4 Աստուած ալ վկայեց նշաններով եւ սքանչելիքներով, ու զանազան հրաշքներով եւ Սուրբ Հոգիին բաշխումներով՝ իր կամքին համաձայն:

Cross Reference data is from OpenBible.info, retrieved June 28, 2010, and licensed under a Creative Commons Attribution License.